Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ՋՐԲԱԺԱՆԻ ՕՐ

April 11, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ ազգային քոնկրեսի կազմակերպած ուրբաթ օրուան ցոյցին Հայաստանի առաջին նախագահին արտասանած խօսքը առաւելաբար կը վերաբերէր ընդդիմադիր դաշտին: Տարաբնոյթ հիմնաւորումներով Տէր Պետրոսեան կ՛ուզէր ընդգծել, որ բացառուած է երրորդ բեւեռի կայացումը Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ:

Ուրբաթ օրուան հանրահաւաքին արտասանուած խօսքին հետեւողը կրնայ եզրակացնել, որ արմատական ընդդիմութեան անունով քաղաքական հրապարակ իջած ուժին համար ոչ թէ իշխանութիւնն է թիրախը, այլ իրենցմէ դուրս ընդդիմութիւն չընդունելու քարոզչութեան տարածումը: «Ինչպէ՞ս կրնայ ՀԱՔ-ը մենաշնորհել ընդդիմադիր դաշտը» հարցումին կը պատասխանէ նոյնինքն հարցումը բարձրաձայնողը` բացատրելով, որ ՀԱՔ-ը ո՛չ վարչական լծակներու, ո՛չ նիւթական միջոցներու, ո՛չ զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ այլ միջոցներու կը տիրապետէ. հետեւցնելու համար` եթէ իշխանութիւնները այս բոլորը ունին մենաշնորհելու համար իշխանութեան դաշտը, ապա ՀԱՔ-ը այդ բոլոր միջոցներէն զուրկ է:

Այս տրամաբանութիւնը կը շարունակուի հաստատելու համար, որ երրորդ բեւեռը, կամ ՀԱՔ-էն դուրս այլ ընդդիմադիր շարժում ի վիճակի չէ կայանալու: Այս տեսութիւններու յառաջ քշման համար ներկայացուած հիմնաւորումները կը սատարեն խաղի ներկայ կանոնները պահելու եւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն մրցապայքարը ներկայ ձեւաչափին մէջ պահելու:

Պահ մը սակայն, ընդունելով, որ ՀԱՔ-ի առաջադրանքները ներկայացուած կէտերն են (ՀԱՔ-ի կողմէ պահանջուած քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում, մարտ 1-ի սպանութիւններու բացայայտումներ եւ «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ հանրահաւաքներ կազմակերպելու արտօնութիւն), պէտք է նկատել, որ վարքագիծի, օգտագործուած բառամթերքի եւ նոյնիսկ պահանջներու հիմնական փոփոխութիւն արձանագրուած է: Այստեղ արդէն նախագահի անմիջական հրաժարականի մասին խօսք անգամ չկայ. արտահերթ ընտրութիւններու ժամկէտի յստակացում չկայ եւ տակաւին աւազակապետութիւն կամ նման որակումներով պետական համակարգ կազմաքանդելու անմիջական խնդիր չի դրուիր:

Ընդհակառակն` երկխօսութեան մասին քանի մը առիթով շեշտումներ կամ իշխանութիւններուն հետ վերջնագիրով չխօսելու յայտարարութիւններ, նոյնիսկ օգտագործուած ըսելաձեւեր  կը յիշեցնեն կառուցողական ընդդիմութեան` այս պարագային Դաշնակցութեան որդեգրած վարքագիծը: Մօտեցումի հիմնական տաբերութիւնը այն է, որ այս պարագային այս վարքագիծը մենաշնորհելու որեւէ մօտեցում ցոյց չի տրուիր զայն առաջադրողներուն կողմէ: Ընդհակառակն` կառուցողական շեշտադրումները տարածելու, ընդունելի դարձնելու պահանջն է, որ մնայուն պահանջուած է երրորդ բեւեռին ձգտող ուժին կողմէ:

Խառն պատգամներ կան Տէր Պետրոսեանի ճառին մէջ: Կամուրջները պահել իշխանութիւններուն հետ…. մինչեւ 28 ապրիլ: Մինչ այդ  իշխանութիւնները պէտք է ազատ արձակեն քաղաքական բանտարկեալները, արտօնեն հանրահաւաք կազմակերպել Ազատութիւն հրապարակին վրայ եւ հաւաստիացնեն, որ 1 մարտի սպանութիւնները պիտի բացայայտուին: Ապրիլ 28-ը պէտք է դառնայ կա՛մ երկխօսութեան սկզբնաւորման, կա՛մ ալ` իշխանութեան ու հասարակութեան վերջնական ջրբաժանի օր:

ՀԱՔ-ի խօսնակ Լեւոն Զուրապեանն էր, որ կը յստակացնէր  վերջնական ջրբաժանը` յայտարարելով, որ նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի ծաւալին ամբողջ հանրապետութեան տարածքին` քաղաքացիական անհնազանդութեան  շարժում սկսելու համար:

Մէկ կողմէ վարքագիծի փոփոխութեան նշաններ ցոյց տալով, միւս կողմէ զանգուածը պահելու համար ետդարձներ կատարելով ՀԱՔ-ը դիրքեր կորսնցնելու եւ նուազներ արձանագրելու իրավիճակ կը պարզէ: Հաւանաբար այս անհանգստութենէն մղուած Դաւիթ Շահնազարեան կը խօսի ընդդիմադիր այլ ուժերու լուսանցքայնացման, իսկ առաջին նախագահն ալ` երրորդ բեւեռի կայացումի բացառումին մասին:

Ջրբաժանի ճշդուած օրը յաւելեալ լոյս կը սփռէ հետագայ իրադարձութիւններուն վրայ: 28 ապրիլը շատ հեռու չէ:

«Ա.»

Նախորդը

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՇԷ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԱՍԻՆ ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆՈՂՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ՎՏԱՆԳԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՋՆՋՈՒԱԾ»

Յաջորդը

ԷԼԻ ՊՍԱՅՊԵՍ` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՍԵՆՏԻՔԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.