. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «23 յունիսին գումարուելիք բանակցային նիստը պիտի կեդրոնանայ զինադադարի կէտին վրայ, որովհետեւ հարաւային Լիբանանի մէջ գետնի վրայ արձանագրուող բոլոր դէպքերը ցոյց կու տան, թէ իսրայէլացին զինուորական գործողութիւններու մեղմացում կատարեց, եւ ոչ թէ` անոնց դադրեցում»:
. ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ մէկ խորհրդականը «Աքսիոս»-ին. «Իսրայէլ ինքզինք փոխըմբռնման յուշագիրի Լիբանանին վերաբերող բաժինով պարտաւորուած չի նկատեր»:
. ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ մէկ խորհրդականը «Աքսիոս»-ին. «Նեթանիահու Թրամփին յայտնեց, որ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանէն պիտի չհեռանայ, եթէ Հըզպալլան չզինաթափուի»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ընթացքի մէջ է յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ ուղղակի բանակցութիւններու 5-րդ փուլին նախապատրաստութեան աշխատանքը` ընդգծելու համար, թէ պաշտօնական Լիբանանը իր անունով բանակցելու լիազօր միակ կողմն է, եւ ոչ թէ` ուրիշ մէկը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Թել Աւիւ կը փորձէ մինչեւ պաշտօնական ստորագրութեան թուական երկարող ժամանակէն օգտուելով շարունակել հարաւային Լիբանանի մէջ սահմանափակ գործողութիւնները` զայն նկատելով այդ գործողութիւններուն համար ամերիկեան արտօնութիւն վայելող ժամանակամիջոցը»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իրանի հետ շատ յստակ էինք, թէ զինադադարի համաձայնութիւնը բոլորին վրայ կիրարկուող մէկ տարազ պիտի չըլլայ, որովհետեւ անոնք պէտք է իրենց դաշնակիցը` Հըզպալլան զսպեն»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Արաղչի լիբանանցի դիւանագէտներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ բանակցութիւններուն մէջ կեդրոնացումը Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու վրայ է, որովհետեւ պատերազմին վերջ տալու հասկացողութիւնը չ՛ամբողջանար առանց Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն հեռացման»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Եթէ համաձայնագիրի պայմաններուն վերաբերեալ արտահոսած տեղեկութիւնը, որ Իրանն ու Հըզպալլան կը փորձէին ներկայացնել իբրեւ քաղաքական ու ռազմավարական յաղթանակ, ապացուցուի, ապա իրական մեկնաբանութիւնը այլ պիտի ըլլայ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին` մեկնաբանելով «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին նախագահ Աունի մէկ կամ երկու շաբաթէն Ուաշինկթըն այցելելու մասին Թրամփի խօսքը. «Տակաւին հրաւէր չստացանք, եւ ճշդուած թուական չկայ, սակայն այցելութեան նիւթին շուրջ աշխատանք կը տարուի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Շուտով ընթացք պիտի առնէ նոր հոլովոյթ մը, որ նախագահութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ ուղղակի երկխօսութեան հոլովոյթն է»:
. «ՌՈՅԹԸՐԶ»` մէջբերելով Թրամփը. «Սուրիոյ նախագահին հետ խօսեցայ Հըզպալլայի դիմակայման մասին»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Արապի» պատկերասփիւռի կայանին. «Թրամփ «Եօթներու խմբակ»-ին յայտնեց, որ Իսրայէլի վրայ ճնշում պիտի գործէ, որպէսզի յարգէ Լիբանանի մէջ զինադադարը»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Թեհրան Հըզպալլային յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացումէն առաջ Ուաշինկթընի հետ հիւլէական համաձայնութիւն պիտի չստորագրէ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պաշտօնատարներ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին. «Հըզպալլայի Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը այլեւս շատ սահմանափակ է»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակի գնահատումին համաձայն, ան կրնայ ստիպուիլ դէպի «Դեղին գիծ» նահանջել»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ. «Իսրայէլեան բանակի Լիբանանի մէջ գործունէութիւնը ներկայիս պաշտպանական գործունէութեամբ կը սահմանափակուի»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթ. «Լիբանանի վերաբերեալ Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի դիրքորոշումներուն միջեւ ճեղքի ընդլայնման վերաբերեալ հետզհետէ աւելի ցուցանիշեր գոյութիւն ունին»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ պատրաստուիլ յաջորդ փուլին, եւ աշխատանք կը տարուի Իրանի ու Լիբանանի մէջ թիրախներու ցուցակի պատրաստման վրայ»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Հաարեց» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տրուած է հարաւային Լիբանանի մէջ լայնածաւալ յարձակումներէ խուսափելու եւ կեդրոնանալու ուժերու պաշտպանութեան ու կենսական ենթակառոյցներու վնասման վրայ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Իսրայէլն ու Լիբանանը ամերիկեան միջնորդութեամբ տեւական զինադադարի համաձայնութեան գոյացման կը մօտենան»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին. «Իսրայէլեան բանակը ունի այն մտավախութիւնը, որ Ուաշինկթըն ուրբաթ օր Լիբանանէն իսրայէլեան հեռացում մը պարտադրէ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը կը նշէ, որ իսրայէլեան ապահովական համակարգին կարծիքով` Իրանի եւ Հըզպալլայի միջեւ կապերը կտրելու լաւագոյն ձեւը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ ընթացող բանակցութիւնները արագօրէն յառաջ մղելն է:
. ԻՐԱՆԵԱՆ զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոն. «Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադարը 84 անգամ խախտեց, եւ եթէ չդադրի, պէտք է մեր կողմէ ծանր պատասխանի սպասէ»:
. ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Կ՛ակնկալենք, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը յարգեն իրենց խոստումները` տեւական զինադադարի վրայ աշխատելու համար»:
. «ԱՍԱՍ». «Անցնող օրերուն Պաապտայի պալատին եւ Հըզպալլայի միջեւ բացուեցան հաղորդակցութեան շատ լուրջ խողովակներ, որոնք քիչ մնաց, որ հակառակ ամբողջ լարուածութեան յանգէին նախագահին հետ յարաբերութեան թղթածրարի պատասխանատու, երեսփոխան Ֆատլալլայի Պաապտայի պալատ այցելութեան, բան մը, որ խորհրդարանի նախագահ Պըրրին կը քաջալերէ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին կը յայտնեն, որ նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի միջեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ, եւ Հըզպալլայէն պատուիրակութեան մը նախագահական պալատ հաւանական այցելութեան համար պատրաստութիւններ սկսած են:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը ճնշումի կ՛ենթարկուին բանակցութենէն ետդարձ կատարելու` նկատի ունենալով, որ ամերիկեան-իրանեան համաձայնութիւնը Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատեց, սակայն նախագահն ու վարչապետը կառչած կը մնան ուղղակի բանակցութիւններու հոլովոյթը շարունակելուն»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի կարծիքով, յաջորդ փուլը պէտք է հետեւի աստիճանական ուղիի, որ պիտի յանգեցնէ Իսրայէլի նահանջին եւ սահմանին վրայ զինուորական շարժումի սահմանափակման` զուգահեռաբար դիւանագիտական լուծումներու հաստատման եւ առկախ հարցերու լուծման»:
. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, մէջբերելով խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի այցելուները, կը գրէ, թէ ան հաւանական կը նկատէ, որ համապարփակ զինադադարը մեծ մասամբ պահպանուի:
. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ նախարար Ատել Նասսար «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Քարտ Հասան» հաստատութեան դէմ դատական հայցը արդարադատութեան նախարարութեան կատարած մէկ ուսումնասիրութեան հետ կապ ունի եւ արտաքին պահանջով չէ կատարուած»:
. ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նոր դեսպան Ֆահտ Պըն Ապտելռահման Տուսարին եւ ստանձնեց անոր հաւատարմագիրները:


