Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, շաբաթ, 25 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, միաբան հայրերու խումբ մը` գլխաւորութեամբ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեանի, այցելեց Ազունիէ, ուր Ազգային բուժարանի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ սեղանի վերաօծումը եւ տէրունի սրբապատկերի օծումը:
Սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգային բուժարանի խնամակալութեան անդամները եւ տեղւոյն հոգատարութեան յանձնուած մեծ հայրիկներ ու մայրիկներ: Արարողութեան միացան նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի քահանայ հայրեր:
Սաղմոսներով եւ աստուածաշնչական ընթերցումներով հարստացած արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ աւանդական լուացումը` գինիով եւ ջուրով, ուղեկցութեամբ շարականներու մեղեդային երգեցողութեան: Ապա, վերաօծման եւ օծման հոգեթով աղօթքներու ներքոյ, Տաճատ եպիսկոպոս Սուրբ միւռոնով օծեց Սուրբ սեղանը, ինչպէս նաեւ տէրունի սրբապատկերին ճակատը եւ աջ ու ձախ կողմերը:
Արարողութեան աւարտին, սրբազան հայրը շնորհաւորեց ներկաները եւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց սրբապատկերի նուիրատուին, լիբանանահայ արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի քրոջ դստեր` Թալին Գանլէճեանի, մատրան վերանորոգութեան նիւթապէս աջակցողներուն, ինչպէս նաեւ Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան, որոնք սիրայօժար կերպով ընդունեցին այս նախաձեռնութիւնը` պահպանելու եւ վառ պահելու հաւատքի ոգին այնտեղ բնակող մեր մայրիկներուն ու հայրիկներուն կեանքին մէջ: Ան ընդգծեց, թէ մատրան մէջ Ս. պատարագներու մատուցումը պիտի նպաստէ անոնց հոգեւորապէս զօրացման եւ ներքին խաղաղութեան: Այս առիթով սրբազան հայրը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:



