Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քառասնօրեակ. Ի Յիշատակ Դպրեվանքի Մեր Սիրելի Տեսուչին` Տաթեւ Սրբազանին

April 3, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առաջնորդ Ատրպատականի հայոց թեմի

Տաթեւ սրբազանը դպրեվանքի մէջ` քարոզի պահուն

Քառասուն օրեր առաջ մայր հայրենիքի հողին յանձնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն երանաշնորհ Տաթեւ արք. Սարգիսեանին անշնչացած մարմինը:

Վերջին շուրջ երեք տասնամեակներուն, վերանկախացեալ Հայաստան հաստատուած եւ Ս. Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանին մէջ կրօնական ու պատմական նիւթեր դասաւանդող մեր սրբազանը, իր երիտասարդ օրերէն մինչեւ հասուն տարիքի սկիզբը, անձնդիր ծառայութեամբ լծուած էր նոր սերունդի հոգեւոր եւ իմացական կրթութեան առաքելութեան` իբրեւ տեսուչ Անթիլիասի դպրեվանքին, նախքան 1986 թուականը, երբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ:

1980 թուականին, երբ 11 տարեկան էի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք ուզեցի մուտք գործել սեփական նախընտրութեամբ: Այդ օրերուն դպրեվանքի տեսուչն էր Տաթեւ սրբազանը: Սեւ մօրուքով եւ շատ երիտասարդ արտաքինով, ընկերային մօտեցումներով եւ սաներուն հայր ու մեծ եղբայր հանդիսացող կեցուածքով անձ մըն էր սրբազանը: Մուտքի քննութեանս տկար արդիւնքը երբ ներքին տեսուչ Գէորգ Գանտահարեանը փոխանցեց իրեն, սրբազանը ստուգելով դրուած նիշը, երեսը թթուեցուց. սակայն պահ մը ետք լսելով «Սուրբ Աստուած» երգելս, որ մեծ հայրս` տէր Գրիգորը մանուկ տարիքիս սորվեցուցեր էր ինծի մեր ծխական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, որպէս դպրեվանքի սան ընդունուած համարեց զիս, 1980-1981 տարեշրջանի մուտքին:

Սրբազանը սարկաւագական կարգ կը շնորհէ մեզի
Սրբազանը` մեզի դպրութեան աստիճանը տալու պահուն

Սրբազանին յատուկ մօտեցումը անձիս նկատմամբ միշտ զգալի էր ուսումնական կեանքի ընթացքին: Այդ օրերուն մանկավարժութեան կողմէ տակաւին ընդունուող ապտակները իր ձեռամբ, ինծի յարմար չէր տեսներ` հաւանաբար խղճալով ճղճիմ ու նիհար մարմնիս:

Այս մեծ դաստիարակը, ընկերային հոգածութեամբ, մեզի հետ ոտնագնդակ խաղալը պաշտօնական հանգամանքի անկում չէր համարեր բնա՛ւ: Սոյն արարքով աւելի եւս կ՛ազդէր սաներուս վրայ, երբ որպէս սրբազան հայր եւ մեծ եղբայր ճանչնալով զինք` պատիւ կը զգայինք, իրեն հետ զգուշաւոր ծանօթութենէ անկախ, հարազատ զաւակ ըլլալու զգացումով խանդավառուած:

Սրբազանը ոտնագնդակ կը խաղայ դպրեվանեցիներուն հետ

Հայոց լեզուի մեր առաջին ուսուցիչն էր Տաթեւ սրբազանը, որ նոյնիսկ իր արձանագրած բացակայութիւնները կը լեցնէր տան պարտականութիւններ տալով եւ ուսուցողական խոր մօտեցումներ փոխանցելով մեզի: Այնպիսի պարզ բացատրութիւններ կու տար լեզուական եւ ուղղագրական կանոններու, որոնք մինչեւ այսօր ականջներուս մէջ կը հնչեն իր սեփական ձայնով:

Ժամերգութիւններէն ընդհանրապէս կը բացակայէր, բայց միշտ տեղեակ էր, թէ ո՞վ, ի՞նչ, ինչպէ՞ս կատարեց շարականն ու սաղմոսը եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան հսկիչներէն կ՛իմանար ամէն ինչ: Մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձնէր սաներու առողջական վիճակին: Տեսչարանին մէկ անկիւնը ունէր ապակեայ փեղկերով դեղերու հսկայ` պահարան մը, ուր գլխացաւի եւ այլ սովորական հիւանդութեանց դեղեր իրար վրայ դրուած «դեղաբլուրներ» կազմեր էին:

Կը յիշեմ դպրեվանքի իմ առաջին շաբաթուան վերջին օրս, երբ ընթրիքի համար սեղանատան մէջ բոլորիս տրամադրուեցաւ հալէպահայ նախաճաշ եւ ընթրիք համարուող ճաշատեսակ մը` «մամունիա» անունով ծանօթ: Սեղանատան ճիշդ քովը կար միայարկանի փոքր շէնք մը եւս` կոպիտ արտաքին տաշուածք ունեցող սպիտակ քարերով կառուցուած, որ խոհանոցն էր: Այս շէնքին տեղ կառուցուեցաւ դպրեվանքի նոր շէնքը, որուն կառուցման ժամանակաշրջանին ամէն ատեն, ճարտարապետական ժողովներուն կը նախագահէր սրբազանը` արդիական բոլոր նորաձեւութիւններուն ներառումը պարտադրելով, որպէսզի դպրեվանեցիներս նոր ժամանակներու ուսանողներ զգայինք մենք զմեզ եւ բնաւ չզրկուէինք յառաջադէմ դարու մէջ ուսանող ըլլալու արդար հպարտութենէն:

Վերոյիշեալ խոհանոցային միայարկ շէնքի վարի յարկը, միակ տեղը, որ դուռ ունէր, վանքի ախոռն էր, ներքնամասը` անտաշ քարերով հիւսուած, բարձր առաստաղով եւ հողածածկ յատակով, իսկ դրան առջեւ նուշի հսկայ ծառ մը աճած էր: Ախոռին մէջ տեսչութիւնը ոչխարներ կը պահէր, մինչեւ յարմար օր մը, երբ կը զենէին եւ փառաւորապէս կը վայելէինք անոնց թարմ միսը:

Պիքֆայայի վանքի մուտքին, ձեռագործ մատուռիկս
Տեսուչ սրբազանին ինծի տրամադրած փոքր հողամասը

Պէյրութի մէջ մինչեւ 11 տարեկան ըլլալս, ո՛չ մեր տան մէջ եւ ո՛չ ալ շուկայի, նման ճաշատեսակ` «մամունիա» չէի համտեսած: Քիմքիս ծանօթ չէր ատիկա: Սեղանատան մէջ ճաշասեղաններու շուրջը վեց հոգիներ կը նստէինք: Կեդրոնը կը նստէր սեղանապետը` բարձր դասարանի ուսանող` Ընծայարանական սարկաւագ մը, անոր երկու կողմերը` Դ. եւ Գ. ժառանգաւորացի ուսանողներ, իսկ դիմացի կողմի կեդրոնը` ամենափոքր` նախապատրաստական դասարանէն ուսանող մը, եւ վերջապէս անոր աջ ու ձախ կողմերը` Ա. ժառանգաւորացէն երկու ուսանողներ:

Նշեմ, որ նախապատրաստականի եւ Ա. ժառանգաւորացի սաները թիւով միշտ աւելի շատ կ՛ըլլային, որովհետեւ բարձր դասարաններու աշակերտական շարքերը հետզհետէ կը նուազէին` կա՛մ անձամբ հեռանալով դպրեվանքէն, կա՛մ տեսչութեան որոշմամբ վտարուելով ժառանգաւորացէն, որպէսզի չհասնէին ընծայարանական բաժին` սարկաւագական ձեռնադրութեան, եւ ի վերջոյ` հոգեւորականի կոչման:

Սեղանապետը հաւասարապէս բոլորիս բաժնելով օրապահներուն կողմէ խոհանոցէն բերուած եւ մեր սեղաններուն դրուած կերակուրը, մեղմ ձայնով բարի ախորժակ մաղթեց մեզի: Ի դէպ, վանական կեանքի աւանդութեան համաձայն, սեղանատան մէջ իրարու հետ զրոյց ունենալը բացարձակապէս արգիլուած էր: Ճաշի ժամանակ բոլորս ունկնդիր կ՛ըլլայինք գիրքի ընթերցումին, ընդհանրապէս մեր սիրուած գրագէտներուն վէպերէն այս կամ այն, որմէ բաժիններ կ՛ընտրէր տեսչութիւնը, եւ զոր հերթով կը կարդային բարձր դասարանի աշակերտները: Հետեւաբար, ո՛վ որ խօսէր սխալմամբ, սեղանապետը ճաշէն կը զրկէր զայն, ոտքի կանգնեցնելով, մինչեւ ճաշի համար օրուան հսկիչին տրամադրած ժամանակին աւարտը: Պատժուած անձը յետոյ կը նստէր եւ սեղաններուն մաքրութեան ընթացքին շուտով կը լափէր իրեն տրամադրուած բաժինը:

Իմ ամանիս մէջ դրուած «մամունիա»-ն առաջին իսկ պահուն զզուանք պատճառեց ինծի, երբ հետեւած ըլլալով կատարածին կողքիններուս, որոնք անոր մէջ պանիրի աղով պատրաստուած տեսակը լեցնելով` սկսեր էին ուտել, ես ալ համտեսեցի այս նոր ընթրիքը: Թանձր ջուրով կերակուրը շաքարաւազով քաղցրացուած ճաշատեսակ մըն է, որ աղի պանիրով կը հաւասարակշռուի` կշտացնելով սաները: Ինծի համար լրիւ անծանօթ ճաշատեսակ մը ըլլալով ասիկա` չկերայ: Սեղանապետը պարտադրեց, բայց երբ չյաջողեցաւ ստիպել, ոտքի կեցուց զիս: Տեսուչը աչքին տակէն նայեցաւ: Ընթրիքէն ետք սեղանապետը զիս առաջնորդեց տեսչարանին դրան առջեւ, ուր պատժուող սաները կը կենային գլխիկոր, մինչեւ իրենց հարցին լուծման պահը հասնէր:

Տեսուչ Տաթեւ սրբազանը ներսն էր եւ լուռ: Երբեմն հեռաձայններու կը պատասխանէր: Շուրջ մէկ ժամ ետք, երբ արդէն յաջորդ օրուան համար սերտողութեան պահուան նախապատրաստուելու զանգը երեք հարուած ստացեր էր մետաղեայ զանգի ղօղանջով, որ Պիքֆայայի հին շէնքին վարի յարկի սիւներէն մէկուն վրայ զետեղուած էր, սրբազանը դուռը բացաւ եւ մօտենալով ինծի` ցուցամատով կզակիս տակէն վեր բարձրացուց գլուխս: Չէի համարձակեր աչքերուն նայիլ, մինչեւ որ ինք հրամայեց:

Յուզուած աչքերով բացատրեցի, թէ չսիրեցի ընթրիքի համար տրուած այդ կերակուրը: Ապտակելու փոխարէն` ան շոյեց երեսս, որովհետեւ թերեւս կը խղճար նիհար մարմնիս եւ թոյլ տուաւ, որ երթամ եւ յաջորդ օրուան դասերու պարտականութիւններս կատարեմ: Անօթի պիտի մնայի ամբողջ գիշերը, եթէ դպրեվանք մտնելուս օրը մեծ մամաս շաքարի եւ շոքոլայի տեսակներ գրպանս լեցուցած չըլլար, երբ բոլորը` մայրս, քոյրս ու եղբայրներս հրաժեշտ կու տային ինծի յուզումնախառն աչքերով:

Կիսասարկաւագներս տաճար կ՛առաջնորդենք սրբազանը
Ուրարի տուչութիւն` Տաթեւ սրբազանին ձեռամբ

Տեսչարանի ձախ կողմն էր սերտարանը, երբ արդէն երկրորդ զանգը լսելով` բոլոր սաները իրենց տեղերը նստեր էին: Ի դէպ, այդ օրերուն տակաւին չէր կառուցուած դպրեվանքի նոր շէնքը, ուստի 60 աշակերտներ կ՛ապրէինք եւ կ՛ուսանէինք փոքր շէնքին մէջ, որ կառուցուած էր 1952 թուականին, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսին օրով, որպէս ամարանոց միաբանութեան համար:

Սերտարանին մէջ լուռ նստած սաներուն գլուխները պահ մը միասնաբար բարձրացան` հետեւելով պատժուած անձիս, երբ մինչեւ իմ տեղս երթալով` գրասեղանին դրի յաջորդ օրուան դասագիրքերս:

Գիշերուան ժամը 9:00-ին, անօթի ստամոքսով «Հայր մեր»-ը, «Պահապան ամենայնի»-ն արտասանելէ եւ միասնաբար «Հրեշտակ զուարթուն»-ը երգելէ ետք, դասընկերներուս հետ հերթով բարձրացանք մեր ննջարանները եւ քնացանք մեր լռութեան հետեւող սարկաւագներուն հսկողութեամբ: Անոնք ընդհանրապէս գիրք մը կ՛ունենային իրենց ձեռքերուն մէջ, եւ իւրաքանչիւր ննջարանի մէջ տեղադրուած քսան անկողիններու կեդրոնական արահետէն դանդաղ քայլերով կը ճեմէին` մտովի կարդալով գիրքը: Ես ալ այդ օրերուն սկսայ կարդալ հատուած մը Աւետարանէն, զոր դպրեվանք մուտքի օրս` 9 հոկտեմբեր 1980 թուականին, տունէն հրաժեշտ առնելու պահուս մեծ հայրս մակագրեց եւ թուականին տակ գրեց. «Օրական կարդա՛ գէթ գլուխ մը` որպէս սնունդ հոգւոյ»:

Բոլորս ալ իրար հետեւելով` կը վրձինէինք մեր ակռաները, մինչեւ սարկաւագներուն կողմէ լոյսերուն մարիլը եւ կը քնանայինք լռութեամբ: Այստեղ ալ խօսողները շուտով կը պատժուէին, եւ մինչեւ լոյսերուն մարիլը, ննջարանի դրան առջեւ գլխիկոր կը կանգնէին` սարկաւագներուն խիստ հրահանգին ենթարկուելով:

Յաջորդ օրը առաւօտուն, ընդհանուրին տրամադրուած բնական նախաճաշէն զրկելով զիս, դիմացս դրուած էր մամունիայով լեցուն աման մը: Նոյն հոտը դարձեալ զզուանք պատճառեց ինծի, եւ արցունքոտ աչքերով նայեցայ ամանին` առանց ուտելու:

Սեղանապետը նորէն զիս ոտքի կեցուց եւ նախաճաշի ժամէն ետք օրուան հսկիչ հայր սուրբին յանձնեց: Հսկիչը զիս դարձեալ տարաւ եւ տեսչարանին առջեւ կեցուց` որպէս պատժուած աշակերտ:

Սրբազանը երբ դուրս եկաւ դասաւանդութեան զանգը հնչելէն առաջ, ինծի մօտենալով` ըսաւ. «Օր մը, երբ հոգեւորական ըլլաս, եւ քեզի հիւրասիրեն մամունիայով, պիտի չըսես, որ չե՛մ սիրեր եւ կամ չե՛մ ուտեր: Ի՞նչ պիտի ընես այդ ատեն: Հիմա՛ պիտի սորվիս ուտելը», շեշտեց ան, եւ «գնա՛» պոռալով` ուղարկեց զիս սաներուն քով, որոնք արդէն կանոնաւոր շարքով կանգնած էին օրուան բացման աղօթքը արտասանելու եւ դպրեվանքի յատուկ «Սիրտ ի սիրտ» քայլերգը կատարելու համար:

17 տարիներ անցեր էին այս դէպքէն, երբ 1997 թուականին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին մէջ ծառայութեան կոչուած էի: Տօնական օր մը ուղարկուեր էի Եութա նահանգի Սոլթ Լէյք Սիթի քաղաքը, ուր պատարագ պիտի մատուցէի: Այն տունը, ուր հիւրընկալուեցայ, նախկին սուրիահայեր էին, իսկ տանտիկինը ջերմութեամբ բռնուած ըլլալով` անկողնին գամուած էր…

Տօնական սուրբ պատարագը մատուցեցի, եւ հիւրընկալիս հրաւէրով, դէպի իր տունը վերադարձի ճամբուն վրայ գտնուող ճաշարանի մը մէջ փառաւորապէս ճաշեցինք: Գիշերը իրենց տան մէջ քնացայ` առաւօտուն Լոս Անճելըս վերադառնալու օդանաւային տոմս ունենալով:

Յաջորդ առաւօտ, կանուխ ժամերուն ըլլալիք թռիչքիս պատճառով շուտ արթնցեր էի: Արդէն իսկ պատրաստուած էի, երբ առի մասնաւոր հոտ մը, որ ամբողջ տան մէջ տարածուեր էր… Երբ բարի լոյս ըսի հիւրընկալիս, նշմարեցի, որ անոր կինը, որ հիւանդ էր օր մը առաջ, արթնցեր էր եւ յատուկ նախաճաշ պատրաստեր էր խոհանոցին մէջ:

Մամունիա էր… խոր ամաններու մէջ առատօրէն լեցուած… Յիշեցի Տաթեւ սրբազանին ըսածը… Ամչնալով հիւանդ կնոջ կատարած զոհողութենէն, կերայ նշանաւոր մամունիան… Մէկ օր ետք, ամբողջ մարմնիս վրայ բշտիկներ յառաջանալու պատճառով, Լոս Անճելըսի մէջ յատուկ բժիշկի այցելեցի, եւ բուժման դեղագիր ստանալով` գործածեցի դեղերը: Այս ալ կեանքի ապտակ մըն էր` սրբազանին կողմէ տրուած…

Սուրիոյ Քեսապ գիւղին մէջ ծնած էր Տաթեւ սրբազանը եւ կը սիրէր հողը: Նոյն գիւղէն եկած պարտիզպան «Պռիամ» Յակոբը, սրբազանին թելադրութեամբ, կը յօտէր Պիքֆայայի վանքի պտղատու ծառերը եւ կը հաւաքէր տարեկան բերքը: Ձեռքի բրիչով բոլոր խոտերը կը հերկէր` շուրջ մէկ ամիս տրամադրելով այս ջանադիր աշխատանքին, հսկայ պարտէզին մէջ:

Տաթեւ սրբազանը հողասիրութիւնը մեզի ալ սորվեցուց` շէնքին դիմացի լեռներու կողերուն վրայ չորս-հինգ մեթրնոց հողամասեր տրամադրելով մեզի: Շաբաթ օրը ազատ ըլլալով, շէնքի եւ շրջափակի մաքրութենէն ետք, մեզմէ շատերը իրենց հողակտորներուն մօտ կը բարձրանային` հետեւելու իրենց կատարած ցանքին, ինչպէս նաեւ բակի աղբիւրէն դոյլերով ջուր կրելով` կը ջրէին իրենց ցանած հունտերը:

Սրբազանը ինծի տրամադրած էր լաւագոյն հողակտորներէն մէկը, որ ունէր կարմիր հող, եւ ուր քարերը քիչ էին հողին մէջ: Ոչինչ ցանած  էի կեանքիս ընթացքին, ո՛չ ալ հողին ջուր տուեր էի` քաղաքին մէջ ապրած ըլլալով: Սքանչելի ուսուցողութիւն էր այս, որ մինչեւ այսօր ինծի համար չափազանցօրէն սիրելի հաճոյք է` Տաթեւ սրբազանէն յիշատակ մնացած: Հողին հետ փոխադարձ սէրս այլ ձեւով մըն ալ արտայայտութիւն գտաւ հետագային` շինարարութեան մեծ իղձեր արթնցնելով մէջս:

Դպրեվանքի մուտքին, տակաւին բակի մասը չիջած, ձախ կողմը կար կարծրացած հողամաս մը, որ քարեղէն պատի նմանութիւն ունէր: Բ. ժառանգաւորացի սան էի արդէն, երբ փոքր բրիչով սկսայ քառանկիւն տուփ մը փորել հողին մէջ` ուղղահայեաց դիրքով, գետնէն մէկուկէս մեթր բարձրութեամբ: Անոր շուրջը եւս ուղիղ պատերու նմանցուցի, եւ զայն վերածեցի Լիբանանի գիւղերու ճամբաներուն վրայ լայն տարածում ունեցող աղօթական մատուռիկի: Մէջը տեղադրեցի Աստուածամօր պատկերը` գիրկը Յիսուս մանուկով:

Սոյն մատուռիկը բոլոր այցելուներուն համար աղօթատեղի դարձաւ, որուն առջեւ ծաղիկներ կը ցանէի: Հայ թէ օտար անցորդները անոր մէջ մանր մետաղադրամներ կը դնէին: Աշակերտներէն ոմանք նախանձով կը նայէին: Աղօթողներու այնտեղ թողած քանի մը ղրուշները կը տանէի եւ կը լեցնէի եկեղեցւոյ դրան ետեւ գտնուող գանձանակին մէջ, սակայն նախանձողները կ՛ըսէին, թէ այդ գումարներէն կ՛օգտուիմ ես… Տաթեւ սրբազանը ո՛չ մէկ օր արգելք հանդիսացաւ այս մատուռիկի գոյութեան, այլ ընդհակառակը միշտ կը գնահատէր զիս:

Գ. ժառանգաւորացի սան էի արդէն, երբ «Դպրեվանեան ղօղանջ» մեքենագիր ամսագրին 30 յունուար 1984-ի թիւին մէջ առաջին անգամ ըլլալով հրատարակուեցաւ իմ գրութիւններէս մէկը, որ կը կրէր «Մրջիւնը» վերնագիրը: Տաթեւ սրբազանը մօտէն կը հետեւէր փոխտեսուչին եւ հսկիչներուն խմբագրած այս թերթի աշխատանքին ու յատուկ հսկողութեամբ կ՛արտօնէր հրատարակութիւնը: Վստահաբար իմ գրածս ոչ միայն հետաքրքրեր էր զինք, այլ ոճին մէջ ապագայ մը նշմարեր էր: Ստորեւ կը տեղադրեմ գրչիս պատկանող հրատարակուած առաջին գրութիւնս, որ արժանացեր էր Տաթեւ սրբազանին գնահատանքին:

«Զիս մրջիւն կը կոչեն: Ճիշդ է, որ շատ մարդոց համար անտեսանելի եմ եւ անարգուած շատերէ, սակայն միշտ սիրելի եմ չափահասներուն, որոնք երբ տեսնեն, թէ խումբ մը փողոցային տղաք զիս կոխկռտել կը փորձեն, անմիջապէս կը բարկանան անոնց վրայ եւ ապտակի հարուածով կը հասկցնեն, թէ` «Մեղք է, քեզմէ աշխատասէր է»:

«Քիչ մըն ալ առօրեայ կեանքէս պատմեմ ձեզի: Առաւօտուն բաւական կանուխ կ՛արթննամ եւ ետիս խումբ մը ընկերներ առած` ճամբայ կ՛ելլեմ դէպի տան մը աղբանոցը, ուր ընդհանրապէս մեր նախընտրած ուտեստեղէններու փշրանքները կ՛ըլլան: Յանկարծ այդ չար մանուկները դուռը բանալնուն պէս դուրս կը վազեն, եւ քիչ մը խաղալէ ետք, յոգնած երբ վերադառնան, իրենց ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն մեզ եւ ահա այստեղէն է որ ծայր կ՛առնէ մեր տառապանքը: Ընկերներէս ոմանց ոտքերը կը փրցնեն, ոմանց գլուխները կը կոտրեն, իսկ ոմանք ալ լուցկիի ծայրով կ՛այրեն: Անգամ մը ես մինակս մնացի. սկսայ իրենց պաղատիլ, թէ զիս ալ նոյն վախճանին չհասցնեն. սակայն աւա՜ղ, չէին հասկնար: Ա՛լ յուսահատ, մահուան ստուերը աչքիս առջեւ պատկերացուցի: «… Պատին վրայ մագլցեցայ` առջեւս փայտով գոցեցին եւ զիս վար ձգեցին: Քիչ մը մէջքս ցաւցուցած կրկին մագլցեցայ, սակայն կրկին նոյն փորձանքին մատնուեցայ. այս անգամ բարկացած բարձրացայ, եւ երբ այդ փայտը դրին դիմացս, անոր վրայ բարձրացայ եւ անոնք զիս բարձրացուցին վեր, եւ ես մի քանի անգամ կլոր դառնալով անոր շուրջը, տեսայ թէ ճար չկայ, ինքզինքս վար ձգեցի. անոնք ծռեցան եւ կրկին փայտը գետին դնելով, զիս նորէն անոր վրայ հանեցին եւ տարին լճացած ջուրի մը վերեւ եւ այդտեղէն վար ձգեցին, եւ այնպիսի նեղ կացութեան մատնեցին զիս, որ ձեռքերս, ոտքերս շարժելով սպասեցի մահուանս րոպէն: Յանկարծ բարի փոքրիկ մը, որ աչքիս հրեշտակ երեւցաւ, վրայ հասնելով բացագանչեց. «Ո՛՛չ, ո՛չ, հայրիկս ըսած է թէ, մե՛ղք է, մե՛ղք»: Եւ այդ չարագործ տղաքը զիս վերցնելով գետին նետեցին եւ հետեւեցան կաղ քայլերուս, ուր որ գացի: Երբ տուն հասայ եւ ներս մտայ, արդէն երկար շունչ մը առած էի. անոնք, մեր տան շուրջ հատիկ-հատիկ դիզուած հողակոյտը կոխկռտելով անցան ու գացին:

«Միշտ այսպէս արկածալից է կեանքս: Եթէ չարերու հանդիպիմ, վախճանս գէշ է, իսկ եթէ բարիներու հանդիպիմ, շատ աւելի լաւ կ՛ընթանայ օրս»:

Սիրելի տեսուչիս վաւերացուցած վերեւի գրութիւնս բանալին հանդիսացաւ բոլոր հրատարակութիւններուս, որոնք գիրքերով եւ յօդուածներով արտայայտեր եմ անցնող 40 տարիներու ընթացքին եւ տակաւին պիտի շարունակեմ Աստուծոյ հրամանով: Եկեղեցական կեանքի եւ մեր ժողովուրդի ծառայութեան սէրս աճեր է Տաթեւ սրբազանի ուսուցումներուն հետեւելու ճամբուն վրայ:

Դպրութեան, ուրարակրութեան, կիսասարկաւագութեան եւ ապա սարկաւագութեան աստիճանները ստացեր եմ Տաթեւ սրբազանին ձեռամբ, անկէ ետք ան արդէն տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, երբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ: Այս մասին հրապարակաւ յայտնեց Գարեգին Բ. Սարգիսեան կաթողիկոսը, երբ իբրեւ նորընծայ սարկաւագ` վկայական կը ստանայինք նորին սրբութեան ձեռքէն: Գարեգին վեհափառը երբ յայտարարեց, որ տեսուչը աւարտեր է իր առաքելութիւնը եւ թեմական ծառայութեան պիտի կոչուի, բոլորիս համար անակնկալ էր… Ոչ ոք կրնար պատկերացնել դպրեվանքը` առանց Տաթեւ սրբազանին: Նոյն պահուն անոր աչքերէն արցունք կը հոսէր: Ան շատ կը սիրէր դպրեվանքը…

Լոս Անճելըսի մէջ աւարտելով իր ծառայութիւնը` ան տեղափոխուեցաւ մայր հայրենիք, ուր Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրուեր էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին վեհափառը` դառնալով Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետ:

Տաթեւ սրբազանին արեան մէջ եղած ուսուցչական սէրը նոր արտայայտութիւն գտաւ Էջմիածնի մէջ, երբ ան սկսաւ դասաւանդել «Գէորգեան» ճեմարանի յարկին տակ: Մարդակերտման գործը, որ ան շարունակեց հոգեւոր ճեմարանին մէջ, երկար ժամանակ պիտի յիշուի սոյն հաստատութեան յարկին տակ հասակ առած եւ Ս. Էջմիածնի միաբանութեան անդամագրուած հոգեւորականներուն կողմէ:

* * *

Տարի մը առաջ, երբ սովորութեանս համաձայն, ցամաքի ճամբով Ատրպատականէն Հայաստան անցեր էի, հեռաձայնով կապուեցայ սրբազանին հետ` հանդիպելու փափաքով:

Իր սենեակին մէջ երբ հիւրընկալեց զիս, յիշեցի դպրեվանքի աշակերտութեան տարիներս` իր հեղինակաւոր եւ ազդու տեսչութեան շրջանին: Հին յուշերը քաղցր երազներու նման փոխանակեցինք` վերյիշելով անձեր, որոնք արդէն չկան այս աշխարհին մէջ: Կը խօսէինք քաղցրութեամբ, եւ բնաւ չէր պակսեցներ իր հայրական սէրը` անուշ կատակներով նշելով, որ իր հետ նստեր է ու կը զրուցէ Հայ եկեղեցւոյ հնագոյն թեմին` Ատրպատականի արքեպիսկոպոսը: Ան այնպիսի խորիմաստ բառեր եւ արտայայտութիւններ կը գործածէր, որոնք 11 տարեկանէս մինչեւ երիտասարդութիւնս լսեր էի իրմէ: Նոյն իմաստուն մարդն էր, մեծ փորձառութեամբ…

Երկար զրուցելէ ետք սրբազանը զիս հրաւիրեց Երեւանի մէջ գտնուող հալէպահայու մը ճաշարանը: Փառաւոր եւ անուանի վայր մը, ուր մի քանի ժամ եւս միասին պիտի ըլլայինք:

Համով ու հոտով եւ սքանչելի տեսքով խորովածի տեսակները երբ սեղան բերին, սրբազանին ըսի. «մամունիա չկա՞յ»:

Հայրական գեղեցիկ իր այն ժպիտը, որ յանկարծ ուրուագծուեցաւ դէմքին վրայ, մինչեւ վերջ վեհօրէն կնքուած պիտի մնայ յիշողութեանս մէջ…

Հողին ծանրութիւնը չզգաս վրադ, սիրելի՛ սրբազան հայր…

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Լիբանանը` Քաղաքացիական Խաղաղութեան Գինը Վճարելու Եւ Քաղաքական Կործանումի Օղակներ Դիմագրաւելու Միջեւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.