. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Նախագահ Աունի Ուաշինկթըն այցելութիւնը ճամբան փակեց Քոնկրեսին մէջ կողմերու, որոնք մերթ ընդ մերթ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի դէմ արշաւ կը շղթայազերծեն: Աունի Պըրրին պաշտպանելը եւ Թրամփի այդ կեցուածքը որդեգրելը պատճառ դարձաւ, որ շիիներու կացութեան մէջ բարդութիւններ չյառաջանան»:
. ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ Ուաշինկթըն ընկերակցած պատուիրակութենէն աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Դռնփակ ժողովի ընթացքին Թրամփ տեւաբար կը կանխէր ամերիկեան կողմէն նախագահ Աունի պահանջները ամբողջացնելը` հարցնելով. «Ինչպէ՞ս կրնամ օգնել», ապա Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ իր հիացմունքը կ՛արտայայտէր»:
. ՆԱԽԱԳԱՀ Աունի Ուաշինկթըն այցելութենէն ետք Այն Թինէի մթնոլորտին ծանօթ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրին արդիւնքներուն կը սպասէ` մէկէ աւելի անգամներ շեշտածին համաձայն լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան հեռացումէն վստահ ըլլալու համար»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքէն աղբիւրներու համաձայն, նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնը «փորձնական փուլէ» կ՛անցնի, ինչ որ հանրապետութեան նախագահին կարողութիւնը կու տայ իրագործելու միաձայնութիւն վայելող ազգային նպատակը` պատերազմի դադրեցումը, հեռացման իրագործումը, բնակիչներուն տունդարձն ու վերաշինութեան սկիզբը: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, եւ գործադրութիւնը սկսի, ապա Պըրրի նախագահական պալատ պիտի այցելէ թիկունք կանգնելով նախագահ Աունին:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Կը սպասուի, որ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը Լիբանան այցելելով ժողով պիտի գումարէ պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսայի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի հետ` քննարկելու համար լիբանանեան բանակին ամերիկեան օժանդակութիւններն ու բանակին կարիքները»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ պաշտօնական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Յառաջիկայ բանակցութիւններու փուլին պատրաստութիւնները յառաջիկայ օրերուն պիտի աշխուժանան, եւ կը սպասուի, որ այդ բանակցութիւններուն ճամբով փորձնական հեռացման նոր փուլի բնորդներն ու սպասուող երկրորդ փուլի թուականը ճշդուին»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Լիուա» օրաթերթին. «Իսրայէլի Իրանի դէմ ամերիկեան պատերազմին մասնակցութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ Նեթանիահուին որոշ, թէկուզ սահմանափակ առիթ ընծայելու շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան մէջ խուսանաւում կատարելու, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ համաձայնութեան մնացեալ փուլերու գործադրութեան դանդաղեցման եւ հեռացման ժամանակը երկարաձգելու»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Լիուա» օրաթերթին. «Ամերիկեան վարչակազմը լիբանանեան բանակը կը նկատէ կայունութեան եւ պետութեան իշխանութեան ամրապնդման նպատակը հետապնդող որեւէ ուղղուածութեան հիմնական յենարան»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Դժուար է վարչապետ Սալամի վրայ յարձակումը անջատել Հըզպալլայի շղթայազերծած աւելի ընդարձակ արշաւէն, որովհետեւ պետութեան հեռացման թղթածրարին, զէնքի մենաշնորհման կամ բանակի տեղակայման ընդլայնման ուղղութեամբ առած իւրաքանչիւր քայլ իբրեւ զիջում կը ներկայացուի»:
. ԶԱՈՒԹԱՐ Ղարպիէի քաղաքապետը «Մուտուն»-ին. «Վարչապետ Սալամի այցելութենէն նախապէս տեղեակ չէինք եւ դժգոհ էինք, որ տեղեակ չպահուեցանք, սակայն Սալամ հետագային ինծի հեռաձայնեց, մտիկ ըրաւ նկատումներուս եւ գիւղի բնակիչներէն ներում հայցեց»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շրջագծային բանաձեւը մշակուած է լիբանանեան եւ իսրայէլեան տարբեր նկատառումները հաշուի առնելով` իւրաքանչիւր կողմի, մասնաւորաբար լիբանանեան կողմի կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ, մանաւանդ որ լիբանանեան կողմը կը ձգտէր չձեռնարկել իր կարողութիւնները գերազանցող պարտաւորութիւններ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Փարոլին կարտինալը նախագահ Աունին վստահեցուց, թէ Լեւոն ԺԴ. պապը կը հետեւի Լիբանանի կացութեան մանրամասնութիւններուն, ամերիկեան վարչակազմին հետ կապ կը հաստատէ, եւ Սուրբ աթոռը կը զօրակցի Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններուն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Ուաշինկթընի աւանդական դաշնակիցները, նախ եւ առաջ Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան արդէն չեն զօրակցիր Լիբանանի մէջ սուրիական որեւէ միջամտութեան, նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ բարդ պատմութիւնը, մասնաւորաբար Ասատի ժամանակաշրջանի ընթացքին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատարներ լիբանանեան տեսակէտով համոզուեցան եւ սկսան հաւատալ, որ սուրիական որեւէ միջամտութիւն պիտի բարդացնէ շրջանային անկայունութիւնը եւ ուղղակիօրէն պիտի վնասէ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու շահերուն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Եւրոպական մտահոգութիւնները կը բխին հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բռնագրաւումի եւ կառավարութեան կողմէ զէնքը յանձնելու ճնշումին միջեւ Հըզպալլայի վրայ հսկայական ճնշման զգացումէն, ինչ որ կրնայ յանգեցնել կուսակցութեան եւ լիբանանեան բանակին միջեւ զինուորական բախումին»:
. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Իսրայէլի` Լիբանանի մէջ մնալը Հըզպալլային պատրուակ կու տայ իր զէնքը պահելու եւ առիթ կ՛ընծայէ կռիւին վերադառնալու, եթէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ կռիւի նոր փուլ մը ծագի, ինչ որ լիբանանեան թղթածրարը վերստին կը կապէ իրանեան թղթածրարին»:
. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրին կրնայ Պաապտայի պալատ այցելել, սակայն այդ քայլը կապուած կը մնայ գետնի վրայ իսրայէլեան հեռացման շօշափելի քայլի տարողութեան եւ բանակին տեղակայուելիք շրջաններու շրջագիծի ընդլայնման»:
. ԴԵՍՊԱՆ Քարամ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Փորձնական շրջանները պետութեան եւ բանակին նոր մարտահրաւէր կը ներկայացնեն, նաեւ գոյութիւն ունի մարտահրաւէր մը, որ կ՛իյնայ Ամերիկայի ուսերուն` ապահովելու այնպիսի պայմաններ, որոնք կարելիութիւն պիտի տան բանակը տեղակայելու եւ իսրայէլեան որեւէ խոչընդոտ կանխարգիլելու»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Հռոմի ժողովին մասնակից լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն դիւանագէտներ եւ զինուորականներ` շարունակելու համար փորձնական շրջաններու ընդլայնման շուրջ քննարկումները, եւ ատիկա կը պահանջէ ներկայութիւնը զինուորականներու, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին թղթածրարներ եւ քարտէսներ, եւ ատկէ մեկնելով յառաջիկայ ժողովները չափազանց կարեւոր են»:
. «ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մէջ քրիստոնէական յարաբերութիւններու թղթածրարի պատասխանատու Մոհամետ Սայիտ Խանսա «Տիար» օրաթերթին. «Այցելութեան ընթացքին Աունին չտրամադրուեցան այն ռազմավարական տարրերը, որոնք կը հիմնաւորեն դուրսբերման ժամկէտներու, գերիներու եւ վերակառուցման վերաբերեալ անոր դիրքորոշումը, եւ Իսրայէլը որեւէ ռազմավարական վայրէ դուրս չէ եկած»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Մենք կը բացառենք հարաւային Լիբանանի մէջ որեւէ սրում, որովհետեւ գործը կը գտնուի ամերիկեան անմիջական հսկողութեան տակ, եւ ամերիկացիները չեն կրնար Իսրայէլին արտօնել խոչընդոտել համաձայնագիրները, երբ անոնք Աունին կ՛աջակցին: Թրամփ այս հարցը պիտի արծարծէ Նեթանիահուի հետ»:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպանը «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին. «Եթէ պատերազմը ծագի, այս անգամ նախորդներէն տարբեր պիտի ըլլայ, եւ ջանքեր կը թափենք իրանեան եւ ամերիկեան կողմերը մղելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու»:


