Այսօր քառասուն տարիներ կը բաժնեն մեզ այն սեւ օրէն, երբ հայանուն վարձկանի մը ձեռքով արձակուած փամփուշտէն նահատակուեցաւ Զաւէն Թաշճեանը: Քառասուն տարիներ` ժամանակաշրջան մը, որ կրնար շատերու յիշատակը պղտորել, բայց չկրցաւ նսեմացնել ներկայութիւնը այն մարդուն, որ իր կեանքը չապրեցաւ իրեն համար, այլ ապրեցաւ իր ժողովուրդին, իր գաղափարին եւ իր կազմակերպութեան համար:
Նահատակները ժամանակի ընթացքին չեն հեռանար մեզմէ: Ընդհակառակը, անոնք աւելի կը մօտենան, որովհետեւ ամէն սերունդ զանոնք կը վերագտնէ իր պայքարներուն մէջ: Ընկեր Զաւէնը այսօր մեզի հետ է ոչ միայն որպէս յիշատակ, այլ` որպէս կենդանի խիղճ, որպէս չափանիշ, որով պիտի չափենք մեր հաւատարմութիւնը մեր երդումներուն:
Ես ծնած եմ ընկեր Զաւէնի նահատակութենէն քանի մը ամիս ետք: Անոր հետ չեմ խօսած, չեմ ճանչցած զինք անձամբ: Սակայն իմ սերունդս, ինչպէս մեզմէ առաջ եւ մեզմէ ետք եկող շատ սերունդներ, մեծցած է անոր շունչով: Մեծցած ենք` լսելով, թէ ինչպէ՛ս գաղափարապաշտ մարդը կրնայ իր կեանքը վերածել ծառայութեան: Մեծցած ենք` հասկնալով, որ ազգին համար գործելը պաշտօն չէ, այլ` պարտաւորութիւն, եւ որ` պայքարը խօսքերու մէջ չէ, այլ` կեանքի ընթացքին:
Այսօրուան ձեռնարկը ունի առանձնայատուկ խորհուրդ: «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի որոշումով ընկեր Զաւէնի կիսանդրին զետեղուեցաւ իր անունը կրող ժողովասրահին մէջ: Այդ սրահը սովորական սրահ մը չէ: Անիկա այն վայրն է, ուր կը քննարկուին մեր ժողովուրդի հարցերը, ուր կը կերտուին որոշումներ, ուր պատասխանատուութիւն կը ստանձնուի ապագային հանդէպ:
Ոմանք կրնան մտածել, թէ կիսանդրին քար է կամ արուեստի գործ: Բայց մեզի համար ան շատ աւելին է: Ան յիշեցում է, որ այդ սրահին մէջ կայ աթոռ մը, որ տեսանելի չէ, բայց երբեք դատարկ չէ: Աթոռ մը, որուն վրայ նստած է գաղափարը: Աթոռ մը, որուն վրայ նստած է զոհաբերութիւնը: Աթոռ մը, որուն վրայ նստած է Զաւէն Թաշճեանը:
Այսուհետեւ ամէն ժողովի ընթացքին, ամէն որոշումի պահուն անոր հայեացքը պիտի յիշեցնէ, որ մեր պատասխանատուութիւնը միայն ներկային հանդէպ չէ, այլ նաեւ` անոնց հանդէպ, որոնք իրենց կեանքը տուին, որպէսզի մենք այսօր ազատօրէն խորհինք, կազմակերպուինք եւ որոշենք:
Սակայն այսօրուան արարողութիւնը միայն անցեալին նայելու համար չէ կազմակերպուած:
Մենք այստեղ չենք հաւաքուած միայն յարգելու համար մարդ մը, որ քառասուն տարի առաջ ինկաւ նահատակութեան ճանապարհին վրայ: Մենք հոս ենք վերանորոգելու համար մեր ուխտը: Մենք հոս ենք հարց տալու մենք մեզի, թէ արդեօք որքանո՞վ հաւատարիմ մնացած ենք այն արժէքներուն, որոնց համար ընկեր Զաւէն ապրեցաւ եւ զոհուեցաւ:
Ազգերու կեանքին մէջ կան դէմքեր, որոնք կը պատկանին իրենց ժամանակաշրջանին, եւ կան դէմքեր, որոնք կը գերազանցեն ժամանակը: Զաւէն Թաշճեանը այդ երկրորդ տեսակին կը պատկանի: Անոր կեանքը պատմական յուշ մը չէ միայն, այլ` ազգային դպրոց մը: Անոր օրինակին մէջ կարելի է տեսնել այն մարդը, որ` պատասխանատուութիւնը երբեք ուրիշին չի ձգեր, որ` դժուարութեան առջեւ չի նահանջեր, եւ որ` իր անձը կը դնէ իր ժողովուրդի շահերէն ետք:
Այսօր, երբ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ նոր փորձութիւններ, երբ ազգային, բարոյական եւ կազմակերպական արժէքները բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուին, նահատակներու յիշատակը, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է` ոչ թէ որպէս զգացական յիշողութիւն, այլ` որպէս ուղեցոյց, որովհետեւ ժողովուրդ մը, որ կը մոռնայ իր նահատակները, ժամանակի ընթացքին կը մոռնայ նաեւ իր առաքելութիւնը:
Այս պատճառով է, որ ընկեր Զաւէնի կիսանդրին այսօր կը զետեղուի այս ժողովասրահին մէջ: Ան պիտի չխօսի բառերով, բայց պիտի խօսի իր ներկայութեամբ: Ան պիտի չմասնակցի քննարկումներուն, բայց պիտի մասնակցի մեր խղճին: Ան պիտի չտայ քուէ, բայց պիտի ստիպէ մեզ մտածելու, թէ արդեօք մեր որոշումները համահո՞ւնչ են այն արժէքներուն, որոնց համար նախորդ սերունդները պայքարեցան:
Ամէն անգամ, երբ այս սրահին մէջ քննարկուին Այնճարի, մեր ժողովուրդի կամ մեր կազմակերպութեան վերաբերող հարցեր, ընկեր Զաւէնի ներկայութիւնը պիտի յիշեցնէ, որ պաշտօնը պատիւ չէ, այլ` ծառայութիւն, որ` ղեկավարութիւնը իշխանութիւն չէ, այլ` պատասխանատուութիւն, որ` ազգային գործիչը կը չափուի ոչ թէ իր խօսքերով, այլ` իր զոհողութիւններով:
Եւ թերեւս այս է այսօրուան մեծագոյն պատգամը մեր երիտասարդութեան: Որ ազգը կը պահպանուի ոչ միայն զէնքով, ոչ միայն շինարարութեամբ կամ նիւթական կարողութեամբ, այլ, նախ եւ առաջ, մարդու տեսակով: Ա՛յն մարդու տեսակով, որ պատրաստ է տալու աւելի շատ, քան` ստանալու: Ա՛յն մարդու տեսակով, որ դժուար օրերուն չի փախչիր պատասխանատուութենէն: Ա՛յն մարդու տեսակով, որ կը հասկնայ, թէ ազգը ժառանգութիւն չէ միայն, այլ նաեւ` պարտականութիւն:
Ուստի այսօր, ընկեր Զաւէնի կիսանդրիին առջեւ կանգնած, մենք ոչ միայն կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ, այլ նաեւ կը նորոգենք մեր խոստումը` հաւատարիմ մնալու մեր ժողովուրդին, մեր արժէքներուն եւ այն գաղափարին, որուն համար ան տուաւ իր կեանքը:
Որովհետեւ նահատակներու յիշատակը յաւերժ կը մնայ միայն այն ատեն, երբ անոնց գործը կը շարունակուի կենդանիներուն կողմէ:
Ընկերնե՛ր,
Նահատակութիւնը մահուան պատմութիւն չէ: Նահատակութիւնը կեանքի բարձրագոյն արտայայտութիւնն է, որովհետեւ նահատակին կեանքը կ՛անցնի անհատական սահմաններէն անդին եւ կը միանայ ժողովուրդի ճակատագիրին:
Թշնամին կրնար սպաննել ընկեր Զաւէնի մարմինը, բայց անկարող եղաւ սպաննել անոր գաղափարը: Քառասուն տարի անց այդ գաղափարը տակաւին կ՛ապրի Այնճարի փողոցներուն մէջ, մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր երիտասարդութեան մէջ եւ ամէնէն աւելի` Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ:
Երբ այսօր կը նայինք ընկեր Զաւէնի զաւակներուն եւ կը տեսնենք անոնց նուիրումը ազգային կեանքին, կը հասկնանք, որ իսկական ժառանգութիւնը անուն կամ սեփականութիւն չէ: Ժառանգութիւնը արժէքներու փոխանցումն է: Անոնք իրենց կեցուածքով փաստեցին, որ նահատակին տունը կրնայ զրկուիլ հօրմէ, բայց երբեք չի զրկուիր անոր գաղափարէն:
Այսօր մեր շուրջը աշխարհը փոխուած է: Ժամանակները փոխուած են: Մարտահրաւէրները տարբեր ձեւեր ստացած են: Բայց ազգի գոյատեւման հիմնական պայմանները նոյնն են մնացած` հաւատք, կազմակերպուածութիւն, ինքնագիտակցութիւն եւ կամք:
Այնճարը տարիներու ընթացքին բազմաթիւ փորձութիւններ դիմագրաւած է: Սակայն իր ուժը միշտ գտնուած է իր ժողովուրդի միասնականութեան, իր ազգային գիտակցութեան եւ իր արմատներուն հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան մէջ: Այդ հաւատարմութիւնն է, որ մեզի կը պարտադրէ արթուն մնալ եւ պահել այն ժառանգութիւնը, զոր մեզի վստահած են նախորդ սերունդները:
Քառասուն տարի ետք Զաւէն Թաշճեանի պատգամը թերեւս մէկ նախադասութեամբ կարելի է ամփոփել` մարդը կը մեծնայ ոչ թէ իր ստացածով, այլ` իր տուածով:
Ան տուաւ իր ժամանակը, իր աշխատանքը, իր երիտասարդութիւնը եւ ի վերջոյ` իր կեանքը: Հիմա հերթը մերն է: Մենք չենք կրնար արժեւորել նահատակները միայն ծաղիկներով, յուշարձաններով կամ տարեդարձներով: Մենք զանոնք կ՛արժեւորենք, երբ նոյն հաւատարմութեամբ կը ծառայենք ժողովուրդին, երբ անձնական շահէն վեր կը դասենք ազգային շահը, երբ կը պաշտպանենք մեր ինքնութիւնը, եւ երբ կը մնանք հաւատարիմ այն երդումին, զոր անոնք իրենց արիւնով կնքեցին:
Թող ընկեր Զաւէնի կիսանդրին չըլլայ միայն անցեալի յիշատակ: Թող ան դառնայ ապագայի ուղեցոյց: Թող ան ամէն օր պարտադրէ հարց տալու մենք մեզի` «Արժանի՞ ենք այն զոհողութիւններուն, որոնց շնորհիւ այսօր այստեղ ենք»:
Եւ թող մեր գործերով տանք այդ հարցումին արժանի պատասխանը:
Փա՛ռք ընկեր Զաւէն Թաշճեանի անմար յիշատակին:
* Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 40-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի խօսք:



