Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ` «Լիբանանի Պաշտպանութիւն» Հանդիպումի Ընթացքին. «Համաձայնեցանք Լիբանանի Միասնութեան Որեւէ Խախտումի Մերժման, Զէնքը Ամբողջովին Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելու Եւ Ազգային Պաշտպանութեան Ռազմավարութեան Որդեգրման Շուրջ»

July 31, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած «Լիբանանի պաշտպանութիւն» հանդիպումը, որուն մասնակցեցան եւ անոր ընթացքին խօսք արտասանեցին Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի, Նոր Լիբանան պլոքի, Չափաւորականութիւն պլոքի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի, Իթթիհատ կուսակցութեան, Մաշարիհ Խէյրիա Իսլամիա միութեան, Մարատա հոսանքի, Թալալ Արսլանի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Լիբանանցի ներդրողներու միութեան ներկայացուցիչները:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ հանդիպումի բացումին ընթացքին յայտնեց. «Այն փաստաթուղթը, որուն շուրջ միախմբուած ենք եւ բոլորս կը միախմբուինք մէկ գաղափարի շուրջ, Լիբանանի պաշտպանութիւնն է»:

«Փաստաթուղթին շուրջ աշխատանքը սկսաւ չորս ամիս առաջ, բոլորս զայն քննարկեցինք, եւ դիտարկումներ կատարուեցան, որպէսզի ընթանանք լիբանանեան համաձայնական ձեւով, որուն միջոցով մենք կրնանք տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լիբանանցիներուն մեծագոյն հատուածը համախմբել», աւելցուց ան:

«Կարեւորը ազգային միասնականութիւնն է, քաղաքացիական խաղաղութեան պահպանումը եւ պահպանումը Լիբանանին, զոր կը ճանչնանք անոր սահմաններով, գերիշխանութեամբ, անկախութեամբ, եւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ ընտրանքը պետութիւնը ըլլայ», ըսաւ ան:

«Այսօր կը հանդիպինք «Լիբանանի պաշտպանութիւն» խորագիրով ազգային նպատակին շուրջ եւ կը հանդիպինք սկզբունքներու փաստաթուղթի մը շուրջ, զոր պատրաստած ենք եւ անոր շուրջ խորհրդակցած աւելի քան չորս ամիս եւ որուն շուրջ համաձայնութեան եկած ենք, որով կը յայտարարենք մեր հաւատարմութիւնը լիբանանեան սկզբունքներուն, որոնք կը պահպանեն մեր միասնութիւնը, մեզ կը միաւորեն մեր հայրենիքին մէջ եւ կը հաստատեն, որ պետութիւնը մեր ընտրանքն է:

«Կը հանդիպինք ոչ թէ ճակատ կամ տեւական հանդիպում յայտարարելու կամ համակարգող շրջանակ ձեւաւորելու համար, այլ յայտարարելու, թէ մեր հասարակաց նպատակն է պաշտպանել Լիբանանը, որ կանգնած է իրական վտանգի առջեւ, եւ ըսելու, թէ մենք կ՛ամրապնդենք անոր պետութիւնը` իր բացառիկ որոշումներու կայացման լիազօրութեամբ, իր զէնքով եւ իր պատասխանատուութեամբ` կանխարգիլելու հակամարտութիւնները, երաշխաւորելու գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը` հեռու որեւէ բռնագրաւումէ կամ հոգատարութենէ:

«Կը հանդիպինք ոչ թէ արեւելեան կամ արեւմտեան առանցքին մէջ ըլլալու համար, այլ Լիբանանը մեր առանցքը դարձնելու եւ անոր շահը որեւէ այլ շահերէ վեր դասելու համար, եւ մենք յառաջ կը շարժինք մեր բռնագրաւուած հողերը ազատագրող ամէն ինչի հետ միասին, ըլլան անոնք եռակողմ բանակցութիւններ, որոնք կը վերականգնեն մեր հողերուն նկատմամբ մեր գերիշխանութիւնը, թէ երկկողմանի փոխըմբռնում, որ չ՛ազդեր մեր անկախութեան վրայ եւ ոեւէ մէկու չ՛արտօներ մեր անունով մեր հաշուոյն խօսիլ: Լիբանանի անունով ոչ ոք կը խօսի, բացի անոր պետութենէն եւ օրինական հաստատութիւններէն»:

«Մեր ուզած Լիբանանը երկիր մը չէ, ուր մէկ խումբը յաղթանակ կ՛արձանագրէ միւսին նկատմամբ, այլ երկիր մը, ուր պետութիւնը յաղթանակ կը տանի քաոսին, օրէնքը` կամայականութեան, իսկ քաղաքացիութիւնը` մոլեռանդութեան վրայ: Չկայ պետութիւն չունեցող երկիր, իշխանութիւն չունեցող պետութիւն, եւ պետութիւնը իր իշխանութիւնը կրնայ վերականգնել միայն իր ժողովուրդին կամքով», ըսաւ ան:

«Մենք կ՛ուզենք պետութիւն մը, որ բոլորը պիտի պաշտպանէ արտաքին եւ ներքին սպառնալիքներէն, ուր ոչ մէկ խումբ իշխանութիւն ձեռք կը բերէ արտաքին ազդեցութեան միջոցով, եւ ուր ոչ մէկ լիբանանցի քաղաքացի կը զգայ, որ իր անվտանգութիւնը, արժանապատուութիւնը կամ ապագան կախեալ է ուժերու հաւասարակշռութենէն», յայտնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:

«Այս փաստաթուղթը երկխօսութեան աւարտ չէ, այլ մեր բազմաթիւ ընդհանրութիւններուն վրայ հիմնուած փոխըմբռնման բնորդի սկիզբ մը: Անիկա կողմերու միջեւ պայմանագիր չէ, այլ ուխտ` Լիբանանի եւ անոր ապագայ սերունդներուն հետ», յայտնեց Պասիլ:

«Այսօր խոստացանք պաշտպանել Լիբանանը, ուստի համաձայնեցանք մերժել Լիբանանի միասնութեան խաթարումը` ո՛չ բաժանում, ո՛չ կցում, բռնութենէն հրաժարում, մերժել սադրանքը, համայնքային գրգռութենէն եւ սեփական ապահովութեան որեւէ ձեւէն հեռու մնալ», ըսաւ ան:

«Համաձայնագիրը նաեւ կը ներառէ բռնագրաւումի եւ մեր գործերուն որեւէ արտաքին միջամտութեան մերժումը: Լիբանանը ո՛չ սակարկութեան խաղաքարտ է, ո՛չ ալ մրցոյթի համար առաջարկուող տարածք: Ցանկալի լուծումը իսրայէլեան բռնագրաւումի դադրեցումն է, բանտարկեալներու ազատ արձակումը, բնակիչներու վերադարձը եւ հարաւային Լիբանանի վերաշինութիւնը», աւելցուց Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը:

«Համաձայնագիրը նաեւ կը նախատեսէ զէնքի պետութեան ամբողջական մենաշնորհումը, ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան որդեգրումը, բանակի եւ ապահովական մարմիններու կարողութեան բարձրացումը, Լիբանանը առանցքներու հակամարտութենէն զերծ կացուցելը, հասարակաց անվտանգութեան համաձայնութիւններ կնքելը եւ արդար խաղաղութեան սկզբունքը որդեգրելը` գերիշխանութեան եւ հարստութիւններու նկատմամբ մեր բոլոր իրաւունքները ապահովելու համար, պաղեստինցի գաղթականներու եւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցերու լուծումը, ինչպէս նաեւ բոլոր երկիրներուն եւ բարեկամներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը», նշեց Պասիլ` եզրափակելով. «Եթէ այս լուծումին յանձնառու դառնանք եւ մեզի հետ բոլոր լիբանանցիները յանձնառու դառնան, բոլորս Լիբանանի պաշտպանութեան ճակատամարտին մէջ յաղթանակ կ՛արձանագրենք»:

 

Նախորդը

Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Պիտի Շարունակէ Մնալ Գործընկերը Ազգային Ամէն Ծրագիրի, Որ Պետութեան Ոտքի Կանգնումն Ու Ազգային Միասնականութիւնը Կ՛ամրապնդէ»

Յաջորդը

Պըրրի. «Բանակը Լիբանանը` Միակ Ու Միացեալ Հայրենիքը Կը Պաշտպանէ, Եւ Ոչ Թէ Բռնագրաւողին Սահմանագծած Բնորդային Շրջանները»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.