. ԹՐԱՄՓ կ՛ուզեմ, որ Լիբանանը աւելի լաւ կեանք ունենայ: Աւելի լաւ է, որ Իսրայէլ Հըզպալլային ճշգրիտ հարուածներ հասցնէ, եւ Միացեալ Նահանգները կրնան անոր օգնել, կամ կրնանք Սուրիան մղել, որ այդ մէկը ընէ, որովհետեւ լաւ աշխատանք կը կատարէ»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ինք չ՛ուզեր, որ Լիբանան Իրանի հետ կարճատեւ համաձայնութեան մը մէկ մաս ըլլայ:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ հաղորդակցութիւնը վերջին երկու շաբթուան ընթացքին երկու կողմերու ներկայացուցիչներուն ճամբով վերաշխուժացած է, եւ նախարարներ ու երեսփոխաններ ջանք թափած են նախագահին ու Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի միջեւ հանդիպում դասաւորելու, սակայն մինչեւ հիմա որեւէ ժամադրութիւն չէ ճշդուած:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի բանակցութիւններու հաղորդագրութեան հրապարակումէն ետք արաբական եւ միջազգային մէկէ աւելի գիծի վրայ արձանագրուեցան աշխուժ հաղորդակցութիւններ, որոնց առանցքը համաձայնութեան պարունակած բեկումի դուռը չփակելու անհրաժեշտութիւնն էր»:
. ՊԵՏԱԿԱՆ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի մտավախութիւն համաձայնութեան ճամբուն վրայ Հըզպալլայի ցանած խոչընդոտներէն, եւ գոյութիւն ունի Ուաշինկթընի հովանաւորութիւնը եւ արաբական ու միջազգային լայն զօրակցութիւն վայելող առիթ մը, որ պէտք չէ փախցուի»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իրան կը ջանայ երկարաձգել Լիբանանի մէջ հակամարտութեան տեւողութիւնը` իրավիճակի փրկութիւնը իրեն վերագրելու համար, միեւնոյն ժամանակ շարունակելով խաթարել թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Իսրայէլի կառավարութիւններուն աշխատանքը»:
. ՇԻԻ երկեակէն աղբիւր մը «Պինա» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի համաձայնութիւնը բնական արդիւնքն է իշխանութեան կատարած զիջումներու շարքին` կարծելով, թէ Միացեալ Նահանգներ ճնշում պիտի բանեցնեն Իսրայէլի վրայ, որպէսզի զինադադար հաստատէ եւ հեռանայ, սակայն ամերիկացին իսրայէլացիին իր կողմնակալութիւնը փաստեց եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն որեւէ ուշադրութիւն չի դարձներ»:
. ԵՐԿԵԱԿԷՆ աղբիւր մը «Պինա» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի մէջ գոյացած համաձայնութեան նպատակը ճակատումը ներլիբանանեան դարձնելն է եւ բանակը մղել ներքին ճակատումի»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Հակառակ շէյխ Քասեմի արտայայտած մագլցողական կեցուածքներուն, քաթարցիներու ճամբով տեղի ունեցաւ լուրջ միջնորդութիւն, որուն ընթացքին Հըզպալլան համարեայ խոստում տուաւ յարգելու զինադադարը` Ուաշինկթընէն հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութեան մնացեալ կէտերէն անկախ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Հըզպալլան իր գրաւը Իրանի վրայ դնելով կը կարծէ, թէ վերջինիս Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւնը, իր կարծիքով, դուռ պիտի բանայ համապարփակ զինադադարի հաստատման հիմամբ հարաւէն իսրայէլեան ուժերու հեռացման ապահովման համար լուծումներու շուրջ համաձայնութեան»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Հըզպալլան ու Իսրայէլը զինադադարի ամբողջական ու վերջնական համաձայնութեան հասնելու չեն ձգտիր, եւ Նեթանիահուն ու շէյխ Նայիմ Քասեմը այդ մասին արտայայտուեցան»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Հըզպալլան պատրաստ չէ Իսրայէլի հետ որեւէ կարգաւորման, որուն մէջ Իրանը գլխաւոր գործընկեր չէ` նկատի ունենալով, որ կուսակցութիւնը Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի մէկ հիմնական մասն է»:
. ՇԻԻ երկեակէն ղեկավար մը «Լիուա» օրաթերթին. «Պըրրին դիտաւորեալ կերպով բանակցութեան դուռը բաց ձգեց եւ իր պատասխանին ճամբով ուզեց բանակցային նոր նշաձող հաստատել, փոխան բանակցային հոլովոյթի ամբողջական տապալում յայտարարելը, եւ այսպիսով գնդակը ամերիկեան դաշտ վերադարձուց»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Պըրրի կողմնակի բանակցութիւններ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու հետ, որոնց կարծիքով` լիբանանեան իշխանութիւնները անկարող են յարգել իրենց խոստումները, ուստի պէտք է համաձայնիլ անոր հետ, որ գետնի վրայ խօսք ունի, իսկ Պըրրին անոր հետ կապը կը ներկայացնէ»:
. ՇԻԻ երկեակէն ղեկավար մը «Լիուա» օրաթերթին. «Անցնող 24 ժամուան ընթացքին տեղեկութիւններ ստացուեցան, թէ Ուաշինկթըն կրնայ քաղաքական յստակացումներ ներկայացնել «մտադրութիւններու յայտարարութեան» կարգ մը կէտերուն վերաբերեալ, որոնց մասին Պըրրին խօսեցաւ, եւ այդ բացատրութիւնները անոր առաջարկին պատշաճող պիտի ըլլան»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Ֆրանսան, որ ողջունեց բանակցութիւններու հինգերորդ փուլէն ետք յայտարարուած համաձայնութիւնը, իրապէս մտահոգ է, որ Հարաւային Լիբանանը վերածուի արգելակիչ գօտիի, որ ենթակայ է իսրայէլեան որոշումին»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «գոյութիւն ունի իսրայէլեան ուղղուածութիւն մը` յառաջիկայ օրերուն ընդլայնելու Սայտայի եւ անոր գաւառներուն վրայ օդային յարձակումները` իբրեւ այլընտրանք Հարաւային արուարձաններու ռմբակոծման դէմ հաստատուած ամերիկեան վեթոյին, ուստի մինչեւ 20 յունիս մարտական գետնի վրայ զարգացումներ պիտի արձանագրուին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին. «Իսրայէլեան մագլցումին նպատակը խոչընդոտելն է համապարփակ լուծումի գոյացումը` հաշուի առնելով Հըզպալլան վերացնելու Իսրայէլի որոշումը: Ասիկա կը պահանջէ Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող տարածքը մաքրել մարդոցմէ եւ շէնքերէ, ինչպէս նաեւ ուժի միջոցով վերահսկել Լիթանի գետէն հիւսիս գտնուող տարածքին»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Հըզպալլայի գործողութիւններուն ընթացքը ցոյց կու տայ բախումին ձեւին մէջ տեսակարար փոփոխութիւն մը, որովհետեւ յարձակումները սկսան թիրախաւորել իսրայէլեան ղեկավարութեան կառոյցը, անոր բոլոր մակարդակներով` խորքին մէջ գտնուող անոր ռազմավարական կեդրոններէն մինչեւ մարտական գործողութիւններու գրասենեակները»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութեան աւարտէն ետք ՄԱԿ-ի մէջ համաձայնեցուած ձեւաչափով հարաւի մէջ եւրոպական ներկայութեան պահպանման թղթածրարին մէջ ֆրանսական հետզհետէ աճող ճնշում կը նախատեսենք»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Փաքիստան կ՛ուզէ ծանօթանալ հարաւային Լիբանանի եւ ապահովական շրջանին մէջ գետնի վրայ տիրող կացութեան, ինչպէս նաեւ հասնիլ համապարփակ զինադադարի իրագործման եւ լարուածութեան յանգեցնող որեւէ պայմանի վերացման»:
Ըստ այդ տեղեկութիւններուն, «Փաքիստան կ՛ուզէ ծանօթանալ լիբանանեան բանակի կարողութիւններուն եւ համաձայնութեան պարագային անոր դերին, ինչպէս նաեւ այն մտահոգութիւններուն, զորս բանակը բարձրացուցած է Իսրայէլի հետ երկկողմանի բանակցութիւններու ընթացքին»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Բանակի հրամանատար զօր. Հայքալի Փաքիստան այցելութիւնը որեւէ ձեւով կապ չունի բանակցութիւններուն հետ: Ան Փաքիստան կ՛այցելէ` ընդառաջելով իր փաքիստանցի պաշտօնակիցի հրաւէրին»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԻ պետական «Քան» պատկերասփիւռի կայան. «Իսրայէլեան բանակի Լիբանանի մէջ կորուստներու թիւը կը բարձրանայ, եւ Հըզպալլան ականուած անօդաչու թռչող սարքերու ճամբով մտահոգիչ հաւասարակշռութիւն մը կը պարտադրէ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Աւելի քան երկու շաբաթ առաջ կրթութեան նախարարը ընկերային հարցերու նախարարէն ստացաւ խնդրանքներ` իրեն տրամադրելու ցանկ մը պետական վարժարաններու, որոնք կարելի է օգտագործել իբրեւ նոր տեղահանուածներու յաւելեալ պատսպարաններ»:
«ԱԽՊԱՐ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «նախարարներ Սէյիտի եւ Քարամէի միջեւ լարուածութիւն ու տարակարծութիւն յառաջացած է վերջինիս դպրոցներու պահանջուած ցուցակը չտրամադրելուն պատճառով` այն պատրուակով, որ պէտք է փնտռել դպրոցներէն այլ վայրեր` զանոնք պատսպարաններու վերածելու համար»:
. ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Բարեփոխուած թիւերով նոր թղթոսկիները կրնան յառաջիկայ տարուան սկիզբը լոյս տեսնել»:


