Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունաթըտ ակումբը, որ Գ. դիրքին վրայ գրեթէ հաստատուած կը թուի ըլլալ եւ «Չեմփիընզ լիկ» վերադառնալ կը պատրաստուի յառաջիկայ տարեշրջանին, այժմէն կը մտածէ կարգ մը մարզիկներէ բաժնուելու մասին:
«Կարմիր սատանաներ»-ու շարքերէն կրնան հեռանալ Մէյսըն Մաունթ, Մանուէլ Ուկարթէ, Ճոշուա Զիրքզէ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Թրապիզոնսփորին փոխ տրուած քամերունցի բերդապահ Անտրէ Օնանա: Ըստ «Տը Սան»-ի տեղեկութիւններուն, Եունայթըտ այս ձեւով պիտի փորձէ կոկիկ գումար մը ապահովել եւ ամառնային փոխանցման պատուհանին խումբը զօրացնել աւելի կարեւոր խաղցողներ ներգրաւելով: Արդէն իսկ պրազիլցի Քասիմերոն պիտի լքէ Եունայթըտը:


