Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարը

June 5, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը:

Ողջունելով հիւրը` նախագահ Սարգսեան նշեց, որ  Քլինթըն մշտապէս ցանկալի հիւր է: Նախագահը ընդգծեց, որ այս տարի կը նշուի Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ կարելի է խօսիլ այն մասին, որ այդ 20 տարիներուն ընթացքին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ունեցած են վերընթաց զարգացում եւ այսօր կը գտնուին պատմականօրէն ամէնէն բարձր մակարդակին վրայ:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ երկու ժողովուրդներու կապերը շատ աւելի խոր պատմութիւն ունին եւ ըստ նախագահին, այսօր կարելի է խօսիլ այն մասին, որ երկու երկիրներու լաւ յարաբերութիւններու ստեղծման նպաստած են երկու ժողովուրդներու այդ կապերը, Միացեալ Նահանգներուն մէջ բնակող հոծ հայկական համայնքը, ինչպէս նաեւ ազատութեան, արդարութեան, ժողովրդավարութեան գաղափարները: «Ուրախ եմ, որ մեր յարաբերութիւնները մշտապէս կը կառուցուին փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ, եւ մշտապէս կրնանք անկեղծօրէն քննարկել որեւէ հարց, որ կը հետաքրքրէ կողմերէն մէկը», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան  բարձր  գնահատեց Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ: Ան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց այս 20 տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած օժանդակութեամ համար:

Հիլըրի Քլինթըն պատիւ նկատեց կրկին գտնուելու Հայաստան երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակի տարուան ընթացքին: Ան նշեց, որ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներ սերտօրէն համագործակցած են Հայաստանի հետ: Միացեալ Նահանգներ մեծապէս կ՛արժեւորեն իրենց գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ եւ շարունակեն սատարել Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդի զարգացման ու աճող բարեկեցութեան: «Ես եւ Նախագահ Օպամա բարձր կը գնահատենք Ձեզի հետ ունեցած մեր յարաբերութիւնները», յայտնեց Հիլըրի Քլինթըն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ իր եւ նախագահ Սարգսեանի ունեցած անկեղծ զրոյցներուն, ինչ որ, ըստ անոր, կը բնորոշէ ընկերները: Ան ընդգծեց, որ ինք գիտէ, թէ նախագահ Սարգսեան ինչպիսի՛ ջանասիրութեամբ աշխատած է Հայաստանին առնչուող շրջանային խնդիրներուն լուծում գտնելու համար: Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալեն, որ երկխօսութիւնը շարունակուի: Հ. Քլինթըն նշեց, որ «Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ են օժանդակելու եւ աջակցելու Ձեր շարունակական գործունէութեան` իբրեւ հիանալի առաջնորդ»:

 

 

 

Նախորդը

Միջադէպ Տաւուշի Շրջանին Մէջ. Երեք Հայ Զինուորներ Կը Նահատակուին

Յաջորդը

Թրքական Դասագիրքին Մէջ Հայաստանն Ու Դրացի Այլ Երկիրներու Մէկ Մասը Ընդգրկած Են Թուրքիոյ Սահմանին Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.