Կիրակի, 29 մարտ 2026-ին, Ծաղկազարդի օրհնեալ տօնին առիթով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք մատուցեց հայրապետական Ս. պատարագ Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքոյ` առընթերակայութեամբ տեղւոյն ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի եւ փոխժողովրդապետ Ռաֆայէլ վրդ. Ժաուհարժիի:
Եկեղեցին վերածուած էր կենդանի վկայութեան` հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ: Ժողովուրդը` մեծեր եւ փոքրեր, յատկապէս մանուկներու հոծ ներկայութիւնը, իրենց օրհնուած ճիւղերով ու պայծառ դէմքերով վերահաստատեցին Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ:
Հոգեւոր տէրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ծաղկազարդի հոգեւոր խոր իմաստին` շեշտելով, թէ այս տօնը Քրիստոսի Երուսաղէմի փառաւոր մուտքին յիշատակն է, բայց նաեւ կենդանի կոչ` մեր սրտերը բանալու եւ զայն ընդունելու որպէս խոնարհ ու սիրոյ Թագաւոր:
Ան յիշեցուց, թէ ժողովուրդը ժամանակին մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց Յիսուսը, սակայն հարց տուաւ` արդեօք մենք այսօր նոյն հաւատքով ու նուիրումով կը դիմաւորե՞նք Զինքը, թէ՞ տօնը դարձուցած ենք անցողակի սովորութիւն: Հոգեւոր տէրը ընդգծեց, որ ճշմարիտ տօնակատարութիւնը կը դրսեւորուի ոչ միայն խօսքով, այլ` գործով` սիրոյ, ողորմածութեան եւ ծառայութեան միջոցով:
Յատկապէս անդրադառնալով Լիբանանի ներկայ դժուար պայմաններուն` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հրաւիրեց հաւատացեալները զօրակցելու կարիքաւորներուն, մխիթարելու տառապեալները եւ հոգ տանելու որբերուն ու տեղահանուածներուն` վերածուելով յոյսի եւ մխիթարութեան աղբիւրներու:
Աւարտին, ան աղօթեց, որ Քրիստոս` Խաղաղութեան թագաւորը, մտնէ մեր սրտերը, օրհնէ ընտանիքները եւ նորոգէ մեր կեանքը, որպէսզի մենք ապրինք հաւատքով, սիրով եւ միասնականութեամբ, ի նպաստ մեր հայրենիքին եւ ամբողջ աշխարհին խաղաղութեան:
Հոգեւոր տէրը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Այս մեր սրտաբուխ աղօթքը կը յանձնենք Զմմառու վերափոխեալ տիրամօր միջնորդութեան եւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութեան»:
Ս. պատարագին ընթացքին, ձիթենեաց ճիւղերը օրհնելէ ետք, եկեղեցւոյ բոլոր մանուկները խորան բարձրացան պատրիարքին օրհնութիւնները ստանալու եւ իրենց ձեռքի մոմերը օրհնելու համար:
Պատարագէն ետք անձրեւին պատճառով կարելի չեղաւ աւարտին հասցնել Ծաղկազարդի աւանդական թափօրը: Անկէ ետք մանուկներուն համար յատուկ յայտագիր պատրաստուած էր:
Կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ՀԿՄ-ի Ընտանեկան յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ Հայ կաթողիկէ Բարեսիրական միութեան հետ սերտ գործակցութեամբ, տեղի ունեցաւ «Ոչ դուք, ոչ մենք` առանձին ենք» խորագիրով հոգեւոր եւ համայնքային հաւաք մը «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ:
Այս նախաձեռնութեան նպատակը ընտանիքները համախմբելն էր` զօրացնելու անոնց միջեւ կապերը, վերանորոգելու հաւատքի ոգին եւ խթանելու փոխադարձ սէրն ու զօրակցութիւնը` որպէս քրիստոնէական ընտանիքի հիմնասիւն: Միաժամանակ, յատուկ շեշտ դրուած էր փոքրիկներուն ուրախացնելու վրայ, որովհետեւ Յիսուս միշտ առանձնայատուկ սէր ցուցաբերած է մանուկներուն հանդէպ:
Իսկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախագահութեամբ` ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ դռնբացէքի արարողութիւն, որով հաւատացեալ ժողովուրդը մուտք գործեց Աւագ շաբաթուան սրբազան օրերը:


