. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Սէուտական Արաբիան անցնող օրերուն Ուաշինկթընի հետ համակարգաբար աշխուժ դերակատարութիւն ունեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները յաջողցնելուն ու զինադադարը ամրապնդելուն մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա պատերազմին վերջ տալու եւ նոր փուլի դուռ բանալու նախաքայլ է»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Ասաս»-ին. «Առաջարկուող միջազգային ուժին համար տակաւին իրաւական շրջագիծ եւ ամերիկեան-իսրայէլեան հաւանութիւն գոյութիւն չունի, մինչ Ֆրանսան, Իտալիան, Գերմանիան եւ Սպանիան ճնշում կը բանեցնեն հարաւային Լիբանանի մէջ մնալու, եւ այդ երկիրներու ներկայացուցիչները այդ դիրքորոշումը ներկայացուցին նախագահ Աունին»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ ապահովական պատասխանատու մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին. «Սուրի եւ Սայտայի մէջ կրնանք ազատօրէն գործել, սակայն Պէյրութը սահմանափակումներու ենթակայ է»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ ապահովական պատասխանատու մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին. «Գործելու եւ Պէյրութի մէջ առաքելութիւնը աւարտելու բաց պատուհան մը ունէինք, սակայն Նեթանիահուի եւ Քացի հաղորդագրութիւնը զայն փակեց»:
. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կ՛ուզէ Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալ, իսկ կը թուի, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կ՛ուզէ զայն շարունակել»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական պատկերասփիւռի կայան. «Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի մէջ հարուածեց իսրայէլեան բանակի հիւսիսային հրամանատարութեան պետին մեքենան` առանց մարդկային վնասներ պատճառելու»:
. «ՀԱՏԱՍ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը սկսաւ հարաւային Լիբանանի Տըպպին գիւղէն իր ուժերը հեռացնել»:


