ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Բարեկամ ընտանիքի մը երկու երիտասարդ զաւակները, տղայ եւ աղջիկ, վերջերս սա սեղմ նախադասութեամբ խանդավառեցին զիս. «Մենք Արարատ լեռ ելած ենք»: Իսկ քանի մը օր առաջ ձեռքս անցաւ Պէպօ Սիմոնեանի «Ակնթարթներ – մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» գիրքը (Պէյրութ, 2012), որուն մէջ կարդացի «Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին» վերնագիրը կրող հետեւեալ գրութիւնը.
«Թրքական «Թերճիւման» թերթն էր դժբախտ եղելութեան արձագանգողը.
«ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԻՆ` ԹՐՔԱԿԱՆ ԴՐՕՇԱԿ ՄԸ»
«Անգարայի համալսարանին մարմնամարզական եւ բժշկական բաժանումները արշաւանք մը կազմակերպած են դէպի Արարատի գագաթը: Մագլցողներու խումբին մաս կազմած են ամերիկացի գիտնականներ: Խումբը Արարատի գագաթին յատուկ պահպանակի մը մէջ դրուած թրքական դրօշակ մը եւ Ղուրան մը թաղած է 75 սմ խորութեան մէջ: Խմբապետը` փրոֆ. Տողրու, ըսած է այս մասին. «Մեր դրօշակն ու Ղուրանը յաւիտեան պիտի մնան գագաթին վրայ: Ամբողջ աշխարհ յաւիտեան պիտի գիտնայ, թէ Արարատ թրքական լեռ մըն է: Երկու նպատակ ունէինք. առաջինը` մեր դրօշակը զետեղել գագաթին վրայ ու ամբողջ աշխարհին յայտարարել, թէ Արարատը յաւիտեան որպէս թրքական լեռ պիտի մնայ: Երկրորդը` կ՛ուզէինք նշել, թէ լեռը, քրիստոնէութենէ աւելի, կը պատկանէր իսլամութեան, որովհետեւ ցարդ միշտ քրիստոնեայ աշխարհն է, որ հետաքրքրուած է այս լեռով: Մինչդեռ Նոյի ջրհեղեղը ո՛չ թէ Աստուածաշունչին, այլ Ղուրանին մէջ գրուած է» (էջ 100):
Քանի մը օր ետք համացանցէն կարդացի.
«Փաշինեանի կառավարութեան որոշումը` հանել Արարատ լերան պատկերը մուտքի եւ ելքի անձնագրային կնիքներից, իսկ յետոյ նաեւ այն հեռացնելու մասին խօսակցութիւնները Հայաստանի զինանշանից, մեր ազգային պատմութեան մէջ մտահոգիչ պահ են նշանաւորում: Սա պարզապէս ձեւաւորման կամ խորհրդանիշի հարց չէ. սա արժանապատուութեան, պատմութեան եւ ինքնութեան հարց է», այս մասին յայտարարել է ՀՀ արտաքին գործերի նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը»: (Ամբողջական բնագիրը` https://www.aysor.am/am/news/2025/09/15/Օսկանյան/2405259):
Նոյն օրը դարձեալ համացանցէն կարդացի.
«Արցախի դրօշակը «Փառքի անկիւն»-էն չվերցնելուն պատճառով դպրոցի տնօրէն մը կը գործէ արձակուեցաւ («Ասպարէզ», 3 ապրիլ 2026):
Արմաւիրի մարզի Սարդարապատ համայնքի դպրոցի տնօրէն Կարինէ Սմբատեան գործէ արձակուեցաւ «Փառքի անկիւն»-էն Արցախի դրօշակը վերցնելու հրահանգին չենթարկուելուն համար:
Ան այս մասին գրած է. «Այսօր ես այլեւս չեմ զբաղեցնում դպրոցի տնօրէնի պաշտօնը, բայց ես երբեք չեմ դադարի լինել հայ մանկավարժ եւ հայ սպայ` իմ հոգու ներսում: Իմ հեռացումը կամ պաշտօնից զրկուելը փոքրագոյն գինն է այն ամէնի դիմաց, ինչին ես հաւատում եմ եւ ինչին ծառայում եմ: Ես չեմ կարող լռել, երբ հարուածի տակ են դրւում մեր սաների հոգեւոր ու հայրենասիրական արժէքները: Այն դրօշը, որն այսօր դարձել է քննարկման առարկայ, պարզապէս խորհրդանիշ չէ. այն մեր աշակերտների համար կենդանի յիշողութիւն է, սրբութիւն եւ պատգամ` գրուած մերօրեայ հերոսների ձեռքով:
«Ես հպարտ եմ իմ աշակերտներով: Նրանք ապացուցեցին, որ մեր տարիների աշխատանքը ի զուր չի անցել: Երբ երեխաները բարձրացնում են Արցախի դրօշը, բարձրաձայնում են մեր սուրբ մասունքը պաշտպանելու մասին. նշանակում է` մենք կրթել ենք արժանապատիւ սերունդ:
«Իմ պատասխանը նրանց, որոնք փորձում են հրահանգներով «մաքրել» մեր յիշողութիւնը, մէկն է.
«Պարո՛ն մարզպետ,
«- Դուք կարող էք հեռացնել ինձ պաշտօնից, բայց չէք կարող հեռացնել հայրենասիրութիւնը իմ սրտից:
«- Դուք կարող էք հրամայել հանել դրօշը, բայց չէք կարող ջնջել մեր հերոսների ստորագրութիւնները մեր հոգիներից:
«- Ես միացել եմ «Ուժեղ Հայաստան» խումբին, որովհետեւ տեսնում եմ, որ այսօր մեր երկրին օդ ու ջրի պէս պէտք է պայքար` յանուն արժէքների, յանուն սրբութիւնների եւ յանուն մեր երեխաների ապագայի: Ես շարունակելու եմ իմ պայքարը արդէն որպէս ազատ քաղաքացի` սատարելով իւրաքանչիւրին, որ չի վախենում տէր կանգնել մեր ինքնութեանը:
«Պատիւ ունեմ»: (https://asbarez.am/archives/500476)
Հոս կրնայի կենալ: Այսքանը արդէն մեր յիշողութեան եւ յանձնառութեան փայլուն հայելիին մէջ թրքաբարոյ սուտով, թրքահաճ «դիւանագիտութեամբ» եւ հայրենանուէր ընդօրինակելի կեցուածքով ինքզինք կը ցոլացնէ: Սակայն աւելի՛ն ըսելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուիմ այսօր` Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն հետ ուղղակի հաղորդակցութեան այս թելադրական պահուն, մեր պահանջատիրութեան մշտախօս ուռնակին զարկերուն ունկնդիր, որովհետեւ վաղը շա՜տ ուշ կրնայ ըլլալ…
* * *
Նախ` հայկական դրօշակին եւ ազգային խորհրդանշաններուն մասին: Ազգի մը դրօշակը իր հայրենիքին ինքնիշխանութիւնը, պատմութիւնն ու միասնականութիւնը կը ներկայացնէ եւ աներկբայ յարգանք ու համապատասխան կեցուածք կը պարտադրէ: Նուազագոյնը ըսելու համար` հայկական եռագոյն դրօշակը ամբողջ տասնամեակներ կարգ մը հայորդիներու կողմէ միայն թանգարանային արժէք ունենալէ ետք, 1991-ի Հայաստանի Հանրապետութեան վերընձիւղումով իր արժանաւոր պատուանդանին վրայ զետեղուեցաւ եւ բոլորիս հոգիին մէջ կոթողուեցաւ` արիւնի, երկինքի եւ հասկաքաղ բերրիութեան կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներու ծածանումով: Սա մեր հայու ինքնութեան եւ մեր բոլոր ժամանակներու պայքարին, անկախութեան եւ բազմազան զոհաբերութիւններուն հրեղէն սիւնն է: Անոր սրբութեան հանդէպ նախանձախնդիր ըլլալը բոլորիս պարտաւորութիւնն է: Կը բաւականանամ յիշեցնելով, որ մեր պետական քայլերգին երկու տուները հայկական դրօշակին խորհուրդը կը բանան. «Ահա, եղբայր, քեզ մի դրօշ, որ իմ ձեռքով գործեցի. գիշերները ես քուն չեղայ, արտասուքով լուացի: Նայիր նրան երեք գոյնով, նուիրական մէկ նշան. թող փողփողի թշնամու դէմ, թող միշտ պանծայ Հայաստան»:
Մեր դրօշակին կողքին ունինք այլ անձեռնմխելի ազգային խորհրդանշաններ եւս. ինչպէս` պետական քայլերգ` «Մեր հայրենիք», պետական զինանշան, պետական կնիք, Արարատ ու Մասիս, օրհներգեր` «Կիլիկիա», «Տէ՜ր, կեցո՛ դու ըզհայս» եւ այլք, պատմական Հայաստանի ու Կիլիկիոյ պահանջատիրութիւն եւ այլն: Ազգային խորհրդանշաններու համազօր են նաեւ` պատմական դէպքեր, դէմքեր, վայրեր, կառոյցներ, յուշակոթողներ, յուշարձաններ, վաւերագրեր, ձեռագրեր, արժէքներ. զո՞րն ասեմ, զո՞րն գրեմ: Քանի մը հատը թուեմ, մնացածը դո՛ւք շարունակեցէք. Մուսա Լերան Խտրպէկի սրբազան սօսին, Չորք Մարզպանի (Տէօրթ-Եօլ) նարինջը, կիրակմուտքին հայ օճախներուն մէջ բուրող խունկը…
Վերադառնալով վերեւ մէջբերուած թրքական դրօշակի եւ Արցախի դրօշակի պատահարներուն` երկու կէտի մատնանշումով պիտի գոհանամ.
Առաջին` «մեր դրօշակը զետեղել գագաթին վրայ» յոխորտացող թուրքը լաւ պէտք է իմանայ, որ ո՛չ իր դրօշակը եւ ո՛չ ալ իր գերհզօր բանակը կրնան մեր համահայկական դիմադրականութիւնը ջլատել: Պատմական սխալները բազմապատկելով` թուրքը չի՛ կրնար յաղթանակ արձանագրել. այլ, ընդհակառակը, աւելի կը խրի ուրացումի տիղմին մէջ: Առաջին անգամ երբ միջեկեղեցական համագումարի մը մասնակցելու համար Կոստանդնուպոլիս գացի` Յոյն ուղղափառ (օրթոտոքս) Տիեզերական պատրիարքութեան հրաւէրին ընդառաջելով, օդանաւին մէջ կը խորհէի, թէ արիւնակաթ եաթաղանը ձեռքին սուլթան Համիտի եւ Թալէաթ փաշայի հարազատ ժառանգորդ թուրք ասկեարը պիտի դիմաւորէ եւ խոշտանգէ զիս օդակայանին մէջ. մինչեւ իսկ կը պատկերացնէի, թէ տեսնելիք թուրքերս սատանայական ցցուն կոտոշներ պիտի ունենային իրենց գլխուն վրայ: Յուսախաբութիւնս մինչեւ այսօր չէ փարատած, որովհետեւ «քաղաքակիրթ» մարդիկ տեսայ, որոնք ժպիտով եւ «հօշ կէլտինիզ» (թրքերէն` «բարի եկաք») փաղաքշանքով ընդունեցին զիս: Կոտոշաւոր թուրքերու չհանդիպեցայ, բայց կոտոշաւոր սուտեր խօսող բազմաթիւ թուրքեր կը վխտան մինչեւ այսօր մեր շուրջ` փրոֆ. տողրուներու յետնորդ, նոյն կերպասէն ձեւուած եւ շիտակ (թրքերէն` տողրու) պիտակը կրելով հանդերձ, ծուռ (թրքերէն` եաղնըշ) ճամբաներէն ընթացող…
Երկրորդ` «Պարո՛ն մարզպետ. «Դուք կարող էք հրամայել հանել դրօշը, բայց չէք կարող ջնջել մեր հերոսների ստորագրութիւնները մեր հոգիներից: … Ես տեսնում եմ, որ այսօր մեր երկրին օդ ու ջրի պէս պէտք է պայքար` յանուն արժէքների, յանուն սրբութիւնների եւ յանուն մեր երեխաների ապագայի»: Այս խօսքերը շրթնային տուրք չեն, այլ` մխացող սրտի մորմոք: Այն վայրկեանին, երբ դրօշակ, պայքար, արժէքներ, սրբութիւններ, երեխաներու ապագայ կը դադրին ներշնչումի, ինքնութեան եւ արժանապատիւ կեանքի խարիսխ ըլլալէ, մեր գոյութեան իմաստը խոտաճարակի առօրեայ կը դառնայ: Այս մարտահրաւէրներուն դիմաց մէկ բան կրնանք ընել. բանիւ եւ գործով աղաղակել` «Պատիւ ունեմ»:
Ապա` Արարատ լերան եւ Նոյի ջրհեղեղին մասին: Թուրք օղլու թուրքին կոտոշաւոր սուտերու տոպրակէն քաղուած` քանի մը ընդգծումներ. «Մեր դրօշակն ու Ղուրանը յաւիտեան պիտի մնան գագաթին վրայ: … Ամբողջ աշխարհ յաւիտեան պիտի գիտնայ, թէ Արարատ թրքական լեռ մըն է: … Լեռը, քրիստոնէութենէ աւելի, կը պատկանէր իսլամութեան: … Նոյի ջրհեղեղը ո՛չ թէ Աստուածաշունչին, այլ Ղուրանին մէջ գրուած է»:
Վերջին նախադասութիւնը լուսարձակի տակ կը բերեմ. «Նոյի ջրհեղեղը ո՛չ թէ Աստուածաշունչին, այլ Ղուրանին մէջ գրուած է»: Ո՛չ, «փրոֆեսէօր» Տողրու. նուազագոյն պարկեշտութիւնը կը պահանջէր ըսել` «Նոյի ջրհեղեղը թէ՛ Աստուածաշունչին եւ թէ՛ Ղուրանին մէջ գրուած է». որովհետեւ Աստուածաշունչին մէջ սեւով ճերմակի վրայ հետեւեալ մանրամասնութեամբ կը կարդանք. «Եօթներորդ ամիսը, ամսուան տասնեօթներորդ օրը, տապանը Արարատ լեռներուն վրայ հանգչեցաւ» (Ծնունդներ 8.4). (Google translate-ով թրքերէն` «Nuh’un gemisi yedinci ayin on yedinci gününde Ararat dağlarına oturdu”)։ Իսկ եթէ փրոֆ. տողրուներու վերեւի եւ ասոնց նման հազարաւոր հաստատումներն ալ բարդենք ասոնց վրայ, սուրճի գաւաթ մը իսկ չեն լեցներ հայուն ծով սրտին մէջ ալիք-ալիք բարձրացող զգացումներուն դիմաց` ի տես Արարատ լերան Հայաստանի երկու կողմերէն գագաթնացող տիրապետութեան: Երկար դարերու դրացնութիւնը թէ՛ թուրքը եւ թէ՛ հայը զգացական ժողովուրդ դարձուցած է. սակայն, երբ հարցը Արարատ լերան եւ այլ ազգային խորհրդանշաններուն կը վերաբերի, թուրքը կեղծ, արհեստական եւ սուտ է, իսկ հայը` իրաւ, հարազատ եւ ճշմարիտ:
Թուրքէն անցնինք թուրքին հետ լեզու գտնելու «քաղաքականութիւնը» մշակող հայուն. «…Հանել Արարատ լերան պատկերը մուտքի եւ ելքի անձնագրային կնիքներից: … Այն հեռացնելու մասին խօսակցութիւնները Հայաստանի զինանշանից: … Սա պարզապես ձեւաւորման կամ խորհրդանիշի հարց չէ. սա արժանապատուութեան, պատմութեան եւ ինքնութեան հարց է»: Վերջին բանաձեւումը` «Սա պարզապէս ձեւաւորման կամ խորհրդանիշի հարց չէ. սա արժանապատուութեան, պատմութեան եւ ինքնութեան հարց է»` բոլոր հայրենասէր հայերուն խտացեալ յայտարարութիւնն է, զգացումը անդրանցող եւ իր ազգային դիմագիծի խաթարումին հանդէպ բծախնդիր եղող հայորդիներուն դաւանանքն է:
Թուրքին եւ հայուն մէ՛կ պատասխան ունինք տալիք. Արարատ լեռը մեր մարմինին մորթի գոյնն է. որքան ալ քերթէք, չէք կրնար զայն ջնջել: Ճշմարտութիւնը մի՛ պղծէք, այլ որպէս սրբութիւն` երկխօսութեան, հաշտութեան եւ բարի գործակցութեան կամուրջի վերածեցէք: Այլ ճանապարհ գոյութիւն չունի:
Վերջապէս` բարի դրացնութեան մասին: Հայկական եռագոյն դրօշակ, Արարատ լեռ եւ ազգային խորհրդանշաններ` սակարկութեան առարկայ չեն. որովհետեւ ասոնք մեզ կը միաւորեն եւ անքակտելիօրէն կը համախմբեն նոյն անանց ու անմաշ արժէքներուն, նպատակներուն եւ պատմութեան շուրջ` մեզ նոյն ազգի ու հայրենիքի զաւակները դարձնելով: Ասոնք մեր մէջ արդար հպարտութեան եւ անժանգ ժառանգութեան կնիքը կը դրոշմեն: Բոլոր թուրքերէն եւ հայերէն միայն յարգա՛նք կ՛ակնկալենք մեր հայրենասիրութիւնն ու միակամութիւնը խթանող խորհրդանշաններուն հանդէպ, եւ ապա բարի դրացնութեան եւ բարւոք յարաբերութիւններու մշակում` պատմական իրաւունքներու ամբողջական պաշտպանութեան իրաւատիրութեամբ: Խաղաղ ապրիլը միայն պատերազմի բացակայութիւնը չէ. այլ նախ եւ առաջ հայ մարդու եւ քաղաքացիի պատմութեան կշռոյթով յաղթակա՛ն երթը` անցեալի փառքի, ներկայի կեանքի եւ ապագայի կերտումի շարունակական ընթածիրով եւ միջազգային դիւանագիտութեան մանուածապատ բաւիղներու իմաստուն (եւ ո՛չ հայավնաս) ընտրութեամբ:
Ապրիլեան սուրբ նահատակներու կտակին հաւատարիմ մնալու ուխտով եւ որպէս եզրակացութիւն` միշտ յիշենք հետեւեալը. երբ Հայ դատը հայ-թուրք երկխօսութիւններու լոյսին տակ բերենք` քաջալեր հանդիսանալով հանդերձ յարաբերութիւններու բարելաւումին եւ ժողովուրդներու հաշտեցումին, չենք կրնար ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւն ըլլալուն ու մեր բռնագրաւեալ հողային իրաւունքներու հատուցումին շրջանցումը եւ մեր ներկայ հայրենիքէն հողային զիջումը: Այո՛, դիւանագիտական կապերու հաստատում եւ սահմաններու բացում. սակայն ի՞նչ գին վճարելով: Այսօրուան աշխարհաքաղաքական շիկացած մթնոլորտին մէջ ազգային միասնականութիւնը խախտող եւ անտարբերութեան, անկարողութեան ու յուսաբեկութեան մշուշը խտացնող որեւէ քայլ դատապարտելի է: Ընդհակառակը, պէտք է մեր ազգային խորհրդանշաններուն խորախորհուրդ պատգամին ականջալուր դառնանք եւ ըստ այնմ գործենք ամէնուր ազգովին:
2 մարտ 1992-ին զիս հայ եւ մարդ դարձուցած Արարատ լեռն ու ազգային խորհրդանշանները որպէս ինքնութեանս դրօշակ պարզած, Նիւ Եորքի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան շէնքին առջեւ հայկական եռագոյն դրօշակին բարձրանալուն վկաներէն մին եմ: Աշխարհի ազգերու դրօշակներուն հետ մե՛ր դրօշակը իր արժանաւոր ձողին վրայ պիտի ծածանի մինչեւ այն ատեն, երբ մե՛նք տէրն ու ծառան մնանք մեր բոլոր ազգային արժէքներուն` մեր պահանջատէր հայու արի՛ անզիջող կեցուած-քով:
Անթիլիաս, 24 ապրիլ 2026


