Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնները, Իրանի Դէմ Պատերազմը Եւ Հայաստանի Գոյութենական Վտանգը

April 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Հայ-իրանական յարաբերութիւնները ունին հազարամեակներու փորձ: 4-րդ դարուն յոյն պատմիչ Քսենոփոնը գրած է, թէ պարսկական պետութեան հիմնադիր Կիւրոս Մեծը Հայաստանի թագաժառանգ Տիգրան Մեծի մտերիմ ընկերը եղած է: Իսկ հայ-իրանական յարաբերութիւններու գործնական սերտացումը տեղի ունեցած է պարթեւական ծագում ունեցող Արշակունիներու արքայատոհմի Հայաստան հաստատումով: 16-րդ դարէն սկսեալ հայ վաճառականները մեծ դեր խաղացած են Իրանի առեւտուրի զարգացման մէջ: Նոյն դարու կիսուն` Շահ Աբասի օրով, հայ առեւտրականներու շնորհիւ աշխուժացած է իրանական մետաքսի առեւտուրը: Այստեղ ու իրերայաջորդ դարերուն էապէս օգտագործուած է հայերու քրիստոնեայ ըլլալու հանգամանքը, որ մեծապէս նպաստած է Եւրոպայի ու Ասիոյ մէջ շուկաներու ստեղծման: 19-րդ դարուն հայերը Իրանի մէջ արդէն իսկ սկսած են մասնակցիլ ներքաղաքական կեանքին, իսկ 1905-1911 հայերը դարձած են սահմանադրական յեղափոխութեան մասնակից: Համաշխարհային Ա. պատերազմին, երբ թուրքերը ներխուժած են Ատրպատական եւ փորձած են կողոպտել ու կոտորածներ կազմակերպել,  այս գործողութիւններուն դէմ յանդիման կանգնած են Իրանի իշխանութիւնները, որոնք ոչ միայն կասեցուցած են օսմանական ջարդարարական ծրագիրները, այլ նաեւ հազարաւոր հայերու ապաստան տրամադրած են: Այս քանի մը օրինակները պարզապէս ապացոյցներ են` հաստատելու, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները պատմութեան ընթացքին ընդհանրապէս փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած են, իւրաքանչիւրը` իր չափի, ուժի ու ժամանակի պայմաններուն մէջ:

Նորօրեայ ժամանակներուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիւանագիտական յարաբերութիւնները պաշտօնապէս հաստատուած են 9 փետրուար 1992-ին: 2004-ին պաշտօնապէս մեկնարկած է կազատարի շինարարութիւնը, որուն առաջին հատուածին բացումը տեղի ունեցած է մարտ 2007-ին, իսկ ամբողջացումը` դեկտեմբեր 2008-ին: Երկարութիւն` 140-141 քմ: Նշեալ ծրագիրով կարելի է տարեկան 2,3 միլիառ խորանարդ մեթր կազ տեղափոխել Հայաստան:  Տակաւին, 2025-ի տուեալներով, Իրան-Հայաստան ներածման ու արտածման ընդհանուր գումարը կը հասնի 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի:

Միջպետական յարաբերութիւններէն ու տնտեսական շահերէն անդին` Իրանը միշտ ալ Արցախի հարցով մերժած է արտաքին միջամտութիւններով լուծումները: Տակաւին, յունուար 2017-ին, օրին Իրանի խորհրդարանի նախագահ ու անցնող շաբաթներուն ահաբեկչական արարքի զոհ գացած Ալի Լարիժանին զգուշացուցած էր, որ ղարաբաղեան տագնապին մէջ Իսրայէլի ներգրաւումը բացասական հետեւանքներու պիտի հասցնէ: Փաստօրէն Արցախի 44-oրեայ պատերազմը եկաւ ապացուցելու, որ զգուշացումը տեղին էր, եւ Իսրայէլի ռազմական-արհեստագիտական մասնակցութիւնը պատերազմի հետեւանքներուն վրայ ունեցած է իր որոշիչ բաժինը: Ասկէ անդին` պատերազմի ընթացքին Իրանի յայտարարութիւնները հետեւանք են Հայաստանի իշխանութիւններու դաւադրական մօտեցումներուն, որոնց դիմաց կարելի չէ այլ բան ակնկալել, երբ փաշինեանական վարչակարգը առուծախ կը կատարէր:

Ասկէ անդին` «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերեալ մարտ 2022-ին Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յայտարարած է, որ` «Հայաստանի տարածք որեւէ ռազմական ներխուժում կ՛արժանանայ Իրանի զինուած ուժերու պատասխանին: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ թոյլ չի տար հարեւան պետութիւններու սահմաններու փոփոխութիւն»: Իսկ մայիս 2025-ին Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհան նշած է, որ` «Ոչ մէկ հարց կը լուծուի ստիպողաբար, որեւէ «Զանգեզուրի միջանցք» չ՛ըլլար»: Իրանին համար այս անցքը ունի ե՛ւ ապահովական ե՛ւ տնտեսական ե՛ւ ռազմավարական նշանակութիւն, սակայն անցքի բացումի կարելիութեան դիմաց արդէն իսկ բազմիցս քննարկած է այլընտրանքային կարելիութիւններուն մասին, որպէսզի նուազագոյն վնասները կրէ:

Այս բոլորէն ետք, աւելի քան մէկ ամիսէ ընթացք առած Իրանի դէմ Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ պատերազմը ամբողջովին նոր կացութիւն ստեղծած է: Վստահաբար պատերազմէն ետք Իրանի մօտեցումները, խնդիրները արժեւորելու եղանակներն ու դաշնակիցները նոյնը պիտի չմնան. ամէն ինչ կախեալ է պատերազմի արդիւնքներէն եւ հետեւանքներէն: Սակայն այստեղ մէկ բան յստակ է, որ այսօր, աւելի քան երբեք, վտանգուած են հայ-իրանական յարաբերութիւնները: Իրանի տկարացումը կամ քայքայումը կը նշանակէ, որ կազատարը կանգ պիտի առնէ, «Զանգեզուրի անցքը» շուտով պիտի բացուի եւ ամէնէն կարեւորը` Հայաստանը շրջափակման մէջ պիտի մնայ:

Այո՛, Հայաստանը հաւանաբար կրնայ Թուրքիոյ հետ ունենալ տնտեսական առաւել եւս նպաստաւոր պայմաններ, առաւել եւս մեծ շուկայ, կազի մատակարարման առաւել եւս ընդունելի կարելիութիւններ, եւ, ինչո՞ւ ոչ, միջանցքով Հայաստանի զբօսաշրջութիւնն ալ կրնայ վերելք արձանագրել, սակայն Հայաստանը Հայաստան ըլլալէ կը դադրի եւ կը վերածուի թրքական գաղութի: Ինչո՞ւ: Շատ պարզ ու յստակ է, որ շրջափակումով Հայաստանի իշխանութիւններու դիմաց պիտի դրուին նոր պայմաններ, շուտով Ծիծեռնակաբերդը պիտի վերածուի «պատմական կոթող»-ի ու կարճ ժամանակ ետք ալ պիտի քանդուի: «Նեմեսիս»-ի ու Արամ Մանուկեանի արձանները արագօրէն պիտի վերցուին: Պայմաններէն մէկը նաեւ պիտի ըլլայ Հայոց պատմութեան վերանայումը: Հայ դատ հասկացողութիւնը պիտի թաղուի արխիւներուն մէջ: Յեղափոխաշունչ ու ազգային կուսակցութիւններու կառոյցներուն գործունէութիւնը պիտի արգիլուի: Գործընթաց մը, որ արդէն իսկ սկսած է: Փաստօրէն այսօր Արցախի հարցը Հայաստանի իշխանութիւններուն համար ոչ միայն փակուած թղթածրար է, այլ «ծանրութիւն է» նոյնիսկ հայրենազուրկ արցախցիներուն ներկայութիւնը: Արժէքներու ոչնչացման աշխատանքն ալ ընթացքի մէջ է, Եկեղեցին ալ վտանգի մէջ է, համահայկական հասկացողութիւնը ոչնչացման մէջ է, եւ արդէն իսկ ազգային օրակարգ ընդհանրապէս գոյութիւն չունի…

Ընդունինք կամ ոչ, այս պատերազմէն ու յառաջիկայ զարգացումներէն կախեալ է մեր հայրենիքին գոյութիւնը: Պէտք է ընդունինք, որ դարաւոր հայ-իրանական յարաբերութիւնները մեծապէս նպաստած են մեր ազգի անվտանգութեան ու տնտեսութեան զարգացման: Տակաւին, պէտք չէ մոռնանք, որ Իրանի մեր գաղութը եւս ցնցումային փուլի մէջ է եւ ապահովական լուրջ խնդիրներ ունի:

Շատ ալ ընելիք չունինք, կարողականութիւնն ու ուժը չունինք. խաղին մէջ փոքր, զինաթափուած ու փխրուն քար մըն ենք, բայց նուազագոյնը պէտք է ճիգ թափենք, որ մեր ամրոցներէն դուրս դրուին դաւադիրները եւ հայանուն թուրքերը, մենք զմեզ վերանորոգենք, զօրացնենք ու մեր արմատներուն վերադառնանք ա՛յն յոյսով, որ յառաջիկայ օրերուն Իրանը շրջանային առումով չի կորսնցներ իր դերն ու տեղը եւ միապետական ծրագիրներն ու ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնները կը ձախողին, որպէսզի յաղթահարենք ազգի գոյութենական վտանգը, որպէսզի` Հայաստանը հայկականութեամբ ու ազգային ոգիով շնչելու կարելիութիւնը ունենայ, որպէսզի` Երեւանը մնայ հայերուն հայրենիքին կարեւոր հատուածը, իսկ Շուշիին ու Արարատին ազատագրումը` նոր սերունդներուն տեսլականը…

 

 

Նախորդը

Տէ՛ր, Չներես

Յաջորդը

Եուլիան Նակելզման Ճնշումի Տակ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.