Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Աստղագէտները անակնկալի մը առջեւ գտնուեցան, երբ կ՛ուսումնասիրէին Պոսիտոն մոլորակէն անդին գտնուող ոչ շատ հաստատուն Քիփերի գօտիի շրջանին մէջ: Հոն անոնք գտած են 2002 XV93 անունով փոքրիկ սառած անջրպետաքար մը, որ ունի իրեն յատուկ մթնոլորտը: Այս երեւոյթը անսպասելի է, որովհետեւ անջրպետաքարը հազիւ 500 քմ լայնք ունի, ասինքն` մեր լուսինէն մօտաւորապէս 7 անգամ աւելի փոքր: Ընդհանրապէս այդքան փոքր մարմին մը բաւարար ճնշումի ուժ չունի կազերը պահելու համար: Անոնք պարզապէս անջրպետին մէջ կը սփռուին:
* * *
Այս մարմինը ուսումնասիրելու համար գիտնականներու խումբը գործածեց օքիւլթեշիըն կոչուած յատուկ թեքնիք մը: Անոնք ուսումնասիրեցին մարմինը, երբ ան կ՛անցնէր հեռաւոր աստղի մը առջեւէն: Այս ձեւով աստղին լոյսը անմիջականօրէն անհետանալու փոխարէն` ան դանդաղօրէն կը թեթեւնայ: Այս երեւոյթը կը պատահի, երբ մարմինը կազերով շրջապատուած է: Կազերը կը բեկեն եւ կը սփռեն անոնց մէջէն անցնող լոյսը: Ասիկա կը փաստէ, որ 2002 XV93-ը հաւանաբար մթնոլորտով օժտուած է: Ասկէ առաջ միայն աւելի մեծ մարմիններ, ինչպէս` նախկին մոլորակ Պղատոնը, այդ շրջանին մէջ ճանչցուած էին իբրեւ մթնոլորտ ունեցող մարմիններ:
Գիտնականներու խումբը կը մտածէ, որ այս գիւտին հիմամբ պէտք է վերաքննութեան ենթարկել այն գաղափարը, ըստ որուն, միայն մեծ մոլորակներու շուրջ է, որ կը կազմուին խիտ մթնոլորտներ:
* * *
Այս մարմինին մթնոլորտին աղբիւրը տակաւին գաղտնիք մըն է: Կարգ մը գիտնականներ կը մտածեն, թէ 2002 XV93 անջրպետաքարը ունի սառոյցէ հրաբուխներ, որոնք կազեր կը սփռեն անջրպետին մէջ: Ուրիշներ կը հաւատան, որ ոչ շատ հին ժամանակներուն այս մարմինը զարնուած էր ուրիշ անջրպետաքարի մը, եւ այդ պատճառով կազեր արձակուած են: Եթէ այս է պատահածը, կազմուած մթնոլորտը կրնայ ժամանակաւոր ըլլալ եւ կրնայ անհետանալ մօտաւորապէս հազար տարիներու ընթացքին: Գիտնականները վստահ չեն նաեւ, թէ ինչէ՛ կազմուած է այդ մթնոլորտը: Ան կրնայ պարունակել մեթան կամ նայթրոճին:
Տարօրինակ Մրցում Մը
Մայիս ամսուան սկիզբը Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ կազմակերպուած է քունի մրցում մը: Ճիշդ է, որ մրցումը տարօրինակ կրնայ թուիլ, սակայն ան ունի յատուկ նպատակ մը. այս միշտ շարժուն քաղաքին բնակիչներուն յիշեցնել, որ լաւ քնանալը անհրաժեշտ է առողջութեան համար:
Մրցումին 170 մասնակցողները իւրայատուկ փիժամաներ հագուած էին (անոնցմէ ամէնէն ստեղծագործական զգեստները վարձատրութիւն ստացան): Մասնակցողները ամէնէն երկար ժամանակը պէտք է քնանան, մինչ կազմակերպողները կը փորձեն զանոնք խանգարել` զանոնք խնդացնելով, ձայներ հանելով…
Հարցարան
Ընդհանուր Զարգացում
1) Ո՞ր քաղաքը ճանչցուած է «Յաւերժական քաղաք» անունով:
ա – Փարիզ, բ – Լոնտոն, գ – Հռոմ, դ – Մատրիտ:
2) Ո՞վ էր Ռուսիոյ վերջին ցարը:
ա – Նիքոլայ Բ., բ – Նիքոլայ Գ., գ – Իվան Ա., դ – Իվան Բ.:
3) Ռոալտ Ամուստսըն եղաւ հարաւային բեւեռին հասնող առաջին անձը: Սակայն ո՞ր երկրէն էր ան:
ա – Անգլիա, բ – Գերմանիա, գ – Դանիա, դ – Նորվեկիա:
4) Ո՞ր գիտնականը գտած է, թէ աշխարհը արեւուն շուրջ կը դառնայ:
ա – Կալիլէօ, բ – Նիքոլաս Կոպեռնիկոս, գ – Ալպերթ Այնշթան, դ – Լէոնարտօ տա Վինչի:
5) Ո՞րն է ամէնէն շատ լուսիններ ունեցող մոլորակը:
ա – Լուսնթագ, բ – Հրատ, գ – Երեւակ, դ – Արուսեակ:
6) Ո՞ր երկրին մէջ կը գտնուի Քիլիմանճարօ լեռը:
ա – Թանզանիա, բ – Նոր Զելանտա, գ – Նեփալ, դ – Արժանթին:
7) Քանի՞ ոսկոր ունինք մեր ականջին մէջ:
ա – 1, բ – 2, գ – 3, դ – 7:
8) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ սպաներէն խօսող քաղաքը:
ա – Մատրիտ, բ – Մեքսիքօ Սիթի, գ – Պարսելոնա, դ – Հաւանա:
9) Զոյգ մը զառերու վրայ ընդամէնը քանի՞ կէտ կայ:
ա – 12, բ – 24, գ – 28, դ – 42:
10) Ո՞ր երկիրը ունի ամէնէն մեծ թիւով կղզիները:
ա Շուէտ, բ – Դանիա, գ – Ճափոն, դ – Յունաստան:
11) Ընգղան քանի՞ սիրտ ունի:
ա – 1, բ – 3, գ – 5, դ – 12:
12) Եւրոպական քանի՞ երկիրներէ կ՛անցնի Տանիւպ գետը:
ա – 2, բ – 3, գ – 4, դ – 6:
13) Քանի՞ աստղ կայ Չինաստանի դրօշակին վրայ:
ա – 5, բ – 6, գ – 8, դ – 10:
14) Ո՞ր երկրի դրօշակին վրայ կայ ընկղմած նաւ մը:
ա – Քուպա, բ – Չիլի, գ – Մատակասքար, դ – Պերմուտա:
15) Մարզական ո՞ր մրցումին մարզիկները պարտադիր պէտք է ճերմակ տարազ հագուին:
ա – Ուիմպըլտընի ախոյեանութիւն, բ – Պոպսլէյի ախոյեանութիւն, գ – Փոլոյի ախոյեանութիւն, դ – Քրիքեթի ախոյեանութիւն:
16) Քանի՞ տուփիկ կայ ճատրակի տախտակի մը վրայ:
ա – 16, բ – 36, գ – 48, դ – 64:
17) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն երկար գետը:
ա – Ամազոն, բ – Եանկցէ, գ – Միսիսիփի, դ – Նեղոս:
18) Ո՞րն է մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն փոքր մոլորակը:
ա – Արտեմիս, բ – Լուսնթագ, գ – Երկիր, դ – Փայլածու:
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
1 – գ, 2 – ա, 3 – դ, 4 – բ, 5 – գ, 6 – ա, 7 – գ, 8 – բ, 9 – գ, 10 – ա (270 հազար), 11 – բ, 12 – գ, 13 – ա, 14 – դ, 15 – ա, 16 – դ, 17 – դ, 18 – դ:


