Մայիս 6-ը Լիբանանի պատմութեան տխուր էջերէն մէկն է: Չսպիացող վէրք մը, որուն մէջ իրարու խառնուած են` արիւն, սով, պայքար եւ… մոռացութիւն:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի թէժ օրերուն, երբ օսմանեան Թուրքիան իր երկաթեայ բռունցքով կը սեղմէր Միջին Արեւելքը, Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղաններու ստուերը կը ծածկէր ամէն անկիւն:
Մտաւորականներ, գրողներ, լրագրողներ, քաղաքական դէմքեր` ազգային գիտակցութիւնը մարմնաւորող սերունդ մը ամբողջ, խափանուեցաւ մահուան ճիրաններուն մէջ:
Կախաղանները փորձեցին խեղդել ժողովուրդին միտքը, ազատութեան ոգին, ինքնագիտակցութիւնը:
Մահն ու սարսափը դարձան առօրեայ` փոխարինելով խաղաղ կենցաղը: Անողոք սովը խլեց հազարաւոր լիբանանցիներու կեանքը: Համաճարակը ամբողջացուց մահուան շղթան:
Ազգային այս անջնջելի փաստերը արձանագրուած են մամուլի եւ պատմութեան էջերուն մէջ: Անոնք կը մնան անուրանալի ողբերգութեան պատմական վկայութիւնը:
Օսմանեան բարբարոսութեան այս ձեռագիրը ծանօթ է հայ ժողովուրդին: Լիբանանի ժողովուրդին փորձառութիւնը մենք ճանչցանք մեր սեփական պատմութեան խորքէն` Հայոց ցեղասպանութեամբ: Երկու ողբերգութիւններ, տարբեր երկիրներ, բայց` միեւնոյն ձեռագիրը:
Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Լիբանանի նահատակներու յիշատակը նոյն գիրքին տարբեր էջերն են: Մէկ քաղաքական մտածողութիւն, մէկ բռնութեան տրամաբանութիւն` ժողովուրդներու կամքը կոտրելու, մտաւորական շերտը վերացնելու եւ ապա պատմութիւնը վերաշարադրելու փորձով:
Պաշտօնական Լիբանանը երկար տարիներ կ՛ոգեկոչէր մայիս 6-ի նահատակներուն յիշատակը: Երկրի նախագահը, վարչապետը եւ պետական բարձրագոյն դէմքերը, համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ միասին, կու գային Նահատակաց հրապարակ` խոնարհելու հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակներու յուշարձանին առջեւ: Պատմութեան գիրքերուն մէջ մանրամասն արձանագրուած էին 1914-1917 լիբանանցի ժողովուրդին կրած տառապանքները: Մէկ առ մէկ կը յիշատակէինք Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան բարձրացած նահատակները…
Սակայն լիբանանցիներուն յիշողութիւնը նոյնպէս տեղի տուաւ արտաքին ճնշումներու առջեւ:
1990-ականներուն Լիբանան վտանգաւոր դիւանագիտական «հաւասարակշռութիւն» մը ընտրեց Թուրքիոյ հետ, որուն գինը եղաւ ճշմարտութեան զոհաբերումը:
Կառավարութեան որոշումով մայիս 6-ը վերաձեւակերպուեցաւ «Մամլոյ նահատակներու յիշատակի օր»` փոխելով անոր նախնական խորհուրդը: Կատարուածը պարզ անուանափոխութիւն մը չէր, այլ` ուրացում: Մայիս 6-ը զրկուեցաւ իր նախնական պատմական եւ խորհրդանշական բովանդակութենէն:
Ուրացում` կախաղան բարձրացած ազգային խղճի ձայնէն: Ուրացում` սովամահ ժողովուրդի մը ճակատագրէն: Ուրացում` պատմութեան ճշմարտութենէն:
Պատմական յիշողութիւնը դիւանագիտական հաճոյախօսութեան հետ փոխանակող իշխանութիւնը անպայման կը կորսնցնէ իր բարոյական ողնաշարը:
Այսօր մտահոգիչ իրականութիւն մը պարզուած է մեր առջեւ:
Սերունդներ կ՛աճին գրեթէ անտեղեակ մայիս 6-ի խորհուրդէն: Արարողութիւններու հաւանաբար հետեւին` առանց ըմբռնելու անոնց խորքը: Շատեր տեղեակ անգամ չեն փոփոխութենէն:
Լիբանան հեռացած է մայիս 6-ի նահատակներուն պատգամէն:
Հարցը պարզ է, բայց` ծանր. ո՞վ կրկին անգամ լռեցուց մայիս 6-ի նահատակները… Պատմական բռնութեան յիշողութիւնը եւ ժամանակակից լռութիւնը` վտանգաւոր համադրութիւն մը:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս լռութիւնը: Ե՞րբ պիտի վերականգնենք մայիս 6-ի իրական խորհուրդը:
Պատմական յուշատօնը միայն յիշեցում չէ, այլ սերունդներուն աւանդութիւն փոխանցող կենդանի կամուրջ մը` հայրենիքին ու հայրենի հողին հետ զանոնք կապելու, հայրենիքի համար ապրելու ու շնչելու գիտակցութիւն ձեւաւորելու համար: Անիկա այն պահն է, երբ ժամանակը կը խտանայ, անցեալը կը դադրի հեռաւոր ըլլալէ` դառնալով ներկայ, շօշափելի եւ ազդու իրականութիւն:
Յուշատօնը նաեւ պատասխանատուութիւն է անցեալին հանդէպ, պարտաւորութիւն` ապագայի առջեւ, պահպանելու եւ փոխանցելու պատմական գիտակցութիւնը:
Յուշատօնը ինքնութեան պահապան ու ազգային արժէքներու խարիսխ է, եւ միաժամանակ` լուռ դիմադրութիւն մոռացութեան եւ անտարբերութեան դէմ:
Յուշատօներու պահպանումը չի սահմանափակուիր արարողակարգերով. անոնց իրական կենսունակութիւնը կը ծնի մարդոց գիտակցութեան եւ ապրումին մէջ, երբ անոնք կը դառնան կրթութեան մաս, կը ներթափանցեն դպրոցներ, ընտանիքներ եւ մշակութային կեանք: Անոնց մասին պէտք է խօսիլ պաշտօնական բեմերէն, առօրեայ զրոյցներուն ընթացքին, որպէսզի երիտասարդութիւնը ընկալէ եւ զգայ այդ օրերու խոր իմաստը` առանց խեղաթիւրելու էութիւնը:
Յուշատօնը հրաւէր մըն է` պատմութեան էջերը իմաստաւորելու, զանոնք կենդանի դարձնելու: Պայքարը շարունակելու բարոյական պատասխանատուութիւն մը:
Այդ գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ զանոնք կը յիշենք: Անուններ, որոնք կը պարտադրեն մեզի պահել հայրենիքը` իր ամբողջ բովանդակութեամբ:
Լիբանանցիներուն ուղղուած այս պատգամը պարզ է եւ ծանր` միաժամանակ. տէր կանգնիլ իրենց հայրենիքին, չդառնալ այլոց քաղաքական հաշիւներու գործիք կամ հարթակ, պահպանել ու գօտեպնդել համակեցութեան ոգին, որ այս երկրի գոյութեան հիմնաքարն է:
Մայիս 6-ի նահատակները ինկան հայրենիքի գաղափարին ու պատասխանատուութեան համար` արժանանալով ժողովուրդի յարգանքին, եւ պատմութեան մէջ պիտի գրաւեն իրենց արժանի տեղը:



