. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իսայի առաքելութիւնը իր ընտրուած ժամանակով առիթ մըն էր փոխանցելու, թէ Ուաշինկթըն կառչած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան առաջնորդող ուղղակի բանակցութիւններու հասնելու կարեւորութեան»:
. ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւ Նեթանիահուի միջեւ հանդիպումը բացառուած է, նախագահ Աուն այդ առնչութեամբ շարք մը կեցուածքներ յայտնեց, եւ նոյնիսկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը բացառուած է»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն տակաւին կառչած է իր դիրքորոշումին, թէ անհրաժեշտ է շարունակել բանակցային հոլովոյթը, որովհետեւ անիկա անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման միակ ուղին է, սակայն նաեւ չ՛ուզեր հետզհետէ մագլցում արձանագրող իսրայէլեան յարձակումներու պայմաններուն մէջ Ուաշինկթըն մեկնիլ եւ լիարժէք զինադադարի հաստատման անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Այն Թինէի շրջանակները, մէջբերելով խորհրդարանի նախագահ Պըրրին, կը յայտնեն. «Այսպէս կոչուած զինադադարը Իսրայէլին առիթ ընծայեց իր յարձակումը շարունակելու եւ աննախադէպ տարողութեամբ ջարդեր գործելու, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Պաապտայի պալատին մէջ նախատեսուած եռակողմ հանդիպումը պիտի յետաձգուի»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, երկու դիրքերու միջեւ կառուցային փոփոխութիւն չէ, այլ նուրբ փուլի մը կառավարման շուրջ մօտեցումներու տարբերութիւն մը, որովհետեւ Աունի եւ Պըրրիի միջեւ հաղորդակցութեան կապերը տակաւին բարձրագոյն մակարդակով բաց են եւ որեւէ պայմանի տակ պիտի չփակուին»:
. ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ շրջանակները «Անպա» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դադրեցուց իր ջանքերը` բողոքելով Լիբանանի դէմ պատերազմի շարունակման դէմ եւ մերժելով կրակոցի տակ ուղղակի բանակցութիւններու գաղափարը»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումներու ծիրը ընդլայնեցաւ, երկու կողմերը զինադադարը չեն յարգեր, եւ Հըզպալլան տակաւին կը մերժէ ուղղակի բանակցութիւններն ու իր զէնքը յանձնելը, ինչպէս նաեւ այն կարծիքը ունի, թէ յարձակումին շարունակութիւնը կ՛արդարացնէ իր զէնքին կառչելու անհրաժեշտութեան իր նպատակը»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակէն աղբիւրներ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին. «Հարաւային Լիբանանի մէջ շփոթահար կերպով կը գործենք. ո՛չ կրնանք յառաջանալ, ո՛չ ալ նահանջել»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակը կը խոստովանի, թէ իր ուժերը Հըզպալլայի հետզհետէ աճող անօդաչու թռչող սարքերու սպառնալիքէն ետք ռազմավարական թակարդ մը կ՛ապրին»:


