Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Դաշինքի Նախընտրական Հանդիպումները` Դիլիջանի Եւ Իջեւանի Մէջ

May 12, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Գեղարքունիքի Ճամբարակ համայնքէն «Հայաստան» դաշինքի թեկնածուները Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ Տաւուշ եկան, անոնք Դիլիջանի կեդրոնին մէջ, քաղաքապետարանին յարակից հրապարակին մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի շրջանակին մէջ քաղաքացիներու հետ հանդիպում ունեցան եւ նշեցին, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները լաւ պիտի ըլլան:

Հակառակ անոր որ նախապէս բարձրախօս պատրաստուած էր, բայց հանդիպումը ընթացաւ առանց անոր:

«Լաւ ենք, ամուր, պայքարի պատրաստ, եկած ենք ձեզի ալ ոգեւորելու», իրեն ողջունած համակիրին ըսաւ նախկին նախագահը:

Քոչարեանի հետ հանդիպելու եկած էին Արցախէն տեղահանուածներ: Անոնցմէ մէկը, որ չուզեց ներկայանալ, ըսաւ, թէ Քոչարեանի հետ կապուած յոյսեր ունի, որ Արցախ վերադառնալու կարելիութիւն պիտի ստեղծուի. «Այո՛, ես յոյս կը կապեմ, որ միայն Քոչարեանը կրնայ այդ կատարել: Ուղղակի մեր սրտի ուզածը այդ է», ըսաւ արցախցի տեղահանուածը: Նախկին նախագահը իր նախընտրական հանդիպումներուն ընթացքին Արցախ վերադարձը տակաւին կարելի չի նկատեր, բայց կ՛ըսէ, որ նախ պէտք է արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը ճանչցուի:

«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածուները Դիլիջանէն շարժեցան դէպի Իջեւան, ուր ընտրողներուն հետ քաղաքի սրահին մէջ ունեցան բազմամարդ հանդիպում մը:

Իջեւանի մէջ «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց. «Նիկոլ Փաշինեանը կը նկատէ, որ ինք լիազօրութիւն ստացած է Ղարաբաղը յանձնելու համար, միայնակ` Ղարաբաղի ժողովուրդին անունով որոշելու համար, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանին մաս կը կազմէ: Իմ մօտս ուղղակի հարց կը յառաջանայ` բոլոր անոնք, որոնք 2021 թուականին քուէարկած են Նիկոլ Փաշինեանի համար, կը գիտակցի՞ն, թէ ինչ հետեւանքներ այդ քուէարկութիւնը ունեցած է: Յոյս ունիմ, մեծ յոյս ունիմ, որ այդ գիտակցութիւնը, այնուամենայնիւ, այսօր կայ: Այս մարդը կա՛մ ընդհանրապէս փորձէն որեւէ եզրակացութիւն չ՛ըներ, կա՛մ յատուկ ծրագիր կ՛իրականացնէ. ուրիշ բացատրութիւն ես այստեղ ուղղակի չունիմ: Գիտէ՛ք, կ՛ըսեն` ժողովուրդի յիշողութիւնը կարճ է, բայց ցաւը երկար է, եւ միգուցէ այդ ցաւը յիշեցնելով` մենք կրնանք թարմացնել այդ յիշողութիւնը»:

 

Նախորդը

Պայրամով. «Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Սահմանազատման Աշխատանքները Կը Շարունակուին»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.