Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ զինուորական որեւէ միջամտութիւն կատարելու մտադիր չենք, եւ Լիբանանի մէջ որեւէ իրարանցում ուղղակի կերպով պիտի ազդէ Սուրիոյ վրայ»:
«Շրջանին մէջ պատերազմի ծիրի ընդլայնման նկատմամբ մտավախութիւն ունինք: Կը խուսափինք Իսրայէլի հետ բախումէ եւ ատոր մէջ շահ չունինք», նշեց Սուրիոյ նախագահը:
«Եթէ Իսրայէլի հետ ապահովական համաձայնութիւնը յաջողի, անիկա ճամբայ պիտի հարթէ խաղաղութեան, առանց բռնագրաւեալ Կոլանի նկատմամբ Սուրիոյ իրաւունքէն հրաժարելու», աւելցուց ան:
«Տնտեսական պատժամիջոցները վերցնելը անօգուտ պիտի ըլլայ, առանց Սուրիան ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւններու ցուցակէն դուրս բերելու», յայտնեց Շարհ:
«Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ մէջ անոր ռազմակայաններու ապագային նկատմամբ քննարկումը տակաւին չաւարտեցինք», նշեց Սուրիոյ նախագահը:


