Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսական Պատերազմ

April 2, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վստահաբար բոլորիս համար բացայայտ է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` թմրեցուցիչի ու հիւլէական կարողականութեան դէմ պատերազմները պարզապէս միջոց են ու պատճառաբանութիւն, որպէսզի ան կարենայ տնտեսական, մանաւանդ քարիւղի իր հսկողութիւնը եւ շահերը ապահովել:

Ոչ ոք համոզուած է, որ Վենեզուելլայի նախագահին ձերբակալութեամբ թմրեցուցիչի մաքսանենգութիւնը վերջ գտած է, ոչ ալ Իրանի դէմ այս լայնածաւալ արշաւը պիտի դադրեցնէ Իրանի հիւլէական արտադրութիւնը:

Երկու երկիրներն ալ «զուգադիպաբար» աշխարհի  նաւթի արտադրութեան մէջ որոշիչ դեր ունին: Երկու երկիրներուն այդ գործառնութիւններուն զգալի ազդեցութենէն շահ եւ ակնկալութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Փաստօրէն, պատերազմը իր անձնական շահերուն համար է: Իսրայէլը, արաբական երկիրները, Եւրոպայի քանի մը երկիրներ, Թուրքիան եւ նոյնիսկ Ռուսիան խաղին մասնակից են` ամէն մէկը տարբեր դրուածքով եւ ակնկալութեամբ:

Այսօր Արաբական Ծոցի երկիրները բաւական լուրջ կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուին:

Թուրքիան բարեխօսող միջնորդի դերով հանդէս գալու ճիգին մէջ է, անշուշտ անոր կը միանան Փաքիստանը, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը: Սակայն հիմնական լուծումը, օրակարգը եւ առաջնահերթութիւնը Միացեալ Նահանգներու կողմէ նաւթային շուկային գերիշխելու ձգտումն է, որ մեծապէս շահ ապահովելու կողքին Չինաստանը ենթակայ դարձնելու հեռանկար կը հետապնդէ:

Եզրակացութիւնը այն է, որ պատերազմը տնտեսական է բառին ամբողջական իմաստով: Ո՛չ թմրանիւթերու, ոչ հիւլէական, ոչ ալ իշխանութիւններու հարց է:

Հարցը միայն տնտեսական միապետական համակարգի մը վերածելու ճիգ է: Անձնապէս կը կասկածիմ, թէ յաղթող-պարտուող ըլլայ պատերազմի աւարտին, որովհետեւ հիմնականը Միացեալ Նահանգներու տնտեսական շահերն են: Դժուար թէ  այդ մէկը յաջողի, որովհետեւ արդէն իսկ նախատեսուած ժամանակէն աւելի տեւեց պատերազմը, եւ իւրաքանչիւր օր, իւրաքանչիւր ժամ ի վնաս Միացեալ Նահանգներուն է:

Ժամանակը պիտի փաստէ այդ մէկը:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Ովսաննա, Թագաւորներու Թագաւոր Ովսաննա

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.