Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազնուականութիւն` Ծագո՞ւմ, Թէ՞ Կրթութիւն

May 23, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հեղինակը իր ուսուցիչին՝ Սարգիս Սեֆերեանին հետ

– Սիլվա՛, քեզ միշտ ուրախ կը տեսնեմ, ժպիտը դէմքէդ անպակաս է:

– Սիրելի՛ Սոնիկ, երբ Ճորճ Պեռնարտ Շոյին կը հարցնեն, թէ որքա՞ն հարստութիւն կ՛ուզէիր ունենալ, ան կը պատասխանէ. «Այնքան, որքան մարդիկ կը կարծեն, թէ ունիմ»: Ես ալ, իմ կարգիս, կ՛ուզեմ ուրախ ըլլալ այնքան, որ մարդիկ կը կարծեն, թէ եմ:

– Սիլվա՛, Պեռնարտ Շոն ո՞վ է:

Ժպտելով կը պատասխանեմ.

– Մեր դրացիին տղան է: Ես ու ինքը նոյն օրը ` յուլիս 26- ին ծնած ենք եւ երկուքս ալ մսակեր չենք: Սոնի՛կ, ջանս, Պեռնարտ Շոն` «Փիկմալիոն» (Pygmalion) երկին հեղինակն է:

– Ինծի ծանօթ անուն մը չէ:

– Սոնի՛կ, ինչպէ՞ս կրնայ ծանօթ չըլլալ. ես եւ դուն տարեկիցներ ենք եւ Լիբանանի պետական պաքալորէայի ծրագիրին մէջ ներառուած էր Պեռնարտ Շոյի «Փիկմալիոն»-ը:

– Սիլվա՛, ես քու յիշողութեանդ կը զարմանամ, քիչ մըն ալ կը նախանձիմ:

– Սոնի՛կ, չեմ կարծեր, թէ չյիշելդ տկար յիշողութեան հետեւանք է, եթէ քու ալ անգլերէն գրականութեան ուսուցիչդ պրն. Սարգիս Սեֆերեանը ըլլար, անպայման այս երկը պիտի յիշէիր:

– Սիլվա՛, ջանս, ըսածդ բացարձակ իրականութիւն է: Ես ալ կը հաւատամ, որ ուսուցիչը մեծ դեր ունի նիւթ մը հետաքրքրական ձեւով մատուցելու, սիրցնելու ու տպաւորելու մէջ:

– Այո՛, պարոն Սեֆերեանը, որուն մասին կրնամ գիրք մը գրել, ե՛ւ բացառիկ անձնաւորութիւն մըն է ե՛ւ նուիրեալ ուսուցիչ մը: Ան իր դասաւանդած նիւթին մէջ իր հոգին կը դնէր: Այս երկը, որ գրական գոհար մը կը սեպուի, երկար շաբաթներու տեւողութեամբ կարդացինք եւ յափշտակութեամբ լսեցինք պրն. Սարգիս Սեֆերեանին կատարած մանրակրկիտ ու խորաթափանց վերլուծումները:

– Սիլվա՛, ի՞նչ է այս գրական գոհարին նիւթը:

– Սիրելի՛ Սոնիկ, նախքան անդրադառնալս Պեռնարտ Շոյի «Փիկմալիոն» երկին, կ՛ուզեմ քեզ ծանօթացնել յունական դիցաբանութենէն նշանաւոր քանդակագործին` Փիկմալիոնին առասպելին, որ հետագային ծառայած է` որպէս ենթահող, ներշնչման աղբիւր եւ անուն` Պեռնարտ Շոյի նշանաւոր «Փիկմալիոն» երկին:

Փիկմալիոնը շարք մը սիրային յուսախաբութիւններ ապրելէ ետք կը քանդակէ իր մտապատկերին մէջ մարմնաւորած ցանկալի կինը` անհամեմատելի գեղեցկութեամբ ու կատարելութեամբ: Փիկմալիոն իր «ստեղծած կինը» կը կոչէ Կալաթէա ու կը սիրահարի անոր: Կալաթէայի հմայիչ տեսքը արտացոլացումն էր քանդակագործին երեւակայութեան, հոգիին, ներաշխարհին, որուն կը պակսէր կենարար շունչը: Հոս օգնութեան կը հասնի սիրոյ չաստուածը` Աֆրոտիթէն եւ կ՛ընդառաջէ Փիկմալիոնի բուռն խնդրանքին եւ Կալաթէան կը վերածէ շնչաւոր ու տաքուկ էակի մը: Փիկմալիոն կ՛ամուսնանայ իր սիրուհիին հետ եւ իր երջանկութիւնը կը բազմապատկուի, երբ իրենց սիրոյ արգասիքը` դուստրը, լոյս աշխարհ կու գայ:

Ճորճ Պեռնարտ Շոն` իրլանտացի նշանաւոր գրագէտը (1856-1950), որ արժանացած է թէ՛ Նոպելեան մրցանակի եւ թէ՛ Օսքարի, ներշնչուելով այս առասպելէն, 1912- ին կը հրապարակէ իր նշանաւոր երկը` «Փիկմալիոն»-ը:

– Օ՜հ, Սիլվա, հետաքրքրութիւնս շարժեցիր այս նախաբանով: Անհամբեր եմ լսելու «Փիկմալիոն» երկին բովանդակութիւնը:

– «Փիկմալիոն» երկին հերոսուհին` Էլայզա Տու Լիթլ, իր ապրուստը կ՛ապահովէր Լոնտոնի փողոցներուն մէջ ծաղիկ վաճառելով: Աղքատ, անուս, կոշտ ու թերի առոգանութեամբ, կենցաղային գիտելիքներէ զուրկ երիտասարդուհի մըն էր:

Հենրի Հիկինզ` լեզուագէտ, հնչիւնաբանութեան դասախօս, ինքնավստահ իր սորվեցնելու, դաստիարակելու, մակարդակ ձեւաւորելու կարողականութեան, գրաւի կու գայ իր բարեկամին հետ, որ կրնայ` Էլայզային «խօսիլ սորվեցնել», զարգացնել, կենցաղային գիտելիքներ ջամբել եւ վեց ամսուան ընթացքին զայն հասցնել ազնուական դասակարգէ սերած երիտասարդուհիի մը մակարդակին:

Հենրի Հիկինզ իր տարած յամառ աշխատանքով կը յաջողի Էլայզային սորվեցնել այն բոլորը, որ անգլիական վերնախաւը կը պահանջէր ազնուականուհիէ մը` անթերի առոգանութիւն, հարուստ բառամթերք, ընդհանուր զարգացում, վայելուչ նիստ ու կաց: Հենրիին համար իր գրաւին յաջողութիւնը առաջնահերթութիւն էր, իսկ Էլայզան սոսկ միջոց մըն էր` փաստելու անոր «մարդակերտումի ձիրքը եւ յաղթանակը»:

Անշուշտ Էլայզա անմասն չէր այս յաջողութենէն, ան, իր կարգին, տոկաց` խստապահանջ Հենրիին ուսուցման ոճին, ծայրայեղ բծախնդրութեան, պահանջկոտութեան, կոշտ վարմունքին, կծու խօսքերուն: Էլայզա իր բնատուր ուշիմութեամբ, իմացականութեամբ, հետեւողական ջանքերով ու աշխատասիրութեամբ շահեցաւ եւ իւրացուց իսկական ազնուականուհիի մը կերպարը:

Հենրի Հիկինզ շահեցաւ իր գրաւը, ստեղծեց ազնուականուհի մը, որուն ընկերակցութեամբ հպարտացաւ Անգլիոյ ազնուական դասակարգին մօտ, սակայն ոչ մէկ անգամ ան Էլայզային հետ վարուեցաւ որպէս ազնուականուհիի: Անոր աչքին Էլայզան ընդմիշտ մնաց ցած դասակարգէն սերած օրիորդը:

Հենրի Հիկինզ, նման Փիկմալիոնին, «ստեղծեց» նոր էակ մը` նոր Էլայզա մը, սակայն ան չսիրահարեցաւ Էլայզային այնպէս, ինչպէս Փիկմալիոնը` Կալաթէաին: Ընդհակառակը, Հենրի Հիկինզ միշտ իր անտարբերութեամբ, սառնասրտութեամբ , թերագնահատանքով յուշեց իր եւ Էլայզային ընկերային ու դասակարգային մակարդակներու տարբերութիւնը եւ մասնաւորաբար` իր առնական գերակայութիւնը:

Ամուրի Հենրիին եսակեդրոնութիւնը, գոռոզութիւնը, ազատասիրութիւնը, ամուսնութեան մը պարտադրած կապանքներէն խուսափելու ջանքը չկրցան անոր մօտ ենթահող մը ստեղծել` արժեւորելու Էլայզային գեղեցկութիւնը, հմայքը եւ բնատուր ազնուականութիւնը, որոնք թաքնուած էին հօրենական տան տգիտութեան ու չքաւորութեան քողին տակ:

«Փիկմալիոն» երկը արժանացած է մեծ եւ փոքր պաստառներուն եւ թատրոնի բեմադրիչներուն ուշադրութեան: Բազմաթիւ անգամներ եւ տարբեր ժամանակներու մէջ «Փիկմալիոն»-ը հրամցուած է հանրութեան: Հոս կ՛արժէ նշել, որ բեմադրիչներ փոքր զեղչումներ, կամ փոփոխութիւններ կատարած են` աւարտը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակադրութեամբ` տեղ մը Էլայզայի եւ Հիկինզի միջեւ ռոմանթիք կապ մը ստեղծելով, տեղ մը Էլայզան ամուսնացնելով Ֆրետի անունով երիտասարդի մը հետ, այլ տեղ մը` բարի մեծահարուստի մը հետ:

Մէկ բան յստակ էր միշտ, որ թէեւ սկզբնական շրջանին Էլայզան կախեալ էր Հենրիէն, բայց կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ ան դարձաւ ինքնավստահ, ուրոյն անհատականութեան տէր եւ անկախ էակ մը, որ ազատագրուած էր` տգիտութեան կապանքներէն, դասակարգային բարդոյթներէն, տղամարդուն պարտադրած գերակայութենէն… Ան պատրաստ էր դիմաւորելու կեանքը իր բոլոր երեսակներով, անակնկալներով ու մարտահրաւէրներով:

– Սիրելի՛ Սոնիկ, ահա՛ քեզի ներկայացուցի ամփոփումը հսկայ արժէքով գրական գործի մը, որուն վերլուծումը կը պահանջէ բծախնդիր ուսումնասիրութիւն, բազմակողմանի դիտակ, գրական հմտութիւն եւ գիտելիքներ` հոգեբանական, ընկերային, բարոյական մարզերէն ներս:

– Սիլվա՛, մեծ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ լսեցի այս գեղեցիկ երկին բովանդակութիւնը: Շատ ոգեւորուած եմ եւ կ՛ուզեմ անպայման գիրքը իր անգլերէն բնագիրով կարդալ: Գիտե՞ս, Սիլվա՛, պահ մը մօտս ցանկութիւն մը արթնցաւ, եւ ես ինծի ըսի. «Կեանքը որքա՜ն հաճելի եւ հեզասահ պիտի ըլլար, եթէ ամէն մէկ անձի վիճակուէր յունական դիցաբանութեան հերոսին` Փիկմալիոնին վիճակուած բարեբախտութիւնը` ստեղծելու էակ մը, որ ըլլայ իրականացումը իր մտապատկերին, երազանքին, ներաշխարհին եւ զգացումներուն:

– Երանի՜…

 

 

Նախորդը

Փոքրիկ Անջրպետաքար Մը Կը Զարմացնէ Գիտնականները

Յաջորդը

Ի Յուշ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.