Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Նախագահ Աունի Հետ Իր Յարաբերութիւնը Հոյակապ Է. Պըրրի. «Լիբանանը Սէուտական Արաբիայէն, Ամերիկայէն Եւ Իրանէն Կազմուած Եռակողմ Երաշխիքի Կը Կարօտի»

July 27, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խօսքը, թէ «Պըրրին լաւ մարդ է, եւ գոյութիւն ունեցող հոլովոյթին պիտի միանայ, երբ նկատառելի յառաջընթաց տեսնէ», նշեց. «Կը թուի, թէ Թրամփ զիս կարգ մը լիբանանցիներէն աւելի լաւ կը հասկնայ»: Ան այս մասին յայտնեց «Ասաս Միտիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:

«Աշխարհը կը սիրէ ան, որուն Սէուտական Արաբիան կը սիրէ, եւ կը թուի, թէ Սէուտական Արաբիան զիս կարգ մը լիբանանցիներէ աւելի կը սիրէ», աւելցուց ան:

«Միշտ ըսած եմ ու դարձեալ կ՛ըսեմ, Լիբանանի մէջ կարիքը ունինք Սէուտական Արաբիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Իրանէն բաղկացած եռակողմ երաշխիքի մը», շեշտեց խորհրդարանի նախագահը:

«Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնս հաստատ է, եւ քաղաքական ամբողջ կեանքիս ընթացքին անոր հասցէին վատ արտայայտութիւն չեմ ունեցած, որովհետեւ կը հաւատամ Լիբանանի նկատմամբ անոր սիրոյն ու նախանձախնդրութեան, ինչպէս նաեւ ազգային կայունութեան ամրապնդման մէջ անոր առանցքային դերակատարութեան»:

«Փառք Աստուծոյ, երեք անգամ ուխտագնացութեան պարտականութիւնս կատարեցի: Ամէն անգամ Սէուտական Արաբիոյ մէջ եղբայրները նախանձախնդիր էին զիս հրաւիրելու, պատուելու եւ ինծի հոգ տանելու», ըսաւ ան:

«Վերջին շրջանին Սէուտական Արաբիոյ մէջ եղբայրներուն հետ աշխուժ հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ, մասնաւորաբար պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհանի հետ, որ ինծի ըսաւ, թէ իրենք պիտի աջակցին ներկայ հոլովոյթին, եւ Ուաշինկթընի հետ նախանձախնդիր են զայն յաջողցնելու եւ անոր հետեւելու», նշեց խորհրդարանի նախագահը` Պըն Ֆարհան իշխանը որակելով «շատ խելացի մարդ մը, չափազանց մանրակրկիտ, մինչեւ չափը անցնելու աստիճան»:

«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ յարաբերութիւնս հոյակապ է: Քաղաքական կարգ մը տեսակէտներու շուրջ տարակարծիք ենք, սակայն միշտ կապի մէջ ենք: Ուաշինկթըն մեկնելէն առաջ ինծի հեռաձայնեց ու հարցուց` ի՞նչ կը յանձնարարես: Ըսի երկու բան` զինադադարի ամրապնդում, իսրայէլեան ամբողջական հեռացում եւ մարդոց իրենց գիւղեր ու տուներ վերադարձ: Երբ նախագահ Աուն Ուաշինկթընէն վերադարձաւ, անոր հեռաձայնեցի բարի վերադարձ մաղթելու համար եւ մօտ օրէն անոր պիտի այցելեմ», յայտնեց Պըրրի:

Ինչ կը վերաբերի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ իր յարաբերութեան, ան ըսաւ, թէ ատիկա «տեւական ու սիրով լեցուն է»:

Ան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի ներկայ քաղաքական ուղղութեան դէմ չէ, սակայն վճռական դրական արդիւնքներու ձեռքբերման նկատմամբ լաւատես չէ, եւ թերեւս յոռետեսութեան պատճառը ժամանակն է: «Զաութար Ղարպիէի մէջ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, ատոր մեծագոյն ապացոյցն է: Մարդիկ օրերով սպասեցին, մինչեւ որ կարողանան ժամանակաւորապէս մուտք գործել իրենց գիւղեր, եւ իսրայէլեան յարձակումները տակաւին կը շարունակուին: Այսպիսով, որքա՞ն ժամանակ պիտի պահանջուի Իսրայէլի լիակատար նահանջին եւ հարաւցիներու իրենց հողեր վերադառնալուն համար», հարց տուաւ ան:

Պըրրի յայտնեց. «Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի հետ հանդիպումը արարողակարգային չէր, այլ առաջին իսկ պահէն ամբողջական կերպով անկեղծ ու ազնիւ»` աւելցնելով, որ իր սովորութեան հակառակ, ինք խնդրած է անձամբ սկսիլ զրոյցը, նախքան իր հիւրի խօսքը` ուզելով նախքան որեւէ քաղաքական քննարկման մէջ մտնելը անոր ներկայացնել շարք մը փաստեր:

«Ես արաբական աշխարհին մէջ միակ շիին եմ, որ Սուրիոյ պատերազմին չմասնակցեցայ, եւ ատիկա կեցուածք մըն է, որուն համար օրին Դամասկոսի հետ քաղաքական յարաբերութեան մակարդակին վրայ գին վճարեցի», ըսաւ ան:

Պըրրի նշեց, որ Շիպանիին շարք մը խրատներ տուած է, որոնցմէ մէկը կը վերաբերէր քրիստոնեաներուն: «Սուրիացի քրիստոնեաները կը վախնան, պէտք է զանոնք հանգստացնել եւ անոնց գոյութիւնը պաշտպանել, որովհետեւ Սուրիոյ պատմութեան ու ազգային բաղադրութեան հիմնական մաս մը կը կազմեն, եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներէն աւելի մեծաթիւ են, եւ կրօնական բազմազանութեան պահպանումը սուրիական պետութեան կայունութեան ազդակ մըն է», յայտնած է խորհրդարանի նախագահը:

«Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութեան յաջողութիւնը կը սկսի կարգաւորումովը երեք հիմնական հարցերու, որոնք են` հասարակաց սահմաններու վերահսկողութիւնը, մաքսանենգման գործողութիւններուն վերջ տալը, ցամաքային ու ծովային սահմանագծումը շարունակելը, ինչ որ պիտի կանխարգիլէ ապագայ որեւէ հակամարտութիւն, ինչպէս նաեւ Լիբանանն ու Սուրիան պէտք է յարգեն մէկը միւսին գերիշխանութիւնը եւ չմիջամտեն մէկզմէկու ներքին հարցերուն», նշեց Պըրրի:

«Այս թղթածրարները կը ներկայացնեն երկու երկիրներուն միջեւ կայուն եւ բնական յարաբերութիւններ կառուցելու իրական մուտքը` հեռու մնալով անցեալ տասնամեակները բնորոշող լարուածութենէն», եզրափակեց Պըրրի:

Նախորդը

Հուայեք Պատրիարքը Երանելի Հռչակուեցաւ

Յաջորդը

Շարհ. «Լիբանանի Մէջ Զինուորական Որեւէ Միջամտութիւն Կատարելու Մտադիր Չենք»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.