«Նեմեսիս»-ը Վերականգնեց
Մեր Արժանապատուութիւնը
«Նեմեսիս» գործողութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ փոխեց հայ ժողովուրդին ներքին զգացումը: Եթէ մինչ այդ շատերուն մէջ կար անարդարութեան, լռութեան ու կոտրած ըլլալու զգացումը, ապա անկէ ետք յառաջ եկաւ այն միտքը, որ` եթէ աշխարհը չ՛արձագանգեր, մենք ինքներս կրնանք ձայն ունենալ:
Անիկա կարեւոր էր նաեւ, որովհետեւ ցոյց տուաւ, որ յիշողութիւնը միայն անցեալը յիշել չէ, այլ նաեւ դիրքորոշում ունենալ է: Մարդիկ սկսան աւելի ուժեղ կապ զգալ իրենց պատմութեան հետ, եւ ատիկա դարձաւ ինքնութեան մէկ մասը:
«Նեմեսիս»-էն ետք փոխուեցաւ նաեւ վերաբերմունքը սեփական արժանապատուութեան հանդէպ: Հայերը այլեւս միայն զոհի կարգավիճակով չէին մտածեր իրենք իրենց մասին, այլ նաեւ իբրեւ մարդիկ, որոնք կրնան պայքարիլ, պատասխան պահանջել եւ ոտքի կանգնիլ իրենց իրաւունքներուն համար:
Բացի այս բոլորէն, փոխուեցաւ նաեւ մտածողութիւնը ապագային մասին: Յառաջացաւ աւելի յստակ գաղափար, թէ եթէ` «Դուն չպաշտպանես դուն քեզ եւ քու պատմութիւնդ, ուրիշը ատիկա չ՛ըներ»: Ասիկա ձեւաւորեց աւելի ուժեղ ազգային գիտակցութիւն:
Վերջապէս, «Նեմեսիս»-ը օգնեց, որ հայ ժողովուրդը վերագտնէ իր հաւատքը արդարութեան նկատմամբ եւ զգայ, որ ինք միայն անցեալի զոհը չէ, այլ նաեւ ապագան կերտող ուժ:
ՌԻԹԱ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ՊՄ
Մեր Ձայնը`
Արդարութեան Համար
Հայ պատանիին դերը հիմնարար նշանակութիւն ունի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը պահպանելու, պաշտպանելու եւ աշխարհին փոխանցելու մէջ: Այս պայքարը միայն անցեալի յիշողութիւն մը չէ, այլ կենդանի եւ շարունակուող պարտաւորութիւն, որ կը պահանջէ գիտակցութիւն, հետեւողականութիւն եւ նուիրում: Ամէն հայ պատանի պէտք է գիտակցի, թէ ինք պատասխանատու է իր ժողովուրդի պատմութիւնը կենդանի պահելու եւ արդարութեան ձայնը լսելի դարձնելու համար:
Առաջին հերթին, անհրաժեշտ է խորապէս սորվիլ մեր պատմութիւնը: Բաւարար չէ միայն դէպքերը գիտնալ, այլ պէտք է նաեւ հասկնալ անոնց պատճառներն ու հետեւանքները: Ճշգրիտ գիտելիքը կը զինէ պատանին, որպէսզի ան վստահութեամբ եւ համոզումով խօսի Ցեղասպանութեան մասին: Այս գիտելիքը պէտք է փոխանցուի ուրիշներուն` թէ՛ հայերուն, թէ՛ օտարներուն, պարզ, հասկնալի եւ վստահելի ձեւով:
Միեւնոյն ժամանակ, ճշմարտութիւնը պէտք է տարածուի առանց վարանելու: Լռութիւնը կ՛առաջնորդէ մոռացութեան եւ ժխտումի, մինչդեռ խօսքը կը պահպանէ յիշողութիւնը: Այսօրուան աշխարհին մէջ պատանիները բազմաթիւ միջոցներ ունին իրենց ձայնը լսելի դարձնելու: Ընկերային ցանցերը, գրութիւնները, քննարկումները եւ տարբեր հարթակներ կրնան ծառայել իբրեւ ազդեցիկ միջոցներ` ճշմարտութիւնը ներկայացնելու եւ ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարելու համար: Սակայն անհրաժեշտ է միշտ հիմնուիլ վստահելի աղբիւրներու վրայ եւ խուսափիլ սխալ տեղեկութիւն տարածելէ:
Հայ պատանին նաեւ պէտք է մասնակցի յիշատակի եւ ազգային ձեռնարկներուն: Այս մասնակցութիւնը ոչ միայն յարգանքի արտայայտութիւն է մեր նահատակներուն, այլ նաեւ հաւաքական յիշողութեան ամրապնդում: Յիշելը պայքար է, որովհետեւ մոռացութիւնը կը թուլացնէ արդարութեան պահանջը:
Բացի ատկէ, անհրաժեշտ է զարգացնել միասնականութեան եւ կազմակերպուածութեան ոգին: Անհատական ջանքերը կարեւոր են, բայց երբ պատանիները կը միանան եւ միասին կը գործեն, անոնք կը վերածուին աւելի ազդեցիկ ուժի: Կազմակերպուած աշխատանքով կարելի է աւելի նպատակասլաց կերպով ծրագրել քայլերը, հասնիլ աւելի լայն լսարանի եւ աւելի յստակ ձեւով արտայայտել պահանջները:
Արդարութեան հասնելու ճամբան դիւրին չէ եւ կը պահանջէ համբերութիւն ու հետեւողականութիւն: Հայ պատանին պէտք է պատրաստ ըլլայ երկարատեւ պայքարի` առանց յուսահատելու: Ճանաչման եւ հատուցման պահանջը պէտք է շարունակուի սերունդէ սերունդ, մինչեւ որ արդարութիւնը ամբողջութեամբ իրականանայ:
Միեւնոյն ժամանակ, կարեւոր է նաեւ բաց ըլլալ ուրիշ ժողովուրդներու հետ համագործակցութեան: Երբ տարբեր ազգեր կը միանան անարդարութեան դէմ, այդ պայքարը կ՛ունենայ աւելի մեծ ազդեցութիւն: Միջազգային գիտակցութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ ճշմարտութեան ընդունման եւ ճանաչման մէջ:
Վերջապէս, հայ պատանին պէտք է գիտակցի, որ ինք միայն անցեալի պահապանը չէ, այլ նաեւ ապագայի կերտողը: Իր գիտելիքով, իր ձայնով եւ իր գործունէութեամբ ան կը շարունակէ պայքարը` յիշելու, ճանաչում ապահովելու եւ արդարութիւն պահանջելու համար: Այս ճամբուն վրայ ան կը դառնայ իր ժողովուրդին արժանապատիւ ներկայացուցիչը եւ պատմութեան հաւատարիմ պահապանը:
ԷԼԻԱՍ ՄԱԹԹԱ
ՀՅԴ «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ» ՊՄ
Պատմութեան
Դրուագները

Ճիշդ տասը տարի առաջ ապրիլի սկիզբը տեղի ունեցաւ Արցախի Քառօրեայ պատերազմը, որ աւարտեցաւ զինադադարի յայտարարութեամբ: Կարճ ժամանակ անց, Քառօրեային յաջորդեց Արցախի դէմ լայնածաւալ պատերազմ, որ աւարտեցաւ Արցախի հողային տարածքի կորուստով, հազարաւոր երիտասարդներու նահատակութեամբ, տեղահանութեամբ եւ թշնամիին ախորժակը անընդհատ սրող պահանջներով:
Դաշնակցական պատանին դպրոցին ու ակումբին մէջ, սորված ըլլալով պատմութեան դրուագներ, կը քաղէ այն պատգամը, որ հայուն կամքը ամուր է, կը պայքարի իր ինքնութեան ամրապնդման համար, որքան ալ պայմանները ըլլան ծանր ու դժուար:
Առ այդ, կրթութեան ու զարգացման պատասխանատուութեամբ հայ պատանին գիտակից կը դառնայ ազգային արժէքներուն, կը ձգտի նորութիւններ յայտնաբերել, պահանջատէր մնալով Հայաստանի ամբողջական դատին ազատագրման:
ԶՈՒԼԱԼ ԹԱՇՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ՅԱՌԱՋ» ՊՄ
Յիշողութիւնը
Մեր Ուժն Է
Ապրիլ 24-ը մեզի համար անմոռանալի օր մըն է: Ամէն տարի այս օրը մենք կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն ընթացքին 1.5 միլիոն հայեր ջարդուեցան: Այս օրը տխուր է, որովհետեւ կը յիշենք անմեղ հայեր, ընտանիքներ եւ երեխաներ, որոնք տեղահանուեցան, շատեր որբ մնացին, իսկ մայրեր երբեմն ստիպուած եղան իրենց զաւակներէն հեռանալ: Ապրիլ 24-ը, սակայն, միայն սուգի օր չէ: Ան նաեւ վերածաղկումի, պայքարի եւ յոյսի օր մըն է:
Իսկ այսօր Թուրքիան տակաւին կը փորձէ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Հայաստանի հետ, բայց կը մերժէ ընդունիլ իր կատարած Ցեղասպանութիւնը:
Անցած են արդէն 111 տարիներ, բայց մենք տակաւին կը պայքարինք մեր իրաւունքներուն ու մեր հողերուն համար:
Պէտք չէ միայն Ապրիլ 24-ին յիշենք մեր ազգին ցաւերը: Ամէն օր պէտք է յիշենք ու պահանջենք: Թրքական արտադրութիւնները քաջալերելը եւ թրքական ժապաւէններ դիտելը անտեսում են մեր յիշողութեան, ցաւին ու տառապանքին:
ՆՈՒՇԻԿ ԷԼԷՅՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ» ՊՄ
«Նեմեսիս»-ը` Վրէժի Հատուցումը
Եւ Հայուն Կամքը

«Նեմեսիս» գործողութիւնը սկսաւ 1920-ին, երբ ՀՅԴ-ի ղեկավարները պատրաստեցին Ցեղասպանութեան պատասխանատուներուն ցանկը: Նպատակը յստակ էր. անոնք, որոնք հրամայած էին մեր ժողովուրդին բնաջնջումը, պէտք էր ստանային իրենց արդար պատիժը:
Գործողութիւնը վստահաբար ունեցաւ տարիներու լուրջ պատրաստութիւն: Մեր վրիժառուները ղրկուեցան տարբեր քաղաքներ` Պերլին, Թիֆլիս, Հռոմ… Անոնք գաղտնի կերպով կ՛ուսումնասիրէին իրենց թիրախները, կը հետեւէին անոնց ամէն մէկ քայլին ու կը սպասէին յարմար ժամանակին:
Թեհլիրեանէն զատ, ուրիշներ ալ յաջողութեամբ կատարեցին իրենց առաքելութիւնը: Ստեփան Ծաղիկեանը, Արտաշէս Գէորգեանը եւ Պետրոս Տէր Պօղոսեանը սպաննեցին Ճեմալ փաշան Թիֆլիսին մէջ, իսկ Արշաւիր Շիրակեանը սպաննեց Սայիտ Հալիմ, շարքը երկար է: Այս քայլերով հայութիւնը աշխարհին ցոյց տուաւ, որ ինք չի մոռնար իր կրած ցաւը եւ պատրաստ է պայքարելու մինչեւ վերջ:
Թէեւ «Նեմեսիս»-ը աւարտեցաւ, բայց անոր ձգած պատգամը կը մնայ: Անիկա փաստեց, որ նոյնիսկ ամէնէն դժուար պահերուն հայը ունի կամքն ու ուժը իր իրաւունքը վերականգնելու:
ԿԱՐԷՆ ԱՐԵՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ՍԵՐՈԲ ԱՂԲԻՒՐ» ՊՄ
«Նեմեսիս» 1921

Երբ արդարութիւնը լռեց աշխարհի բեմին վրայ, երբ ճշմարտութիւնը խեղդուեցաւ քաղաքական հաշիւներու մութ խորքերուն մէջ, հայ ժողովուրդը չընկրկեցաւ: Ան չմոռցաւ: Ան չներեց: Ան վերածուեցաւ արդարութեան կենդանի կրակին:
«Նեմեսիս»-ը միայն գործողութիւն մը չէր, ան ժողովուրդի մը հոգեկան ապստամբութիւնն էր` ուղղուած անպատիժ մնացած ոճիրներուն դէմ: Երբ աշխարհի գերհզօր պետութիւնները իրենց աչքերը փակեցին ի տես Հայոց ցեղասպանութեան, երբ ոճրագործները հանգիստ կը շնչէին օտար երկիրներու մէջ, հայ երիտասարդները իբրեւ ճիտի պարտք ստանձնեցին պատմութեան այս ծանր բեռը:
Սողոմոն Թեհլիրեան` անուն մը, որ դարձաւ արդարութեան խորհրդանիշ: Ան իր ձեռքով չխփեց միայն մէկ մարդ, այլ ան խփեց անպատժելիութեան գաղափարին: Ան գնդակահարեց լռութիւնը: Ան դատեց պատմութիւնը` այնտեղ, ուր աշխարհը ձախողած էր:
«Նեմեսիս»-ը վրիժառութիւն չէր պարզապէս, այլ` դատավճիռ: Ան այն պատգամն էր, թէ արդարութիւնը կրնայ ուշանալ, բայց երբեք չի մեռնիր: Ամէն կրակոցի մէջ կար մէկ ճիչ` մորթուած ժողովուրդի մը, մէկ յիշեցում` որ արիւնը չի մոռցուիր:
Այս գործողութիւնը հայութեան համար դարձաւ վերածնունդի կայծ: Անոր մէջ կար ցասում, բայց նաեւ արժանապատուութիւն: Ոչ թէ կոյր ատելութիւն, այլ գիտակից պայքար` ճշմարտութեան համար:
«Նեմեսիս»-ը կը մնայ որպէս սուրբ երդում` ուր ոճիրը պիտի չմնայ անպատիժ, որ յիշողութիւնը պիտի չմարի, որ հայը երբեք չի խոնարհիր անարդարութեան առջեւ:
Եւ մինչեւ այսօր, այդ կրակը կը բոցավառի մեր սրտերուն մէջ:
ԷԼԷՆԱ ԱՊՈՒ ՌԺԷՅԼԻ
ՀՅԴ «ՅԱՌԱՋ» ՊՄ
Ապրիլ Ամիսը`
Պայքարի Ամիս
Ահա արդէն անցած է 111 տարի այն թուականէն, երբ մեր հայրենիքին սահմաններուն մէջ անմարդկային դէպք մը պատահեցաւ: Անմեղ հայեր հալածուեցան, իրենց բնակավայրերէն դուրս դրուեցան, սպաննուեցան, անապատներէ քալեցին, զրկուեցան իրենց ընտանիքներէն, տառապեցան եւ ահռելի վիճակի մէջ գտնուեցան: Բոլոր Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած անմարդկայնութեան նպատակն էր բնաջնջել հայ ազգը, բայց այսօր, այս գրութիւններու շարքը արդէն իսկ փաստ է, որ թշնամիին գործողութիւնը ձախողած է: Այո՛, ապրիլ 24-ի զոհերը շատ են, բայց անոնց միտքերն ու գաղափարները կը շարունակեն ու պիտի շարունակեն ցմահ գոյատեւել մեր վրէժխնդիր սրտերուն մէջ: Իբրեւ դաշնակցական պատանի, մեր պարտականութիւնն է յիշել ու միշտ պահանջել մեր կորուստները, եւ անվիճելի պայքար մը մղել` գործածելով մեր տրամադրութեան տակ գտնուող արժէքաւոր ու արդիական զէնքերը, որոնցմէ են ընկերային ցանցերը:
Հայ պատանիին ուսերուն վրայ է, որ կը կանգնի հայրենիքի ապագան:
ԼԻՄ ԼԻՊԱՐԵԱՆ ԵՒ ՎԱՆ ՊՈՐՈՅԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ՊՄ
Այսօր Հայոց ցեղասպանութիւնը կը յիշուի իբրեւ մարդկութեան դէմ գործուած ծանր ոճիր եւ մեծ ողբերգութիւն, որ կը շեշտէ աշխարհի ժողովուրդներուն խաղաղութեան եւ արդարութեան կարեւորութիւնը: Ան նաեւ կը մնայ պայքարի խորհրդանիշ` ճանաչման, յիշատակի եւ ճշմարտութեան պահպանման, որպէսզի նման ոճիրներ այլեւս երբեք չկրկնուին:
ԱՆՆԱ ՄԱՐԻԱ ՂԱԶԱՐ
ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ՊՄ
Յիշելով Անցեալը`
Պահպանենք Ապագան
Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրն է: Այս օրը հայ ժողովուրդը կը յիշէ իր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակ զաւակները: 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ սկսաւ հայերու դէմ կազմակերպուած կոտորածը, հազարաւոր հայեր տեղահանուեցան իրենց տուներէն եւ բռնի կերպով քալեցին դէպի անապատներ: Անոնք ենթարկուեցան սովի, ծարաւի, բռնութեան եւ անասելի տառապանքներու, իսկ բազմաթիւ ընտանիքներ ամբողջութեամբ ոչնչացան:
Այս տարիներուն ընթացքին ո՛չ միայն մարդիկ կոտորուեցան, այլ նաեւ մեծ վնաս կրեց հայ մշակոյթն ու ժառանգութիւնը: Պատմական կոթողները, եկեղեցիները եւ մշակութային արժէքները աւերուեցան կամ կործանեցան: Այս ողբերգութիւնը կը կոչուի ցեղասպանութիւն, որովհետեւ նպատակ ունէր ոչնչացնել ամբողջ ազգ մը:
Ամէն տարի ապրիլ 24-ին համայն հայութիւնը կը յարգէ զոհերուն յիշատակը` ծաղիկներ զետեղելով, մոմեր վառելով Ծիծեռնակաբերդի եւ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող յուշակոթողներուն դիմաց: Մարդիկ կու գան` աղօթելու անմեղ զոհերու հոգիներուն համար եւ վերանորոգելու իրենց յիշողութիւնը:
Այս օրը միայն սուգի օր չէ, այլ` արդարութեան եւ ճանաչման պայքարի օր: Հայ ժողովուրդը կը պահէ իր յիշողութիւնը, պատմութիւնը եւ ինքնութիւնը` փոխանցելով զանոնք սերունդէ սերունդ: Ապրիլ 24-ը կը մնայ յիշատակի, միասնութեան եւ արժանապատուութեան օր բոլոր հայերուն համար: Այս օրը կը խոնարհինք անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ եւ կը վերահաստատենք մեր պարտաւորութիւնը` մնալու միասնական, պահպանելու մեր ինքնութիւնը եւ շարունակելու արդարութեան պայքարը:
ՍՈՖԻ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ» ՊՄ
Յիշատակի Օրը

Ապրիլ 24-ը հայ ժողովուրդի համար յիշատակի եւ սուգի օր է: 1915-ին սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Օսմանական կայսրութիւնը ձերբակալեց հարիւրաւոր մտաւորականներ: Այս իրադարձութիւնը սկիզբը դարձաւ մեծ ողբերգութեան, որուն ընթացքին միլիոնաւոր հայեր իրենց կեանքը կորսնցուցին:
Ամէն տարի այս օրը հայերը ամբողջ աշխարհով մէկ կը յիշեն իրենց նահատակները, կը վառեն մոմեր եւ կը դնեն ծաղիկներ յուշարձաններուն մօտ, Ծիծեռնակաբերդի մէջ կը կազմակերպուին արարողութիւններ եւ տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ:
Ապրիլ 24-ը մեզի կը յիշեցնէ մեր պատմութիւնը, կորուստները, ինչպէս նաեւ մեր գոյատեւումը: հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ պահանջել արդարութիւնը:
ՍԻՆԹԻԱ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ» ՊՄ
Լռութեան Մէջ
Յիշողութեան Կանչը
24 Ապրիլ 1915-ը Հայոց պատմութեան մէջ կը մնայ իբրեւ ամէնէն ցաւալի օրը: Այդ օրը Օսմանական կայսրութիւնը սկսաւ ձերբակալել հայ մտաւորականները: Անոնք աքսորուեցան եւ չվերադարձան: Այս դէպքը կը նկատուի Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբը: Հազարաւոր անմեղներ կորսնցուցին իրենց կեանքը, իսկ շատեր ստիպուեցան լքելու իրենց տուներն ու հայրենիքը
Ցաւը մեծ էր, բայց հայ ժողովուրդը մնաց ուժեղ եւ չկորսնցուց իր ինքնութիւնը:
Այսօր մենք կը յիշենք մեր նահատակները յարգանքով եւ կը խոստանանք պատմութիւնը երբեք չմոռնալ:
Այս օրը լռութեան մէջ յիշողութեան կանչ է` չկրկնելու պատմութեան սխալները, կերտելու հզօր հայրենիք, ըլլալու միակամ եւ պայքարելու մեր իրաւունքներուն համար:
ՔԼՕԷ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ» ՊՄ
Արդարութեան Ձայնը

Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու մեծագոյն ոճիրներէն մէկն էր, որ տեղի ունեցաւ 24 ապրիլ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Ցեղասպանութեան փրկուողները չկորսնցուցին իրենց հաւատքը եւ ինքնութիւնը: Անոնք շարունակեցին ապրիլ եւ պայքարիլ` յիշելով իրենց անցեալը եւ պաշտպանելով իրենց իրաւունքները:
Տակաւի՛ն, չուզեցին անպատիժ ձգել ոճրագործները, եւ առ այդ կազմակերպուեցաւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը: Անիկա գաղտնի գործողութիւն մըն էր, պատժելու ցեղասպանները եւ հասնելու արդարութեան, որովհետեւ միջազգային ընտանիքը լուռ էր եւ անգործուն:
Այսօր, մենք կը շարունակենք յիշել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մինչեւ վերջ պիտի պայքարինք` վերադարձնելու մեր նահատակներուն իրաւունքները: Մենք պարտաւոր ենք իբրեւ պատանիներ եւ հայեր, նոր սերունդներուն եւ օտարներուն պատմել մեր պատմութիւնը:
Թէեւ մեր պատմութիւնը լեցուն է ցաւով, բայց մենք կը շարունակենք կանգուն մնալ` ուժեղ եւ հպարտ:
Մեր յիշողութիւնը մեր զէնքն է, մեր միասնութիւնը` մեր ուժը:
ՔԼԱՐԻԹԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ» ՊՄ
Պիտի Յիշենք Եւ Յիշեցնենք

Ամէն տարի ապրիլ 24-ին մեր տունը կը լեցուի տխրութեամբ ու յիշողութիւններով: Մայրս տխուր երգեր կը լսէ, իսկ մեծ հայրիկս կը պատմէ իր պապիկին մասին, որ Մուշէն հեռացած էր: Հիմա կը հասկնամ, թէ այս օրը պարզ թուական մը չէ, այլ` մեր ժողովուրդի մեծ կորուստին խորհրդանշական օրը:
Մեր նախահայրերը ստիպուած եղան լքել իրենց տուները եւ անցնիլ Տէր Զօրի անապատներէն` սովի ու տառապանքի մէջ: Շատեր կորսուեցան, բայց մենք այսօր կանք, որովհետեւ անոնք չյուսահատեցան:
Արեւմտեան Հայաստանը մեզի համար դարձած է երազ մը քարտէսի վրայ: Ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն կեանքեր խլեց, այլ` փորձեց ջնջել մեր ինքնութիւնը, բայց ձախողեցաւ, որովհետեւ մենք կը շարունակենք ապրիլ, խօսիլ ու գրել հայերէն:
Ապրիլ 24-ին մենք միա՛յն չենք սգար, այլ կը հաստատենք, որ չենք մոռցած եւ կը պահանջենք արդարութիւն: Իբրեւ հայ պատանի, իմ պարտքն է սորվիլ եւ օգտակար դառնալ, որպէսզի մեր ազգը մնայ հզօր:
«Մենք պիտի շարունակենք յիշել ու յիշեցնել, մինչեւ արդարութիւնը յաղթէ»:
ԱՐԱԶ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ»
«Նեմեսիս» Գործողութիւնը`
Արդարութեան Պայքարը

1921-ին, Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանի կարեւոր քայլը փոխեց հայոց պատմութեան ընթացքը: Ան սպաննեց Թալէաթ Փաշան` Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչը: Ան մինակ չէր. ան կը գործադրէր ՀՅԴ-ի կողմէ ծրագրուած «Նեմեսիս» գործողութեան երկրորդ արարքը:
Այս գործողութիւնը իրականութեան մէջ արդարութիւն հաստատելու փորձ մըն էր: Երբ աշխարհի մեծ պետութիւնները լուռ մնացին մեր ժողովուրդին դէմ գործուած անարդարութեան դիմաց, խումբ մը երիտասարդներ որոշեցին տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդի իրաւունքին: Անոնք գիտէին վտանգները, բայց հաւատացած էին, որ մեր նահատակներուն արիւնը պէտք չէ անպատասխան մնայ:
Թեհլիրեանի դատավարութիւնը առիթ մը եղաւ, որ աշխարհը վերջապէս անդրադառնայ 1915-ի եղելութիւններուն: Երբ վրիժառու հայորդին ազատ արձակուեցաւ, դատարանը ճանչցաւ մեր ժողովուրդին ցաւը եւ Թեհլիրեանին իրաւունքը` արդարութիւն պահանջելու: Այսօր «Նեմեսիս»-ը մեզի համար կը խորհրդանշէ այն համարձակութիւնը, որով հայը երբեք ծունկի պէտք չէ գայ անարդարութեան դիմաց:
ԱԼԵՔՍ ՉԵՐՔԵԶԵԱՆ
ՀՅԴ «ՍԵՐՈԲ ԱՂԲԻՒՐ» ՊՄ
Ցեղասպանութիւնը`
Ինքնութեան Ճանաչումը

Հայոց ցեղասպանութիւնը շատ տխուր եւ ցաւալի իրադարձութիւն մըն է մեր պատմութեան մէջ: Ան տեղի ունեցաւ 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ: Այդ տարիներուն, շատ հայեր բռնի կերպով իրենց տուներէն դուրս դրուեցան` տեղահանուեցան եւ ստիպուեցան երկար ճամբաներ քալել անապատներու մէջ:
Ճամբուն ընթացքին շատ մը հայորդիներ զոհուեցան սովէն, ծարաւէն եւ վատ պայմաններէն: Ընտանիքներ բաժնուեցան, եւ շատեր այլեւս երբեք չտեսան զիրար: Այս բոլորը շատ մեծ ցաւ պատճառեց հայ ժողովուրդին:
Այսօր մենք կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ չենք ուզեր մոռնալ ինչ որ պատահեցաւ: Մենք նաեւ կը խօսինք այս մասին, որպէսզի աշխարհը գիտնայ իրականութիւնը եւ նման բաներ այլեւս չկրկնուին, շատ կարեւոր է, որ մենք յիշենք եւ սորվինք մեր պատմութենէն, որովհետեւ այդ կ՛օգնէ մեզի հասկնալու ու ճանչնալու մեր ինքնութիւնը եւ գնահատելու խաղաղութիւնը:
ԱՄԱՆՏԱ ՔԱՍՏԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ «ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ» ՊՄ
Չմոռնանք Անցեալը
Հայոց ցեղասպանութիւնը շատ խոր եւ ցաւալի մաս մըն է մեր պատմութեան մէջ: Իբրեւ հայ պատանի, ես կը զգամ, որ այս յիշողութիւնը միա՛յն անցեալի մասին չէ, այլ նաեւ մեր ինքնութեան մէկ մասն է:
1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ մեծաթիւ հայեր տեղահանուեցան իրենց տուներէն, կորսնցուցին իրենց ընտանիքները եւ կեանքը: Այս բոլորը ծրագրուած էր, անարդար էր ու անմարդկային: Մենք այսօր կը յիշենք Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի մեր նահատակներուն յիշատակը միշտ կենդանի մնայ:
Ինծի համար կարեւոր է ոչ միայն սգալ, այլ նաեւ հասկնալ, սորվիլ եւ պատմել ճշմարտութիւնը ուրիշներուն: Մենք պարտաւոր ենք պահել մեր լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը, որպէսզի նման բաներ այլեւս երբեք չկրկնուին:
Յիշելը նաեւ ուժ կու տայ մեզի շարունակելու եւ ապագայ կառուցելու` առանց մոռնալու մեր անցեալը:
ՄԱԿԱԼԻ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ
ՀՅԴ «ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ» ՊՄ
Մենք` իբրեւ սփիւռքահայեր, Ցեղասպանութիւնը կը յիշենք որպէս մեր պատմութեան ամէնէն ցաւալի եւ ամէնէն կարեւոր էջերէն մէկը: Ցեղասպանութիւնը միա՛յն անցեալի ողբերգութիւն չէ, այլ` յիշողութեան ու ինքնութեան մաս եւ արդարութեան պահանջ: Մենք միշտ պիտի յիշենք մեր նահատակները, միշտ պիտի պահենք մեր լեզուն, մեր ազգը եւ մեր մշակոյթը:
Յարգա՛նք մեր զոհերուն:
Պատիւ բոլոր անոնց, որոնք անցնող 111 տարիներուն պայքարեցան մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն համար:
ԿԱՐՈՒԺ ԱՐՈՅԵԱՆ
ՀՅԴ «ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ» ՊՄ
Հայութիւնը կը շարունակէ յիշել Ցեղասպանութեան նահատակները` պահանջելով արդարութիւն, որպէսզի նման ողբերգութիւններ այլեւս չկրկնուին մարդկութեան պատմութեան մէջ: Մենք` իբրեւ դաշնակցական պատանիներ, կը յիշենք մեր պատմութիւնը եւ կը տարածենք:
ԱՐԱԶ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ՊՄ


