Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը հանդիպումի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին` Լիբանանը իր ներկայ կացութենէն դուրս բերելու եւ պետութեան իր բոլոր հողերուն վրայ գերիշխանութեան հաստատման ջանքերուն նպատակով, մասնաւորաբար Ուաշինկթընի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն ճամբով թափած ջանքերուն համար:
Ան նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունի կեցուածքներուն, որոնք կը պահպանեն տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու արժանապատուութիւնը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ եկեղեցական եւ լիբանանեան ազգային ընդհանուր հարցեր:


