. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ. «Ամէնէն մտահոգիչը պետութեան տրամաբանութեան ու դիմադրութեան տրամաբանութեան միջեւ «ապահարզանը» զիրար դաւաճանութեամբ ամբաստանելու հռետորաբանութեան ճամբով իր գագաթնակէտին հասնիլն է, եւ այս վէճը կը տկարացնէ բանակցային դիրքը, եւ կ՛անդամալուծէ պետութեան որեւէ իսկական վճռական որոշում տալու կարողութիւնը»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Արաբական ջանքերն ու ներքին միջնորդներու աշխատանքը տակաւին կը շարունակուին` բացերը կամրջելու եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ սերտ կապեր պահպանելու համար»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Քաղաքացիական խաղաղութիւնը ապահով է, եւ անոր նկատմամբ նուազագոյն վախն իսկ չկայ: Բանակը, ապահովական բոլոր մարմիններուն ընկերակցութեամբ, տարածուած է բոլոր շրջաններուն մէջ, եւ սահմանային բոլոր անցքերը վերահսկողութեան տակ են` մաքսանենգումը, մասնաւորաբար զէնքերու մաքսանենգումը արգիլելու համար»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Հանրապետութեան նախագահն ու անոր խորհրդականները ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատարին վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի մեր գործընկեր Հասան Օլլէյքը, անոր վերջին դիրքորոշումներուն եւ հանրապետութեան նախագահը քննադատելուն համար ձերբակալելու որոշում տայ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ երկրագործութեան նախարար Նիզար Հանի «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Լիբանանի երկրագործական տարածքներուն 22,5 առ հարիւրը պատերազմին պատճառով վնասուած է»:
Ան նաեւ նշեց. «Լիբանանի մէջ զէնքը շրջանային ծրագիրի կապուած է»:
. «ԷՍՈՇԻԷՅԹԸՏ ՓՐԵՍ» մէջբերելով ՄԱԿ-ը հաղորդեց, որ մեծաթիւ բնակիչներ տակաւին Լիբանանի տարբեր շրջաններ տեղահանուած կը մնան, եւ անոնցմէ 150 հազարը երկրին մէջ վրաններէ կազմուած գաղթակայաններու մէջ կ՛ապրին:
. ՍՆՆԴԵՂԷՆ ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պահսալի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Լիբանանեան շուկային եւ ներածողներու պահեստանոցներուն մէջ առատօրէն գոյութիւն ունին սննդեղէնի պաշարներ, որոնք բաւարար են մինչեւ երեք ամիս տեղական սպառումը բաւարարելու»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 6000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.391.000 լ.ո.-ի եւ 2.432.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 32000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.330.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.639.000 լ.ո.:


