Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանը` Պատերազմի Ընտրութեան Եւ Բանակցութեան Տրամաբանութեան Միջեւ

April 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱՄ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Լիբանանը կը գտնուի զգայուն փուլի մը դէմ յանդիման: Իսրայէլի հետ բանակցութիւններ կրնան սկսիլ, մինչ երկիրը կ՛անցնի ճակատագրական եւ դժուար ժամանակէ մը: Եւ բնական է, որ հանրային կարծիքը բաժնուի համամիտներու եւ հակառակորդներու միջեւ` նկատի առնելով երկրին մէջ քաղաքական, պատմական եւ զգացական այլազան կողմերու գոյութիւնը: Սակայն հիմնական հարցումը կը մնայ այն, թէ` արդեօք այդ բանակցութիւնները կրնա՞ն յաջողիլ: Պատասխան` ներկայի տուեալներուն վրայ հիմնուելով, յայտնի չէ… աւելի կասկածելի է, քան հաստատ:

Քաղաքական գիտութիւններուն մէջ բանակցութիւնները չեն համարուիր սոսկ բարոյագիտական ընտրութիւն մը, այլ` հակամարտութիւնը կառավարելու միջոց: Եւ, ըստ քաղաքական գիտութիւններու իրապաշտական դպրոցին, երկիրներ կը ջանան իրենց ազգային շահերը ապահովել որեւէ ուրիշ նկատառումէ առաջ, եւ քաղաքական վարմունքը յաճախ պարզապէս արդիւնքը կ՛ըլլայ ուժի եւ շահերու հաւասարակշռութեան: Այդ տրամաբանութիւնը յստակօրէն կ՛արտայայտուի գաղափարներուն մէջ Նիքոլօ Մաքիավելլիի, որուն համաձայն, քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ գործնապաշտութեան վրայ, եւ ոչ` իտէալապաշտութեան: Մաքիավելլիի այդ թեզի արմատները կը գտնենք անոր «Իշխանը» վերնագիրով գիրքին մէջ, ուր կը հնչէ այն գաղափարը, թէ նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցները, երբ հարցը կը վերաբերի պետութեան մը գոյատեւման: Առ այդ, բանակցութիւնը կը դառնայ վնասները պակսեցնելու կամ որոշ շահեր ապահովելու միջոց մը, եւ ոչ թէ` անպայման վստահութեան, ամբողջական համաձայնութեան կամ յանձնուելու արտայայտութիւն մը:

Իսկ փիլիսոփայութիւնը բանակցութիւնը կը կապէ երկխօսութեան եւ բանականութեան հետ: Եուրկեն Հապըրմաս կ՛առաջարկէ «հաղորդակցական քայլ»-ի գաղափարը, ուր կ՛ենթադրուի, որ տրամաբանութեան վրայ հիմնուած երկխօսութիւնը կրնայ առաջնորդել հասարակաց հասկացողութեան` առանց բռնադատումի կամ ստիպումի: Ատոր դիմաց, Թոմըս Հոպս հարցականի տակ կ՛առնէ այդ լաւատեսական տեսակէտը` դիտել տալով, որ մարդիկ գլխաւորաբար կը մղուին իրենց վախէն եւ անձնական շահերէն, եւ որ` հակամարտութիւնը բնական վիճակ մըն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ բանակցութիւնները երբեմն պարզապէս ժամանակաւոր զինադադար են, եւ ոչ աւելին:

Դասեր պատմութենէն

Պատմութիւնը լեցուն է օրինակներովը երկիրներու, որոնք արիւնալի պատերազմներ մղեցին եւ յետոյ անցան խաղաղութեան, երբեմն նաեւ` գործակցութեան: Բ. Աշխարհամարտէն ետք  Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւնը թշնամականէն դարձաւ համագործակցականի` Եւրոպական Միութեան ծիրէն ներս: Իսկ մեր տարածաշրջանը ականատես եղաւ համաձայնութիւններու, ինչպիսիք են` Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ Քեմփ Տէյվիտի համաձայնութիւնը 1978-ին եւ Յորդանանի ու Իսրայէլի միջեւ 1994-ի Ուատի Արապա դաշինքը: Վիեթնամի պատերազմն ալ, իր կարգին, աւարտեցաւ Վիեթնամի եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումով: Այս օրինակները մեզի ցոյց կու տան, թէ հակամարտութիւնները, որքան ալ որ երկարին, կրնան աւարտիլ բանակցութիւններով, բայց պայմանաւ որ անոնք ընթանան որոշակի կամ ճշգրիտ պայմաններով եւ յստակ հաւասարակշռութեամբ:

Քաղաքականութեան մէջ չկայ մնայուն դաշնակից, ոչ ալ` մնայուն թշնամի, այլ կան մնայուն շահեր: Իմ կարծիքովս, առողջ քաղաքական մտածողութեան լաւագոյն սկզբունքը «ուղեգծային թերահաւատութիւն»-ն է (բառացիօրէն` «մեթոտական կասկածամտութիւն»), որ չի նշանակեր բացարձակ մերժում, այլ` գիտակից զգուշութիւն: Կասկածը առիթ կու տայ իրավիճակի աւելի խորունկ ընթերցման եւ ապագայի աւելի ճշգրիտ կանխատեսման, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլէ, որ իյնանք բացարձակ վստահութեան կամ բացարձակ մերժումի խաբկանքներուն մէջ:

Ատոր վրայ հիմնուելով` կարելի է նեցուկ կանգնիլ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու կայացման ոչ թէ միամիտ լաւատեսութեամբ, այլ` իրապաշտ տեսանկիւնէ մը, որ կը ջանայ առիթներ ուսումնասիրել եւ ռիսքերը նուազեցնել, պայմանաւ որ այդ բանակցութիւնները հիմնուած ըլլան Լիբանանի ճանչցուած սահմաններուն վրայ (10.452 քառ. քմ) լիբանանեան ամբողջական գերիշխանութեան պահպանման վրայ, ինչպէս նաեւ նպատակը ըլլայ կայունութիւն եւ ապահովութիւն հաստատելը:

Ժամանակն է, որ այլեւս Լիբանանը դադրի ուրիշներու հակամարտութիւններուն գինը վճարելէն եւ իր կողմնացոյցը վերաուղղէ դէպի նախ եւ առաջ ազգային շահեր եւ ապա կերտելու ապագայ մը, որ կեդրոնացած է կայունութեան եւ խաղաղութեան վրայ` առանց իրաւունքներէ զիջելու կամ քաղաքականութեան թակարդը իյնալու:

Եզրափակելու համար, այդ բոլորը թուղթի վրայ կը մնան, եթէ պետութեան ձեռքին մէջ չըլլայ զէնքը, եւ եթէ գոյութիւն չունենայ մէկ բանակ` պաշտօնական հրամանատարութեան հակակշիռին տակ:

 

 

Նախորդը

Պէտք Է Արգիլուի Փաշինեանի Կուսակցութեան Մասնակցութիւնը Յունիսի Ընտրութիւններուն` Սահմանադրութեան Խախտման Հիմքով

Յաջորդը

Քաղաքացիութիւն Եւ Մասամբ Նորին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.