ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Վարկած.- Յունական թատրոնները իրենց ծանօթ ձեւը ստացած են ՆՔ 4-րդ դարուն, երբ Աթէնք հանրապետական էր: Կ՛ըսուի, թէ անոնց ձայնային յատկութիւնը այնքան որակաւոր էր, որ կարելի էր վերջին շարքի վրայ նստած` լսել աւելի քան 60 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բեմին վրայ գետին ինկող փոքր մետաղադրամի մը զնգոցը: Այո՛, այդ թերեւս կարելի էր դատարկ ամփիթատրոնի մէջ: Բայց թատերախումբեր բեմահարթակ կը բարձրանան ոչ թէ թափուր նստարաններու առաջ մետաղադրամներ գետին ձգելու, այլ բազմահազար մարդոց բաներ մը ըսելու համար: Այլ խօսքով, հիմնականը խօսքի ընկալումն է, յստակութիւնը: Ա՛յդ է, որ այստեղ պիտի փորձեմ բացատրել:
Արիստոտէլ (384-322 ՆՔ) հակիրճ կերպով ձայնը նկարագրած է իբրեւ օդին մէջ տարածուող ալիք:
Յոյներ վաղուց նկատած էին, թէ ինչպէս ջուրի ալիքները, այնպէս եւ ձայնը ատակ է «ցոլանալու» (reflection), երբ հանդիպի պատուարի մը, ինչպէս նաեւ` բեկուելու (refraction) եւ, ի տարբերութիւն լոյսին, որոշ չափով տարածուելու պատուարի մը կողքէն դէպի անոր ետին (1): Փողոցի մը խաչմերուկին մենք չենք տեսներ կողքէն մօտեցող ինքնաշարժը, բայց կը լսենք անոր ճչակը: Տան պատուհանէն մենք չենք տեսներ մեր դրացիները, բայց կը լսենք անոնց աղմուկը: Դպրոցական փորձարաններուն մէջ այս յատկութիւնը կարելի է ցուցադրել, այսպէս կոչուած, «ripple tank» (ծփանքի կամ ալիքի աւազան) կոչուող սարքի միջոցով:
Տեսաբանական .- Յունական ձայնագիտութիւնը ներկայացուցած է ՆՔ Ա. դարու հռոմէացի վաստակաշատ ճարտարապետ Մարքուս Վիթրուվիուս` իր տասը հատորանոց «De architectura» աշխատութեամբ: Ամփիթատրոններու պարագային դժուար լուծելի հարցը ձայնի ուժգնութեան (Intensity) պահպանումը չէ: Այդ լաւապէս կը կատարուի շնորհիւ ամփիթատրի ձագարաձեւ կառոյցին եւ արձագանգներուն, որոնք կու գան բեմահարթակի ետին գտնուող շինութենէն (scene) եւ կեդրոնական «օրքեսթրա»-ի հարթակէն (կողքի նկարին մէջ կապոյտ գիծեր), ինչպէս եւ` որոշ չափով scena-ի կողմնակի թեւերէն (parascenion) եւ, կարգ մը պարագաներու, ամփիթատրոնի վերեւի պարսպապատէն: Արդի ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ թեքութիւնը եւ նստարաններու լայնք/բարձրութիւն համեմատութիւնը կը գործէին իբրեւ բեկումային վանդակորմ (diffraction grating), աւելի ճշգրտօրէն, ձայնային աստիճանաշար (acoustic echelon), որ թոյլ կու տայ բարձր յաճախականութիւններու տարածումը, բայց կը նսեմացնէ ցած յաճախականութիւնները (High Pass Filter) (2), հետեւաբար կը նպաստէ խօսքի աւելի յստակ ընկալումին: Նման դեր կը կատարէին նաեւ նստարաններու տակ տեղադրուած կուժեր: Այդ մասին` աւելի ուշ:
Վիթրուվիուս նշած է չորս դասի արձագանգ (էխօ = արձագանգ, էխոնթես = հնչող)
1.- Սինէխոնթես (համահունչ) ոչ հեռու հարթ (հայելանման) մակերեսէ մը ցոլացող, այսինքն` կանուխ եւ առանց աղաւաղումի հասնող արձագանգ:
2.- Անթիխոնթես (հակահունչ) արձագանգ, որ ուշ (աւելի քան 0,05 երկվ. ուշացումով) եւ կը խանգարէ:
3.- Փերիխոնթես (շրջահունչ) թուլացած արձագանգ, որ կը վերադառնայ շրջապատէն:
4.- Քաթախոնթես (խեղդող) արձագանգ, որ արդէն իսկ աղաւաղուած է:
Ուղեղը կանուխ (նուազ քան 0,05 երկվ ուշացումով) հասնող արձագանգները կը միացնէ ուղղակի հասնող ձայնին: Երեւոյթը կոչուած է 1949-ին զայն յայտնաբերող գիտնականի (Է. Հաաս) անունով: Օրքեսթրէն եւ սքենայէն եկող արձագանգները ուրեմն «համահունչ» էին, օգտակար, որովհետեւ կը գումարուէին ուղղակի ձայնին (3, 4): Հակահունչ արձագանգներ, լաւագոյն պարագային, խօսքը ընկալելու յաւելեալ ճիգ պիտի պահանջեն, կը խանգարեն ընկալումը: Այդ նկատելի է սփիւռքի կարգ մը եկեղեցիներու մէջ, որոնք տարագիր պայմաններու բերմամբ կառուցուած էին հապճեպ:
Ժամանակի ընթացքին թէ՛ սքենէ եւ թէ՛ փրոսքենիոն սկսան կառուցուիլ աւելի բարձր: Առաջինը, որպէսզի բեմական կատարումի արձագանգը զօրանայ, եւ արտաքին ժխորը մեղմանայ, իսկ երկրորդը, որովհետեւ կատարումի մէջ բեմի կարեւորութիւնը աճեցաւ ի հաշիւ օրքեսթրի քորուսի երգ ու պարին: Այդ առանձին նիւթ է:
Լեզուաբանական.- Ընթերցողը տարեցներու հետ առօրեայ փորձառութեամբ հաւանաբար ծանօթ է, որ բաղաձայնները շատ աւելի ատակ են թիւր ընկալումի, քան` ձայնաւորները: Պատճառը այն է, որ անոնք կը կազմուին համեմատաբար շատ աւելի բարձր յաճախականութեան ալիքներով, իսկ մարդկային ականջը բարձր յաճախականութեան ընկալումը կը կորսնցնէ 4 անգամ աւելի արագ (տարեկան մօտ 1,4 տեսիպել), քան` ցած յաճախականութիւններու (5):
Յունական թատրոնը այս առումով բախտաւոր էր, որովհետեւ յունարէն լեզուն, ի տարբերութիւն անգլերէնի եւ այլ լեզուներու, կը յենի երկար ու կարճ ձայնաւորներու եւ կը խուսափի իրերայաջորդ բաղաձայններէ (ինչպէս հայերէնի մէջ խց, կծ, եւն): Յունարէնը կը յենի խօսքի երաժշտականութեա՛ն: Ունի լոկ 17 բաղաձայն` բաղդատած հայերէնի, որ ունի շուրջ 30, որոնցմէ ոմանք կու գան եռաշարք դժուար զանազանելի տարբերակներով (բ, պ, փ – գ, կ, ք եւն): Կը կարծուի, թէ դերասաններու գլուխը ծածկող խոշոր դիմակները եւս կ՛օգնէին որպէս ձայնը զտող եւ ուղղորդող «խօսափողեր»: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (6):
Կ՛իմանամ, թէ արհեստական բանականութիւնը օգնած է արտադրելու «խելացի» թատրոնի ձայնային համակարգեր, ուր կարելի է ճշդել, թէ ո՛ր լեզուի հնչիւնները հարկ է խնամել: Թուայնական արհեստագիտութեան զգլխիչ արագութեամբ զարգացող նորութիւններուն մասին խօսելու բաւարար գիտութիւն չունիմ (7):
Պիւթագորասի աւանդը.- (Pythagoras 570-495 ՆՔ) Անիկա դպրոցականներուն ծանօթ է ուղղանկիւն եռանկիւնի (Ա2+Բ2 = Գ2 ) օրէնքով, հսկայ ազդեցութիւն ունեցած է յունական եւ հետեւաբար արեւմտեան մշակոյթի վրայ: Կոպեռնիկոս եւ Քեփլըր բացայայտօրէն եւ որոշ իմաստով Այնշթայն այդ աւանդի շարունակութիւններն են: Ի դէպ, ծանօթ տարազը իր ծնունդէն աւելի քան 11 դար առաջ կը գործադրէին Միջագետքի եւ Եգիպտոսի երկրաչափները` ճշգրիտ ուղղանկիւն (90 աստիճան) կազմելու համար հողաշերտերու վրայ (եւ այլուր): Երկրչափութիւն (geo-metry) եզրը անտեղի չէ կազմուած: Ծանօթ է, որ Պիւթագորաս նաեւ փիլիսոփայ եւ աստղագէտ էր (8): Քիչեր գիտեն, թէ ան հիմնադրական աշխատանք տարած է ձայնագիտութեան մէջ: Վերի գծանկարը ցոյց կու տայ ծանրութիւններ կախելու միջոցով տարբեր լարումի եւ պատուար «կապ»-երու (fret) միջոցով` տարբեր երկարութեան թելերու արձակած ձայներու յարաբերութիւնը բացայայտելու փորձ: Սեղանը հաւանաբար կը կատարէր նուագարանի վերարձագանգող (resonator) մարմինի մը դերը (9): Պիւթագորաս նկատած էր, որ ամբողջ թիւերով յարաբերութիւն ունեցող ձայները «ճիշդ» կը հնչեն: Թերեւս` այն պատճառով, որ երաժշտական լարերու վրայ այդ թրթռացումները միաժամանակ կրնան գոյանալ: Վերի նկարը ցոյց կու տայ նոյն լարին վրայ 4 տարբեր թրթռացումներ (standing wave): Անոնք, որոնք ծանօթ են «աքոր»-ներու, այժմ կրնան գիտնալ, թէ ինչո՞ւ Տօ-Մի-Սոլ.Տօ (Տօ Մաժէօր) «ճիշդ» կը հնչէ: Տուեալ ձայնը բաղադրող թրթռացումներու յարաբերական ուժգնութիւնը կախում ունի, թէ լարը ուրկէ՛ (մէջտեղէն թէ ծայրամասէն) եւ ինչպէ՛ս (ճանկել, աղեղել, հարուածել եւն) կը թրթռացուի: Այդ կը փոխէ ձայնի «երանգը»: Անոնք, որոնք փորձառութիւն ունին լարային գործիք նուագելու, քաջ ծանօթ են այս հանգամանքին: Ի դէպ, ներկայ ձայնաշարը միայն մօտաւոր կերպով պահպանած է կարգ մը համեմատութիւններ (10) : Յոյներ եւ արեւելեան կարգ մը երաժշտութիւններ «ականջով» կը լարեն իրենց գործիքները:
Վիթրուվիուս Պիւթագորասի ժառանգ «թուագիտութիւնը» կը գործադրէր ճարտարապետութեան մէջ եւ ամէնուր: Ամփիթատրոններու բեմի, նստաշարերու եւ առհասարակ բոլոր շինութիւնները հարկ էր, որ օրքեսթրի տրամագիծին հետ ունենային երաժշտական նոթերու համեմատութիւն, որովհետեւ այդ երկրի վրայ պիտի ցոլացնէր երկնային մարմիններու յարաբերութիւնը: Որպէս հռոմէական բանակի ճարտարագէտ` ան նոյնիսկ կը պահանջէր, որ բաբաններու թոկերը լարուէին այնպէս, որ թրթռացումը համապատասխանէր երաժշտական նոթերու: 17-րդ դարուն ականաւոր աստղագէտ Քեփլըր հրատարակեց իր «Աշխարհի ներդաշնակութիւնը» (Harmonices Mundi) ընդարձակ աշխատութիւնը, որ նոյն աւանդի շարունակութիւնն էր: Վիթրուվիուս կը գործադրէր Արիսթոխենոսի (Aristoxenus 5-րդ դար ՆՔ) քառալար (tetrachord) ձայնային միաւորները, որոնք ունին տարբերակներ եւ կրնան կցուիլ ու կազմել եօթնալար (ինչպէս` ներկայ Տօ-Սի եօթնալարը): Ներկայ յունական երաժշտութեան մէջ ջութակը եւ որոշ չափով սաքսոֆոնը կրնան պահպանել հին ձայնաշարերը: Այդ նկատելի է իրենց կարգ մը ժողովրդական սեռերուն մէջ (11):
Եկեղեցական կուժեր.- Վիթրուվիուսի թողած հիմնական աւանդը վերարձագանգող սափորներն են, զորս կը զետեղէր հանդիսատեսներու նստարաններու ներքեւ այնպէս, որ անոնց բերանը անխափան ուղղուած ըլլար դէպի բեմ: Կը կոչուէին «Էխէիա» (Echeia), այսինքն` արձագանգող, ձայնակցող (էխօ – արձագանգ ): Ցաւօք պրոնզէ պատրաստուած այդ անօթներէն ոչ մէկը վերապրած է հաւանաբար, որովհետեւ գողեր պրոնզը կրնային վաճառել: Աւանդը շարունակուած է միջնադարեան եկեղեցիներու մէջ այնքան ժամանակ, որ երգեցողութիւնը միաձայն էր եւ ճարտարապետութիւնը` գմբեթաւոր: Վերի գծանկարը ցոյց կու տայ Ֆրանսական նմուշներ: Նման կուժեր կը տեսնուին «Նռան գոյնը» ժապաւէնի Հաղբատի մէջ նկարուած հատուածի ընթացքին:
Բնագիտական.- Կուժերու «փոր»-ին մէջ գտնուող օդի ճնշումի թրթռացումներու (այսինքն` ձայնի) յաճախականութիւնը (f) կարելի է հաշուել պարզ տարազով մը (տես վերի գծանկարը): Նման թրթռացող անօթներ գիտական գրականութեան մէջ կը կոչուին «Helmholtz resonator»-ի պատիւ տարազը յայտնաբերող բնագէտին (H. Helmholtz 1821-1894): Ճարտարապետական բարբառի մէջ ծանօթ են իբրեւ «Վազա աքուսթիքա»: Նախորդ դարերուն կը կարծուէր, թէ անոնք որոշ ձայներ հզօրացնելու կը ծառայեն: Բազմաթիւ ներկայ ուսումնասիրութիւններ յատկապէս` Յունաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ, ցոյց կու տան, որ դերը գլխովին հակադիրն է, այսինքն` որոշ թրթռացումներու «ծծում» եւ վերացումը, որպէսզի արձագանգը նուազ խանգարիչ ըլլայ: Ձայնը հզօրացնող սարքեր (amplifier) կը կարօտին ելեկտրական ուժի: Պատերու կամ կամարներու մէջ թաղուած կուժեր չունին նման ներդրում:
Անոնք երբ թրթռան, շփումի պատճառով (յատկապէս կուժի վզին մէջ, ուր օդը արագ կը շարժի) ձայնային ուժը (energy) կը վերածուի տաքութեան, այսինքն կը կորսուի: Կանուխ միջնադարեան բազմաթիւ եկեղեցիներու պատերուն եւ առաստաղներուն մէջ հաստատուած կուժերու վրայ կատարուած չափումներ ցոյց կու տան, որ անոնց թրթռացումներու հիմնական յաճախականութիւնը (վերի գծանկարին մէջ (Յօ) կ՛իյնան 100Hz – 400Hz միջոցին մէջ: Կուժերու ձայնային «որակը», սակայն, անոնց կազմուածքին պատճառով մէկէն շատ աւելի բարձր է, այսինքն շատ աւելի նեղ ձայնային տարածքի կը թրթռան: (Յօ/Յ =1 գծապատկերի ձախ կողմ): Թերեւս այդ պատճառով կը զետեղէին բազմաթիւ տարբեր յաճախականութիւններու կուժեր, ինչպէս` նոյն գծանկարի ձախ կողմը: Կուժերու դերին շուրջ համախոհութիւն չկայ: Ըստ իս, ամէնէն հաւանական բացատրութիւնը այն է, որ ինչպէս ամփիթատրոնի նստարաններու կառոյցը, այնպէս եւ կուժեր ցած յաճախականութիւնները տկարացնելով` բաղաձայններու համեմատական ուժգնութիւնը, հետեւաբար ալ խօսքի ընկալումը կը բարձրացնէին (12):
Շուրջ 12-րդ դարուն մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան ե՛ւ ճարտարապետութեան ե՛ւ երգեցողութեան մէջ: Գոթական սլաձիգ եկեղեցիներու ներքին կառոյցը դիտաւորեալ կերպով կը բազմապատկէր արձագանգը: Ասոր առընթեր, հոգեւոր երգեցողութիւնը դարձաւ բազմաձայն: Այդ կը նշանակէր, որ ձայնային «երանգապնակը» աւելի քան կրկնապատկուեցաւ: Երկարատեւ աձագանգը կը միաձուլէր ձայները` ստեղծելով խորհրդաւոր մթնոլորտ, ուր «բան»-ը կը մնար անիմանալի: Ժամերգութիւնը յամենայն դէպս մինչեւ 20-րդ դար մնաց լատիներէն, զոր գրեթէ ոչ ոք կը հասկնար: Նուրբ պատերուն մէջ (որոնք կանգուն մնալու համար որմնայեցներու կը կարօտէին, տես վերի նկարը) կուժեր զետեղել ո՛չ կարելի էր եւ ո՛չ ալ բաղձալի: Ի դէպ, Նոթրը Տամ տաճարի հրդեհէն ետք տեղի ունեցած վերանորոգումներու ընթացքին վերացուեցաւ դարերու ընթացքին դիզուած աղտը որ կը ծծէր ձայնը: Արձագանգը գտաւ իր երբեմնի ուժգնութիւնը: Հրէական աղօթավայրերու եւ աւետարանական եկեղեցիներու մէջ առաջնահերթ է Ս. Գրային բնագրի եւ քարոզիչի խօսքի փոխանցումը: Հարկ է ըստ կարելւոյն վերացնել արձագանգը: Առ այդ, կը տեսնենք փայտածածք ոչ շատ բարձր առաստաղ: Ճակատի գլխաւորաբար փայտաշէն հարթակը, ուր յաճախ կան մեծ ու փոքր պատուանդաններ, նոյնպէս կը կառուցուին պահպանելու համար ձայնի յստակութիւնը: Ահա պատճառ մը եւս, թէ ինչո՛ւ համերգներ տեղի կ՛ունենան ոչ թէ Ս. Նշանի, այլ Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ:
——
1.- Բեկանումը նկատելի է, երբ ալիքի երկարութիւնը համեմատելի է պատուարի կամ բացուածքի երկայնքին: Լսելի ձայնի ալիքները տասնեակ սմ են, մինչդեռ տեսանելի լոյսի ալիքները` նուազ քան 0.00005սմ: Յոյներ լոյսը կը համարէին աչքերէն դուրս արձակուող հրեղէն սլաքներ: Լոյսի ալիքային բնոյթը առաջարկեց Հոյխինզ Ch. Huyghens1629-95), իսկ փորձով հաստատեց Եանկ Th. Young 1773-1829) 19-րդ դարուն: Մեծ ուշացումի հիմնական պատճառն էր ակնածանքը հանդէպ Արիստոտէլի եւ Նիւթոնի, որոնք լոյսը կը համարէին մասնիկներ: Լոյսի ՆԱԵՒ մասնիկային (Quantum) բնոյթը հաստատեց Այնշթայն 1905-ին եւ ստացաւ Նոպելեան մրցանակ: Ի դէպ, այդ գիւտը անկախ է յարաբերականութեան տեսութենէն:
2.- Այս ուղղութեամբ հիմնադրական աշխատանք էր Nico F. Declercq and Cindy S. A. Dekeyser «Acoustic diffraction effects at the Hellenistic amphitheater of Epidaurus: Seat rows responsible for the marvelous acoustics» The Journal of the Acoustical Society of America April 2007:
3.- Ենթադրելով, որ գծապատկերը կը ներկայացնէ նոյնիսկ մեծագոյն ամփիթատրոնը, ապա օրքեսթրի արձագանգի ուղեգիծը միայն շուրջ 4 մ աւելի երկար է, քան` ուղիղ ձայնի: Այդ կը նշանակէ 0,013 երկվարկեան, որ շատ հանգիստ կ՛իյնայ «հաաս» ընկալումի մէջ: Եթէ նոյնիսկ սքենայի լայնքը 5 մեթր է, ապա այդ ուշացումը (շուրջ 0,0յ երկվ.) եւս օգտակար է:
4.- Եթէ ուղեղը փոքր ուշացումով հասնող արձագանգները զատորոշ նկատէր, ապա նախամարդը կրնար կարծել, որ ոչ թէ մէկ, այլ բազմաթիւ գազաններ տարբեր ուղղութիւններէ կը մօտենան: Այդ մահաբեր շփոթ պիտի պատճառէր: Իսկ մենք նոյն սենեակին մէջ արտասանուող խօսքերը պիտի լսէինք մի քանի միացեալ անգամ:
5.- Նկատի առած, որ բարձրագոյն ոչ վնասակար ուժգնութիւնը 120dB (տեսիպել) է, զարմանալի չէ, որ մարդիկ 120/1,4 = 86 տարեկանէն առաջ գրեթէ խլացած կ՛ըլլան:
6.- «Թատրոնի այլափոխումը համավարակի ընթացքին», «Ազդակ», 9 սեպտեմբեր 2021:
7.- Կը կարծեմ, թէ այլեւս ոչ ոք գիտէ, թէ ճիշդ ի՛նչ կը կատարուի չիփերէն ներս, որովհետեւ չիփերը, իրենց կարգին, սկսած են ձեւաւորուիլ թուայնային բաղադրատոմսերով (algoritm եզրը, որ կու գայ Ալ-Խաուարիզմի լատինացումէն, չէ հայացուած), այլ ոչ` մարդոց կողմէ թուղթ ու մատիտով:
8.- Ինքն է, որ նկատած է, թէ արեւածագի եւ մայրամուտի աստղեր համարուող լուսաւոր մարմինը Արուսեակ (Venus) մոլորակն է: Նախագնաց կարելի է համարել նաեւ պղատոնական աղանդներուն:
9.- Fret կը նշանակէ եզան աղիքէ պատրաստուած կապ: Յոյն երաժիշտներ, ինչպէս մինչեւ օրս արեւելեան երաժիշտներ լարային գործիքներու (ինչպէս սազ) կոթին կ՛ամրցնէին այդ կապերը, որպէսզի կարենան իրենց փափաքած ձայները ստանալ: Թրքերէնով անոնք կը կոչուին «պաղլամա», որ կը նշանակէ «կապովի»:
10.- Ստեղնաշարի կեդրոնին Մի/Տօ – 329.6 /261.6 = 1. 26 ~ 5/4 Սօլ/Տօ = 392.0/261.6 = 1.498 ~ 3/2 =1.5:
11.- Որոշ տուեալներ կը թելադրեն, թէ երկու կիսանօթով կազմուած եօթնալարը նաեւ ասորական էր:
12.- Կ՛իմանամ, թէ ուղեղը ատակ է ճանչնալու ճնշուած ցած յաճախականութեան ձայները, երբ ներկայ են անոնց բարձր յաճախականութեան դաշնապատիկները (harmonics, այսինքն` յաճախականութեան x2, x3, x4 եւ այլն բազմապատիկները, որոնք կը կազմեն ձայնաւորի որակը, այսինքն կը զանազանեն, օրինակ, «ա»-ն «ի»-էն: Ուղեղի աշխատանքին մասին շատ սակաւաթիւ մարդիկ հաւաստի տեղեկութիւն ունին:






