Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Առաքելութիւնը Առկախուած Է, Բայց Անպայման Պիտի Կայանայ Եւ Շարունակուի», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Պերճ Աբգարեան

May 5, 2026
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան աշխատանքները ծանօթ են լիբանանահայութեան: Լիբանանահայ համայնքի բոլոր շրջանակներուն,  դարմանատուներուն, առողջապահական կեդրոններուն եւ ընկերային ծառայութիւններուն ճամբով ժողովրդանպատակ աշխատանքներ եւ օժանդակութիւններ տրամադրած եւ մանաւանդ հետեւողական ձեւով զանոնք իրականացուցած առաքելութեան պատասխանատու, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին հետ «Ազդակ» հեռակայ հարցազրոյց մը ունեցաւ, որ կը ներկայացնենք ստորեւ:

«ԱԶԴԱԿ».- Մօտիկ ապագային Լիբանան այցելելու ծրագիր գոյութիւն ունէր յատուկ առաքելութեամբ: Խնդրեմ խօսինք այդ մասին:

ՊԵՐՃ ԱԲԳԱՐԵԱՆ.- Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Ազդակ»-ին, որ այս առիթը ստեղծեց կրկին, որպէսզի կարողանանք վերստին հաղորդակցիլ լիբանանահայութեան հետ եւ տեղեակ պահել զիրենք բժշկական առաքելութեան մասին:

Անցեալ տարի մեր չորրորդ բժշկական առաքելութեան աւարտին արդէն իսկ որոշած էինք, որ 1 մայիս 2026-ին վերստին իրականացնենք, այս պարագային, մեր հինգերորդ բժշկական առաքելութիւնը Լիբանանի մէջ. նոյնիսկ ծրագրած էինք, որ մեր խումբը բաղկանար 24 մասնագէտ բժիշկներէ, եւ ճշդած էինք արդէն այլ մանրամասնութիւններ: Մեր ծրագիրը պիտի իրականացնէինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ, հետեւաբար այս ուղղութեամբ կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել կաթողիկոսին: Մենք կատարեցինք նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները` վեց ամսուան ընթացքին ապահովելով դեղորայք, սարքաւորումներ եւ բժշկական պիտոյքներ ոչ միայն Լիբանանի զանազան կեդրոններու, այլ նաեւ հալէպահայութեան համար, գործակցելով Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի հետ: Ամէն ինչ ապահովեցինք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ, այնպիսի քանակով, որ իսկապէս ազդեցիկ ու առաւելագոյնս օգտակար ըլլայ, եւ ոչ թէ պարզապէս մեր պարտականութիւնը կատարած ըլլալու տպաւորութիւն ձգէ:

Դժբախտաբար փետրուար ամսուան վերջաւորութեան եւ մարտի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի մէջ քաղաքական անկայունութիւնն ու պատերազմական վիճակի ստեղծումը հարցական պատկեր ստեղծեց մեզի համար, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներու պետական համապատասխան կառոյցները թելադրեցին ամերիկահպատակներուն չմեկնիլ Լիբանան: Պահ մը պատկերացուցէք մեր հոգեվիճակը, մենք այդ աշխատանքները իրականացուցած էինք, սակայն ելք մը չկար այդ հանգոյցը լուծելու: Բոլորս ալ գիտակից ենք, որ աշխատանքը պէտք է շարունակուի, եւ մենք ըլլանք լիբանանահայութեան կողքին,  յատկապէս` դժուար օրերուն: Յանձնառութեան, գիտակցութեան եւ անխտիր բոլորին հանդէպ ծառայութեան ոգին ճնշող էր այս առումով, ինչ որ նաեւ մեր առաքելութեան հիմնական սկզբունքներն են: Նաեւ տեղեկացնեմ, որ բժշկական առաքելութեան ծիրին մէջ կար Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հետ համագործակցութիւն` թէ՛ սարքաւորումներու եւ թէ՛ դեղորայքի նուիրում: Անշուշտ իրենց հետ ալ կապուեցանք ու պարզապէս զիրենք ալ տեղեակ պահեցինք, որ անհնար է այս պայմաններուն մէջ մեկնիլ Լիբանան եւ բժշկական առաքելութիւն մատուցել:

«Ա.».- Միշտ ալ մօտիկ եղած էք լիբանանահայութեան, Լիբանանին, որ այսօր անգամ մը եւս կ՛ապրի ծանր օրեր, ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք լիբանանահայութեան, որուն մտերիմ բարեկամը դարձած էք արդէն:

Պ. Ա.- Քանի մը տարի առաջ տեղի ունեցած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը յատկանշական օր էր ոչ միայն այն առումով, թէ ի՛նչ մեծ աւեր գործեց, այլ միեւնոյն ժամանակ մեր մէջ կայծ ստեղծեց, թէ պէտք չէ կեդրոնանալ միայն որոշ երկիրներու վրայ, այլ նաեւ անհրաժեշտ է մեր ուշադրութիւնը սեւեռել լիբանանահայութեան վրայ: Ճիշդ այս պատճառով 2022-էն ի վեր կը շարունակենք իրականացնել մեր առաքելութիւնը, որուն մէջ ներառուած են նաեւ ոչ հայ ամերիկահպատակ կամաւոր բժիշկներ, ընկերային ծառայողներ, վարժողական ծրագիրներու մասնագէտներ: Ուրեմն 5-րդ գործողումն է, որ պատերազմական պատճառներով կ՛առկախուի. վստահ եմ եւ համոզուած, որ անիկա անպայման տեղի պիտի ունենայ յառաջիկային, երբ նուազագոյն յարմար պայմանները ստեղծուին:

Նախապէս «Ազդակ»-ի ճամբով արդէն յայտարարած էինք եւ հիմա կը վերաշեշտենք,  որ մեր կատարածը ո՛չ պարտաւորութիւն է եւ ո՛չ ալ պարտականութիւն, այլ` ծառայութիւն եւ հոգեկան գոհունակութիւն, ինչ կարողութիւն, որ մեզի տրուած է Աստուծոյ կողմէ, պիտի բաժնեկցինք լիբանանահայութեան հետ: Անտարբերութիւնը մաս չի կազմեր մեր առաքելութեան բառարանին:

«Ա.».- Ձեր առաքելութեան աշխարհագրութիւնը` Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա: Հոն, ուր մեր ժողովուրդը կարիք ունի նման օժանդակութիւններու: Ի՞նչ են յառաջիկայ ծրագիրները այս ուղղութիւններով:

Պ. Ա.- Հազիւ խաղաղ կացութիւն ստեղծուած եւ պայմանները ներած` մենք գործադրութեան պիտի դնենք այն, ինչ որ ամիսներ շարունակ ծրագրած, մշակած ենք, աւելի՛ն, հսկայական ծաւալի բժշկական դեղորայք, սարքաւորում ապահոված ենք արդէն:

Մենք կ՛աղօթենք եւ Աստուծմէ կը խնդրենք խաղաղութիւն աշխարհին, որպէսզի այս կազմակերպուած մարդասիրական աշխատանքները ի գործ դրուին եւ յաջողութեամբ արդիւնաւորուին` իբրեւ նեցուկ մեր հայորդիներուն, որոնք այսօր դժուար կացութեան մէջ յայտնուած են:

«Ա.».- Այսօր ամբողջ աշխարհը պատերազմներով եւ անկայունութեամբ ողողուած է: Դուք` իբրեւ մարդասիրական ծառայութեան լծուած անձ, ի՞նչ կը մտածէք այս բոլորին մէջ մարդասիրութեան մասին, երբ յաճախ մարդկային արժէքները կ՛ոտնակոխուին:

Պ. Ա.- Կ՛ապրինք այնպիսի պայմաններու մէջ, մանաւանդ` լիբանանահայութիւնը, որ ամէնօրեայ ձեր կեանքին մէջ վտանգի տակ կը գտնուիք, մնայուն մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման: Կարելի է երեւակայել այդ վտանգի կամ մտահոգութեան տարողութիւնը` հոգեբանական, նիւթական թէ ընտանեկան, որ կը տիրէ յատկապէս հարաւի կամ Պէյրութի անապահով շրջաններուն մէջ ապրողներուն մօտ, իսկապէս մտահոգիչ է կացութիւնը:

Այս փուլին մեր նպատակը, հակառակ դժուարութիւններուն, լաւատեսական ներշնչում փոխանցելն է եւ անոր հիմամբ յոյս պահպանելը: Մեր առաքելութիւնը, առկախուած է, բայց չէ ջնջուած: Անիկա պիտի շաունակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի հովանաւորութեամբ եւ մեր առաքելութեան բոլոր մասնակիցներուն նուիրուած աշխատանքով: Ակամայ այս յետաձգումը որեւէ թիւր տպաւորութիւն պէտք չէ ստեղծէ: Մենք լիբանանահայութեան կողքին ենք եւ պատրաստ` բոլոր շրջանակներուն անխտիր մեր օժանդակութիւններու տրամադրումը շարունակելու:

 

Նախորդը

Այցելութիւն Արեւմտեան Թրակիա «Մի՛ Մոռնաք Մեզ»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Եւ Տիթրոյիթ Հասան Կիսաւարտական

RelatedPosts

«Այս Ժապաւէնին Մէջ Դրել Եմ Իմ Ամբողջ  Զգացական Աշխարհս, Ապրումներս, Ցաւս Եւ Յոյսս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան
Հարցազրոյց

«Այս Ժապաւէնին Մէջ Դրել Եմ Իմ Ամբողջ Զգացական Աշխարհս, Ապրումներս, Ցաւս Եւ Յոյսս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան

September 26, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»
Հարցազրոյց

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.