Եւրոպական խորհրդարանը «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան» բանաձեւով կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Արցախի հայերու իրաւունքներուն, ներառեալ անոնց ինքնութեան, սեփականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը` համապատասխան միջազգային երաշխիքներու տակ:
Եւրոպական խորհրդարանը 476 թեր, 47 դէմ, 48 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան» բանաձեւի նախագիծը:
Բանաձեւին մէջ ամրագրումներ կան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընտրութիւններու ծիրին մէջ աջակցութեան տրամադրման, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ խառնածին յարձակումներուն դիմակայելու վերաբերեալ աջակցութեան մասին: Բանաձեւով նաեւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղուի ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիները:
Բանաձեւով Եւրոպական խորհրդարանը կը վերահաստատէ իր վստահութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններու յանձնառութեան նկատմամբ` ապահովելու ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ, կ՛արտայայտէ իր աջակցութիւնը անոնց ջանքերուն` պաշտպանելու ժողովրդավարական հաստատութիւնները արտաքին միջամտութիւններէն. «Եւրոպական խորհրդարանը կ՛արտայայտէ իր լիակատար աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ 2026-ի յունիսին նախատեսուող ազատ, արդար, մրցակցային եւ խաղաղ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնց արդիւնքը պէտք է որոշէ բացառապէս հայ ժողովուրդը»:
Եւրոպական խորհրդարանը իր որդեգրած բանաձեւով կ՛ընդգծէ ընտրական վարչարարութեան անկախութեան, բոլոր թեկնածուներուն համար հաւասար քարոզարշաւային պայմաններու, լրատուամիջոցներու բազմակարծութեան եւ ընտրական ամբողջ հոլովոյթի ընթացքին հիմնարար ազատութիւններու լիարժէք պահպանման կարեւորութիւնը. «Եւրոպական խորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ ապահովելու արդիւնաւէտ երաշխիքներ ապատեղեկատուութեան, ապօրինի ֆինանսաւորման, քուէներու գնման եւ ճնշումներու դէմ, ինչպէս նաեւ ուժեղացնելու ընտրական ենթակառոյցներու պաշտպանութիւնը, ապահովելու քարոզարշաւի ֆինանսաւորման թափանցիկութիւնը եւ աջակցելու փաստերու ստուգման նախաձեռնութիւններուն ու քաղաքային հասարակութեան, ներառեալ տեղեկատուութեան փոխանակման եւ կանուխ նախազգուշացման մեքանիզմներու միջոցով: Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ ՖԻՄԻ-ն, ապատեղեկատուական արշաւները եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած այլ խառնածին սպառնալիքները, յատկապէս` Ռուսիայէն եւ անոր գործակատարներէն բխող, ներառեալ համացանցային յարձակումներու, ապօրինի քաղաքական ֆինանսաւորման եւ ներքին դերակատարներու, ներառեալ սակաւապետական ցանցերու օգտագործումով այս սպառնալիքներու ուժեղացումը»:
Բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի, որ այս սպառնալիքները ունին կառուցուածքային եւ երկարաժամկէտ բնոյթ, եւ անհրաժեշտ են շարունակական ջանքեր` ընտրական շրջափակումէն դուրս եւս ժողովրդավարական դիմակայունութիւնը ամրապնդելու համար:
Եւրոպական խորհրդարանը կ՛ողջունէ այս առումով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ստեղծումը եւ կոչ կ՛ուղղէ ուժեղացնելու Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը` ռազմավարական հաղորդակցութեան, մետիագրագիտութեան, համացանցային անվտանգութեան ոլորտին մէջ կարողութիւններու զարգացման եւ առցանց հարթակներու հետ կառուցուածային համագործակցութեան միջոցով:
Հայաստանի իշխանութիններուն կոչ կ՛ուղղէ ապահովելու ընդդիմութեան իրաւունքներու լիարժէք յարգում, դատական անկախութիւն եւ խօսքի ազատութիւն:
Արձանագրելով Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու մէջ «ուժեղ յառաջընթաց», բանաձեւին մէջ միեւնոյն ժամանակ ամրագրուած է. «Եւրոպական խորհրդարանը կ՛արձանագրէ Հայաստանի մէջ մեծաթիւ ռուսական համայնքի, ներառեալ` երկքաղաքացի անձերու ներկայութեան հետ կապուած յատուկ մարտահրաւէրները եւ կ՛ընդգծէ զգօնութեան անհրաժեշտութիւնը` կանխարգիլելու այս իրավիճակի հաւանական օգտագործումը ընտրական միջամտութեան նպատակով»:
Անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթներուն: Եւրոպական խորրդարանը կ՛աջակցի Հայաստանի շարունակական ջանքերուն` ուղղուած խաղաղութեան, հաշտեցման եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման: «Խորհրդարանը կ՛ողջունէ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը եւ երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ շարժելու դէպի համապարփակ, իրաւաբանօրէն պարտադիր ուժ ունեցող խաղաղութեան համաձայնագիր: Կ՛ընդգծէ, որ որեւէ կայուն խաղաղութիւն պէտք է հիմնուած ըլլայ գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ»:
Եւրոպական խորհրդարանը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներուն` ներառեալ անոնց ինքնութեան, սեփականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը` համապատասխան միջազգային երաշխիքներու տակ. «Եւրոպական խորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ պատասխանատուութեան ենթարկելու հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման համար պատասխանատուները եւ իրականացնելու միջազգային գնահատման առաքելութիւն: Կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատերազմական գերիներու, կալանաւորուած անձերու եւ պատանդներու անարդար կալանաւորումը, կը պահանջէ անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը, կոչ կ՛ուղղէ իրականացնելու վստահութեան ամրապնդման լրացուցիչ քայլեր, լիարժէքօրէն յարգելու միջազգային մարդասիրական օրէնքը եւ մարդու իրաւունքները»:
Բանաձեւով նաեւ կոչ կ՛ուղղուի Եւրոպական ՄԻութեան ընդլայնելու Հայաստանի համար ֆինանսական եւ թեքնիք աջակցութիւնը, ներառեալ դիմակայունութեան եւ աճի ծրագիրի միջոցով` կեդրոնանալով հաստատութենական դիմակայունութեան ամրապնդման, ուժանիւթային անվտանգութեան, թուային կառավարման եւ տնտեսական բազմազանութեան վրայ, ինչպէս նաեւ նուազեցնելու կառուցուածքային կախուածութիւնները ռազմավարական կարեւոր ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են ուժանիւթը, փոխադրութիւնը եւ ենթակառոյցները:
Բանաձեւին մէջ նաեւ կայ կէտ մը նուիրուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն. «Խորհրդարանը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած շարունակական ջանքերը` իբրեւ շրջանային կայունութեան, հաշտեցման եւ կապակցուածութեան կարեւոր բաղադրիչ, երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ շարունակելու բարեխիղճ ներգրաւուածութիւնը վստահութեան ամրապնդման հետագայ քայլերուն մէջ, ներառեալ սահմաններու բացումը` իբրեւ շրջանային կայունութեան, հաշտեցման եւ կապակցուածութեան կարեւոր ներդրում»:


