Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեք Կուսակցութիւններու Միացեալ Յայտարարութիւն. Չճանչցուած Ցեղասպանութիւնը Տուն Կու Տայ Նորերու

April 27, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, Լիբանանի մէջ, մենք` հայկական երեք կուսակցութիւնները կը վերահաստատենք մեր նահատակներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը` կառչած մեր իրաւունքներուն եւ վճռական` շարունակելու պայքարը յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան:

Լիբանանէն` այն երկրէն, որ գրկեց մեր ժողովուրդը ջարդերէն ետք, կը յիշենք, թէ հայերը հասան իբրեւ տեղահանուածներ` ծանրաբեռնուած Ցեղասպանութեան ցաւերով, սակայն յաջողեցան վերականգնիլ եւ նպաստել այս երկրի կառուցման` դառնալով անոր հիւսուածքի անբաժանելի մասը: Լիբանանը պարզապէս ապաստան մը չէր, այլ գործընկեր` մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ շարունակութեան մէջ: Այս ծիրին մէջ կը յիշատակենք ցաւալի եւ որոշիչ փուլեր` Այնթուրայէն մինչեւ Ճիպէյլ, Սայտա եւ Սուր, որոնք ականատես եղան մեր մանուկներուն տառապանքին եւ մեր ժողովուրդի ապրելու կամքին ու դիմադրութեան:

Այս հիմամբ կը հաստատենք, որ մեր տառապանքը մեկուսացած չէ, այլ կը հատուի տառապանքին հետ լիբանանցի ժողովուրդին, որ նոյնպէս ճաշակած է պատերազմներու, ճգնաժամերու եւ յարձակումներու արհաւիրքները: Ցաւը մէկ է, ինչպէս նաեւ արժանապատուութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն խորհրդանշական կամ պատմական հարց չէ, այլ նաեւ օրինական եւ բարոյական պարտաւորութիւն է: Ցեղասպանութեան ժխտումը ոչ միայն կը ջնջէ անցեալը, այլ նաեւ կը խաթարէ միջազգային իրաւունքի հիմքերը եւ դուռ կը բանայ յանցագործութիւններու կրկնութեան առջեւ: Երբ յանցագործութիւնները կը մնան առանց հաշուետուութեան, անոնք կը վերածուին վտանգաւոր նախադէպի, որ կը սպառնայ ամբողջ մարդկութեան:

Այսօր, երբ ականատես կ՛ըլլանք իսրայէլեան յանցագործութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու, որոնք կը մնան առանց պատիժի, կը հաստատենք, որ միջազգային լռութիւնը եւ արդարութեան ապահովման ձախողութիւնը, ներառեալ Արցախի մէջ մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղային զտումը, կը կազմեն շարունակութիւնը անպատժելիութեան այն ուղեգիծին, որ անցեալին թոյլ տուաւ ցեղասպանութեան գործադրութեան:

Մենք միայն արդարութիւն չենք պահանջեր, այլ նաեւ կը պայքարինք անոր իրագործման համար:

Ցեղասպանութեան ճանաչումը կապուած չէ միայն անցեալին, այլ նաեւ անհրաժեշտութիւն է ապագան պաշտպանելու համար: Արդարութիւնը կը վերականգնէ զոհերուն արժանապատուութիւնը, կ՛ամրապնդէ միջազգային իրաւական կանոնները եւ կը ստիպէ ոեւէ յարձակողի մտածել բազմիցս` նախքան յանցագործութիւն կատարելը:

Մեր դատը ո՛չ խմբային է, ո՛չ ալ համայնքային, այլ` մարդկային արդար դատ է: Երբ ցեղասպանութիւնը կը ժխտուի որեւէ վայրի մէջ, ան կը դառնայ հնարաւոր ամէնուր: Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի տկարացման եւ արդարութեան ընտրովի կիրարկման պայմաններուն մէջ` մեծ պետութիւններու շահերուն համաձայն, կը մեծնան վտանգները փոքր ժողովուրդներուն նկատմամբ, եւ կը տիրէ մթնոլորտ մը, որ կը խրախուսէ բռնութիւնը` զայն զսպելու փոխարէն:

Լիբանանէն կը վերահաստատենք մեր կառչածութիւնը համակեցութեան արժէքներուն, երկխօսութեան եւ ատելութեան խօսքի մերժման: Լիբանանը իր ուժը կը քաղէ իր բազմազանութենէն եւ մեր կարողութենէն` դիմագրաւելու ցաւը առանց իյնալու անարդարութեան ծուղակը:

Վերջապէս, կը հաստատենք, որ աշխարհ մը, որ կը ձախողի ճանչնալ ցեղասպանութիւնը, աշխարհ մըն է, որ կը նախապատրաստէ անոր կրկնութիւնը:

Արդարութիւնը ընտրանք չէ, այլ անհրաժեշտութիւն:

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Նուիրուած Սուրբ Պատարագ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Յիշել, Յիշեցնել Եւ Պահանջել. Ա՛յս Պէտք Է Ըլլայ Ուխտը Իւրաքանչիւր Հայուն»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.