Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 10, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ խորհրդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան եւ անոր հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հողերուն վրայ յարձակումները դադրեցնելու եւ պատերազմին վերջ տալու ձեւը:

. ԻՐԱՆԵԱՆ կառավարութեան բանբեր Ֆաթմէ Մոհաժերանի յայտնեց, որ Իրանն ու Լիբանանը իրարու գործակատարները չեն, եւ անոնցմէ ոչ մէկը միւսին փոխարէն կը կռուի` աւելցնելով, որ Իրանն ու Լիբանանը կը դիմակայեն հասարակաց թշնամի մը, «որ կ՛ուզէ Լիբանանը քանդել եւ Իրանը մասնատել ու տկարացնել»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 14-րդ կայան. «Իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդը որոշեց, որ Լիբանանէն Իսրայէլի վրայ որեւէ հրթիռարձակում առանց քաղաքական հաւանութեան Պէյրութի վրայ յարձակումի պիտի արժանանայ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդի նիստին ընթացքին կոչ ուղղեց Լիբանանի դէմ մագլցողական քայլեր կատարելու` առաջարկելով հողեր գրաւել եւ կիներ ու երիտասարդներ ձերբակալելով բանտարկել»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Անցնող շաբաթներու զարգացումները յստակօրէն ցոյց տուին, թէ Լիբանանը տակաւին աւելի ընդարձակ բանակցային հոլովոյթին մէկ հիմնական մասն է, եւ լիբանանեան թատերաբեմը շրջանային դասաւորումներէն անջատելու որեւէ փորձ կը բախի վերջին մարտական զարգացումներուն պարտադրած իրողութիւններուն»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Հիմնական հարցականը այլեւս կապ չունի լիբանանեան թղթածրարի բանակցութիւններուն մաս կազմելուն, այլ այն բանի հետ, թէ այդ թղթածրարը ո՛ւր կը քննարկուի եւ ինչպէ՛ս կ՛օգտագործուի»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ, որ մօտ օրէն նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպում ունենալու համար Միացեալ Նահանգներ պիտի այցելէ, կտրուկ կերպով կը մերժէ Լիբանանի մէջ սուրիական զինուորական որեւէ դերակատարութիւն»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Թեհրան ցուցադրական բնոյթի մարտական ներկայ փուլին փորձեց հասնիլ նպատակներու, որոնք կը գերազանցեն ուղղակի զինուորական երեսը, եւ որոնցմէ առաջինը Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը դրդելն էր վերանայելու իրանեան նաւահանգիստներու դէմ հաստատուած շրջափակման խստացումը»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի վստահեցուց, որ հաստատ կը մնայ իր դիրքորոշման վրայ, որովհետեւ կրկնեց Ուաշինկթընի հաղորդագրութեան վերաբերեալ իր վերջին հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը` շեշտելով առանց այլեւայլի` ցամաքի, ծովու եւ օդի վրայ ամբողջական զինադադարին եւ հողի հաւասարեցման ու քանդումի դադրեցման վրայ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթ. «Պաշտօնատարները մեծապէս հիասթափուած են, որ Իրան յաջողեցաւ պարտադրել հաւասարակշռութիւն մը, որուն հետ Իսրայէլ չի կրնար համակերպիլ. այդ հաւասարակշռութիւնը այն է, թէ Հարաւային արուարձաններուն վրայ որեւէ յարձակում Իրանէն հրթիռարձակում կը նշանակէ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ. «Իրանն ու Հըզպալլան իրարմէ անջատելու իսրայէլեան փորձը բազմաթիւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, եւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, Թրամփի հրամանով էր»:

. ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹ ներածողներու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Պրաքս «Էմ.Էֆ.Էմ.»-ին. «Կը սպասենք, որ Հորմուզի նեղուցը բացուի` գիներու դրական փոփոխութիւն տեսնելու համար, եւ մեր ունեցած պահեստը բաւարար է ու մտավախութեան կարիք չկայ»:

. 95 օքթան պենզինի գինը նուազեցաւ 41000 լ.ո-ով եւ հասաւ 2.449.000 լ.ո.-ի, 98 օքթանինը` 40000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.467.000 լ.ո.-ի, մազութինը` 25000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.081.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը 42000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.287.000 լ.ո.-ի:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաժես

Յաջորդը

Զօր. Հայքալ Այցելեց Փաքիստան

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.