Հայ մեծ վարպետ Ռոպերթ Յովհաննիսեան Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած «Տոլ օփըն 2026» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին տիտղոսակիր դարձաւ:
Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի անդամներ Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան այս մրցաշարքին ոչ մէկ պարտութիւն կրեցին եւ կարելի 9 կէտերէն 7,5 կէտեր շահեցան` բաժնեկցելով առաջին երկու դիրքերը:
Մրցաշարքի տիտղոսը վճռուեցաւ արագ ճատրակի թայ-պրէյքով, ուր 2-0 արդիւնքով յաղթեց Յովհաննիսեան:


