Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Բարձրագոյն Շքանշանի Շնորհում
22 մարտին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Ազգային իշխանութեան մէկ պատուիրակութեամբ, այցելեց Յովհաննէս Յակոբեանին բնակարանը, ուր սրբազան հօր ձեռամբ օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր յանձնուեցաւ եւ Բերիոյ հայոց թեմի ծառայութեան բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրուեցաւ երկար տարիներու անսակարկ ծառայութիւն ունեցած Յովհաննէս Յակոբեանը, որ աւելի քան 30-ամեայ նուիրական ծառայութիւն մատուցած է Կալուածոց հոգաբարձութեան, Տէր Զօրի մատրան շինարարութեան յանձնախումբի, գերեզմանատան շինարարական յանձնախումբի, Ընկերային ծառայութեան խորհուրդի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ պետական գրասենեակներու եւ պաշտօնատարներու հետ յարաբերական աշխատանքի գծով համայնքին ի նպաստ իր բերած ներդրումին համար:
Սրբազան հայրը գնահատելով Յովհաննէս Յակոբեանը` յայտնեց, որ այս պարգեւատրումը գնահատանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն է` թեմէն ներս լուռ կերպով իր մատուցած ծառայութիւններուն, նուիրումին եւ օրինակելի ու պատասխանատուութեան ոգիին:
Շքանշանակիրը շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ Ազգային իշխանութեան` այս պարգեւատրումին համար:
Միացեալ Նահանգներ
Սողոմոն Թեհլիրեանի Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
15 մարտին Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւնը, Թեհլիրեանի` Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրողներէն Թալէաթ փաշան ահաբեկելուն 105-ամեակին առիթով:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, առաջնորդութեամբ հայր Աշոտ Խաչատուրեանի, տեղի ունեցաւ հաւաք «Մասիս-Արարատ» գերեզմանատան մէջ գտնուող Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշակոթողին առջեւ:
Հաւաքը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ ծաղկեպսակի զետեղումով, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի պատգամը յղեց Վան Պօղոսեան, իսկ Զուարթ Պօղոսեան արտասանեց բանաստեղծութիւն մը:
Հաւաքը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:
ՀՅԴ Օրուան Տօնակատարութեան Առիթով Ալիս Կիւրեղեան Իր Կալուածէն Յաւելեալ Մաս Մը Ֆրեզնոյի Հայ Կեդրոնին Կը Կտակէ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, 14 մարտին Ֆրեզնոյի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» Հայ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 135-ամեակին նուիրուած «Յարգելով մեր ժառանգը» նշանաբանով տօնակատարութիւնը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ բարերար Ալիս Կիւրեղեան որոշած է իր կալուածէն յաւելեալ մաս մը Ֆրեզնոյի Հայ կեդրոնին կտակել, որուն համար համայնքին ղեկավարութիւնը իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց:
Յիշեցնենք, որ Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան ամոլը 2014-ին Ֆրեզնոյի Հայ կեդրոնին 300 հազար տոլար նուիրած էր եւ նորոգուած կեդրոնին վերաբացումը տեղի ունեցած էր 2017-ին ու անուանուած էր «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» Հայ մշակութային կեդրոն:
Օրուան հանդիսավար Նշան Տէր Գալուստեան լուսարձակի տակ առաւ հայութեան պատմութեան եւ ներկայ կեանքին մէջ ՀՅԴ-ի կենսական դերը:
ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին պատգամը յղեց Վան Պօղոսեան, որմէ ետք կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Շխըրտմեան ներկայացուց վերջին 40 տարիներուն մահացած կոմիտէութեան անդամներուն ի յիշատակ պատրաստուած տեսանիւթը:
Տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ երգիչ Հրաչ Կայծակեան:
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէութեան Հիմնադրման 35-Ամեակի Նշում
7 մարտին Պըրպանքի մէջ նշուեցաւ շրջանի ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան հիմնադրման 35-ամեակը:
Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Արմիկ Աւետիսեան անդրադարձաւ կոմիտէութեան 35-ամեայ ճանապարհին` ընդգծելով կազմակերպութեան նուիրուած գործունէութիւնը` համայնքային, ազգային եւ հասարակական կեանքէն ներս:
Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկան` Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Նիք Շուլց, Պըրպանքի փոխքաղաքապետ Զիզեթ Մալինս, Պըրպանքի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Կոնստանդին Էնթոնի, նաեւ` Պըրպանքի Միացեալ դպրոցական շրջանի խորհուրդի անդամ Արմոնդ Աղախանեան: Բանախօսները բարձր գնահատեցին Պըրպանքի հայկական համայնքի աշխուժ մասնակցութիւնը քաղաքի հասարակական կեանքին` ընդգծելով ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան կարեւոր դերակատարութիւնը համայնքի կազմակերպման, մշակութային կեանքի աշխուժացման եւ հայկական ինքնութեան պահպանման գործին մէջ:
Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Գառնիկ Սարգիսեան:
Ազգային Առաջնորդարան Այցելեցին Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան Եւ Անի Կարմիրեան
4 մարտին Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանն ու հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու աւագ պատասխանատու Անի Կարմիրեանը:
Սրբազան հայրը գնահատեց հիմնարկութեան ի գործ դրած կրթական եւ մշակութային զանազան ծրագիրներն ու աշխատանքները յատկապէս հայերէնատիրութեան այնքան կարեւոր գործին մէջ:
Իրենց խօսքին մէջ այցելուները անդրադարձան իրենց գործունէութեան, յատկապէս` նոյն օրերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացող նախաձեռնութեան եւ անոր հետապնդած նպատակներուն:
«Լարք» Երաժշտական Ընկերակցութեան Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախագահներ Էնտի Եւ Հայտի Թորոսեան Ամոլի Մեծարում
«Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան 35-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ 8 մարտին «Պեւըրլի Ուիլշայր» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան Հոգաբարձութեան խորհուրդի ատենապետներ Էնտի եւ Հայտի Թորոսեան ամոլին, որոնք «Լարք»-ին միացած էին 2009 թուականին:
Երեկոյի հանդիսավարն էր Ասպետ Պետրոսեան, որ ներկայացուց օրուան խորհուրդը: Կարդացուեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին պատգամը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ապա ցուցադրուեցաւ «Լարք»-ին նուիրուած տեսերիզ մը, որ կը ներառէր աւելի քան 20 ուսանողներու, շրջանաւարտներու, դասախօսներու եւ աջակիցներու սրտի խօսքեր:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի անդամ Ադրին Նազարեան ելոյթ ունենալով, շնորհակալութիւն յայտնեց Վաչէ Պարսումեանին` «Լարք» հաստատութեան տեսլականը ունենալուն եւ ստեղծող յենասիւնը ըլլալուն համար: Ան նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Թորոսեան ամոլին եւ քաղաքապետարանին անունով յանձնեց շնորհակալագիր:
Այնուհետեւ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը յանձնուեցաւ Էնտի եւ Հայտի Թորոսեան ամոլին, որոնք իրենց շնորհակալական խօսքերը ուղղեցին այս առիթով եւ Թորոսեան ընտանիքին կողմէ «Լարք» մշակութային կեդրոնի թանգարանին յանձնեցին արժէքաւոր նուէրներ` Գրիգոր Խանճեանի «Առաջին երգ» կտաւը նուիրուած Կոմիտասին եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու աշխատած զոյգ գորգեր` մէկը Ղազիրի, միւսը` Այնթապի որբանոցներէն:
Քեսապի Կրթասիրաց Միութիւնը Հիւրընկալեց Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին Հետ Հաւաք Մը
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Քեսապի Կրթասիրաց միութեան, 6 մարտին տեղի ունեցաւ համայնքային հաւաք մը` ի պատիւ շրջան այցելող Քեսապի զաւակ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի:
Դոկտ. Փանոսեան տեղեկութիւններ տուաւ բաժանմունքին կրթական եւ մշակութային բազմազան ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին, որոնց նպատակը հայերէնը եւ հայկական ինքնութիւնը պահպանելը եւ զարգացնելն է, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի հայ համայնքները զօրացնելը: Ան կարեւոր համարեց նաեւ Քեսապի բարբառին պահպանումը` հայերէնի օգտագործման ջատագովումը նկատելով հայապահպանման աշխատանքին ամէնէն կարեւոր սիւներէն մէկը:
Ֆրանսա
«Արմէն՛ Լիվր»-ի Յաջորդական Դասախօսութիւններու Շարքին Երրորդ Հանդիպումը
13 մարտին Հայ մշակոյթի տան «Սարգիս Մինասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմէն’ լիվր»-ի յաջորդական դասախօսութիւններու շարքին երրորդ հանդիպումը: Լեզուաբան, Փարիզի ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի հայագիտական բաժնի պատասխանատու Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսը ներկայացուց «Արեւմտահայերէնին ապագան. նպատա՞կ, միջոցնե՞ր, դերակատարնե՞ր» նիւթը:
Բացման խօսքով Հայ մշակոյթի տան տնօրէն Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան հաստատեց, թէ Տունը նոյնպէս իր մասնակցութիւնը բերած է արեւմտահայերէնի փոխանցման դերին: Արդարեւ, առաջին օրերէն իսկ Հայ մշակոյթի տան պատասխանատուները կազմակերպած են լեզուի եւ ինքնութեան դասընթացքներ, որոնք նախորդ սերունդներուն օգնած են պահպանելու իրենց կապը հայկական մշակոյթին հետ: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր` չորրորդ սերունդի պայմաններուն մէջ, մարտահրաւէրները կը փոխուին, լեզուի առօրեայ գործածութիւնը կը փոխակերպուի, ընկերային միջավայրերը կը բազմանան, իսկ նոր արհեստագիտութիւնը, ներառեալ` արհեստական բանականութիւնը, նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն լեզուն սորվելու եւ գործածելու համար:
Ն. Սարաֆեան-Թաշճեան դիտել տուաւ, որ «Արմէն’ լիվր» գիրքի ցուցահանդէսը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղայ այս գործունէութեան մէջ: Հայ գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքը ընթերցողներուն եւ հեղինակներուն անմիջական հանդիպման բացառիկ հարթակ մըն է, որ կը ստեղծէ երկխօսութեան, բացայայտման եւ լեզուի ու գրականութեան փոխանցման կենդանի միջավայր:
Ապա խօսք առաւ Անահիտ Տօնապետեան եւ իր ներկայացումին մէջ յիշեցուց, որ մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը արեւմտահայերէնը մշակութային բարձր կենսունակութիւն ունեցող լեզու մըն էր, սակայն 19-րդ դարուն ձեւաւորուած այս գրական լեզուն հայ ժողովուրդին իր բնօրրանէն հեռացումով դարձաւ հող չունեցող, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոր խոցելի վիճակին եւ զայն անընդհատ պաշտպանելու ու պահպանելու անհրաժեշտութեան:
Ան դիտել տուաւ, որ սփիւռքի պայմաններուն մէջ, յատկապէս` Լիբանանի մէջ, արեւմտահայերէնի փոխանցումը յաճախ կեդրոնացած է գրուած լեզուին եւ անոր գրագիտական ուսուցման վրայ, աւելցնելով, որ այս մօտեցումը նպաստած է լեզուի պահպանման, բայց եւ այնպէս, ան երբեմն մէկ կողմ դրած է բանաւոր, ժողովրդական կամ բարբառային գործածութիւնները, որոնք լեզուի կենսունակութեան հիմնական տարրերէն են:
Տօնապետեան շեշտեց, որ արեւմտահայերէնի նման փոքրամասնութիւն կազմող լեզուի պահպանումը եւ փոխանցումը կը պահանջեն հաւասարակշռութիւն աւանդութեան եւ նորարարութեան միջեւ` կառուցուած ուսուցման եւ առօրեայ գործածութեան միջեւ, դիտել տալով, որ արեւմտահայերէնի ապագան եւ զայն ապագայ սերունդներուն փոխանցելը կը մնայ հիմնական հարց:
Աւարտին դասախօսը մատնանշեց քանի մը գործնական ուղղութիւններ` արեւմտահայերէնի փոխանցումն ու կենսունակութիւնը ամրապնդելու համար: Առաջին հերթին անհրաժեշտ է խրախուսել լեզուի ուսուցումը եւ մանաւանդ բանաւոր գործածութիւնը` փոքր տարիքէն: Գրական լեզուին ուսուցումէն անդին` պէտք է ստեղծել այնպիսի միջավայրեր, ուր հայերէնը բնական կերպով կը գործածուի, զարգացնել ժամանակակից մանկավարժական միջոցներ:
Ան կարեւոր նկատեց նաեւ արեւմտահայերէնով մշակութային նախաձեռնութիւններու խրախուսումը` լեզուն կենդանի պահելու համար, որովհետեւ գրականութիւնը, թատրոնը, երաժշտութիւնը, լրատուամիջոցները եւ ժամանակակից ստեղծագործական նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն լեզուի կենսունակութեան եւ կը դարձնեն զայն աւելի գրաւիչ երիտասարդ սերունդներուն համար:
Այս ծիրին մէջ դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքի տարբեր համայնքներուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան:
Աւարտին Անահիտ Տօնապետեան շեշտեց, որ արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ փոխանցումը կը պահանջեն հաւասարակշռութիւն աւանդութեան եւ նորարարութեան միջեւ` պահպանել գրական լեզուի հարստութիւնը, միեւնոյն ժամանակ արժեւորելով բանաւոր գործածութիւնները եւ լեզուական արտայայտութեան նոր ձեւերը:
Եգիպտոս
Հայ Ինքնութեան Եւ Լեզուի Պահպանման Նուիրուած Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի, կազմակերպութեամբ Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանին, 7 մարտին Հելիոպոլսոյ (Գահիրէի) «Պըլըքտանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի` «Հայկական ազգագրական պատկերներ` տեսիլք, կամք եւ յոյս» հատորի ներկայացում:
Բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Մարգարեան, որ ներկայացուց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի բազմամեայ ու բազմաշերտ գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ գիրքի խմբագիր եւ համադրող դոկտ. Արտա Պոյնէրեան-Ճէպէճեան, որ խորացաւ հատորի ստեղծման նպատակներուն եւ անոր կառուցուածքային առանձնայատկութիւններուն մէջ: Ան խօսեցաւ արեւմտահայերէնի պահպանման հրամայականին մասին` ընդգծելով, որ լեզուն սոսկ հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ` լեզուամտածողութիւն, զոր պէտք է ամէն գնով փոխանցել նոր սերունդին` դիմագրաւելու համար համաշխարհայնացման բերած լեզուական եւ մշակութային ձուլման վտանգները:
Հատորի հեղինակ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ զրոյց-քննարկում մը` «Հայ ըլլալու ընտրութիւնը համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ» խորագիրով: Ան անդրադարձաւ իր հեղինակած հայակերտումի երեք հատորներուն, որոնք կը հանդիսանան սփիւռքի հայու կեանքի իւրայատուկ հայելին, կ՛անդրադառնան` սփիւռքահայութեան կեանքի առանձնայատկութիւններուն, հայապահպանումին, ազգային պատկանելիութեան, երկքաղաքացիութիւն ունեցող անհատներու մտածելակերպին, անհատի մը բազմաշերտ ինքնութեան եւ այլ խնդիրներու: Հեղինակը շեշտեց, որ այսօր հայ մնալը գիտակցուած ընտրութիւն է, որ կը պահանջէ` կամքի ուժ, տեսիլք եւ անսպառ յոյս:
Զրոյցէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում եւ հարց-պատասխանի բաժին:
Հանդիսութեան աւարտին իր հայրական պատգամը յղեց Աշոտ եպս. Մնացականեանը: Ան բարձր գնահատեց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի տասնամեակներու վաստակը` զայն որակելով որպէս «տագնապող մտաւորականի եւ նուիրեալ հայու» տիպար: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ նմանատիպ հատորներու հրատարակութիւնը միայն մատենագիտական իրագործում չէ, այլ` հոգեւոր ու ազգային զարթօնքի կոչ, յորդորելով ներկաները, որ տէր կանգնին հայկական արժէքներուն եւ պահպանեն մեր ինքնութեան հիմնասիւն հանդիսացող լեզուն ու հաւատքը:


