Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Արեգ» Մանկապատանեկան Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ «Հէյ Ջան Ղափամա»-ն

May 15, 2026
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

26 եւ 27 մայիսին Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ հանդէս պիտի գայ «Հէյ ջան ղափամա» ներկայացումով, հեղինակ եւ բեմադրիչ` Սիլվա Սողոմոնեան: Այս առիթով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ բեմադրիչին հետ` մօտէն ծանօթանալու համար ընդհանրապէս դպրոցին եւ  յատկապէս տուեալ ներկայացումին:

Սիլվա Սողոմոնեան դիտել տուաւ, որ ինք «Արեգ» թատերական դպրոցը ստանձնած է  2021 թուականին եւ ցարդ բեմադրած է վեց ներկայացումներ. 2021-ին բեմադրած է «Բարեկենդանը», 2022-ին` «Գաթային գաղտնիքը», որոնց նկարահանումը եղած է տուներէն ներս «Քորոնա» ժահրին պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառով, 2022 դեկտեմբերին` «5-րդ եղանակը», 2023 մայիսին` «Թումանեան երէկ եւ այսօր», 2024 յունիսին` «Ո՞վ է ամէնէն ուժեղը» երաժշտախառն թատրոնը, 2025 դեկտեմբերին` «Նամակներ», իսկ այս տարի` 2026 մայիսին, խումբը պիտի ներկայացնէ «Հէյ ջան ղափամա» թատրերգութիւնը:

Բեմադրիչը տեղեկացուց, որ «Արեգ» թատերական դպրոցը ունի 33 աշակերտ, եւ կ՛ընդունին մանուկներ հինգ տարեկանէն մինչեւ 16 տարեկան: Դպրոցը բաժնուած է երեք դասարաններու, սակայն ներկայացումի պարագային, փորձերը միասնաբար կը կատարուին: Անոնք կը հետեւին թատերական դասընթացքներու` թատրոնի պատմութիւն, թատերական թեքնիքներ, մարմնային շարժումներ, կեդրոնացումի յատուկ դասեր:

Սողոմոնեան ըսաւ, որ 33 աշակերտներն ալ բեմ պիտի բարձրանան, աւելցնելով, որ անոնցմէ չորսը օտար վարժարան կը յաճախեն եւ գրեթէ հայերէն չեն գիտեր, սակայն թատրոնին ընդմէջէն հայերէն սորվեցան:

Անդրադառնալով թատերախաղի նիւթին` Սիլվա Սողոմոնեան բացատրեց, որ թատերախաղը կը ներկայացնէ հայկական տուն մը, որուն բնակիչները կը պատրաստուին ընդունելու իրենց խնամիները, որոնք առաջին անգամն ըլլալով պիտի այցելեն իրենց: Աշխարհի բոլոր կողմերէն ազգականներ ժամանած են այդ մեծ օրուան համար, եւ տունը լեցուն է, սակայն ոչ մէկը կ՛օգնէ տանտիկնոջ` պատրաստելու աւանդական ղափաման: Իւրաքանչիւրը զբաղած է իր գործերով, իր երազներով, ստեղծելով իրարանցում մթնոլորտ մը, իսկ միասնակամութեան պակասը զգալի է տան մէջ: Վերջապէս մեծ դժուարութեամբ կը պատրաստուի ղափաման եւ կը դրուի փուռը: Ընտանիքի անդամները կ՛ուզեն քիչ մը հանգստանալ, մինչ կը սպասեն հիւրերուն ժամանումը, սակայն կը պատահի անսպասելին…

Սիլվա Սողոմոնեան ըսաւ, որ ներկայացման նիւթը ծնաւ շատ պարզ, բայց խոր իմաստ ունեցող հարցումէ մը. «Ի՞նչ բանը ընտանիքը միասին կը պահէ»: Այսօրուան աշխարհին մէջ արդեօք մեծ պատրաստութիւնները, շքեղ սեղանները, արտաքին տպաւորութիւննե՞րը, թէ՞ այն ջերմութիւնը, որ կը ծնի պարզ եւ անկեղծ պահերէ: Ան նկատել տուաւ, որ «Հէյ ջան ղափամա»-ն պատմութիւն մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին մասին, տուն մը, ուր բոլորը զբաղած են, բոլորը կը շտապեն, բայց երբեմն կը մոռնան ամէնէն կարեւորը` իրարու կողքին ըլլալը, ամէնէն պարզ ճշմարտութիւնը` ընտանիքը: Ան դիտել տուաւ, որ ղափաման միայն ճաշ չէ, այլ զգացում է, յուշ է, կոչ է` դառնալու դէպի մեր արմատները, աւելցնելով, որ անիկա երախտագիտութիւն է մեր մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն, որոնք իրենց պարզ կեանքով մեզի փոխանցեցին ամէնէն արժէքաւոր ժառանգութիւնը` ընտանիքը, սէրը եւ ինքնութիւնը: «Արեգ» խումբի պատասխանատուն հաստատեց, որ երբ մենք կը պահենք փոքր աւանդութիւնները, կը փրկենք սերունդ մը: Երբ ամէն բան խառն է մեր կեանքին մէջ, երբ ունինք անկատար երազներ, մէկ բան կը մնայ անփոփոխ` ընտանեկան ամուր կապերը, որոնք մեզի նեցուկ կը կանգնին միշտ եւ կը մղեն յառաջ:

Եզրակացնելով` Ս. Սողոմոնեան ըսաւ, որ ներկայացումը քանի մը պատգամ կը փոխանցէ` ընտանիքի սէր, արժէք, միասնակամութիւն, իսկ իբրեւ ազգ` պահել աւանդութիւնները, որպէսզի մեր ինքնութիւնը պահպանուի:

«Երբ մենք կը պահենք մեր աւանդութիւնները, կը պահենք մեր ինքնութիւնը: Իսկ երբ ընտանիքը միասին է, ամէն ինչ կը դառնայ տօն», իր խօսքի վերջին բաժինով հաստատեց Սիլվա Սողոմոնեան:

 

 

Նախորդը

«Տաղարան»-ը Նշում Է Իր 45-Ամեակը

Յաջորդը

Պատանիի Մը Հոգեւոր Փորձառութիւնը

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.