Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի երիտասարդ մասնագէտներու յանձնախումբին, համագործակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններու շրջանաւարտներու յանձնախումբին, հինգշաբթի, 7 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Տունս քաղցր ա» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը` Լիբանանի երիտասարդ մասնագէտներու եւ Լիբանանի վարժարաններու շրջանաւարտներու յանձնախումբերուն անունով արտասանուեցան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով խօսքեր, որոնց մէջ համառօտ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ` ժապաւէնի բովանդակութեան, անոր մարդասիրական պատգամին եւ արցախահայութեան ապրած ծանր իրականութեան: Ապա տեղի ունեցաւ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
Հարկ է նշել, որ ամերիկահայ բեմադրիչը յորդանանեան ունեւոր ընտանիքի մը դուստրն է, ինչ որ իրեն կարելիութիւնը տուած է երկար ժամանակ մնալ Հայաստանի մէջ եւ մօտէն հետեւիլ ժապաւէնի պատրաստութեան աշխատանքներուն: Ժապաւէնը արտադրողը եւ նիւթական աջակցութիւնը ապահովող կողմը նոյնպէս Ազզա Հուրանին է:
«Տունս քաղցր ա» ժապաւէնը երեք տարի շարունակ կը հետեւի Արցախէն տեղահանուած 11-ամեայ Վրէժին, որ Մարտակերտ շրջանի Ծաղկաշէն գիւղին մէջ խաղաղ ու անհոգ մանկութիւն կ՛ապրէր ատամնաբուժ դառնալու երազանքով: Ժապաւէնը կ՛անդրադառնայ արցախեան զանազան պատերազմներուն եւ անոնց ազդեցութեան, մինչեւ հասնի մերօրեայ պատերազմին: Սակայն պատերազմին վերադարձը արմատապէս փոխեց Վրէժին եւ իր ընտանիքին կեանքը` զանոնք դնելով տեղահանութեան, կորստեան եւ պատերազմի դաժան իրականութեան դիմաց: Ժապաւէնը անձնական եւ խոր զգացական մօտեցումով կը ներկայացնէ` տոկունութիւնը, ինքնութեան պահպանումը եւ նոր սերունդի յոյսը:
Ժապաւէնի բացման տեսարանը հանդիսատեսը կը փոխադրէ 2008 թուական, Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցած 700 զոյգերու զանգուածային հարսանիքին: Այդ տեսարանը անմիջապէս ակնարկ կը դառնայ, թէ Վրէժ այդ սերունդին ծնունդն է: Լաւատես եւ տօնական մթնոլորտը շուտով կը փոխարինուի գիւղական աղքատ կեանքի պատկերներով, ուր տան պատէն կախուած զինուորական տարազը մնայուն յիշեցում կը դառնայ պատերազմի ներկայութեան:
Ժապաւէնին մէջ կը տեսնենք նաեւ տարեց ուսուցչուհի մը, որ ազգային գիտակցութիւն կը ներշնչէ մանուկներուն` հարցնելով. «Ի՞նչ է հայրենիքը»: Ժապաւէնին մէջ կը հնչեն հայրենասիրական երգեր, ինչպէս` «Հերոս տղերքը մեր», «Շնորհաւոր տօնդ, Հայաստան ջան», «Ախպերս ու ես» եւ բանակի օրհներգի մեղեդին:
Վրէժ կ՛ապրի իր ընտանիքին` մօր, հօր, քրոջ, եղբօր եւ մեծ մօր հետ: 2020-ի պատերազմին անոր հայրը մնաց Արցախ` պատերազմելու համար, մինչ Վրէժն ու իր ընտանիքը ստիպուած տեղափոխուեցան Երեւան, ուր ժամանակ մը մնացին: Զինադադարէն ետք հայրը վերադարձաւ Երեւան եւ միասնաբար ուղեւորուեցան դէպի Մարտակերտ:
Նախքան զօրամաս այցելելը` դպրոցին մէջ աշակերտներուն կը սորվեցնեն ռումբերու վտանգին մասին` շեշտելով, որ ռումբի հանդիպելու պարագային պէտք չէ դիպչիլ, եւ անհրաժեշտ է անմիջապէս մեծահասակի մը տեղեկացնել: Ժապաւէնին մէջ կը ներկայացուի նաեւ, թէ Քալիֆորնիոյ մէջ հաւաքուած պայուսակներ եւ զանազան օժանդակ իրեր տրամադրուեցան Վրէժին դպրոցի աշակերտներուն:
Վրէժը ժապաւէնի ընթացքին կը խաղայ փայտէ հրացանով եւ պարսատիկով, մինչ հեռուն ռուսական պատնէշներ կը նշմարուին: Երեխայական խաղերը աստիճանաբար կը միախառնուին պատերազմի իրականութեան հետ: Զօրամասի տեսարաններուն մէջ պատանիներ կը մարզուին զէնք գործածելու, իսկ ամբողջ մթնոլորտը կը մատնանշէ պատերազմի ստուերին տակ հասակ առնող սերունդ մը:
Յատկանշական էր նաեւ այն, որ ժապաւէնը ներկայացուած էր Մարտակերտի բարբառով, իսկ հանդիսատեսին համար տրամադրուած էին անգլերէն եւ արաբերէն գրային թարգմանութիւններ:
Ժապաւէնի աւարտին Վրէժ իր 13-րդ տարեդարձին օրը կը գտնուի դաշտի մը մէջ` ձեռքին ոչ թէ ծաղիկ, այլ` տատասկ: Ան կը խորհրդածէ մահուան եւ ապագայի մասին, ապա դանդաղօրէն կը հեռանայ դէպի անորոշ հորիզոն երկարող արահետ մը` խոր ազդեցութիւն ձգելով հանդիսատեսին վրայ:


