Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 25, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախագահի Ուաշինկթըն այցելութիւնը զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան թղթածրարը վերածեց միջազգային գլխաւոր հետաքրքրութեան նիւթի, եւ ամերիկեան կողմին հետ քննարկումը կեդրոնացաւ իսրայէլեան հեռացման ամբողջացման վրայ, ինչ որ լիբանանեան պետութեան կ՛արտօնէ իր իշխանութիւնը տարածել իր հողերուն վրայ»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումները գոյացուցին կարեւոր փոխըմբռնումներ, որոնք կը վերաբերին լիբանանեան առաջնահերթութիւններուն, նախ եւ առաջ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան ամբողջացման, իսրայէլեան հեռացումի իրագործման եւ լիբանանեան բանակի աջակցութեան ամրապնդման»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Նախագահ Աունի Սպիտակ տուն այցելութիւնը նման թափով պիտի չկայանար, եթէ չըլլային սէուտական ջանքերը, որոնք այցելութեան նախորդած էին եւ անոր ուղեկցած մինչեւ հանդիպումի կայացման պահը»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Թրամփ նախագահ Աունին խոստացած է վերահսկել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի աշխատանքը եւ կարելիի սահմաններուն մէջ չարտօնել, որ ան դէպի մագլցում ուղղուի:

«Ան նաեւ ընդառաջեց Աունի առաջարկին, յատկապէս լիբանանեան բանակին ամէն տեսակի աջակցութիւն տրամադրելու առնչութեամբ: Վեհաժողովի ընթացքին ան հանդիպումին մասնակցող իր պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթէն խնդրեց զինուորական առաքելութիւն ուղարկել ՊԷյրութ` բանակի կարիքները որոշելու համար` երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան ծրագիրի մշակման եւ ամրապնդման ծիրին մէջ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Յառաջիկայ փուլին ամերիկացի պաշտօնատարներ Պէյրութ պիտի այցելեն` հետեւելու համար Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումի ընթացքին կատարուած զինուորական կամ տնտեսական մակարդակներու վրայ խոստումներու գործադրութեան»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Առաջնահերթութիւնը կեդրոնացած մնաց շրջագծային համաձայնութեան բանաձեւի ամբողջական կերպով գործադրման վրայ, ինչ որ սահմաններուն ետին իսրայէլեան աստիճանական հեռացում կ՛ապահովէ` նկատի ունենալով, որ այս ուղին կայունութեան ամրապնդման ու միջազգային խոստումներու իրագործման հիմնական մուտքն է»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Շրջագծային համաձայնութիւնը յառաջ կ՛անցնի ամերիկեան-իրանեան փոխըմբռնման յուշագիրէն, որ զայն ստորագրող երկու կողմերուն միջեւ բռնկած բոցերէն պաշարման ենթարկուած է, ինչ որ Հըզպալլան նեղ կացութեան կը մատնէ»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ յատուկ յանձնախումբի եւ ամերիկեան դեսպանատան ճամբով առօրեայ համակարգում գոյութիւն ունի, եւ ամերիկացիները փորձնական երեք շրջաններուն` Զաութար Ղարպիէի, Սրիֆայի եւ Ֆրունի մէջ աշխատանքներու աւարտման ժամկէտ մը տակաւին չճշդեցին»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Յառաջիկայ փուլը առիթ մը պիտի ըլլայ լիբանանեան թատերաբեմին նկատմամբ ամերիկեան դիրքորոշման իրողական քննութեան, եւ հարցը կախեալ է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու ամերիկեան խոստումները գործերու վերածելԷ, որոնք կը սկսին հեռացումներու լուրջ շարքի մը գործադրութեամբ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Գետնի վրայ իրողութիւնները մինչեւ հիմա ցոյց չեն տար, թէ Ուաշինկթընի ուզածին ուղղութեամբ ընթանալու իսրայէլեան որոշում մը գոյութիւն ունի, եւ լիբանանեան բանակի միաւորներուն վրայ կրակ բանալը Իսրայէլի առաջարկուած մեքանիզմին համաձայն չըլլալուն գործնական պատգամ մըն է»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 67000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.414.000 լ.ո.-ի եւ 2.432.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 110.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.209.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.127.000 լ.ո.:

Նախորդը

Թրամփ. «Ծոցի Մէջ Նաւերուն Հասած Վնասները Պիտի Փոխհատուցուին Իրանեան Սառեցուած Գումարներով»

Յաջորդը

«Նախագահի Ուաշինկթըն Այցելութիւնը Գերիշխանութիւնը Պաշտպանելու Մէջ Ձախողեցաւ» Կ՛ըսէ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.