Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Պատմական Եղափոխութեան Եւ Պատմագիտութեան Մասին Նոր Եւ Գիւտարարական Աշխատութիւն Մը

June 22, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քննական Նախաբան Արեւմտեան Հայաշխարհի Հազարամեայ Պատմութեան
Թագաւորութիւններէ մինչեւ Զարթօնք
Քաղաքականութիւն եւ Մշակոյթ
Առաջին Հանգրուանը Տասներորդէն Տասնհինգերորդ Դարեր

Prolegomenon to the Millennial History of the Western Armenian World –
From ‘Kingdoms’ to an Awakening
Politics and Culture
The First Phase Tenth to Fifteenth Centuries

Հեղինակ`
ՓՐՈՖ. ՍԵԴԱ Պ. ՏԱՏՈՅԵԱՆ

Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեանի հեղինակութեամբ` «Քննական նախաբան արեւմտեան հայաշխարհի հազարամեայ պատմութեան – թագաւորութիւններէ մինչեւ զարթօնք – Քաղաքականութիւն եւ մշակոյթ. Առաջին հանգրուանը տասներորդէն տասնհինգերորդ դարեր» (Prolegomenon to the Millennial History of the Western Armenian World – From Kingdoms to an Awakening – Politics and Culture – The First Phase Tenth to Fifteenth Centuries (Los Angeles: The Western Prelacy, 2026. ISBN 978-1-967180-02-8. 255 p.s).

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի մատենաշարին երրորդ եւ ամէնէն ծաւալուն հատորն է Փրոլեկոմենոնը: Իսկ մատենաշարը, նոյն հեղինակէն, կը կոչուի «Հիմնահարցեր եւ հանգրուաններ արեւմտեան հայաշխարհի կազմաւորումին մէջ»/«Fundamentals and Phases in the Making of the Western Armenian World»:

Տատոյեան իր եզրակացութեան մէջ կը գրէ. «Կարելի չէ ունենալ նախահայեցութիւն (foresight)` առանց յետահայեացութեան (hindsight): Ուրեմն կայ յարատեւ անհրաժեշտութիւն` հասկնալու համար պատմութիւնը, գիտնալու համար, թէ ուրկէ՛ եւ ինչէ՛ կու գանք, եւ ո՛ւր ու դէպի ի՛նչ կ՛երթանք, կամ պէտք է որ ուղղուինք: Ա՛յս է նպատակը Արեւմտեան առաջնորդարանի մատենաշարին»:

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայ պատմական եղափոխութեան եւ առկայ պատմագիտութեան մասին գիւտարարական եւ քննական աշխատութիւն մը ըլլալու կողքին, հատորը սումմա (summa) մըն է,  այսինքն գերազանցապէս տեսաբանական ամփոփում մը` Տատոյեանի զանազան պատմագիտական տեսութեանց, թէ՛ մատենաշարին մէջ եւ թէ՛ ընդհարապէս իր գրականութեան:

Իր տեսակին մէջ առաջինը, եւ ըստ խորագիրին,  Փրոլեկոմենոնը սովորական յառաջաբան չէ: Տառացիօրէն (յունարէնէ եւ լատիներէ եկած) կը նշանակէ «Ան, ինչ որ կ՛ըսուի կամ պէտք է որ ըսուի նախապէս, բանի մը սկզբնաւորութեան» («That which is said beforehand): Անիկա  նախապատրաստութիւն մը է աշխատութեան կամ պարագայի մը համար: Տատոյեանի համար Փրոլեկոմենոնը քննական-վերլուծական հարթակ մըն է` բնորոշելու կենսական խնդիրները եւ մեթոտները հասկնալու եւ գրելու արեւմտահայ Հայաշխարհին տակաւին անգիր պատմութիւնը: Հատորը ոչ միայն քննական, այլ նոյնիսկ յեղափոխական վերլուծում մըն է հայ պատմագրութեան մէջ, թէեւ` ընդունուած, սակայն` ոչ հիմնաւորուած յարացոյցներուն (paradigms) դէմ:

Թոմաս Քունի [Thomas S. Kuhn, 1922-1996, The Structure of Scientific Revolutions] «գիւտը»` յարացոյց, կը նշանակէ ընդհանուր կերպով ընդունուած տեսական շրջանակ (framework), որ կը պարունակէ որոշ տեսութիւններ, կարծիքներ, արժէքներ եւ ուսումնասիրութեան միջոցներ` տուեալ ընկերութեան մը կամ որոշ խումբի մը յատուկ, ինչպէս` գիտական, քաղաքական եւ այլն: Յարացոյցը կ’որոշէ, եւ թէ ինչպիսի՛ խնդիրներ էական ու անհրաժեշտ են, եւ ինչպիսի՛ հարցումներ պէտք է որ առաջադրուին հասնելու համար ընդունելի ու ճիշդ պատասխաններու:

Հետեւաբար, վերբերելու համար նիւթին, այսինքն` արեւմտեան հայաշխարհին պատմութիւնը, տարբեր եւ ուրոյն բնոյթը եւ նո՛ր յարացոյցներու անհրաժեշտութիւնը, Տատոյեան ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ տասներորդ դարէն ետք ժողովուրդին մեծամասութեան շարժը դէպի արեւմուտք եւ հարաւ, մանաւանդ` քաղաքական եւ մշակութային կառոյցները կորսնցուցած ազգին արտասովոր զանցակերպումը  (metamorphosis), նոր եւ արեւելեանէն շատ աւելի ընդարձակ բնակավայրի մը, արեւմտեան հայաշխարհին  զարգացումը: Աշխատութիւնը կանգ կ՛առնէ միջին դարերու վերջաւորութեան` այս աշխարհին պայմաններուն բերումով կանուխ կամ նախազարթօնքի (proto-renaissanec) մը իրականացումով: Յաջորդ փուլերը  Օսմանեան, ապա` Սաֆավիտ կայսրութեանց ընթացքին տարբեր նիւթեր են:

Նպատակներով եւ մեթոտաբանական տեսակէտէ, Տատոյեանի այս աշխատութիւնը փաստարկում (argument) մըն է` ի նպաստ «արեւմտեան եւ արեւելեան հայաշխարհներու» պատմագիտական յարացոյցին եւ ի դէմ «կեդրոն եւ շրջամաս», «հայրենիք եւ սփիւռք» յարացոյցներուն: Իբրեւ այդպիսին եւ ըստ խորագիրին, հատորը փրոլեկոմենոն մըն է արեւմտեան հայաշխարհին հազարամեայ պատմութեան, որ տակաւին կը սպասէ լուրջ պատմագիտական ուսումնասիրութեան եւ պատմականացումի:

Իրողապէս, հայ եւ մերձաւորարեւելեան փոխգործօն (interactive) պատմութեան մէջ Տատոյեանի ամբողջ գիտական ասպարէզն ու գրականութիւնը (տասնվեց հատոր եւ հարիւրէ աւելի ուսումնասիրութիւններ) վիճարկումներ եւ փաստարկումներ են աւանդական եւ, այսպէս կոչուած, արդիական-առարկայական պատմաբանութեանց, նաեւ` կիսաառասպելական պատումներուն ու գրականութեան եւ ժողովրդական մակարդակներու վրայ: Իր կարծիքով, եթէ միայն բոլո՛ր հայոց, բոլոր ժամանակներու եւ տեղերու մէջ  պատմակա՛ն փորձառութեան հիման վրայ քննականօրէն դիտուած եւ հասկցուած ըլլային բոլոր «հայկական բաները», այսօր պիտի ունենայինք տարբեր եւ շատ աւելի իրական, պայծառ եւ հետաքրքրական պատմութիւն մը, մասնաւորաբար` անգիր արեւմտեան հայաշխարհին մասին:

Միջմարզային (interdisciplinary) եւ պամագիտական (հistoriographic) տիալեքթիք տեսանկիւններով եւ մեթոտաբանութեամբ, այս հատորը (իր տասնվեցերորդը) եւս կը հիմնուի ցարդ աննկատ մնացած, սակայն հիմնական դրուագներու եւ երեւոյթներու վրայ` իբրեւ հակաթեզեր (antitheses) առկայ պատմական տեսակէտներու: Տատոյեան կը բացատրէ, թէ տասներորդ դարուն ամբողջ արեւելեան Փոքր Ասիան արդէն կը գտնուէր իսլամական հակակշիռի տակ: Նախապէս, եօթներորդ դարէն ետք իրենց հայրենի հողերով եւ շրջանային բնակավայրով (հabitat, ecumene) հայերը մեծամասնութեամբ կը գտնուէին իսլամական աշխարհին մէջ եւ յաճախ` անոնց իշխանութեան տակ: Բացառութիւն են Հայկական Կիլիկիան (1080-1375) եւ աւելի քան վեց դար ետք` Ա. Հանրապետութիւնը (1918): Հակառակ այս իրողութեան եւ իրենց աշխարհին բոլոր ժողովուրդներուն եւ ուժերուն հետ հայոց ուղղակի յարաբերութեանց եւ կարեւոր գործունէութեան, Տատոյեան կ’ըսէ, թէ տասնչորս դարերու ընթացքին հայոց պատմական փորձառութիւնը չէ արժանացած պատմագիտական լուրջ վերլուծումի: Մեծ քանակութեամբ նիւթ կայ արաբական աղբիւրներու մէջ: Ընդհանրապէս հայ-իսլամական յարաբերութիւնները իւրայատուկ մարզ մը կը կազմեն հայ եւ մերձաւորարեւելեան պատմագիտութեանց մէջ, որ գրեթէ Տատոյեանի անձնական սատարն է, որուն նուիրած է վեց հատորներ եւ տասնեակ ուսումնասիրութիւններ (1991-էն ի վեր):

Ինչպէս Տատոյեան կը բացատրէ Փրոլեկոմենոնին մէջ, արեւելեանէն շատ աւելի ընդարձակ եւ գործօն արեւմտեան հայաշխարհը ուղղակիօրէն եւ օրկանականօրէն մաս կը կազմէր մերձաւորարեւելեան աշխարհին, անոր ժողովուրդներուն եւ իրադարձութեանց: Միջերկրականի հիւսիս-արեւելեան անկիւնը բնական հրաշալի մահիկ մը` Հայկական Կիլիկիան` Արեւմտեան հայաշխարհին ամէնէն ցցուն եւ երկարատեւ  միաւորը, ժամանակագրական եւ տեսական մուտքը, առաջին հանգրուանն է նիւթին: Անիկա շրջանին ամէնէն կարեւոր կէտերէն մէկուն վրայ կը գտնուէր մէկ կողմէ քաղկեդոնական Բիւզանդիոնի, ապա` լատին խաչակիրներու եւ  միւս կողմէ` իսլամական կայսրութեանց միջեւ: Ինչպէս միշտ, եւ աւելի քան նախապէս, հայերը կը գտնուէին հակամարտ ուժերու միջեւ, Տատոյեանի եզրով` միջնաշխարհեան (mesopolitan, between two poleis) դժուարին կացութեան մէջ: Ինչպէս միշտ` միջնաշխարհեան կացութեան ճնշումներուն ենթակայ, արեւմտեան հայաշխարհը` գծեց ուրոյն հունը եւ քաղաքական-մշակութային ինքնութիւնը: Նոյնը կատարեց արեւելեան հայաշխարհը տարբե՛ր պայմաններու տակ եւ տարբե՛ր կերպերով: Այս երկու հայաշխարհները չէին կրնար ըլլալ նման, ոչ ալ` մէկը միւսէն առաջնահերթ կամ գերակայ: Հոսկէ` Տատոյեանի արեւմտեան հայաշխարհին հազարամեայ պատմութիւնը վերականգնելու պատմագիտական աշխատանքին նշանակութիւնը` իբրեւ անյետաձգելի աշխատանք:

Ա՛յս է Փրոլեկոմենոնին նպատակը:

Ըստ հեղինակին, առնուազն վերջին հարիւրամեակին ընդհանուր կերպով ընդունուած «հայրենիք-սփիւռք», «կեդրոն-շրջամաս», «Հայաստան-արտասահման» տարազումները չեն կրնար ըլլալ «բնական», այսինքն իրողական յարացոյցներ: Պատճառը պարզապէս բացակայութիւնն է ապրուած իրականութիւններու եւ պատմագիտական փաստերու: Ընդհանրապէս, չկան «բնական», այսինքն անդրժելի եւ բացայայտ կարծուած յարացոյցներ, մանաւանդ` պատմագիտութեան մէջ, որ բոլոր պատումներուն, նաեւ պատմութիւններուն քննական ուսումնասիրութիւնն է:

Հայ պատմագրութեանց եւ պատմամտածողութեան «բնական» հաւատալիքներէն մէկն է նայիլ եւ ներկայացնել բոլոր, այսպէս կոչուած, «հայկական բաները»` իբրեւ միակ եւ յարատեւ գործընթաց, որուն գլխաւոր հերոսը կամ դերակատաըը (protagonist) հայ «ազգն» է: Անիկա ունի, ինչպէս կը կարծուի, բացայայտ, յստակ եւ յաւերժական ինքնութիւն եւ էութիւն (permanent essence identity): Ազգային պատմութեան բեմը (stage) «հայրենիքը», «հայրենի հողն» է` թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ վերացական իմաստով: Անկէ դուրս «սփիւռք»-ն է, կամ «արտասահման»-ն է, որ կ’ըլլայ եւ է կեդրոնական մասին շրջամասը (periphery):

Տատոյեան կը բացատրէ, թէ «կեդրոն-շրջամաս»-ի յարացոյցը կ’ենթադրէ միակտուր եւ հաստատուն պատմական կեդրոն մը, այսինքն` «հայրենիք» մը, որ առաջնահերթ է, եւ անոր շուրջ են երկրորդական եւ յեղյեղուկ  հայ համայնքներ տարբեր բնակավայրերու մէջ, որ «սփիւռք»-ն է: Ըստ անոր, «կեդրոն-շրջամաս»-ի պատմական յարացոյցը միջնադարէն կը տիրապետէ ոչ միայն պատմագրական, այլ նաեւ բոլոր ընկերային գիտութիւններուն եւ մշակոյթին վրայ: Դժբախտաբար, հայակեդրոն (armenocentric) պատմաբանութեան պատճառով հայոց ընդհանուր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատմական փորձառութեան փոքր մէկ մասը միայն անցած է պատմագրութեան, սակայն` միակողմանի եւ պակասաւոր կերպով: Երբ արեւմտահայ զարթօնքի հեղինակներէն մխիթարեան Միքայէլ Չամչեանց 1780-ականներուն իր «տիեզերական»  պատմութիւնը հրատարակեց  միջնադարու մտայնութեամբ եւ լեզուով, հայակեդրոն  յարացոյցը պաշտօնապէս անցաւ նոր ժամանակներու պատմագրութեան, եւ` տակաւին գործօն է, զարմանալի կերպով: Խորհրդային հանրապետութեան ժամանակ, եւ` Պաղ պատերազմին, հայրենիք-սփիւռք տարազումը քաղաքականացաւ եւ դարձաւ գրեթէ վերջնական` հակառակ պատմական հիմնաւորումներու բացակայութեան, եւ` ճիշդ այդ պատճառով, որովհետեւ մինչ այդ չէր նկատուած ձախողութիւնը տեսած չըլլալու հայոց պատմական հարուստ փորձառութեան իրողական պատկերը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Կան նաեւ զուտ քաղաքական նկատառումներ եւ շահեր այս տարազումին պարագային:

Իբրեւ հետեւանք «կեդրոն-շրջամաս»-ի յարացոյցին եւ դժբախտաբար, արեւմտեան հայաշխարհին մէջ հայոց մեծամասնութեան աւելի քան հազարամեայ պատմութիւնը եւ գոյատեւման պայքարը քշուած է էութենական (ontological) աղջամուղջի մէջ` կորսնցնելով իր հիմնական պատմական կարեւորութիւնը ընդհանուր Հայոց պատմութեան եւ պատմամտածողութեան մէջ: Աշխարհագրականօրէն, նա՛եւ քաղաքականօրէն, սփիւռքը տակաւին կը նկատուի, եւ ինքզինք կը տեսնէ իբրեւ «հայրենիք»-էն դուրս հաւաքում մը պատահական եւ յարափոփոխ «համայնք»-ներու կամ «գաղութ»-ներու:  Իբրեւ հետեւանք` սփիւռքահայը «բնիկ հայ» չէ, այլ` «արտասահմանցի»:

Փրոլեկոմենոնին կարեւոր նիւթերէն մէկն է նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ քաղաքական դիրքը, ասպարէզը եւ դերը արեւմտեան հայաշխարհին մէջ, այսինքն անոր քաղաքական հազարամեայ պատմութիւնը` բոլոր հայ թագաւորութեանց անկումէն եւ 1045-ին Անիէն աքսորուելէ ետք: Անվիճելի իրողութիւն է, որ չորրորդ դարու սկիզբէն եկեղեցին` միակ շարունակական հաստատութիւնը ամէն տեղ, օրկանական մաս է հայ ժողովուրդին, նաեւ` ընդհանուր մերձաւորարեւելեան քաղաքական պատմութեան:

Ինչպէս Տատոյեան կը նշէ, տարօրինակութիւնը ան է, թէ, հակառակ այս իւրայատկութեան, Եկեղեցւոյ քաղաքական պատմութիւնը չէ արժանացած պատմագիտական լուրջ սերտողութեան: Եկեղեցւոյ պատմութեան նուիրուած սակաւաթիւ գործերը ունին հազիւ թէ անուղղակի տեղեկութիւններ: Այս հաստատութիւնը եւ իր մարդիկը մեկուսացուած են իբրեւ գերազանցապէս «հոգեւոր» եւ ոչ քաղաքական երեւոյթներ եւ նիւթեր: Նեղ եւ ժամանակավրէպ յարացոյցներ պատճառած են բազմաթիւ այլ վրիպանքներ:

Ուրեմն մատենաշարը նաեւ կը փորձէ սրբագրել կացութիւնը: Առաջին երկու հատորներուն մէջ  Շնորհալին եւ Օձնեցին կը ներկայացուին իբրեւ «սուրբ եւ դիւանագէտ» (saint and dipolomat)`  ընդգծելով Տատոյեանի տրամագծօրէն տարբեր դիրքը.-

«Ներսէս Դ. Շնորհալի սուրբ եւ դիւանագէտ եւ ժողովուրդին ու Եկեղեցիին գոյատեւումը արեւմտեան հայաշխարհին մէջ» (2025) – Nersēs IV Shnorhali – Saint and Diplomat and the Persistence of the People and the Church in the Western Armenian World

«Յովհան Գ. Օձնեցի (իշխ.717-728) սուրբը, կանոնագէտը եւ Մեծ  վարպետը հայ միջնաշխարհեան մշակոյթի եւ դիւանագիտութեան»  (2025) – Yovhan III Ōdznets‘i Saint, Jurist and Great Master of Armenian Mesopolitan Culture and Diplomacy/:

(Շար. 1)

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( Յունիս 20 2026)

Յաջորդը

Յարութիւն Քիւրքճեան Կամ Վարժեցում Ազատութեան (Սփիւռքեան Մտածողութիւն Մը)

RelatedPosts

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին
Անդրադարձ

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին

September 23, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

September 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.