Այս տարի կը լրանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 31-ամեակը: Երեսունմէկ տարիներ շարունակ ան իր անձին, խօսքին, տեսլականին եւ հաւատքին ուժով եղած է ոչ միայն մեր Եկեղեցւոյ հովիւը, այլ նաեւ` գաղափարի, արժէքի, ազգային պատասխանատուութեան եւ դիմադրող ոգիի դրօշակիրը:
Թէեւ այս յօդուածը հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով հրատարակուած է 2017-ին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ բացման արարողութեան եւ վեհափառին հովուապետական այցելութեան առիթով, սակայն անոր մէջ ամփոփուած դիտարկումները եւ զգացումները այսօր եւս կը պահեն իրենց թարմութիւնը, արդիականութիւնն ու խորքէն եկող ճշմարտութիւնը: Այստեղ գրուած տողերը կը շարունակեն արտայայտել նոյն հիացմունքն ու յարգանքը, որոնցմով կը դիտուի Արամ Ա. կաթողիկոսը` իբրեւ հաւատքի, իմաստութեան, նորարար մտածողութեան եւ բարենորոգման կենդանի խորհրդանիշ:
Անցնող տարիներուն եւս վեհափառ հայրապետը շարունակեց իր ծառայութիւնը նոյն եռանդով ու տեսլականով` նոր նախաձեռնութիւններով հարստացնելով եկեղեցական ու ազգային կեանքը, բարձրաձայեց հայ ժողովուրդի իրաւունքները, պաշտպանեց միջեկեղեցական եւ միջկրօնական կեանքը: Ան հետապնդեց արդարութիւնը, նպաստեց երկխօսութեան, մշակոյթին եւ նոր սերունդներուն փոխանցեց հաւատքի ու ծառայութեան արժէքներ:
Այս յօդուածը, որ գրուած էր ինը տարի առաջ, այսօր կը վերահրատարակուի Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 31-ամեակին առիթով` որպէս երախտագիտութեան, գնահատանքի եւ յարգանքի համեստ արտայայտութիւն մը` նուիրուած այն հոգեւոր առաջնորդին, որ շարունակաբար կը ներշնչէ իր ժողովուրդը հաւատքով, յոյսով եւ պատասխանատու ծառայութեամբ:
Երբ 2017-ին գրեցի այս տողերը, նպատակս էր արաբ ընթերցողին ներկայացնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի մտածողութեան, տեսլականին եւ վերանորոգչական ոգիին որոշ երեսակները: Այսօր` ինը տարիներ անց, եւ կաթողիկոսին գահակալութեան 31-ամեակին առիթով, պարտք կը զգամ քանի մը նոր դիտարկումներ աւելցնել:
Անցնող տարիները հայ ժողովուրդին համար եղան փորձութիւններով, անորոշութիւններով եւ ճակատագրական զարգացումներով լի ժամանակաշրջան: Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը դիմագրաւեցին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց դիմաց Արամ Ա. կաթողիկոս շարունակեց իր հաւասարակշռուած, սկզբունքային եւ հեռատես առաջնորդութիւնը: Ան ոչ միայն հետեւեցաւ իր ժողովուրդի ցաւերուն ու մտահոգութիւններուն, այլ նաեւ բազմիցս բարձրաձայնեց արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովուրդներու արժանապատուութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:
Միաժամանակ ան շարունակեց իր ծառայութիւնը համաքրիստոնէական եւ միջկրօնական ոլորտներուն մէջ` կամուրջներ կառուցելով եկեղեցիներու, կրօնական համայնքներու եւ մշակոյթներու միջեւ:
Միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ ան մնաց Հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդի եւ ընդհանրապէս մարդկային արժէքներու վստահելի ներկայացուցիչը:
Այս տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւս շարունակեց իր վերանորոգման ընթացքը` կրթական, մշակութային, երիտասարդական, ընկերային եւ հոգեւոր բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով: Այս բոլորը կը վկայեն, որ «վերանորոգում»-ը վեհափառ հայրապետին համար բնաբան կամ կարգախօս մը չէ միայն, այլ` կեանքի եւ ծառայութեան մնայուն ընթացք:
Այս իսկ պատճառով տարիներ առաջ գրուած սոյն տողերուն վերահրատարակութիւնը կը նկատուի ոչ թէ անցեալի սովորական յիշատակ մը, այլ` ներկայ հիացիկ իրականութեան հաստատումը: Այն ակնածանքը, յարգանքն ու բարձր գնահատանքը, զորս արտայայտած էի այդ օրերուն, այսօր եւս կը մնան նոյնքան անկեղծ ու հիմնաւոր: Անոնց կենդանի վկայութիւնն ու խորախորհուրդ արձագանգը հանդիսացաւ 26 յունիս 2026-ին Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ տեղի ունեցած հանդիսաւոր աղօթքը: Արդարեւ, սրբազան այս տաճարին մէջ մեծ շուքով կարդացուեցաւ վեհափառ հօր նուիրուած հայրապետական մաղթանքը: Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան համար հոգեկան անսահման բերկրանք եւ բարեփաստիկ առիթ էր մասնակից դառնալ այս հոգեպարար արարողութեան, որուն միակ նպատակն էր ջերմեռանդ աղօթք եւ հայց վերառաքել առ Բարձրեալն Աստուած` վեհափառ հօր բարօրութեան, արեւշատութեան եւ անսասան առողջութեան համար:
Այս սրբազան տօնախմբութեան առիթով, արդար երախտագիտութեան եւ բարձր գովասանքի յատուկ խօսքի արժանի են Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ արժանապատիւ հոգեւորական դասն ու շնորհալի դպրաց դասը: Անոնք իրենց աղօթաշատ, ներդաշնակ ու հոգեպարար, շարականներու հարազատ երգեցողութեամբ եւ անթերի կազմակերպուածութեամբ, վեհաշուք ու աստուածահաճոյ մթնոլորտ մը պարգեւեցին սոյն արարողութեան` իւրաքանչիւր հայորդիի հոգին լեցնելով սրբազան երկիւղածութեամբ եւ հոգեւոր զարթօնքով:
Կը շնորհաւորենք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 31-ամեակը` մաղթելով, որ Աստուած շարունակէ զօրացնել անոր առաքելութիւնը եւ առաջնորդէ զայն նորանոր յաջողութիւններու` ի սպաս մեր Եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին եւ համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան:
Քուէյթ



