Պէյրութ մարաթոն միութիւնը իր աշխատանքը կը շարունակէ եւ կը կազմակերպէ «Ռան Տը Սիթի» մրցումը, որ տեղի կ՛ունենայ 10 քիլոմեթրի վրայ` Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն մինչեւ Զէյթունա շրջանը` Պէյրութի մէջ, 5 յուլիսին:
Միութիւնը սահմանափակեց մասնակիցներուն թիւը 2.000-ի: Արձանագրութիւնները տակաւին կը շարունակուին մինչեւ 20 յունիս, 12 տարեկանէն սկսեալ, beirutmarathon.org կայքին վրայ:
Նշենք, որ շաբաթ մը առաջ Պէյրութ մարաթոն միութիւնը կազմակերպած էր միջազգային «Ուան Կլոպըլ Ռան» մրցումը, որ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ նոյն ժամանակաշրջանին 36 տարբեր երկիրներու մէջ:
Մօտ 260 հազար աթլեթներ մասնակցեցան միջազգային այս մրցումին: Անոնցմէ 1.500-ը` Լիբանանի մէջ: 61 տարբեր երկիրներէ մարզիկներ բարեսիրական նպատակով մասնակցեցան այս մրցումին, որ կը փորձէ միացնել աշխարհը` նոր յոյս ներշնչելով:


