. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Նախագահ Աունը Թրամփին պիտի ներկայացնէ ճամբու քարտէսի նմանող փաստաթուղթ մը` փորձելով ձեւաւորել յաջորդ փուլին համար իրատեսական մօտեցում մը, հաշուի առնելով այն իրականութիւնը, որ բացի յարձակումներէն չի յուշեր, թէ Իսրայէլ պարտաւոր է ետ քաշուիլ կամ նոյնիսկ շարունակել «բնորդային տարածքներ»-ու ծրագիրը»:
. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատէն աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը իրեն հետ Սպիտակ տուն կը տանի ամբողջական փաստաթուղթ մը, որ կը վերաբերի լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան հեռացումին, գերիներու ազատ արձակման, վերաշինութեան մեքանիզմներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ փուլին լիբանանեան պետութեան պատկերացումին»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներուն եւ շարք մը եւրոպական պետութիւններուն հետ տեղի կ՛ունենան հաղորդակցութիւններ` ամրապնդելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ «փորձնական շրջաններու» դասաւորումներու գործադրութեան յատուկ ստուգման մեքանիզմը, եւ Իտալիան պատրաստակամութիւն յայտնեց այս ծիրին մէջ օգտակար ըլլալու»:
. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլեան ղեկավարութիւնը Լիբանանը կը դիտէ իբրեւ «չամբողջացած ապահովական թղթածրար»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի առջեւ գտնուող ընտրանքները այլեւս շատ չեն: Ան ընտրական հոլովոյթ մուտք գործելէ առաջ կարիքը ունի յստակ յաղթանակի պատկերի մը, որ պիտի կարենայ իսրայէլեան հասարակական կարծիքին ներկայացնել»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանին իր գերիշխանութեան վերատիրանալու օգնելը կը սկսի Հըզպալլայի զինաթափումով, եւ այդ առաքելութեան յաջողութիւնը կապուած է լիբանանեան բանակին զայն գործադրելու կարողութեան»:
. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Աունը ամբողջ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահն է, ան ընտրուեցաւ մեծամասնութեան, ներառեալ շէյխ Քապալանին պատկանած խումբին կողմէ: Նախագահը կը գործէ սահմանադրութեան 52-րդ յօդուածին հիմամբ, որ իրեն բանակցելու իրաւունք կը տրամադրէ, եւ սահմանադրութիւնը խախտող կողմը մաքսանենգութեան ճամբով զէնք բերողն է»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի ամրապնդելու լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններու սահմանային կարողութիւնները, ինչպէս` մաքսատուներու եւ սահմանի վրայ խուզարկութեան կէտերու ամրապնդումը, զէնքերու երկու ուղղութեամբ հոսքը արգիլելը, ինչպէս նաեւ հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը»:


