Չիլիի «Ունիվերսիտատ Տէ Չիլի» ակումբի գլխաւոր մարզիչ արժանթինցի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Ֆեռնանտօ Կակօ իր ակումբի վերջին մրցումի աւարտին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին սրտի տագնապ անցուցած է:
«Ունիվերսիտատ Տէ Չիլի»-ի մարզիչը` 40 տարեկան Կակօ յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Օ՛Հիկինսի ակումբին դէմ (2-0) լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելու պահուն ջուր խմած է, ցաւ զգացած, կծկուած եւ անմիջապէս լքած մամլոյ ասուլիսի սրահը: Պարզուած է, որ Կակօ սրտի կաթուած ունեցած է:
Կակոն անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրած են, ուր ան անմիջապէս վիրաբուժութեան ենթարկուած է:
Ակումբին մամլոյ ծառայութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւն կատարած է մարզիչին առողջական վիճակին մասին. «Կը տեղեկացնենք, որ Ֆեռնանտօ Կակօ այժմ սրտաբանական հետազօտութիւններու շարք մը կ՛անցընէ: Գլխաւոր մարզիչը ինքզինք աւելի լաւ կը զգայ` մնալով բժշկական անձնակազմի խիստ հսկողութեան տակ»:
Կակօ, որ 2026-ի մարտէն կը մարզէ չիլիի ակումբը, հռչակ ապահոված էր Ռէալ Մատրիտի հետ խաղալով, ինչպէս նաեւ փայլելով Վալենսիայի եւ Իտալիոյ մայրաքաղաքի ակումբին` Ռոմային հետ: Ան 2014-ին Արժանթինի հետ դարձած էր աշխարհի փոխախոյեան:


