Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 8, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Լիբանանն ու Իսրայէլը 14 եւ 15 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններ պիտի վարեն»:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան այս շաբաթ պիտի այցելէ Պէյրութ` հանդիպում ունենալու լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկելու զինադադարի հաստատման նպատակով թափուող միջազգային ջանքերը»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի եւ վարչապետ Սալամի միջեւ եռակողմ հանդիպումի պայմանները տակաւին չեն հասունցած, որովհետեւ Աունի եւ Պըրրիի միջեւ, վերջինիս ուզած որեւէ քայլէ առաջ զինադադարի նախապայմանի շուրջ տարակարծութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի»:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսային յայտնած է, թէ կը մերժէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպում ունենալ նախքան բանակցութիւնը հասնելուն համաձայնութեան մը, որ կը պսակուի այդ հանդիպումով:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ նախապատրաստական երրորդ հանդիպումը կրնայ գումարուիլ երկարաձգուած զինադադարի աւարտի ժամկէտի նախօրեակին, այն պահուն, երբ չի թուիր, թէ բանակցութիւնները ընթացք պիտի առնեն նախքան ամէն օր խախտուող այս զինադադարին առնչուած կացութեան յստակացումը»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Քաղաքական ուժերու մեծամասնութիւնը կ՛աջակցին եւ կը զօրակցին նախագահ Աունի ուղղուածութեան, եւ ատիկա ուժի աղբիւր է, որ կ՛արտացոլայ Պաապտայի պալատ ամէնօրեայ այցելութիւններով: Նախագահը գիտէ այն ընտրանքները, զորս կ՛որդեգրէ, եւ այդ է, որ պիտի կատարէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկեան հոլովոյթը հեռուն գնաց նախագահ Աունի եւ Նեթանիահուի միջեւ հանդիպումի կայացման ուղղութեամբ մղում կատարելով: Այդպիսի հանդիպումի մը կայացումը ներքին տագնապ պիտի պատճառէ, մանաւանդ որ նախագահ Աուն յստակօրէն ըսաւ, թէ անիկա «ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ տակաւին շատ կանուխ է»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Լիբանանի բարեկամները կը հասկնան ուղղակի բանակցութիւնները սկսելու համար զինադադարը ամրագրելու նախագահ Աունի պնդումին ետին կանգնող դրդապատճառները եւ յանձն առին ամերիկեան վարչակազմին մօտ աշխատանք տանելու, որպէսզի զայն համոզեն ճնշումները վերցնելու անհրաժեշտութեան շուրջ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ եռակողմ հանդիպումին յետաձգման պատճառներէն մէկը Ռուպիոյի հինգշաբթի օր Վատիկանի մէջ զբաղած ըլլալն ու ուրբաթ օր Իտալիոյ վարչապետին հետ ժողովն է»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Ուղղակի բանակցութիւններուն ընդդիմացող կարգ մը ուժերուն բարձր նշաձողով դիրքորոշումը, որ հիմնուած է այն պատրուակին վրայ, թէ դիւանագիտութեան որդեգրուած ընտրանքը ձախողեցաւ, անտեղի է, որովհետեւ օրին Լիբանանի նկատմամբ հետաքրքրութիւն չկար»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Քաղաքացիական խաղաղութեան հարցը դադրեցաւ միայն տեղական առաջնահերթութիւն ըլլալէ եւ դարձաւ հարց մը, որ արաբական եւ միջազգային լայն աջակցութիւն կը վայելէ, եւ ներքին արձագանգի վերաբերեալ որեւէ սպառնալիք ամբողջական մերժումի պիտի արժանանայ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին. «Հարց կու տանք, թէ Հըզպալլայի վերջերս օգտագործած անօդաչու թռչող սարքերը ինչպէ՛ս մուտք գործեցին երկիր. նախապէս պահեստաւորուա՞ծ էին, թէ վերջերս մուտք գործեցին, եւ ինչպէ՞ս անոնք մուտք գործեցին սահմաններուն վրայ որդեգրուած խիստ քայլերու պայմաններուն մէջ»:

. ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ արուարձաններէն աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Յուղարկաւորութիւններու ընթացքին կրակոցի երեւոյթը բեռի վերածուեցաւ ինքնին Հըզպալլայի եւ անոր համակիր զանգուածին համար, որ այլեւս զայն յստակ կերպով կը մերժէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շէյխ Նայիմ Քասեմ իր դժգոհութիւնը յայտնած է սէյիտ Հասան Նասրալլայի որդիներէն մէկուն նկատմամբ` տեղահանուածներու համար նուիրատուութիւններ հաւաքելու կապակցութեամբ, ինչ որ, ի վերջոյ, յանգեցուցած է ընկերային ցանցերու  վրայ անոր յայտնուելուն սահմանափակման»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ ներկայ հակամարտութիւնը իրականութեան մէջ ներքին է եւ կը վերաբերի այն հարցին, թէ պատերազմի աւարտէն ետք ո՛վ երկրին պիտի իշխէ»:

. ԸՍՏ «Անպա» օրաթերթին. «Վարչապետին թիկնապահներն ու վարչապետարանին ապահովական մարմինը կ՛ամրապնդեն Սալամի տեղափոխութիւններուն ընթացքին ապահովական քայլերը: Ան այլեւս քողարկման համար կ՛օգտագործէ մէկ կամ երկու յաւելեալ շքախումբ, երբ նախապէս միայն մէկ շքախումբով կը շրջագայէր»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Վարչապետ Սալամ շաբաթ օր Դամասկոսի հետ բանակցութիւններ պիտի վարէ: Անոր պիտի ընկերակցին փոխվարչապետ Թարեք Մըթրին եւ շարք մը նախարարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր սուրիացի պաշտօնակիցին հետ պիտի քննարկէ իր նախարարութեան առնչուած թղթածրարներ»:

 

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլ Աունը

Յաջորդը

Սալամ. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու Չենք Երթար, Այլ` Դէպի Խաղաղութիւն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.