Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Դաշինքը Դիմեց Սահմանադրական Դատարան

June 20, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան» դաշինքը երէկ դիմեց Սահմանադրական դատարան` պահանջելով անվաւեր ճանչնալ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները:

Դաշինքի դիմումը Սահմանադրական դատարան ներկայացուցին փաստաբաններ Յովհաննէս Խուդոյեան, Տաթեւիկ Սողոյեան եւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:

Յովհաննէս Խուդոյեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Սահմանադրական դատարան ներկայացուած դիմումի հիմքին մէջ դրուած են այնպիսի էական հանգամանքներ ու փաստարկներ, որոնք իրենց ամբողջութեան մէջ ցոյց կու տան, թէ ընտրութիւնները թափանցիկ չեն եղած եւ ընթացած են համակարգային խախտումներով:

Փաստաբանը չբացառեց, որ իրենք եւս, ինչպէս «Ուժեղ Հայաստան»-ը, կը միջնորդեն, որ Սահմանադրական դատարանի որոշ դատաւորներ չմասնակցին դիմումներու քննութեան, քանի որ փոխկապակցուած են Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան հետ:

Արծուիկ Մինասեանի համաձայն, իշխանութիւնը ինք ոչ միայն գործածած է ամբողջ վարչական ներուժը, հանրութեան պատկանող ֆինանսական միջոցները ոչ միայն ընտրակաշառքի տեսքով տուած է ընտրողներուն, նաեւ գործադրած է իր ամբողջ, այսպէս կոչուած, լիազօրութիւնները բռնութեան ենթարկելու քաղաքացիները:

«Մի՛ մոռնաք, որ այս քարոզարշաւի ընթացքին նաեւ մարդ մը մահացած է քրէակատարողական հիմնարկին մէջ, մի՛ մոռնաք, որ այս իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ երբեւէ եղած ամէնէն խայտառակ ընտրութիւնները կայացուցած իշխանութիւնն է: Հիմա իրենք, բնական է, կը բարձրաձայնեն, թէ իբրեւ թէ ընդդիմադիրները ընտրակաշառքով ընտրուած են: Աւելի՛ն Նիկոլ Փաշինեան հիմա ալ կը հրահրէ քաղաքացիական բախումներ, քաղաքացիական բախումներու յայտարարութիւն կ՛ընէ», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Նշենք, որ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները անվաւեր ճանչնալու պահանջով Սահմանադրական դատարան դիմած են նաեւ ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը, «Միասնութեան թեւեր»-ը եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը:

Նախորդը

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Հրապարակեց Քառօրեայ Պատերազմի Գործով Առաջին Վճիռը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները
Գլխաւոր լուրեր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

September 29, 2026
Հայաստանը Եւ Իրանը Քննարկեցին Բեռնափոխադրութեան Ոլորտին Մէջ Առկայ Հարցերը
Հայկական

Հայաստանը Եւ Իրանը Քննարկեցին Բեռնափոխադրութեան Ոլորտին Մէջ Առկայ Հարցերը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.