Մեր հաւաքական կեանքին մէջ երբեմն կը հանդիպինք նախաձեռնութիւններու, որոնք իրենց պարզութեան մէջ հարուստ եւ խորիմաստ պատգամ կը պարփակեն, ինչպէս նաեւ ժամանակի անհրաժեշտ շունչն ու ոգին կը հաղորդեն:
Այս տեսակի նախաձեռնութիւնները դժբախտաբար օրէ օր կը պակսին մեր հաւաքական կեանքին մէջ, եւ ընդհանրապէս աւելի դիւրին, աւելի նուազ ճիգ պահանջող, երբեմն նաե՛ւ ոչ համապատասխան խորք պարփակող աշխատանքներ կու գան իրենց տեղը գրաւելու փոխան ծրագրաւորուած ու նպատակասլաց ծրագիրներու, ինչ որ երբեք չի նպաստեր` հաւաքական կեանքի մէջ հիմնարար բնաբաններ զարգացնելու ու նորահաս սերունդներու կազմաւորման կարեւոր առաքելութիւնը աւելի արդիւնաւէտ ուղղութեան մէջ դնելու: Կասկածէ վեր է սակայն, որ լիբանանահայութիւնը ունի հարուստ կենսափորձ` հայ կեանքէն ներս մնայուն շարժում ստեղծելու, մեր ազգային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու երթին մէջ ջահակիր մնալու ու համահայկական օրակարգերու հետապնդման աշխատանքին մէջ վճռական դերակատարութիւն ստանձնելու մի՛շտ եւ ամէն բնագաւառի մէջ: Անցնող աւելի քան 50 տարիներուն, հակառակ Լիբանանի ապրած բազմաթիւ ու բազմապիսի ճգնաժամերուն, անոր կայունութեան սպառնացող ծանր հարուածներուն, լիբանանահայութիւնը անզիջող մնացած է հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու ազգային վեհ իտէալներու, գաղափարներու ու խորհրդանիշներու պաշտպանութեան պարտականութեան մէջ: Այս անհերքելի իրողութիւնը ինքնին յատուկ նկարագիր տուած է լիբանանահայ գաղութի դերակատարութեան ու գոյերթին: Ազգային ինքնութեան, մեր մշակոյթին ու հաւաքական նկարագրին սպառնացող բոլոր վտանգներուն դիմաց լիբանանահայ յանձնառու դաշնակցական պատանին ու երիտասարդը գտնուած են պայքարի առաջատար գիծերու վրայ:
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները այս բոլոր նպատակներու իրագործման համար ունեցած են վճռորոշ դերակատարութիւն եւ վայելած` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բոլոր մարմիններու անմիջական սէրն ու գուրգուրանքը: Ապագայ մարդուժի կերտման այս անփոխարինելի դպրոցին մէջ հասակ առած են հազարաւոր պատանիներ ու դարձած` մեր կեանքին մէջ գործուն ներկայութիւն, ստանձնելով պարտականութիւններ ու պատասխանատուութիւններ: Այս դպրոցին մէջ դաշնակցական ֆետային եւ մտաւորականը իրենց տիպարային ներկայութեամբ դարձած են ապագայի խորհրդանիշ պատանիին համար, որ միշտ ալ ուզած է նմանիլ անոնց ու շարունակել անոնց սուրբ գործը: Հարիւրաւոր դաշնակցական վարիչներ, դաստիարակներ, դասատուներ ու խմբապետներ գիտակից նուիրուածութեամբ իրենց քրտինքն ու աշխատանքը միաձուլած են այս կառոյցի արդիւնաւէտ աշխատանքին մէջ: Փաստօրէն, առանց պատանեկան միութիւններու ներկայութեան, տարբեր պիտի ըլլային այսօր լիբանանահայ գաղութի դերն ու նշանակութիւնը: Այս բոլորին մասին մեր առօրեային մէջ թերեւս շատ ալ առիթ չենք ունեցած մտածելու, սակայն ապրած ենք ամէն օր այս կարեւոր կառոյցի դերակատարութեան բարիքները մեր հաւաքական կեանքին մէջ:
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին նախաձեռնած այս ծրագիրը ներկայ ժամանակներու անհրաժեշտութենէն բխած համեստ, բայց տեղին նախաձեռնութիւն մըն է, որ կը միտի հայկական արժէքներու ու խորհրդանիշներու հանդէպ նորահաս սերունդին մէջ նոր դաստիարակիչ միջավայր մը ստեղծել: «Գունաւորենք մեր ազգային խորհրդանիշները» տետրակի հրատարակութեան օգտաշատ գաղափարը սովորական տետրակի մը պատրաստութեան մտածումի արգասիք չէ, այլ` ժամանակի պահանջէն եւ անհրաժեշտութենէն բխած տագնապի մը արտայայտութիւնը: Երբ կա՛յ տագնապը, երբ կա՛յ հաւաքական կեանքի դժուարութիւններով ապրելու ներքին կրակը, այդ պարագային` անխուսափելիօրէն կը յառաջանայ ծրագիրը, եւ անոր շուրջ կը համախմբուին նուիրեալները:
Այս տետրակին մէջ ամփոփուած խորհրդանիշները այսօր ամէնուրեք կը ստանան ծանր հարուածներ, եւ ուրացումի ու անտեսումի անբացատրելի վարքագիծով փորձ կը կատարուի այդ բոլորը մեր արժեհամակարգէն դուրս բերել` շինծու քարտէսներ պատրաստելով, Արարատը Արագածով փոխարինելով, եւ նոյնի՛սկ` հայկական անձնագիրէն հայութեան սրբազան խորհրդանիշը ջնջելով եւ, այսպէս կոչուած, «իրական Հայաստան» մը հայութեան հրամցնելով: Այդ «իրական Հայաստան»-ի մէջ այլեւս մարդիկ կը փորձեն կազմաւորել նոր տեսակի հայ մը, որ, իրենց տեսակէտով, պիտի ձերբազատի հայութեան պատմական ժառանգութենէն եւ ապրի պարզապէս ներկային մէջ` առանց ազգային պահանջատիրական ոգիի առկայութեան: Այս նոր տեսակի հայը կարիքը պիտի չունենայ իր հոգեկերտուածքին մէջ դարբնելու ազգային խորհրդանիշները, որոնք ունին դարաւոր պատմութիւն ու պատգամ, ինչպէս նաեւ Հայոց պատմութեան դասագիրքերու մէջ նորահաս սերունդը պարզապէս պիտի տեսնէ իր հայրենիքի շուրջ բարի դրացիներ եւ խաղաղ ու բարեկեցիկ կեանքի էութեամբ խարխուլ նպատակակէտեր:
Ահաւասիկ այս համազգային մարտահրաւէրին` աղէտաբեր վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր համայն հայութիւնը եւ մանաւա՛նդ սփիւռքահայութիւնը, որ ենթարկուած է Ցեղասպանութեան, կորսնցուցած է իր հարազատ հայապատկան տարածքները, անկէ ետք տարագրուած ու սակայն երբեք տեղի չէ տուած, վերակազմակերպուած ու մերժած է իրեն վիճակուած դառն ճակատագիր եւ տարագրութեան մէջ անգամ թիթեղաշէն եկեղեցիներու ու դպրոցներու մէջ ապրեցուցած է հայկական արժէքները եւ վառ պահած` պահանջատիրական ոգին:
Այսօր հայ պատանին ահաւասիկ այս տետրակին մէջ գտնելով իրեն հարազատ ազգային խորհրդանիշները եւ զանոնք գունաւորելով` պիտի հարստացնէ իր ներաշխարհն ու կենսաւորէ այդ բոլորը մեր ներկային մէջ, եւ հատու պատասխան մը տայ բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն այս արժէքներուն բնաջնջման արշաւանքներ կազմակերպել, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք ի տես այս ապազգային ժխորին` կը հրաժարին իրենց իսկ դաւանած ազգային գաղափարներու ըմբռնողութենէն ու լռութեամբ կամ երբեմն անիմաստ թմբկահարութեամբ կը փորձեն ջատագովել այս ազգավնաս ու հայավնաս վարքագիծի հեղինակներուն կատարած աշխատանքը:
Սփիւռքի մէջ իրերայաջորդ սերունդներ դպրոցական գրասեղաններու ետին եւ ընդհանրապէս բոլոր համախմբումներու եւ ձեռնարկներու ընթացքին այս խորհրդանիշներու ճամբով իրենց հայեցի ու ազգային կազմաւորումը ստացած են: Այս խորհրդանիշները ապրեցուցած են անոնց մէջ հայութեան պահանջատիրական երթն ու ինքնութեան ոգին եւ անոնք հայրենիքէն դուրս ապրած ու կազմաւորուած են ոգեղէն հզօր ու գեղեցիկ հայրենիքի մը մէջ` ամբողջական ու միացեալ հայրենիք կերտելու տեսլականով եւ Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր նկատող հաւատամքով: Հետագային անոնք դարձած են մեր հաւաքական կեանքի նուիրեալ գործիչներ եւ ծառայողներ:
Հայկական հոգեմտաւոր արժէքներու նկատմամբ պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին ցուցաբերած այս հոգածու վերաբերմունքը, սփիւռքի այլասերող յորձանքներուն դէմ, ահաւասիկ պատուար մը յառաջացնելու կը ծառայէ, ուր պատանին հայրենիքի սուրբ գաղափարը իր հոգիին մէջ անմար կը պահէ, Հայ եկեղեցւոյ քրիստոնէական ու մարդկային արժէքները կ՛արմատացնէ եւ պատմական հայրենիքին իրաւատէր ըլլալու համոզումը կը ջրդեղէ:
Հայ եկեղեցի, դպրոց եւ միութենական օճախներ կը շարունակեն մնալ մեր կեանքին մէջ ազգային խորհրդանիշները ապրեցնող անփոխարինելի կառոյցներ ու կռուաններ եւ այդ ճամբով անոնք նկարագիր կու տան մեր համայնքներուն ու հաւաքական երթին:
Այս խորհրդանիշները զարդարած են մեր ընտանեկան օճախները հայկականութեան իւրայատուկ մթնոլորտով, եւ այս մէկը ոչ թէ ծանօթ է հայկական միջավայրին մէջ, այլ նաեւ այս երեւոյթին կ՛անդրադառնան տեղացի եւ օտար ժողովուրդները: Այս առիթով արժէ նշել, որ 15 տարիներ առաջ լիբանանցի վաստակաշատ լուսանկարիչ Ժիլպեր Հաճ դիմեց Համազգայինի ցուցասրահ` խնդրելով, որ իրեն առիթ տրուի ցուցասրահին մէջ ներկայացնելու իր աշխատանքը: Արուեստագէտը աւելի քան մէկ տարի շրջագայած ու այցելած էր լիբանանահայ ընտանիքներու օճախները եւ նկարահանած այդ տուներուն մէջ տարբեր անկիւններ եւ տարբեր արտայայտութիններով տեղ գտած Արարատ լերան նկարը: Այսօր հաստատ իրողութիւն է, որ Արարատը եւ այլ ազգային խորհրդանիշներ այլեւս ոչ միայն համազգային ըմբռնողութիւն ունին, այլ նաեւ դարձած են միջազգային հնչեղութիւն արտացոլացնող ու հայութիւնը ներկայացնող անփոխարինելի գործօններ: Այսօր, դժբախտաբար, հայկական այս ամուր եւ ուժեղ գործօնն է որ հարուած կը ստանայ հայու ձեռքով ու թշնամիի թելադրանքով եւ անոր սահմանած պայմաններով:
Դժբախտաբար գտնուած են ու կը շարունակեն գտնուիլ անհատներ, որոնք նաեւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, անտարբեր մնալով հայեցի կրթութեան ու կազմաւորման անհրաժեշտութեան, նման կառոյցներէ կը զրկեն իրենց զաւակները, որպէսզի անոնց շնորհեն, այսպէս կոչուած, օտարին կողմէ հրամցուած փայլուն ապագայ: Պէտք է ընդունիլ, որ այլասերումը եւ օտարացումը շատոնց բոյն դրած են նոյնիսկ հայութեամբ բաբախող այս միջնաբերդ գաղութին մէջ: Եսակեդրոն ու անձնակեդրոն համոզումներով առաջնորդուող մարդիկ չեն ըմբռներ այս ազգային արժէքներուն կենսական նշանակութիւնը եւ նորահաս սերունդէն կը փորձեն խլել հայօրէն մեծնալու ու հայօրէն ապրելու անփոխարինելի հնարաւորութիւնը: Այս ձեւով, անշուշտ, անոնք չեն գիտակցիր, որ իրենց անպատասխանատու մօտեցումով կը հարուածեն նաեւ այդ պատանիներու մարդկային կազմաւորումը: Այո՛, հայկական ու մարդկային կազմաւորման գործընթացները կարելի չէ անջատել իրարմէ, ու նաեւ անհնարին է մէկը միւսին հակադրել:
Ազգովին կը գտնուինք ոչ նախանձելի կացութեան եւ, աւելի՛ն, կ՛օրօրուինք նահանջի քառուղիին դիմաց: Պարտութենէ պարտութիւն առաջնորդուող հայ կեանքը տակաւին չէ գտած սթափումի իր ուղին: Մեր միջավայրին մէջ օրէ օր կը սերտաճի անտարբերութիւնը, եւ հայկական արժեհամակարգէն օտարացումը այլեւս ստացած է սովորական եւ բնական երեւոյթ: Սկսած ենք հաշտուիլ պարտադրուող բոլոր կացութիւններուն, համակերպիլ անոնցմէ բխած հետեւանքներուն եւ աննպատակ կեանքի մը մէջ քարշ տալ մեր գոյութիւնը: Մեր ներկան կ՛ապրինք եւ ականատես կը դառնանք այն իրողութեան, որ հայրենիքէն ու հայութեան իրաւունքներէն ամէն օր բան մը կը կրծուի, հայապատկան հողերը կ՛ընծայաբերուին, ու հայաթափումը կը գործադրուի անարգել: Դժբախտաբար չենք զգար վտանգին ահաւորութիւնը եւ կացութեան ծանրակշիռ տարողութիւնն ու ի զարմանս բոլորին` կը մարսենք պարտութիւնը իբրեւ յաղթանակ ներկայացնելու ամէն տեսակի անտրամաբանական արժեւորումներն ու սին փիլիսոփայութիւնները: Այո՛, դարձած ենք կրաւորական դիտող ու հանդիսատէս հայ կեանքը հարուածող բոլոր երեւոյթներու նկատմամբ:
Մենք խօսքի վարպետներու կարիքը չունինք այսօր, ոչ ալ` անիմաստ, աննպատակ, խաբուսիկ արարողակարգերու: Մենք կարիքը չունինք հայ կեանքը ծանրաբեռնող ու դիմակաւոր ապազգային մտածողութիւններ ներմուծող քարոզիչներու, այլ` կենարար գործով, նուիրումով, գաղափարական հզօրութեամբ առաջնորդուող անանձնական ու նուիրեալ առաքեալներու: Մենք խիստ կարիքը ունինք պահու լրջութիւնը եւ ճգնաժամը ընկալող ու գնահատող, գիտակցական մօտեցում ցուցաբերող վերազարթօնքի ռահվիրաներու: Մեր ազգային խորհրդանիշները եւ հերոսները չեն արտօներ մեզի, որ այսպէս թուլութեամբ ու յանձնուողականութեամբ ապրինք մեր հայկականութիւնը: Անոնք կը պատգամեն մեզի, որ մենք ի վիճակի ենք կերտելու այդ նոր զարթօնքը: Գիտենք, որ այս ճանապարհը այդքան ալ դիւրին չէ: Աւելի՛ն. գիտենք, որ Դաշնակցութեան ու դաշնակցականին առաքելութիւնը հեշտ չէ, ժողովրդահաճոյ չէ, բայց էական ու կենսական է եւ խարսխուած է նուիրումի անխորտակելի վէմին վրայ:
Այս առիթով հարկ է անդրադառնալ նաեւ այն գօտեպնդիչ ու քաջալերական երեւոյթին, որ քանի մը օր առաջ ՀՅԴ պատանեկան ընդհանուր վարիչ մարմնի նախաձեռնութեամբ 40 դաշնակցական երիտասարդ երիտասարդուհիներ, հետեւելով վարիչներու պատրաստութեան մասնագիտական եռամսեայ դասընթացքի մը, ստացան իրենց հաստատագիրները: Ահաւասիկ ազգային խորհրդանիշներու եւ արժէքներու պաշտպան պատրաստուած նոր երիտասարդական մարդուժ մը կու գայ իր ներդրումը ունենալու պատանեկան շարքերու դաստիարակութեան խիստ կենսական առաքելութեան:
Սիրելի՛ պատանիներ, դուք մեր ազգի ներկային վստահութիւն ներշնչող, մեր կեանքին համ տուող ու ապագայ կերտող մարդուժն էք: Գացէք եւ ձեր տարեկից պատանիները համոզեցէք միանալու ձեր շարքերուն, որպէսզի հայութեան ապագայ երթը դառնայ ապահով ու մեր տեսլականներու իրագործումը մնայ շնչող իրականութիւն:
Սիրելի՛ ծնողներ, մի՛ վարանիք ձեր զաւակները վստահելու այս անփոխարինելի դպրոցին, որպէսզի առաջին հերթին հայկական շունչն ու ոգին անմար մնայ ձեր ընտանեկան օճախներուն մէջ ու վաղը արդարօրէն ապրիք ձեր զաւակներու հայանուէր ու ազգանուէր գործի արգասիքին արդար հպարտանքը:
Աւարտելու համար արժէ այս առիթով մէջբերել դաշնակցական գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի հետեւեալ մտածումը. «Պայքարն է աղբիւրը մարդկային ու ազգային բոլոր արժէքներուն, բոլոր արժանիքներուն ու բոլոր նուաճումներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ պայքարը սուրբ է, նուիրական է` իբրեւ մարդկային ու ազգային մեր արժանաւորութեան գիտակցութեան արտայայտութիւն, իբրեւ ինքնաճանաչման, ինքնահաստատման, ինքնարժեւորման ու ինքնակերտումի կամքի ու կամեցողութեան ուժական ցոլացում»:
Չհրաժարինք պայքարելէ`
Յանուն` մեր գերագոյն արժէքներու պաշտպանութեան,
Յանուն` մեր անկորնչելի իրաւունքներու ձեռքբերման,
Յանուն` մեր ազգային խորհրդանիշներու անաղարտ պահպանման:
* ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպած` «Գունաւորենք մեր ազգային խորհրդանիշները» տետրակի շնորհահանդէսին արտասանուած խօսք:



