Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանի Ղեկավարութիւնը Անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին

April 29, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին, Յունաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը եւ քաղաքական աշխարհը հանդէս եկան զօրակցական արտայայտութիւններով: Հանրապետութեան նախագահ Քոնստանտինոս Թասուլաս հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Հայոց ցեղասպանութեան այսօրուան տխուր 111-րդ տարելիցին, կը յիշենք եւ կը յարգենք մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Ոչ միայն մարդոց յիշողութեան, այլ նաեւ մարդկային խիղճին առջեւ ազգային գերագոյն պարտաւորութիւն է վերականգնել պատմական ճշմարտութիւնը եւ մշտապէս զգօն ըլլալ` կանխելու համար նման ահաւոր յանցագործութիւնները ապագային, որ հայերուն պէս տուժած են նաեւ յոյները, ինչպէս նաեւ որեւէ արարք, որ գործով կամ խօսքով կը դրդէ խտրականութիւն, անհանդուրժողականութիւն եւ բռնութիւն: Մարդկութեան միակ ճանապարհը ուրիշ չէ, քան խաղաղութեան, համագոյակցութեան եւ արդարութեան ճամբան»:

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս ուղերձով մը յարգեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը. «Այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցենք 111 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին` մնալով զգօն` բռնութեան եւ անհանդուրժողականութեան բոլոր տեսակներուն դէմ: Յոյները եւ հայերը ժամանակի ընթացքին ունեցած են հասարակաց փորձառութիւններ: Ի վերջոյ, այստեղ ապաստան գտան հալածանքներու բազմաթիւ զոհերը: Անոնք դարձան մեր ազգային հիւսուածքի մաս եւ մեր հասարակութեան ստեղծագործական թեւ: Այսպէս, անքակտելի կը մնայ երկու ժողովուրդներու յաւերժական ուղեւորութիւնը յանուն ճշմարտութեան, արժանապատուութեան եւ արդարութեան»:

Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիս իր ուղերձին մէջ ի միջի այլոց յայտնեց. «111 տարի անցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբէն:

Այդ օրը օսմանեան Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցան, չարչարանքներու ենթարկուեցան եւ սպաննուեցան հայ մտաւորականներու եւ առաջնորդներու մեծ մասը: Անոնց հետ միասին կախաղան բարձրացան հարիւրաւոր հայեր: «Հայերու ողջակիզումը» կը հաշուէ 1,5 միլիոն հայերու կեանքը` դառնալով աւելի շատերու տարագրութեան ու տառապանքի պատճառ: Այսուհանդերձ, 111 տարի ետք այս սարսափելի պատմական դէպքերէն, Թուրքիան կը շարունակէ յամառօրէն մերժել պատմական ճշմարտութիւնը»:

Նախարարներու կարգին, ուշագրաւ էին յայտարարութիւնները պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիասի եւ Ընկերային հարցերու նախարար Տոմնա Միխայիլիտուի: Երկու հայասէր քաղաքական անձերը իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին: Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտանքի յայտարարութիւններով հանդէս եկան «ՓԱՍՕՔ» կուսակցութեան նախագահ Նիքոս Անտրուլաքիս, «Սիրիզա» կուսակցութեան նախագահ Սոքրաթիս Ֆամելոս, «Յունական լուծում» կուսակցութեան պետ Քիրիաքոս Վելոփուլոս, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ եւ քաղաքապետներ:

Նշենք նաեւ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոս, որ վերջերս անբաղձալի նկատուեցաւ Ազրպէյճանի բռնատէր Ալիեւի կողմէ, Հայոց ցեղասպանութեան օրը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

 

Նախորդը

Այցելելով Շէյխ Խաթիպի` Պուխարի Քաղաքացիական Խաղաղութեան Ամրապնդման Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեց

Յաջորդը

Հայ-Թրքական Աշխատանքային Խումբի Հանդիպում` Գիւմրի-Կարս Երկաթուղիի Գործարկման Վերաբերեալ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.