Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մօրուքաւոր Կոյսերը

March 31, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

«Իմաստուն կուսանքն պատրաստեալ իւղ լապտերաց. ելին ընդ առաջ երկնաւոր փեսային վառեալ լապտերօք:
Իսկ յիմարաց կուսիցն ունայնացեալք ի յիւղոյ. Ապատրաստ գտան գալստեան փեսային շիջեալ լապտերօք:
Վասն որոյ եւ մեք պատրաստեսցուք իւղ հոգեւոր. զի մտցուք ի յառագաստ անմահ փեսային վառեալ լապտերօք»:
(Օրհնութեան Շարական, Աւագ երեքշաբթի)

———

«Իմաստուն կոյսերը լապտերներուն իւղը պատրաստ պահելով` երկնաւոր Փեսային առջեւ ելան վառած լապտերներով:
Իսկ յիմար կոյսերու [լապտերներուն] իւղը սպառելով` Փեսային գալստեան անպատրաստ գտնուեցան մարած լապտերներով:
Որու համար մենք պատրաստենք հոգեւոր իւղը, որպէսզի անմահ Փեսային առագաստը մտնենք վառած լապտերներով»:
(Օրհնութեան շարական, Աւագ երեքշաբթի)

«Տասը կոյսեր»-ու առակին պատկերաքանդակը Յովհաննավանքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ արեւելեան դրան բարաւորին վրայ

Տասնչորս տարեկան էի, երբ առաջին անգամ առիթը ունեցայ այցելելու Յովհաննավանք` առանց պատկերացնելու, որ սոյն այցելութիւնը անջնջելի դրոշմ պիտի ձգէր յիշողութեանս մէջ եւ տարիներ անց դառնար աստուածաբանական ու արուեստագիտական խորհրդածութեանց առարկայ: Այդ օրերուն ես Ս. Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանի ուսանող էի` ապրելով դպրեվանական այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր հոգեւոր կրթութիւնը, ծիսական կեանքը եւ պատմական աւանդութիւնը կը կազմէին մեր կրթական ծրագիրին անբաժան մէկ մասը:

Այդ ժամանակ մեր տեսուչն էր Արիս ծ. վրդ. Շիրվանեանը, որ 1974 թուականին Ս. Էջմիածնի մէջ, ձեռամբ Վազգէն Ա. վեհափառ հայրապետի, եպիսկոպոս օծուեցաւ: Որպէս Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ` ան նախապէս երկարամեայ հովուական ծառայութիւն մատուցած էր Միացեալ Նահանգներու հայկական տարբեր համայնքներու մէջ: Այդպիսով ան ձեռք բերած էր ոչ միայն հարուստ հովուական փորձառութիւն, այլ նաեւ` մանկավարժական եւ կազմակերպչական լայն կարողութիւններ, որոնք էականօրէն կը գերազանցէին ժամանակի վանական կրթական համակարգի յաճախ սահմանափակ շրջանակները:

Ճիշդ այս նկատառումով ալ Վազգէն Ա. կաթողիկոսը 1972 թուականին զայն հրաւիրած էր ստանձնելու Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանի տեսչութեան պաշտօնը, որպէսզի ճեմարանականներուս մէջ ձեւաւորուի այնպիսի մտածելակերպ մը, որ չսահմանափակուի վանքի կիսամութին մէջ, այլ հայոց հոգեւոր ժառանգութիւնը դասագիրքերու էջերէն ու դասարանի գրասեղաններէն անդին` վերածուի ապրուած եւ անձնական կեանքի փորձառութեան:

Ահա, այսպէս, պատմական վանքերու եւ հինաւուրց եկեղեցիներու այցելութիւնները հետզհետէ դարձան մեր կրթութեան կենսական մասը: Անոնք միայն անցեալի քարեղէն յուշարձանները ծանօթացնելու համար չէին, այլ կը հրաւիրէին մեզ մտնելու կենդանի հաղորդութեան մէջ մեր հաւատքի պատմութեան հետ` զայն ընկալելու ոչ թէ իբրեւ լոկ անցեալի մը դալուկ յիշատակը, այլ` շարունակուող ներկայութիւնը: Այդ ուղեւորութիւններէն մէկը մեզ առաջնորդեց դէպի Յովհաննավանք, ուր դասախօսներն ու ճեմարանականներս միասին օր մը անցուցինք Քասաղ գետի կիրճի աջ եզրին` լայնատարած լռութեան մէջ, խորախորհուրդ այն անդորրութեան, որ կարծէք տակաւին կը պահէր դարերու խորքէն հնչող մեր լուսապսակ վանականներու աղօթքներուն արձագանգը:

Այդ տարիներուն Հայաստան տակաւին Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, եւ կրօնական կեանքը յաճախ կը գտնուէր որոշակի սահմանափակումներու տակ: Այսօրուան պէս կը յիշեմ, երբ երեկոյ մը Ս. Էջմիածնի մայրավանքի շրջափակին մէջ Վազգէն Ա. վեհափառին հետ կը ճեմէի, միամիտ մէկ հարցումիս անդրադառնալով` ըսաւ. «Պէտք չէ մոռնալ, որ Եկեղեցին խորհրդային վարչակարգէն ներս միայն հանդուրժուած կարգավիճակ ունի»: Ահա թէ ինչո՛ւ առանձնապէս տպաւորիչ էր այն ազատութիւնը, զոր Յովհաննավանքի շուշան հովանիին ներքոյ ապրեցանք. ոչ ոք մեզ կը խանգարէր աղօթելու, շարականներ երգելու կամ վանքի պատմութեան եւ հոգեւոր նշանակութեան մասին ունկնդրելու  ինքնաբուխ դասախօսութիւն մը, զոր մեզի ներկայացուց ճեմարանականներուս ընտիր բարեկամներէն Կարպիս Սուրէնեանը: Աշխարհիկացած աստուածամերժ քաղաքական համակարգի մը մէջ վանքը կը ներկայանար իբրեւ շարունակականութեան լուռ տարածք մը. վայր, ուր ժամանակը կարծես աւելի դանդաղ կը հոսէր, եւ աւանդութիւնը անխզելի կերպով կը շարունակէր շնչել վանքի փլատակ, բայց խօսուն քարերուն ընդմէջէն:

Յովհաննավանքը հանդիսացած է միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի ամենանշանակալի կեդրոններէն մին: Ան տեղակայուած է Արագածոտնի մարզին մէջ` Քասաղ գետի խոր ու ժայռապատ ձորի եզրին, Ս. Էջմիածինէն հիւսիս-արեւմուտք, ուր բնութեան վեհութիւնը եւ դարերու աղօթքով խտացած կրօնական ներհայեցողութիւնը կը միաձուլուին հաւատքի կուռ եւ արժանավայել վկայութեամբ: Բարձրադիր սարահարթի վրայ հաստատուած վանքը կը տիրապետէ շրջապատող տարածքին` միաժամանակ պահպանելով լռութեան եւ առանձնութեան այն մթնոլորտը, որ դարեր շարունակ զինք դարձուցած է խոկումի եւ աստուածաբանական մտորումներու կեդրոն: Այստեղ Աստուծոյ փառքը հռչակող բնութեան գեղեցկութիւնը եւ պատմութեան կենդանի վկայութիւնը միասնաբար կ’արտայայտեն հաւատքի լուսատենչ հայուն անդադար որոնումը դէպի իր Արարիչը, կեանքի իմաստը եւ փրկութիւնը:

Եկեղեցական աւանդոյթի համաձայն, վանքին ակունքները կը թուագրուին Դ. դարով` Գրիգոր Լուսաւորչի օրօք Հայաստանի քրիստոնէացման ժամանակաշրջանին: Անոր կը վերագրուի այս վայրին մէջ առաջին սրբավայրի հիմնադրումը, որ նուիրուած էր Յովհաննէս Մկրտչին, ասկէ ալ` Յովհաննավանք անուանումը` «Յովհաննու վանք»: Հակառակ այն փաստին, որ ամենավաղ շինութիւնները լիովին չեն պահպանուած, սակայն եկեղեցական աւանդութիւնը կը վկայէ, որ այս վայրը վաղ քրիստոնէական ժամանակաշրջանէն ի վեր շարունակաբար ունեցած է կրօնական-ծիսապաշտական գործածութիւն:

Այսօր տեսանելի գլխաւոր շինութիւնները մեծաւ մասամբ կը թուագրուին ԺԲ. եւ ԺԳ. դարերով, որ հայկական ճարտարապետութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի վերածնունդն էր Զաքարեաններու իշխանապետութեան օրօք: Յատկապէս նշանակալի եղած է Վաչուտեան իշխանական տան շինարարական գործունէութիւնը, որ առատաձեռն հովանաւորութեամբ զարգացուցած է վանքը եւ զայն վերածած` կարեւոր վանական ու մտաւորական կեդրոնի: Ահա այս ժամանակահատուածին կը կառուցուին այսօր մեզի ներկայացող վանական համալիրի կաթողիկէ եկեղեցին, գաւիթը, շրջակայ ամրաշինութիւնները, նաեւ` օժանդակ այլ կառոյցներ, որոնք ծառայած են վանական կեանքին եւ ուխտաւորներու կեցութեան:

Յովհաննավանքը եղած է ոչ միայն ճարտարապետական համալիր մը, այլեւ` աստուածաբանական ուսուցման եւ գրչութեան կեդրոն: Միջնադարու հայկական շատ մը վանքերու նման, նոյնպէս եւ այստեղ գոյութիւն ունեցած է գրչատուն, ուր օրինակուած են ձեռագիրներ եւ` մեկնաբանուած: Վանականները այստեղ ծառայած են որպէս աստուածաբաններ, ուսուցիչներ եւ եկեղեցական աւանդոյթի պահապաններ, փաստ մը, որ վանքին տուած է կեդրոնական դեր տարածաշրջանի հոգեմտաւոր կեանքին մէջ:

Հայաստանի փոթորկալից իրադարձութիւններով լեցուն պատմութիւնը նոյնպէս իր խոր հետքը ձգած է Յովհաննավանքի վրայ: Երկրաշարժները, քաղաքական ցնցումները եւ անկումային շրջանները բազմիցս հասցուցած են իրենց ծանր վնասները, նաեւ դարձած պատճառ` լքուածութեան: Այնուամենայնիւ, հակառակ ժամանակի տարատեսակ հարուածներուն, վանքը, թէկուզ` իր փլատակ վիճակին մէջ, կրցած է պահել իր ազգային-հոգեւոր ժառանգութեան կարեւոր խորհրդանիշերէն մին ներկայացնելու ունակութիւնը: Նոյնիսկ խորհրդային ժամանակաշրջանին, երբ շատ մը կրօնական հաստատութիւններ կործանած, փակուած կամ զրկուած եղած են իրենց սկզբնական գործառոյթէն, վայրը պահպանած է իր հոգեւոր հմայքը` շարունակելով ընկալուիլ իբրեւ մեր ազգային-եկեղեցական ինքնութեան փայլուն վկայութիւններէն մին:

Այսօր Յովհաննավանքը կը ներկայանայ ոչ միայն իբրեւ պատմական յուշարձան, ոչ միայն գործող սովորական եկեղեցի մը, այլեւ` բազմաշերտ յիշողութեան տարածք, ուր հայկական ուրոյն ճարտարապետութիւնը, աստուածաբանական միտքը եւ վանական կեանքը կը միաձուլուին մէկ ամբողջութեան մէջ: Այստեղ քարը լոկ անցեալի մը վկայութիւնը չէ, այլ կը կրէ դարերու աղօթքը, սրբութիւնը, խոկումը, հոգեւոր փորձառութիւնը` մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ խորհրդաւոր կապը:

Երբ Կարպիս Սուրէնեան Յովհաննավանքի գաւիթին մէջ համախումբ ճեմարանականներուս իր ոգեշունչ դասախօսութիւնը կը ներկայացնէր, ուշադրութեանս սեւեռակէտը դարձած էր կաթողիկէ եկեղեցւոյ արեւելեան դրան բարաւորին վրայ փորագրուած բարձրաքանդակը: Սոյնը կը պատկերէր Քրիստոսի տասը` հինգ իմաստուն եւ հինգ յիմար կոյսերուն առակը (Մտթ. ԺԵ. 1-13), մոթիֆ մը, որ դարեր շարունակ քրիստոնէական պատկերագրութեան մէջ ծառայած է, ինչո՞ւ չէ, նաեւ այսօր միանշանակ կը մեկնաբանուի իբրեւ հոգեւոր զգօնութեան անհրաժեշտութեան յիշեցում:

Հայկական միջնադարեան եկեղեցական ճարտարապետութեան ամէնէն տպաւորիչ եւ արժէքաւոր տարրերէն մէկն է բարաւորը: Ան մուտքի դռներու կամ պատուհաններու վերեւ տեղադրուած հորիզոնական, աղեղնաձեւ կամ կամարաձեւ քար մըն է` դռնագլուխ կամ շեմագլուխ մը, որ կը կրէ վերին կառոյցին ծանրութիւնը: Հայկական ճարտարապետութեան մէջ բարաւորը սովորաբար կիսաբոլոր եւ միակտուր քարէ կը կերտուի` միաժամանակ կատարելով թէ՛ կառուցուածքային եւ թէ՛ գեղագիտական դեր: Ան բարձրարուեստ կը դառնայ այն ատեն, երբ քանդակագործ-ճարտարապետը զայն կը վերածէ պատկերային արտայայտութեան հարթակի մը` ստեղծելով ցցուն բարձրաքանդակներ կամ մակերեսին համահարթ հարթաքանդակ պատկերներ: Այս պարագային ան այլեւս միայն ծանրութիւն կրող տարր մը չէ, այլ` գաղափարական եւ խորհրդանշական բովանդակութիւն կրող ստեղծագործութիւն, ինչպիսին է ահա «Իմաստուն եւ յիմար կոյսեր»-ու առակը ներկայացնող այս բարձրաքանդակը` եզերուած հայկական ութաթեւ աստղերով եւ բուսապատկերներով:

Յովհաննավանքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ արեւելեան դրան բարաւորը

Առակին բովանդակութիւնը ինքնին մեզի ծանօթ է: Զայն գիտենք` Աւետարանի ընթերցումներէն, քարոզներէն, ձեռագիրներու մանրանկարներէն, քրիստոնէական աւանդոյթի կարեւոր նկարիչներու աշխատանքներէն եւ այլն: Սակայն այս պատկերաքանդակը իր տեսակին մէջ կը պարունակէ եզակի մանրամասնութիւն մը եւ կանոնական բովանդակութեան խորհրդանշական փոփոխութիւն մը, որ կը խախտէ բոլոր պատկերագրական սպասումները. կոյսերը մօրուքաւոր են:

Առաջին հայեացքը ուղղակի ցնցող է ու ակամայ մտածել կու տայ` ինչպիսի՛ յանդգնութիւն: Պատկերաքանդակին կեդրոնը գահուն բազմած է փառաւորեալն Քրիստոս, առակին մէջ փաստօրէն զԻնք խորհրդանշող սպասուած փեսան: Անոր աջին կանգնած են հինգ իմաստուն կոյսերը` ձեռքերնին բարձր բռնած ջահերով, որոնք դէմքով ուղղակի Քրիստոսի կը նային: Ձախ կողմը հինգ յիմար կոյսերն են` գլխահակ հեռանալու միջոցին` առանց լուսավառ ջահերու: Ուռուցիկ գիծ մը կ’անցնի անոնց եւ Քրիստոսի միջեւ, որ կը խորհրդանշէ, թէ անոնք դուրսը կը գտնուին` Տիրոջ փրկարար ներկայութենէն հեռու:

«Մօրուքաւոր կոյսեր»-ու այս արտասովոր շեղումը զարդապատկերը անտարակոյս կը վերածէ աստուածաբանական հանելուկի մը: Կերպարները կոյսեր են եւ միաժամանակ` վանականներ, այլաբանական դէմքեր, որոնք ունին իրենց իրական հասցէատէրերը: Սկիզբը անսովոր եւ նոյնիսկ կանոնականօրէն սխալ թուող պատկերումը կ’ընձեռէ մեկնաբանութեան դիպուկ եւ նոր մակարդակ մը. առակը քանդակուած չէ վերացականօրէն ներկայացնելու համար լոկ սուրբգրային պատմութիւն մը, այլ ան ուղղակի կը կիրարկուի վանքի միաբանութեան համար: Զգօն ըլլալու յորդորը ուղղուած չէ անանուն մարդկութեան, այլ միանշանակ միաբան եղբայրներուն` անոնց, որոնք կ’ապրին, կ’աղօթեն եւ Փեսայի գալուստին կը սպասեն այս պատկերաքանդակին տակ:

Ճիշդ այս լայն համաթեքսթին մէջ է, որ վանքի պատկերագրական յղումները, ինչպիսին է «Իմաստուն եւ յիմար կոյսեր»-ու առակին վրայ ստեղծուած բարձրաքանդակը, կը ստանան իրենց բովանդակ իմաստը. անոնք պարզ զարդաքանդակներ չեն, այլ քարին մէջ մարմնացած վանական ներհայեցողութեան կենդանի արտայայտութիւններ` դարերու հոլովոյթին մէջ մշակուած հոգեւոր կեանքի քարեղէն վկայութիւններ:

«Մօրուքաւոր կոյսեր»-ու այս հոյակապ պատկերաքանդակին վերի աղեղնաձեւ կամարին վրայ կայ փորագիր հետեւեալ արձանագրութիւնը.

«Կամաւ բարերարին Աստուծոյ եւ յիշխանութեան մեծին Շահանշահի, որդո[յ] Զաքարիա[յ]ի, եւ ի կո(ղ)մնակալութեան մերո[յ] նահանգի Ամիր Քրդին, որդո[յ]  Վաչէի. ՈՀ [1221]  թւ. ես Աստուածատուր վարդապետս կամակցութեամբ միաբան եղբարցս եւ որդիացելովն իմ Յակոբոս վարդապետիւ աշխատեցաք ի շինուած հրաշազարդ կաթողիկէիս: Որք աղաւթէք` յիշեցէք ի Քս»[1]:

«Բարերար Աստուծոյ կամքով` Զաքարիայի որդի մեծն Շահանշահի իշխանութեան եւ մեր նահանգի Վաչէի որդի Ամիր Քրդի կողմնակալութեան օրօք, ՈՀ. [1221] թուականին, ես` Աստուածատուր վարդապետս` Յակոբոս վարդապետի հոգեորդիս, միաբաններու հաւանութեամբ կառուցեցինք այս  հրաշազարդ կաթողիկէ եկեղեցին: Երբ աղօթէք, յիշէ՜ք ի Քրիստոս»[2]:

Այսպիսով, այս կարեւոր արձանագրութենէն յստակ կը դառնայ, որ Յովհաննավանքի վանական համալիրին մաս կազմող կաթողիկէ եկեղեցին կառուցուած է Աստուածատուր վարդապետի վանահայրութեան օրով եւ աւարտած` 1221 թուականին: Անշուշտ արձանագրութիւնը վկայութիւն մը չէ քանդակագործ հեղինակին մասին, թէ արդարեւ ո՞վ եղած է քանդակագործ վարպետը «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ու պատկերաքանդակին: Սակայն պէտք է եզրակացնել, թէ ո՛վ ալ եղած ըլլար այդ գործին հեղինակը, միեւնոյնն է թելադրութիւնը, որ կոյսերը ըլլան մօրուքաւոր, իսկ անկէ բխող զգօնութեան պատգամը ուղղակի ուղղուած ըլլայ վանաբնակ միաբանութեան անդամներուն` միանշանակ կը գտնուի վանահօր լիազօրութեան եւ պատասխանատուութեան շրջանակին մէջ, հետեւաբար դժուար է պատկերացնել առանց վերջինիս գիտակցուած միջամտութեան կանոնականօրէն այլափոխուած նման պատկերաքանդակի մը իրագործումը. ուստի անիկա ենթադրաբար ըլլալու է հանճարեղ մտայղացումը Աստուածատուր վարդապետին:

Այսօր անգամ մը եւս խոր հիացումով ու ներհայեցողութեամբ կը նայիմ «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ու այդ հրաշալի պատկերաքանդակին եւ կը մտածեմ, որ ճիշդ այստեղ է թաքնուած անոր զարմանալի արդիականութիւնը նաեւ մեր օրերուն համար: Առակին կրօնական մեկնաբանութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ հոգեւոր զգօնութիւնը միայն վանքերու յատուկ բնորոշ ուղի մը չէ, այլ` ընդհանրապէս մարդկային գոյութեան հիմնարար մարդաբանական որակը ճշդող արժեչափ: Իւրաքանչիւր մարդ կ’ապրի սպասման մէջ` յաճախ առանց այդ մասին գիտակցելու: Մարդկային գոյութիւնը փակ եւ ինքնաբաւ իրականութիւն մը չէ. ան մշտապէս ուղղուած է դէպի ապագան, դէպի այն, որ տակաւին չէ իրականացած: Այս բացուածութիւնը դէպի «դեռ-ոչ»-ը` կը կազմէ մեր լինելութեան գոյութենական կառուցուածքը:

Այստեղ հարց կը յառաջանայ. արդեօ՞ք այս սպասումը այլ բան է, քան` յոյսի խոր զգացումը, որ մարդու ներսիդին մշտապէս առկայ է: Յոյսը միայն զգացական վիճակ մը չէ, այլ` գոյութենական կողմնորոշում. ան այն ներքին շարժումն է, որով մարդը կը յառաջանայ` դէպի իմաստ, դէպի ամբողջութիւն, դէպի լրում, դէպի կատարելութիւն: Առանց յոյսի մարդը կը փակուի ներկայի սահմաններուն մէջ եւ կը կորսնցնէ ապագայի հանդէպ իր բացուածութիւնը:

Այս իմաստով, սպասումը յոյսի արտաքին արտայայտութիւնն է, իսկ յոյսը` սպասման ներքին արմատը: Մարդը կը սպասէ, որովհետեւ յուսալու կարողութիւն ունի: Եւ ան կը յուսայ, որովհետեւ իր գոյութիւնը բնութեամբ անաւարտ է` ձգտող, որոնող, ուղղուած դէպի աւելի ամբողջական իրականութիւն մը` դէպի Աստուած:

Աստուածաբանական տեսանկիւնէ, այս բացուածութիւնը կը մեկնաբանուի որպէս մարդ արարածի աստուածաստեղծ բնութեան նշան: Մարդը ստեղծուած է հաղորդութեան համար, եւ իր սպասումը վերջնականապէս կը միտի դէպի Ան, որուն մէջ է կեանքի իմաստն ու լրումը: Հետեւաբար սպասումը ոչ թէ թուլութեան նշան է, այլ` մարդու հոգեւոր արժանապատուութեան արտայայտութիւն:

Այսպիսով, առակին առնչուած «լապտերներու իւղ»-ին վերաբերող հարցը կ’ընկալուի ոչ թէ նիւթական պատրաստուածութեան, այլ ներքին խորութեան պաշարի, մանաւանդ այն ժամանակաշրջաններուն, երբ արտաքին առատութիւնը կը շլացնէ եւ կեղծ ապահովութեան զգացում կը ներշնչէ:

Իւղը այստեղ կը խորհրդանշէ հոգեւոր-բարոյական կեանքով աստիճանաբար ձեռք բերուած աննիւթական հարստութիւնը` հաւատքի կայունութիւնը, աղօթասացութեան պարգեւած ներքին ապահովութիւնը, խղճմտանքի հանդարտութիւնը, ապագայի հանդէպ զգօնութիւնը եւ անձնական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը:

Արտաքին առատութեան պայմաններու մէջ մարդը կրնայ խաբուիլ ձեւական կրօնականութեամբ կամ մշակութային ինքնութեան մակերեսային դրսեւորումներով: Սակայն առակը կը յիշեցնէ, թէ ճգնաժամի կամ հանդիպման վճռական պահուն ոչ թէ արտաքին փայլքն է, որ կը լուսաւորէ, այլ ներսիդին կուտակուած «իւղ»-ը` այն խորքը, զոր կարելի չէ ուրիշէն փոխ առնել:

Ուստի «լապտերներու իւղ»-ին հարցը իր այլաբանական նշանակութեամբ գոյութենական հարց է. ունի՞նք արդեօք ներքին այն պաշարը, որ մեր լոյսը կը պահէ վառ, նոյնիսկ երբ արտաքին հանգամանքներ մեր շուրջբոլորը կը մթագնին:

Յովհաննավանքի «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ը յստակ ու մեկին կը դարձնեն այն իրողութիւնը, որ Աւետարանը, պատմականօրէն տրուած գիրք մը ըլլալով հանդերձ, երբեք չի մնար փակ անցեալի մը մէջ, այլ` իւրաքանչիւր ժամանակ կը պահանջէ անոր նորոգ մարմնաւորումն ու մեկնութիւնը: Աւետարանական խօսքը կը պահէ իր անփոփոխ էութիւնը, սակայն անոր ընկալումն ու ընդունումը կ’իրականանան կենդանի համայնքներու եւ պատմական ճշգրիտ պայմաններու մէջ:

Այս իմաստով, ամէն դարաշրջանի մէջ հոգեւոր միաբանութիւն թէ անհատ հրաւիրուած է ինքն իրեն տեսնելու այս առակին մէջ ոչ որպէս հեռաւոր հանդիսատես մը, այլ` որպէս անմիջական մասնակից մը: «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ու պատկերաքանդակը, հետեւաբար, սուրբգրային պատգամի փոփոխութիւն կամ խեղաթիւրում մը չէ, այլ անոր հանճարեղ եւ խիզախ այժմէականացումը: Ան կը վկայէ, որ Յիսուսի փրկութեան կոչը ուղղուած էր նախ եւ առաջ այն վանական միաբանութեան, որուն հոգեւոր կեանքի ծիրին մէջ կերտուած է այդ բարաւորը: Միաժամանակ, սակայն, ան կը պահպանէ իր անժամանակ բնոյթը` շարունակելով դիմել բոլոր անոնց, որոնք կը կանգնին Յովհաննավանքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ արեւելեան դրան շեմին եւ կը դիտեն բարաւորին վրայ փորագրուած այդ խորհրդապատկերը: Այդ պահուն դիտողը այնուհետեւ պարզ հանդիսատես մը չէ, այլ` կոչումնաւոր անձ. ան կ’ընկալէ առակին պատգամը նախքան մուտք գործելը սրբավայրին խորքը` դէպի արեւելեան կողմը բարձրացող բեմը եւ այնտեղ հաստատուած աստուածընկալ սուրբ խորանը: Այսպէս, պատկերաքանդակը կը դառնայ ոչ միայն գեղարուեստական ստեղծագործութիւն, այլ շատ աւելին` հոգեւոր նախապատրաստութիւն` մուտք մը մնալու համար տիրաւանդ պատգամի կենդանի փորձառութեան մէջ:

Այսպիսով, «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ը կը ներկայանան իբրեւ աստուածաբանական յարացոյց` կենդանի յարակարծութիւն մը, ուր իրարու կը հանդիպին պատմականն ու անժամանակը: Անոնք միաժամանակ այրերէ կազմուած վանականներ են եւ առակային կոյսեր, պատմութեան մէջ ապրած անձեր եւ խորհրդանշական կերպարներ, որոնք կը գերազանցեն իրենց դարաշրջանը: Այս երկակի ինքնութիւնը պատահական գեղարուեստական հնարք մը չէ, այլ` գիտակցուած աստուածաբանական վկայութիւն. ան կը յիշեցնէ, որ Փեսային սպասումը սահմանափակուած չէ սեռով, կարգավիճակով կամ պատմական պայմաններով: Ան համընդհանուր կոչ մըն է` ուղղուած իւրաքանչիւր հաւատացեալի:

Ուստի «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ը կը դառնան խորհրդանշան այն ճշմարտութեան, որ Եկեղեցւոյ կեանքը ամբողջութեամբ ապրուած սպասում մըն է. զգօն, յուսալի եւ պատասխանատու սպասում, որ կը միաւորէ բոլոր հաւատացեալները մէկ եւ նոյն Քրիստոսի փրկագործութեան խորհուրդին մէջ:

 

[1] Հմմտ. Ղաֆադարեան, Կարօ, «Յովհաննավանքը եւ նրա արձանագրութիւնները», Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւնների Ակադեմիայի հրատարակչութիւն. Երեւան, 1948, էջ 94:

[2] Թարգմանութիւնը մե՛րն է:

Ժընեւ
Աւագ երեքշաբթի, յիշատակ տասն կուսանաց

 

Նախորդը

Այս Խորհրդաժողովը Փորձ Է Սփիւռքի Օրակարգը Ձեւաւորելու Եւ Յառաջիկայ Տարիներուն Միասին Գործելու Կամքը Ամրապնդելու*

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Մարմինին. Դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատել Եւ Լրագրող Հալա Հատտատ Ներկայացուցին «Սովը Լիբանանի Մէջ Ա. Աշխարհամարտի Ընթացքին (1914-1918)» Գիրքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.