Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Յանուն Ինքնութեան Եւ Պետականութեան Հասիչէի Հայութիւնը Նշեց Մայիս 28-ը
«Յանուն ինքնութեան եւ պետականութեան» կարգախօսով Հասիչէի հայութիւնը հանդիսաւոր շուքով յիշատակեց մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման տօնը:
Հինգշաբթի, 28 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հասիչէի ՀՄԸՄ-ի շրջափակին մէջ Հասիչէի ՀՄԸՄ-ի միաւորին կազմակերպած հանդիսութեան կը նախագահէր Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, կը հովանաւորէր ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը:
Տօնակատարութիւնը բացուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Ապա օրուան բեմավար Ալին Սարգիսեան հրաւիրեց Հասիչէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչ Թորգոմ Սարգիսեանը` իր խօսքը արտասանելու: Այնուհետեւ արաբերէնով Քաթիա Ղազարեան ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Հասիչէի միաւորի պատգամը:
Գեղարուեստական յայտագրով «Գարուն» երգչախումբը ազգային եւ հայրենասիրական երգեր մեկնաբանեց, ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` նուիրուած մայիս 28-ի պատմական խորհուրդին ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման ուղիին:
Օրուան խորհուրդը ներկայացուց Սալբի Սերոբեան, որ ընդգծեց, թէ 28 մայիս 1918-ը հայ ժողովուրդի քաղաքական կեանքի պատմութեան ամէնէն վճռորոշ փուլերէն մէկն էր: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ Ցեղասպանութենէն եւ դարերու պետականազրկութենէն ետք` ազգային կամքի, կազմակերպուած պայքարի եւ հսկայական զոհողութիւններու շնորհիւ: Ապա լուսարձակի տակ առաւ Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերուն պատմական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Արամ Մանուկեանի եւ Գէորգ Ե. կաթողիկոսի վճռորոշ դերակատարութիւնը հայ պետականութեան վերակերտման մէջ:
Ապա խումբ մը արի-արենուշներ հայրենասիրական ասմունքներով հանդէս եկան:
Ձեռնարկի աւարտին հայրական խօսքով հանդէս եկաւ հայր սուրբը, որ դիտել տուաւ, թէ Հասիչէի հայութեան ներկայութիւնն ու մայիս 28-ի տօնակատարութեան կազմակերպումը ինքնին ազգային պայքարի, գոյատեւման կամքի եւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան շարունակութեան արտայայտութիւններն են:
Ֆրանսա
Սիմոն Աբգարեան Եւ Արտաւազդ Փելելշեան Մեծարուեցան Քաննի Փառատօնին
Շարժապատկերի աշխարհի հեղինակաւոր փառատօներէն մէկը հանդիսացող Ֆրանսայի Քանն քաղաքի շարժապատկերի այս տարուան միջազգային փառատօնին ընթացքին երկու հայորդիներ մեծարուեցան:
Արդարեւ, լաւագոյն դերասանի մրցանակը շահեցաւ ֆրանսահայ նշանաւոր դերասան Սիմոն Աբգարեանը, մինչ յայտնի բեմադրիչ Արտաւազդ Փելելշեանին ժապաւէնները արժանացան յատուկ ցուցադրութեան:
Սիմոն Աբգարեան «De Gaulle: Tilting Iron» ժապաւէնին մէջ գլխաւոր` Շարլ տը Կոլի դերը կը մարմնաւորէ, նաեւ փառատօնին Դասականներու բաժանմունքը յատուկ յայտագիր մը կազմակերպած էր` լուսարձակի տակ առնելով Արտաւազդ Փելելշեանի կարեւորագոյն ժապաւէնները եւ շարժապատկերի աշխարհին մէջ անոր բերած նորարարութիւնները:
Եգիպտոս
Հանրապետական Մաղթանք` Նուիրուած Մայիս 28-ին
Կիրակի, 31 մայիսին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք` նուիրուած 1918 թուականի մայիս 28-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տարեդարձին:
Սուրբ պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի հանգիստ Սարդարապատի ճակատամարտի նահատակներուն հոգիներուն:
Այնուհետեւ խումբ մը հայորդիներ` գլխաւորութեամբ Եգիպտոսի ՀՅԴ կազմի, «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Արարատի ներկայացուցիչներուն այցելեցին Մարմինայի Ազգային գերեզմանատուն` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչապետ Համօ Օհանջանեանի շիրիմին:
Ապա, թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք սրբազան հայրը պատգամ ուղղեց ներկաներուն` նշելով, որ, թէեւ միշտ կը յիշենք անցեալի մեր հերոսները, սակայն մեր ազգն ու հայրենիքը այսօր եւս կը դիմագրաւեն նոր մարտահրաւէրներ, ուստի այսօր ալ ունինք կարիքը նոր հերոսներու:
Սրբազանը շեշտեց նաեւ, որ պէտք է արժեւորել ու գնահատել այն անհատները, որոնք հաւատքով նուիրուած են հայրենիքի անկախութեան, ազատութեան, խաղաղ ապագային, անոր բարգաւաճման տեսլականին եւ պատրաստ են իրենց կեանքը ընծայելու այդ բարձր արժէքներուն համար: Ան աւելցուց, որ այսպիսի հայը միշտ ներկայ պիտի ըլլայ իր մայրենի հողին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ հայրենիք ունենալ, պահպանել ձեռք բերուած յաջողութիւնները եւ դիմագրաւել ապագայի բոլոր մարտահրաւէրները:
Իրաք
Իրաքի Խորհրդարանի Անդամ Եւ «Սոյանա» Քրիստոնէական Խմբակցութեան Նախագահ Քըլտօ Ռամզի Օղաննայի Այցելութիւնը
28 մայիսին «Մելենա Իսքենտերեան» սրահին մէջ թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վարդան Մունճուղուլեանին եւ քահանայ հայրերուն հետ միասին, ընդունեց Իրաքի խորհրդարանի անդամ եւ «Սոյանա» քրիստոնէական խմբակցութեան նախագահ Քըլտօ Ռամզի Օղաննան եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը:
Քըլտօ իր խօսքին մէջ հաստատեց, թէ «Սոյանա» խմբակցութիւնը վճռական է ամբողջ թափանցիկութեամբ, իրապաշտ եւ շօշափելի կերպով ներկայացնելու իրաքեան քրիստոնէական համայնքի կամքը` ծառայելու համար Իրաքին ընդհանրապէս եւ քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման` մասնաւորաբար: Ան նաեւ շեշտեց Իրաքի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ համագործակցութեան ուղիներու ամրապնդման կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Քըլտոն եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան այցելութիւնը` ընդգծելով քրիստոնէական բաղադրիչի ազդեցիկ եւ արդիւնաւէտ ներկայացուցչութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ շարք մը կարեւոր եւ առանցքային հարցերու, որոնց շուրջ անհրաժեշտ է աշխատիլ օրէնսդրական եւ գործադիր մակարդակներուն վրայ` Իրաքի քրիստոնէական համայնքի ներկայ վիճակը բարելաւելու նպատակով:
30 մայիսին թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան, ընկերակցութեամբ Իրաքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ռուբէն Սողոյեանի, քահանայից դասուն եւ Պաղտատի քրիստոնեայ եկեղեցիներու համայնքապետներուն, այցելեց հայ կաթողիկէ առաջնորդարան: Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Ներսէս արք. Զապարեանի կողմէ, որուն յաջորդեց հանդիպում` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան պատրիարքին հետ:
Քուէյթ
Այցելութիւն ՀՄԸՄ–ի Վարչութեան Կողմէ
28 մայիսին Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանի «Նունէ եւ Նինարէ» դահլիճին մէջ առաջնորդական տեղապահ Օշին վրդ. Չուալերթանեան ընդունեց ՀՄԸՄ-ի վարչութեան անդամները:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Քուէյթի Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազարէթ Քէօշկէրեան եւ Ազգային վարչութենէն ներկայացուցիչ մը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ՀՄԸՄ-ի ներկայ գործունէութիւնը, առկայ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ` յառաջիկայ ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները: Կողմերը ընդգծեցին համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու միասնական աշխատանքը` ի նպաստ Քուէյթի հայ համայնքի եւ երիտասարդ սերունդի ազգային, հոգեւոր ու մշակութային դաստիարակութեան:
Հայր սուրբը գնահատեց ՀՄԸՄ-ի երկարամեայ ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին եւ համայնքային կեանքին մէջ` մաղթելով, որ կազմակերպութիւնը շարունակէ իր առաքելութիւնը նոյն նուիրումով եւ եռանդով:
Հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ շնորհակալութիւններով եւ ապագայ գործակցութեան յոյսով:
Քանատա
Արարատ Ղուկասեանի Բանաստեղծութիւններու Ժողովածուներու Շնորհահանդէս
Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի, 9 մայիսին ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի «Ժիրայր եւ Էլիզ Տերվիշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան, հասարակական գործիչ, Սպանիոյ «Արարատ» հայկական միութեան նախագահ եւ բանաստեղծ Արարատ Ղուկասեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուներուն` «Փնտռտուքների ճանապարհին» (2018, 2020), «Ժամանակի հետքերով» (2023) եւ «Երեք յետգրութիւն» (2025) գիրքերուն շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավարներ Մարիեթա Պետրոսեան եւ Հայկ Ներսէսեան ներկայացուցին բանաստեղծին կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը:
Արարատ Ղուկասեան, խօսք առնելով, ներկայացուց իր վերջին հրատարակուած գիրքին բանաստեղծութիւններու ժողովածուն` անդրադառնալով հատորին հիմնական գլուխներուն, գիրքին մէջ տեղ գտած կարգ մը բանաստեղծութիւններուն ստեղծագործման շարժառիթներուն, անոնց ծնունդին տուն տուող խոկումներուն, ինչպէս նաեւ` կարդալով անոնցմէ քանի մը հատը: Հեղինակին բանաստեղծութիւնները ընդհանրապէս կը շօշափեն հայրենասիրական ու մարդկային բնաբաններ` ներկայացուած բանաստեղծական իւրայատուկ ոճով, ինչպէս նաեւ` խորհրդածութիւններ կեանքի, ժամանակի ու մարդկային ապրումներու մասին:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:




