Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտէ՞ք, Թէ… Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Առաջին Յուշարձանը Հայաստանի Մէջ

April 23, 2026
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին կը գտնուի 1968-ին կառուցուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յուշահամալիրը, որ ուխտատեղի է ամբողջ հայութեան համար: Թէեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը իր նշանակութեամբ ամենակարեւոր վայրն է, սակայն քիչեր գիտեն, որ Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած առաջին յուշարձանը կառուցուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն առաջ` 1965 թուականին:

1965 թուականին կը լրանար Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցը, եւ անիկա կը շարունակուէր արգիլուած թեմա մնալ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: 1965 թուականի ապրիլ 24-ը բեկումնային եղաւ, բարձրացաւ ընդվզումի առաջին մեծ ալիքը: Երեւանի փողոցներուն մէջ կազմակերպուած բազմահազարանոց ցոյցերու պատճառով խորհրդային իշխանութիւնը արտօնեց, որ Մայր Աթոռը սուրբ պատարագ մատուցէ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարէ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին:

Այդ ժամանակ ալ, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, Էջմիածինի մայր տաճարի կողքին տեղադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին կոթողը: Կոթողին հեղինակը նշանաւոր ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանն է. յուշարձանին բացումը տեղի ունեցաւ 31 հոկտեմբեր 1965-ին:

Կոթողը անհամաչափ խմբային խաչքարերով յօրինուածք է, ուր բացի ազգային զարդանախշերէ` փորագրուած է նաեւ «Վան, Մուսա լեռ, Զէյթուն, Եդեսիա, Հաճըն, Մարաշ, Շապին Գարահիսար, Սարդարապատ, Սասուն» մակագրութիւնը` նուիրուած վերոյիշեալ վայրերուն մէջ տեղի ունեցած հերոսամարտերու յիշատակին:

Մանկական Հոգեբանի Կարծիքով

 Ծնողական Փոքրիկ Սխալներ,
Որոնք Կը Փճացնեն Յարաբերութիւնները

Հոգեբանին կարծիքով, ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնը մէկ օրէն միւսը չի փճանար, անիկա հետեւանք է ծնողներու գործած (յաճախ անգիտակցաբար) փոքրիկ սխալներու, որոնք յաճախ կը կրկնուին: Թուենք այդ սխալներէն մէկ քանին:

– ՀԱՄԵՄԱՏԵԼ. փոխանակ երեխան եղբօր կամ ընկերոջ հետ համեմատելու` պէտք է զայն համեմատել ինքն իրեն հետ եւ բարձրաձայնել անոր յառաջդիմութիւնները:

– ՅԱՆԴԻՄԱՆԵԼ. երեխան ուրիշներու ներկայութեան յանդիմանելու փոխարէն` առանձին մատնանշել անոր սխալները` արժանապատուութիւնը չվիրաւորելու համար:

– ՊՈՌԱԼ. որեւէ սխալի պարագային, պոռալը հարցը չի լուծեր, փոխարէնը` պէտք է բացատրել: Երեխան աւելի լաւ կը լսէ, երբ պոռալու փոխարէն` հանդարտ կը խօսինք անոր հետ:

– ԽՕՍՔԸ ԸՆԴՀԱՏԵԼ. կարելի չէ երեխային խօսքը ընդհատել. փոխարէնը` պէտք է մինչեւ վերջ լսել զայն առանց ընդհատելու, որքան որ ալ երկար թուի անոր պատմածը:

– ՊԱՀԱՆՋԵԼ, ՈՐ ՀՆԱԶԱՆԴԻ. հնարաւոր չէ երեխան ստիպել, որ անմիջապէս հնազանդի` առանց անոր բացատրութիւն տալու: Բացատրել, թէ «ինչո՛ւ», աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ պահանջը եւ կը համոզէ նոյնիսկ ամենակամակոր փոքրիկը:

– ՊԻՏԱԿԱՒՈՐԵԼ. «Ծոյ՛լ ես», «յամառ ես», «վախկո՛տ ես»… կարելի չէ նման խօսքերով պիտակաւորել երեխան: Փոխարէնը` պէտք է պիտակաւորել սխալ արարքը եւ ոչ թէ դատել անձը:

– ԱՆՈՐ ՓՈԽԱՐԷՆ ԿԱՏԱՐԵԼ. կարելի չէ «ժամանակ շահելու համար» երեխային փոխարէն անոր դպրոցական պայուսակը պատրաստել, սենեակը կոկել, կօշիկները հագցնել եւ այլն… թէկուզ ոչ կատարեալ` երեխան պէտք է փորձէ, որպէսզի վարժուի ու սորվի:

– ԱՆՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼ. ծնողքը պէտք է հետեւողական ըլլայ իր որոշումներուն եւ սահմանած կանոններուն նկատմամբ: Կարելի չէ օր մը «այո», օր մը` «ո՛չ» ըսել երեխային` ըստ տրամադրութեան եւ ըստ պահին: Թէեւ ճկուն ըլլալը լաւ յատկութիւն է, սակայն երեխան կրնայ շահագործել առիթը:

– ԱՆՏԵՍԵԼ ԴՐԱԿԱՆԸ. կարելի չէ անտեսել երեխային դրական վարքը. պէտք է նկատել ու դրուատել նոյնիսկ ամենափոքր յառաջդիմութիւնը եւ գնահատել անոր ճիգը:

ՆՍԵՄԱՑՆԵԼ ՅՈՒԶՈՒՄՆԵՐԸ. կարելի չէ վախցած, ձախողած կամ վշտացած երեխան մխիթարել ու «բան մը չէ, վաղը կը մոռնաս», «մի՛ լար, մեծ տղայ ես», «ես քեզ զգուշացուցեր էի»… խօսքերով:

Այլ պէտք է առիթ տալ, որ անկաշկանդ արտայայտէ իր յոյզերը` վստահելով ձեր աջակցութեան:

Տնական Մազի Ծեփուկներ`
Գլխամաշկը Պաշտպանելու Համար

Շուտով ամառ է եւ հետեւաբար մազերն ու գլխամաշկը պաշտպանուելու կարիք ունին: Ստորեւ արդիւնաւէտ տնական ծեփուկներ` ամրան նախապատրաստուելու, մազերուն առողջութիւնը պահպանելու եւ որակը բարձրացնելու համար:

Բնական Ծեփուկ` Ներկուած Մազերուն Համար

Խառնել երկու ապուրի դգալ ալոէ վերայի դոնդողը մէկ ապուրի դգալ մեղրի եւ մէկ ապուրի դգալ հնդկընկոյզի իւղի հետ: Խառնուրդը տարածել մազերու երկայնքին, սպասել կէս ժամ, ապա լուալ մեղմ շամփուով մը:

Այս ծեփուկը կը խոնաւցնէ մազերը, կը պահպանէ գոյնը` փափկութիւն եւ փայլք տալով անոնց:

Բնական Ծեփուկ` Անփայլ Եւ Խճճուած Մազերու Համար

Այս ծեփուկը յանձնարարելի է չոր, անփայլ եւ խճճուած մազերուն համար: Ամրան նախօրեակին խնամուած մազերը աւելի լաւ կը դիմակայեն արեւին բացասական խնդիրները:

Հասուն աւոքատոն ճզմել, աւելցնել սպուրի դգալ մը մեղր եւ ստացուած ծեփուկը քսել մազերուն: Կերպընկալ գլխարկ մը անցընել գլխուն եւ սպասել կէս ժամ, ապա լուալ սովորական շամփուով:

Բնական Ծեփուկ` Մազերը Զօրացնելու Համար

Կէս գաւաթ բրինձ եփել, մինչեւ որ փափկի, ապա խառնել մէկ ապուրի դգալ հնդկընկոյզի իւղի եւ մէկ ապուրի դգալ մեղրի հետ, մինչեւ միատարր սեր մը ստացուի:

Սերը քսել խոնաւ մազերուն, սպասել կէս ժամ, ապա լուալ: Այս ծեփուկը կարելի է օգտագործել շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ` մազերը զօրացնելու եւ անոնց առողջ տեսք հաղորդելու համար:

Վերականգնող Գիշերային Ծեփուկ

Խառնել երեք ապուրի դգալ ալոէ վերայի դոնդող մէկ ապուրի դգալ վարդի ջուրի եւ մէկ թէյի դգալ մեղրի հետ: Ստացուած խառնուրդը քսել մազերուն,յատկապէս` ծայրամասերուն, կերպընկալ գլխարկով մը ծածկել գլուխը եւ ծեփուկը պահել ամբողջ գիշերը, իսկ առաւօտեան լուալ: Այս ծեփուկը շատ յարմար է բարակ եւ իւղոտ մազերուն:

Բնական Ծեփուկ` Գլխամաշկին Համար

Սովորական մածունը խառնել մէկ ապուրի դգալ մեղրի հետ (չոր մազի պարագային աւելցնել մէկ ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ, իւղոտ մազի պարագային` 1 ապուրի դգալ ալոէ վերայի դոնդող, իսկ թեփի պարագային` քանի մը կաթիլ թէյի ծառաթուփի կամ լաւանտի եթերաիւղ): Խառնուրդը անմիջապէս քսել մազերուն` հատուած առ հատուած, սպասել կէս ժամ` նախքան մեղմ շամփուէնով լուալը:

Խոնաւցնող եւ փայլք տուող այս ծեփուկը նաեւ կը լուծէ թեփի հարցը եւ կը հանգստացնէ գլխամաշկին գրգռուածութիւնը:

Խոհագիր

 Խրթխրթան Բրինձով Աղցան

Այս բաղադրատոմսը հիանալի միջոց է նախորդ օրուան եփած բրինձի մնացորդը օգտագործելու համար:

Բաղադրիչներ` 2 անձի համար

– 300-350 կրամ եփած բրինձ
– 3 ապուրի դգալ քեչափ
– 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 պուլկարական պղպեղ (կանաչ, կարմիր կամ դեղին)
– 10 հատ թոմաթ սըրիզ
– 1 պզտիկ կարմիր սոխ
– Ափ մը տապկուած գետնանուշ
– Փունջ մը թարմ խոտաբոյսեր (անանուխ, ռեհան, ազատքեղ, ռոքքա եւ այլն…)

Թացանին համար

– 3 ապուրի դգալ սոյայի թացան
– 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր
– 1 ապուրի դգալ քացախ
– 1 պճեղ սխտոր
– 2 ապուրի դգալ ջուր

Պատրաստութիւն

Ջեռոցը նախապէս տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Մեծ ամանի մը մէջ խառնել եփած բրինձը, ձիթապտուղի ձէթն ու քեչափը: Խառնուրդը բարակ շերտով տարածել մոմ թուղթով պատուած թխման ափսէին վրայ: Թխել 25 վայրկեան, մինչեւ բրինձը լաւ խրթխրթան դառնայ: Փուռէն հանել եւ ձգել, որ պաղի:

Աղցանի ամանին մէջ դնել` կտրատուած թարմ պղպեղը, երկուքի կիսուած լոլիկները, կտրատուած սոխը, մանրուած գետնանուշը եւ խոտաբոյսերը:

Վերը նշուած բաղադրիչներով պատրաստել թացանը:

Մատուցման պահուն խրթխրթան բրինձը աւելցնել մնացեալ բաղադրիչներուն վրայ, վերջապէս աւելցնել թացանը ու վայելել այս ոչ սովորական, համեղ աղցանը:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ղօղանջ Եղեռնական

Խանգարե՞լ, ինչի՞ համար…
Գարուն էր: Չեկած ամառ`
Փուլ եկաւ երկնակամար,
Ձիւն մաղեց մեր բաց գլխին,
Ձիւն մաղեց` կրակի՛ պէս…
– Գարուն ա, ձիւն ա արել…
Գետերը մեր երերման
Հոսեցին` երակի՛ պէս…
Արիւնը ջուր ա դառել…
Ձորերը շիրիմ դարձան,
Վիհերը` գերեզմանոց.
– Ջուրը մեր տունն ա տարել…
Ամէն քար` լուռ մահարձան,
Ամէն տուն` վառման հնոց.
– Բնաւեր հաւք ենք դառել…
Ինչքան բառ` ո՜ղջը մրմունջ,
Ինչքան երգ` ո՜ղջը լալով,
– Զուլում էր, զուլո՜ւմ, լաո՛…
Թրի դէմ, սրի, հրի`
Լոկ մանգաղ, լոկ բահ ու մաճ.
– Տնաւե՜ր-բնաւե՜ր լաճ…
Մեր հողը, մեր հայրենին,
Մեր երկիրն ամայացաւ.
– Սեւ հագիր, սեւսիրտ մարէ…
Հինաւուրց տոհմիկ մի ազգ
Չմեռա՜ւ, այլ…մահացա՛ւ.
– Գարուն ա, ձիւն ա արել…
Գարուն էր: Ամառ եկաւ,
Ձագ հանեց ձորում կաքաւ,
Իսկ հայը զրկուեց ձագից,
Իր պոռթկան թոնրի տաքից,
Իր մօրից, հօրից, եարից,
Իր բնից ու աշխարհից.
– Գարուն ա, ձուն ա արել…
… Ա՜խ, ինչպէ՞ս, ո՞նց մոռանալ
Արհաւիրքն այն օրերի.
– Աշխարքում ով մոռանայ`
Ջուխտ աչքով թող քոռանայ…
Գառնարած – հովիւ – նախրորդ
Ետ չեկան սար-ձորերից…
Կէսօրին էլ ո՞վ երգէր.
– Սարերը հով չեն անում,
Իմ դարդին դարման անում…
Հնձուորը արտում մորթուեց
Իր ձեռքի սուր մանգաղով…
Խեղճ հարսը էլ ո՞նց երգէր.
– Քաղուորին հաց եմ բերում,
Բերանը բաց եմ բերում,
Ձկնորսը Վանայ ծովում
Չփրկուեց ճարպիկ լողով…
Աղջիկը զո՜ւր էր կանչում.
– Իմ ծամթել տամ լողուորչուն…
Երկրի մէջ մարդ չմնաց`
Մարդ թաղեր մարդու նման…
Ա՜խ, մնար մէ՛կը գոնէ
Ու կանչէր.
– Տլէ եամա՜ն…
Ա՜խ, ինչպէ՜ս, ո՞նց մոռանալ
Արհաւիրքն այն օրերի.
– Աշխարքում ով մոռանայ`
Ջուխտ աչքով թող քոռանայ…

 ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (22 Ապրիլ 2026)

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Իրի Մը Պատմութիւնը.  Քշոց
Կնոջական

Իրի Մը Պատմութիւնը. Քշոց

September 17, 2026
Գրկախառնութիւնները Օգտակար Են Առողջութեան
Կնոջական

Գրկախառնութիւնները Օգտակար Են Առողջութեան

September 10, 2026
Օգտակար Խորհուրդներ Մանուկը Ուսումնական Տարուան Պատրաստելու Համար
Կնոջական

Օգտակար Խորհուրդներ Մանուկը Ուսումնական Տարուան Պատրաստելու Համար

September 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.