Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքը Յարգեց Հայաստանի Անկախութեան Կերտիչներուն Յիշատակը

June 2, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 108-ամեակին առիթով, կիրակի, 31 մայիս կէսօրուան ժամը 1:00-ին Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտիչներուն եւ այդ ճամբուն վրայ իրենց կեանքը ընծայաբերած հերոսներուն յիշատակի հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ յարգանքի տուրք: Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ եւս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան ծաղկեպսակ զետեղեցին ՀՅԴ պանթէոնին  դիմաց` առ ի յարգանք իրենց կեանքը հայրենիքին ու հայութեան նուիրած դաշնակցական գործիչներուն:

Ֆըրն Շըպպէքի մէջ եւս ներկաները ճերմակ վարդերով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին  28 մայիս 1918-ի Հայաստանի անկախութեան կերտիչներուն, որոնց մէկ մասը կը հանգչի այդ գերեզմանատան մէջ:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Եղիկ Թաշճեան, որ սեղմ տողերու մէջ բնութագրեց մայիսեան անկախութեան մերօրեայ ըմբռնումն ու դերը ապագայի հեռանկարով: «Մայիս 28-ը դաշնակցականի մը համար սովորական օր մը չէ: Ան մեր ազգային վերածնունդին օրն է: Այն պատմական պահն է, երբ տասնամեակներու կազմակերպական աշխատանքը, ֆետայական պայքարը, գաղափարական հաւատարմութիւնը եւ նահատակներու արիւնը հասան իրենց գագաթնակէտին` պետականութիւն կերտելով», յիշեցուց ան:

Մայիսեան անկախութեան փորձառութենէն դասեր քաղելով` Թաշճեան նշեց, թէ համակ հայ ժողովուրդը` կին թէ տղամարդ, ծեր թէ երիտասարդ, բոլորը միակամ, միասնաբար կերտեցին այդ յաղթանակը: «Այդ անկախութիւնը միայն քաղաքական յաղթանակ մը չէր, ազգային արժանապատուութեան վերածնունդն էր: Ան հայ ժողովուրդի կամքին յաղթանակն էր մահուան դէմ: Ան ՀՅԴ գաղափարախօսութեան մարմնաւորումն էր  իրականութեան մէջ: Եւ գաղտնիք մը չէ, որ այդ պայքարի առաջնագիծին կանգնած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ իր գաղափարով, իր նահատակներով, իր կազմակերպական կորովով եւ իր պայքարով կերտեց անկախ պետականութիւն: Առանց Դաշնակցութեան` կարելի չէ հասկնալ մայիս 28-ը, ինչպէս առանց հայ ժողովուրդին` կարելի չէ հասկնալ Դաշնակցութիւնը»,  ընդգծեց Եղիկ Թաշճեան:

Հայաստանի անկախութեան փորձառութիւնը կամրջելով հայրենիքի այժմու ճգնաժամային իրավիճակին` Թաշճեան ըսաւ. «Այսօր մայիս 28-ը կը դիմաւորենք ծանր եւ ճակատագրական օրերու մէջ: Մեր հայրենիքը դարձեալ վտանգուած է: Մեր իսկ արիւնով ու զոհողութեամբ ազատագրուած Արցախը հայաթափուած է: Հազարաւոր հայ ընտանիքներ բռնի տեղահանուած են իրենց պապենական հողերէն: Մեր պատմական իրաւունքները հարցականի տակ դրուած են, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն ժողովուրդը համոզել, որ` պարտութիւնը խաղաղութիւն է, որ` զիջումը իրատեսութիւն է, որ` ազգային յիշողութիւնը` բեռ է»: Մէջբերելով Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու ինքնակերտումով հանրածանօթ բանաստեղծ ու կրթական մշակ դարձած Մուշեղ Իշխանի «Իրաւունքը ո՛ւժ է միայն» խօսքերը` բանախօսը ըսաւ. «Այո՛, իրաւունքը ուժ է: Իսկ ուժը կը ծնի հաւաքական կամքէ, պայքարէ, կազմակերպուածութենէ եւ հաւատքէ: Եւ մենք` իբրեւ դաշնակցականներ, այսօր այստեղ ենք` բարձրաձայնելու, որ հայ ժողովուրդը երբեք պարտուած ազգ չէ»:

Թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին ակնարկելով` Թաշճեան ընդգծեց. «Ահա՛ այս ճգնաժամային փուլին է, որ, աւելի քան երբեք, պէտք է մեր սրտերուն մէջ վերակենդանացնենք Արամ Մանուկեանի կտակը. «Հայերով ո՛չ ոք չի հետաքրքրուիր` շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Ընդհակառակը, գոյութիւն ունի դաւադրական վերաբերմունք: Մինակ ենք եւ պէտք է ապաւինինք միա՛յն մեր սեփական ուժերուն` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»:

Բանախօսը շեշտեց, որ այսպիսի ժամանակներու դաշնակցականը իր յոյսը չի կապեր օտարին, չի սպասեր փրկիչներու, այլ կը վստահի իր ժողովուրդի կամքին, իր կազմակերպական ուժին եւ իր գաղափարական աննկուն հաւատքին, մանաւանդ որ պատմութիւնը ցոյց տուած է, թէ ոչ ոք մեզ պիտի փրկէ, եթէ մենք չկառչինք մեր իրաւունքներուն: «Ոչ մէկ մեծ պետութիւն, ոչ մէկ միջազգային կազմակերպութիւն, ոչ մէկ կեղծ խաղաղութեան խոստում: Մեր ուժը միշտ եղած է մեր կազմակերպուածութեան մէջ, մեր հաւատքին մէջ, մեր ազգային միասնականութեան մէջ», ըսաւ ան:

Թաշճեան դիտել տուաւ, որ այսօր փորձ կը կատարուի համոզելու, թէ ազգային ուժերը անցեալին կը պատկանին, սակայն խորքին մէջ հայը ամէնուրեք միեւնոյն պայքարը կը մղէ. «Եւ այդ պայքարը միայն հողի պայքար չէ: Ան ինքնութեան պայքար է: Ան պատմութեան պայքար է: Ան ապագայի պայքար է»:

Իր խօսքը եզրափակելով` Թաշճեան ըսաւ, որ դաշնակցականը պէտք է վերանորոգէ իր անցեալի ուխտը, պէտք է վերագտնէ իր պայքարի ոգին եւ արտաքին ճակատի վրայ իր մարտը պէտք է մղէ նոր միջոցներով, նոր լեզուով եւ նոր զէնքերով` քաղաքական, դիւանագիտական, տեղեկատուական ու կազմակերպական: «Դաշնակցութիւնը ծնած է պայքարի մէջ եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ այնքան ատեն, որքան հայ ժողովուրդին իրաւունքները ամբողջովին չեն վերականգնած: Մենք ժամանակաւոր դժուարութիւններով չենք կոտրուիր: Այսօր, աւելի քան երբեք, Դաշնակցութեան առաքելութիւնը կենսական է: Երբ ոմանք կը քարոզեն մոռացութիւն, մենք կը քարոզենք յիշողութիւն: Երբ ոմանք կը քարոզեն յանձնուողականութիւն, մենք կը քարոզենք պայքար: Երբ ոմանք կը փորձեն խամրեցնել մայիս 28-ի խորհուրդը, մենք կը վերահաստատենք, որ այդ օրը ո՛չ միայն անցեալ է, այլ նաեւ` ապագայ», հաստատեց Եղիկ Թաշճեան: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):

Փակումը կատարուեցաւ «Վէրքերով լի»-ի եւ Սարդարապատ յաղթերգի երգեցողութեամբ:

Նախորդը

Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Փառատօնին ՀՄԸՄ-ականները Վերանորոգեցին Ուխտը` Շարունակելու Մայիս 28-ով Սկսած Երթը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.