Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խորհրդարանի նախագահ Սաքըր Ղապաշը:
Ղապաշ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանին ողջոյնները փոխանցեց, ինչպէս նաեւ յայտնեց էմիրաթական ղեկավարութեան` Լիբանանին «տեւական կայունութեան ու ապահովութեան» մաղթանքները, այնուհետեւ անոնք ներկայ զարգացումներու լոյսին տակ անդրադարձան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութեան:
Նախագահ Աուն իր կարգին իր ողջոյնները փոխանցեց իր էմիրաթցի պաշտօնակիցին եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու` բոլոր ոլորտներուն մէջ Լիբանանին տրամադրած աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց դատապարտումը «յարձակումներուն, որոնց ենթարկուեցաւ, եւ որոնց շարունակութիւնը կը սպառնայ Ծոցի պետութիւններուն ու ամբողջ շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան»:
Ան բարձր գնահատեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն իրենց զաւակներուն Լիբանան այցելել արտօնող որոշումը` նշելով. «Այս որոշումը կ՛արտացոլացնէ այն խոր եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք երկու երկիրներն ու եղբայրական ժողովուրդները իրարու կը կապեն»:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ ընդունեց ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Վոլքեր Թիւրքը, որուն յայտնեց. «Իսրայէլի հարաւային Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած շրջաններուն մէջ տուները քանդել եւ գիւղերը հողի հաւասարեցնել շարունակելը մարդու իրաւունքներու ուղղակի խախտում է, եւ միջազգային օրէնքներու եւ արժեչափերու բացայայտ խախտում մը, ինչ որ միջազգային աշխատանք կը պահանջէ անոնց վերջ տալու եւ արգիլելու Կազայի մէջ նախապէս կիրարկուած քանդման ծրագիրներու շարունակութիւնը»:
«Լիբանան յանձնառու է «շրջագծային բանաձեւ»-ի գործադրութեան եւ պիտի չընդունի Իսրայէլի կողմէ անոր կէտերու խախտումը», նշեց ան:
«Իսրայէլի կրօնական եւ մշակութային վայրերու թիրախաւորումը մարդու եւ քարերու դէմ անոր ծածուկ նպատակները ցոյց կու տայ», յայտնեց նախագահը:
Թիւրք իր կարգին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն կը հետեւինք, մասնաւորաբար իսրայէլեան յարձակումներուն` մարդու իրաւունքներու խախտումներու զեկուցում մը մշակելու համար»:


